ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ
ՄԻՍԻՈՆԱՐՈՒՀԻԻ
ՏԻՊԱՐ
ՄԸ
ԷՄԻԼԷ
Ամերիկացի
օրիորդ
մըն
է,
ամերիկեան
բարքով
եւ
միսիոնար
աղջկան
մը
իսկատիպ
դաստիարակութեամբ:
Կիրակի
օրեր,
կաշիէ
փոքրիկ
պայուսակ
մը
ձեռքը,
տուն
տուն
կը
պտտի,
ուր
եթէ
պատուհաններուն
մէջ
չտեսնուիր
սիրուն
գլխարկը
ճակտին
վրայ
բերած,
ձայնը
անտարակոյս
կրնայ
լսուիլ,
որ
կա՛մ
ճչող
սուր
երգ
մըն
է,
բարակ
երգարանէն
բացուած
կամ
մեծաշառաչ
քրքիջ
մը:
Ծիծաղ,
զուարճութիւն
սա
ամերիկեան
քաղքենիներուն
դէմքին
ու
շրթունքին
վրայ,
մեր
գաւառացիներուն
համար
յիմարական
բաներ
կը
թուին:
«Ինչո՜ւ
ուշացար
մեզի
գալու,
քո՛յր
Եղիսաբէթ»
—
«Հիւր
ունէի,
բա՛մբիշ»
կը
պատասխանէ
Հռութի
Ընկերութենէն
հայ
հարսնուկ
մը,
որ
իր
ձեռքին
տակ
կազմուած
միութեան
մէկ
գործօն
անդամուհին
է:
Էմիլէ
անոր
պատասխանին
բառերուն
առաջին
վանկը,
տակաւին
առաջին
ձայնը
չըմբռնած
քահքահն
արձկած
է,
քսան,
երեսուն
հոգիներով
միացած
խնդուք
մը,
տեսակ
մը
դաշն
ժխոր:
Բայց
դուք
ըսէք,
թէ
անակնկալ
ի՞նչ
կար
կնոջ
ըսածին,
ըսելու
ոճին
մէջ:
Կիրակի
օրերը
շարունակ
կը
պտտի,
Բողոքական
տուներէն
զատ
կայցելէ
նաեւ
այն
լուսաւորչական
ընտանիքներն,
որոնց
հերիք
է
մէկ
պառաւին
հանդիպեր
է.
այդ
տեղերն
ալ
ահա
բացած
է
պզտիկ
ու
ոսկեզօծիկ
Ս.
Գիրքն
ու
երգարանը,
որ
շատ
աւելի
իր
գեղեցիկ
պայուսակին
զարդն
ըլլալու
յարմարած
են,
քան
իր
տաշեղէ
ձեռքին
եւ
որթի
ճիւղի
նմանող
մատներուն:
Կ՚երգէ
ու
կը
կարդայ
շեշտելով
ուժգնապէս
այնպիսի
բառեր,
որ
պէտք
չունին
շեշտի,
Հին
Կտակարանէն
ա՛յն
տեսակ
հատուածներ՝
որ
ընտանեաց
մեծին
ու
պզտիկին
ականջէն
կախուելու
երբեք
յարմարութիւն
չունին.
սակայն
Էմիլէի
համար
այդ
գիրքերուն
կողքին
տակ
ծալլուած
անսուրբ
թերթ
չկայ
բնաւ:
Ուր
նստի,
հոն
ժամէն
պակաս
չի
մնար.
ընթերցումներէն
ու
աղօթքներէն
յետոյ
երբ
տակաւին
քանի
մը
վայրկեան
կրնայ
հաշուել
կիրակնօրեայ
դասերուն
հասնելու,
այդ
քանի
մը
րոպէներն
ալ
կը
գործածէ
իր
ունկնդիրներուն
պատմելով
Ամերիկայի
պատմութիւններ,
իր
եղբօրը
տաղանդին
կամ
իր
փեսին
արժանիքներուն
վրայ:
25-30
տարիներէ
ի
վեր
միեւնոյն
քաղաքին
մէջ
ապրելով՝
անծանօթ
չեն
մնացեր
իրեն
տեղային
բարքերը:
Հայերէն
սորված
է
գրքերու
վրայ
ու
փողոցի
վրայ,
Պոլսեցի
Հայուն
ու
Խարբերդցի
Ասորիին
հայերէնը
հաւասարապէս
կրնայ
հասկնալ,
բայց
մեր
աշխարհաբարին
չի
հաւնիր:
Կատուն
կ՚ուտէ
մուկը,
երկու
գոյականներուն
վրայ
ալ
յօդ
կայ
եղեր,
ի՞նչպէս
հասկցուի,
թէ
ո՞վ
զո՛վ
կ՚ուտէ։
Պիտի
ըսէք,
թէ
օ՞ր
մըն
ալ
չանցուց
մտքէն
թէ
անգլիերէնի
դասին
ինքն
ալ
այդ
ճիշդ,
այդ
անպիտան
յօդը
կը
գործածէ՞
երբ
պէտք
կ՚ըլլայ
իրեն
ըսել
տհի
քէդ
իդս
տհի
մաուս:
Իր
Լօնկֆէլլօն
տարբե՞ր
պիտի
գործածէր:
Տարի՞քը.
—
ատոր
վրայ
որոշ
բան
չեմ
գիտեր:
Առաջատամներէն,
որ
փիղի
ժանիքներէն
ալ
երկար
են,
թիաձեւ,
անջատ,
բան
չէ
կարելի
ենթադրել:
Ճակտին
գծերուն,
պաղ
կապոյտ
աչքերուն
նայելով
35-40-ը
հաւանականութիւն
մըն
է:
Ո՛րչափ
ալ
քարոզչուհի
մըն
է
եւ
վարժուհի՝
աղջկանց
վարժարանին
մէջ,
Էմիլէ
ալ
վերջապէս
աղջիկ
մըն
է:
Բոլորովին
անհրապոյր
չպիտի
գտնէք
զինքը,
եթէ
գիտնաք,
որ
ամիսն
անգամ
մը,
անտարակոյս՝
նորաձեւութեան
մէկ
սուղ
նմոյշը
ունի
վրան:
Գլխարկը,
շրջազգեստը
շարունակ
կը
փոխուին,
առուծախին
մարդ
չի
խառնուիր,
մեծկակ
գումար
մը
ամսական
կ՚ընդունի
իր
հօրմէն:
Էմիլէ
այդ
ճոխ
հանդերձեղէններուն
մէջ
պարուրուած
կ՚երեւի
միշտ
պատուհաններուն
փեղկերուն
ետեւ,
փողոցին
լայնքն
ու
նեղքը
ոտքին
տակ
կը
մաշին,
քալելու
ատեն
նազուն
սիգանք
մը
ունի,
զոր,
կ՚ըսեն
աջ
ոտքին
կաղութեան
կը
պարտի,
ու
սօթթուած
քունքերէն
ու
ծոծրակէն
կ՚երեւցնէ
այնչափ
մաս
միայն,
որ
ինքն
ալ
հայելիին
առջեւ
շատ
աղէկ
հասկցած
է
թէ
դեռ
շատ
հրայրքներ
կը
բռնկցնէ
սրտերու
մէջ:
Չկարծէիք
սակայն
թէ
անտուն
կկու
մըն
է
ինքը:
Ո՛չ:
Իր
հօրը
բնակարանին
մէջ
ամերիկեան
ճաշակով
կահաւորուած
սենեակ
մըն
ալ
ունի:
Այդ
սենեակն
է,
որ
ամենէն
խորհրդաւոր
երեւոյթը
կը
ներկայացնէ,
երկինքն
աշխարհի
վրայ,
կոյսը
պառաւին
մօտ,
գանկ
մը
գլխարկի
մը
հետ,
որու
ի
տես
իր
իսկ
ամենէն
մտերիմն
ալ
կը
վարանի
եղեր
անուն
մը
տալ
սա
աղջկան,
որ
դուրսը
հանրային
յարաբերութեանց
ու
քարոզներուն
մէջ
երիտասարդութիւնը
չար
հասակ
մը
նկատել
տալու
փողար
եղած
է,
ինք
սակայն
գերեզմաններէն
հանուած
երիտասարդի
գանկեր
ձեռք
ձգելով
անբացատրելի
գորովով
մը
իր
գրասեղանին
թանկագին
զարդը
կը
պահէ,
ու
անոնց
կից
դրած
է
միեւնոյն
գրասեղանին
վրայ
իր
ծաղկազարդ
գլխարկներէն
ամենէն
սուղն
ու
սիրունը:
Աշակերտուհիներ,
զորս
իբր
մեղաւոր
արձանագրել
տուած
է
իր
սիրական
Շնորհումին,
որուն
միայն
հաւտացած
է
կեանքին
գաղտնիքները,
այս
սենեակն
առաջնորդելով
ծնկաչոք
աղօթել
կուտայ
անոնց,
վարագոյրները
վար
առնուած՝
դուրսէն
լոյսի
փշուր
մը
չերեւցնելու
հոգածութեամբ,
ապա
ինքն
ալ
երկար
աղօթքով
մը
կ՚արձակէ
այդ
անհարկի
մեղաւորները
իրենց
կապանքներէն
եւ
անոնց
կը
պատուիրէ,
որ
երթան
ու
պատմեն
ինչ
որ
տեսան
վարժուհիին
սենեակը:
Գացէք,
կ՚ըսէ,
դուք
ալ
ձեր
ընկերներուն
հասկցուցէք,
որ
վարժուհին
ստոյգ
եւ
ստոյգ
Ս.
Հոգիին
ընկերութիւնը
կը
վայելէ,
գիշերները
ցայգ
անոր
հետ
կը
լուսցնէ,
մեղաւոր
աշակերտուհիներու
դարձին
համար
անոր
շնորհքը
կը
խնդրէ
ու
վերջապէս
ապահով
է,
թէ
պիտի
կրնայ
խօսք
հասկցնել:
Վարժուհին
այդ
պահուն
ցոյց
կուտայ
իր
բարձն
ու
անկողինը,
որ
ամբողջովին
ջուր
կտրած
են:
Շատ
լաց
լացեր
է,
շատ
առատ
արցունք
թափեր
է
Լուսնթագին
ու
Արուսեակին
համար,
գիշերը
վերջապէս
պատասխանն
ընդունած
է
աղօթքն,
ու
ըսած
է
Շնորհումին
որ
այլեւս
մեղաւորներուն
ցանկէն
ջնջէ
անոնց
անունը:
Շնորհում
վարժուհի
իր
ներքին
գրագիրն
է.
պարտի-պահանջէի
ահագին
գումար
մը
այս
աղջիկը
առտու
իրիկուն
անութին
տակ
հետը
կը
պտտցնէ.
պարտքի
սիւնակին
մէջ
մեղաւորը
նշանակուած
է,
պահանջէին
մէջ
գրուած
են
աղօթել
սկսողներու
անունները:
Ի՞նչ
խորհիլ
ստուգիւ
սա
արտակեդրոն
բնաւորութեան
համար.
մարդ
կը
հաւատայ
թէ՝
այս
ամերիկուհին
եթէ
խարուկահանդէսներու
օրերուն
մէջ
ծնած
ըլլար,
մեծ
գործեր
պիտի
տեսնէր
ապահովապէս:
Հիմակ
ալ,
մեղքը
ըսողին
վիզը,
անլուր
պատիժներ
կը
գործադրէ
այն
աղջկանց
վրայ,
որ
կա՛մ
աղօթելու
ատեն
աչուընին
բաց
պահած
են
կա՛մ
նորէն
աղօթելու
ժամուն
գլուխնին
պէտք
եղածին
չափ
վար
չեն
խոնարհած:
Հայ
վարժուհիներուն
վրայ
բարձրէն
կը
նայի,
նոյնիսկ
իր
հայրենակից
պաշտօնակցուհիներուն
հետ
ա՛յնպէս
կը
վարուի,
ինչպէս
բամբիշը
աղախինին
հետ:
Կը
պատուիրէ
աղջիկներուն
չամուսնանալ
բնաւ.
եթէ
ամուսնանալ
հարկ
էր,
քրիստոնեայ
երիտասարդներուն,
Բողոքական
տղայոց
հետ:
Եւ
մեր
վերջին
խօսքը
հիմակ
սաչափ
հարցում
է
թէ
գրասեղանի
գանկոսկրը,
որուն
հետ
իր
գլխարկը
պսակած
կը
թողու
գիշեր
եւ
ցորեկ,
ամուսնութեան
մը
քարոզ
ըսել
չէ՞ր
միթէ.
խե՜ղճ
աղջիկ,
գերեզմանին
մէջ
վարուժան
կը
փնտռէ,
միեւնոյն
ատեն
տուն-մնայ
աղջկան
մը
կատաղի
յուսահատութեամբ՝
ամուսնանալու
հուրը
պահողին
սրտին
մէջ
եղեամ
կը
ցանէ:
«Հայրենիք»,
1893