ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՍ
ԵՒ
ՔՈՅՐԵՐՈՒՍ
ՇԻՐՄԻՆ
ՎՐԱՅ
Դե՜ռ
կը
նընջէք
հանդարտիկ,
Այս
մարմարին
տակ
ցըրտին.
Արցունքներու
սեւ
հատիկք,
Կու
գամ
ցանել
ձեր
շիրմին:
Գարնան
փըթթած
կոկոններ
Էիք
վարդի,
գիրգ,
մատա՜ղ.
Մահուան
խորշակն
անտարբեր,
Շուտո՛վ
խամրեց
ձեզ,
աւա՜ղ:
Մօրերնուդ
գիրկըն
ջերմիկ
Թափուր
թողիք
ու
փախա՜ք,
Զերդ
թըռչնակներ
բունազիրկ.
Երկնից
մէ՞ջ
էր
ձեր
փափաք:
Եղաք
ժըպիտն
հոգեվար
Ձեր
հէգ
հօրը
դէմքին-սուգ,
Որ
փայլած
էր
պահ
մը
վառ
Յետոյ
դարձած`
արտասո՜ւք:
Սուրբ
եւ
քընքուշ
ձեր
մարմին
Հողին
ներքեւ
ի՞նչ
եղաւ.
Արդեօք,
աւա՜ղ`
որդունք
սին,
Կը
պատճառե՞ն
ձեզի
ցաւ…
Ալ
բա՛ւ
նընջէք,
ձեր
եղբայրն
Արցունքի
մէջ
կը
հալի.
Պիտ’
ըմպէ՞ք
դեռ
ընդերկար,
Մահուան
բաժակն
յո՜յժ
լեղի:
Այս
ծաղկունքը`
զոր
սըփռեմ
Ձեր
լուռ
շիրմին
սըգամած,
Իմ
աչքերուս
թա՜ց,
նըսե՜մ
Արցունքներովն
են
սընած…
Դուք
ինձ
տուիք
յիշատակ,
Սուգ
մը`
մաշո՜ղ
իմ
հոգին,
Ես
կու
տամ
ձեզ`
ողբերգակ
Այս
տողերըս
շիրմային: