ՍԻՐԵՐԳ
Ամօթխած
լուսնին
Ոսկի
դէմքին
պէս,
Վաղինակ
ծաղիկ
Կը
փայլիս,
բուրես:
Երբ
մանուկ
էի
Կ’ըղձայի
որքա՜ն
Ժողվել,
յօրինել
Քեզ
փունջ
համասպրան…
Բըրգընկուհին
ալ
Նազելով
զըւարթ`
Կը
քաղէ
քեզի`
Կ’ըլլաս
կուրծքին
զարդ:
Հոն
կ’ապրիս`
հիմա
Աչքերուն
տակ
վէս,
Որոնք
սիգալով
Մերթ
մերթ
նային
քեզ:
Մեղմիկ
կը
բուրես
Լանջքին
քով
մարմար`
Ուր
սիրոյ
յոյզեր
Քեզ
կ’օրօրեն
յար:
Կուսական
սըրտին
Այդ
յոյզերն
ամէն`
Մինչ
դեռ
իմ
աչքէս
Խուսափուկ
խռովք
են…
7
մայիս,
1901