Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՎԱՍՆ ՄԵՂԱՑ ՄԵՐՈՑ»

(ՊԱՏԿԵՐ ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)

Անցած ամառն էր, դեռ կարծես անցած օրն ըլլար։ Ի՜նչ տաք, Տէր Աստուած, ի՜նչ տաք. գոնէ սա հուղկահար ճանճերէն հեռու՝ բարձրկեկ զով տեղ մը գտնէինք, ուր քիչ մը հով խաղար: Ի զուր մաքրութիւն պիտի փնտռէիր, ըսի՞ որ մօտակայ աւան մը գացած էի այն ատեն. աղտոտ՝ գլխէն մինչեւ ոտքը պիտի ըսէի, բայց ոտքերը բաւական զերծ ապականութիւններէ, Արածանիէն կը լուացուին: Ըսեմ որ հասկնաք, թէ ի՛նչու միայն երեք օրը երեք տարուան ծանրութեամբ հոգիս ճնշեց:

Էօշիւրի վարձակալութեան օրն էր, ու վարձակալները փութկոտութեամբ հետամուտ կ՚ըլլային գիտնալու, թէ վերջապէս որո՞ւ մնաց Հաւաւը, Սղամը եւայլն:

Բաց կոյանոցի մեծ առուն փողոցին երկայնութեամբ կը շոգիանար, կը շոգիանար շօշափելի մուխի մը թանձրութեամբ, քաղաք մը կը թունաւորէր: Ոտքիդ տակ չորցած հաւի ու կատուի մնացորդներ. ճեմիշներու պլշկած ու ցրցխտած աւելներ. շան իրան մը անդին, դեռ ողներուն վրայ շառայլ արիւն. ճանճերու եւ մոծակներու աշխարհք մը կը կերակրուի այդ հոտած ոսկորներուն, այդ շարաւ ու ժահր իրար խառնուած լերդերուն վրայ: Դեռ քալէ՛, դեռ նայէ՛ ամէն կողմ տարածուող աղտեղութիւնը, գոյներու ամբողջութեամբ: Քուրջերով մարմինը պարուրած լեռնցին իր յոգնութենէն տատանող իշուկին առաջքը՝ ձեռքը սիկառ մը՝ կը ծխէ. սիկառը՝ դաստակի հաստութեամբ՝ ծխնելոյզի մուխին առատութեամբ ամպ մը կը շինէ չորս բոլորքը. ապուշ դէմք մը, հուղկահարի աչքեր, աչքեր որ լերան վրայ հեռաւորն ու աննշմարելին նայելու վարժութեամբ՝ նոյն դիրքին մէջ պաղած կարծես, վար չեն կրնար նայիլ, միշտ դէմ ու հորիզոնական ուղղութեամբ: Ջուր չի կայ. եղածը օդին հաւասար տաք, անոր չափ ապականեալ ու լպրծուն է, կը զգաս, թէ շողիքի պէս բանի մը բաղադրութիւնը կայ մէջը: Քանի անգամ ձիւնով զով գաւաթ մը խմելու փորձն եղաւ, որդերը ձեռքով դուրս կը նետէինք, ու ձեռք մը ձիւն 40 փարա:

Շարունակե՞մ: Հեռո՛ւ, հեռո՛ւ, տեղ մը կ՚աղաչեմ, ուր հացի պէս սնունդն ալ մոռնալով բաւականանանք սոսկ շնչելով օդին մաքրութիւնը, նօսր, վճիտ, որ քիթ չսոսկացնէ, որմէ չպտուտքի գլուխդ: Այդ պղծութեանց մէջ վարդն ալ վար պիտի նետես ձեռքէդ: Ո՞ւր կայ փնտռածնիս: Ծանօթ մը մեզի Ս. Սահակ եկեղեցիին բակը կ՚առաջնորդէ, իրաւ որ բաւական բարձրադիր ու հովասուն: Պզտիկ դռնէ մը ժամուն բակը կ՚անցնինք: Այդ տեղ անմիջապէս եկեղեցիին դրան սեմին քով երկու քահանայ նստած են դէմ դիմաց, երկու ալ դգալ ձեռուընին՝ քացախ կը խմեն, վարունգի եւ սխտորի խառնուրդով զովացուցիչ մը:

Կամաց կամաց հինը ու նորը իրար խառնելով՝ ժամի մը չափ մեր անուշ խօսակցութեան հիւսք մը շինեցինք: Կարծեմ այս տեղ էր, որ լսուեցաւ, թէ վարժապետին մէկը պահքը կերած է աշակերտներուն առջեւ, շատ կը խմէ, շատ կը ծխէ, վարժապետ է, ուզածնիս դնենք վրան, շատ կը քնանայ, շատ կը լուացուի: Է՜հ, վերջապէս այդ բոլոր մեղքերը Պատրիարքարան տեղեկագրուելով՝ անկէ հրաման կուգայ, որ անմիջապէս զարժանն տնօրինեն, դուրս ձգեն անպիտանը եւ նոր մը իրեն յաջորդ կարգեն:

Յանկարծ, ուշադրութիւն ըրէք, խեղդ, նուաղած ձայն մը կը հասնի ականջիս եւ արդարութեամբ վասն մեղաց մերո՜ց խօսքը կը լսեմ հեռուէն որոշակի: Առաջին լսելուս բան մը չկրցի խորհիլ: Տէր Հայրերուն հետ մեր խօսակցութեան կուռ մասը վերջացած՝ քամուք մը մնացեր է, պահ պահ ալ կը յօրանջենք: Բայց ձայնը երթալով շուտ շուտ կը կրկնուի.

Մեղաց մերո՜ց, վասն մեղաց մերո՜ց:

Ժամէն չի գար այն, դուրսէն ո՞վ կրնայ ըլլալ: Ձայնը վրաս այն տպաւորութիւնը կ՚ընէ իբր թէ հորի մը մէջ ինկած անկար ուլիկ մը դուրսի աշխարհքէն վերջին հրաժեշտը կուտայ, եւ կամ ձայն մըն է այդ որ Հագարի ընկեցիկ խանձարուրէն կը հասնի դարերու այնքան խորունկցած ալքերէն. ես այսպէս ըսեմ, դուք այդ ձայնը ողջ թաղուած երեխայի մը աւաչն ըմբռնեցէք: Ու նորէն լռիկ հանդարտութեան մը մէջ.

Վասն մեղա՜ց մերոց:

Ո՞վ է այս, կ՚աղաչեմ, մա՞րդ բանտարկած էք, Տէր Հայր: Պատասխանը խնդուք մըն է, բայց, իրա՜ւ կ՚ըսեմ, ի՞նչ կար հոն. ձայնը մեր թիկունքէն կուգայ. այդ կողմը, ժամուն ետեւը, պատուհանի պէս ծակեր ու մութ նրբանցքներ կ՚երեւին:

Վերջապէս տրուած բացատրութեան մը հետեւելով կը հասկնանք թէ այդ կողմը դպրոցը կը գտնուի, եւ պատժուած աշակերտ մըն է այն, զոր կ՚երթամ անձամբ կը տեսնեմ:

Քուն եղած հաւի մը պէս ոտքին մէկը վեր առած իբր պատիժ, կանգնած է ու պիտի կրկնէ Սաղմոսին այդ համարը ա՛յնչափ, մինչեւ որ ջուրի պէս գոց ըսէ: Տասը տասնեւմէկ տարեկան կայ չկայ, գունատ, վտիտ ու խփուած աչքերով: Ամբողջ դպրոցը տասնեւմէկ աշակերտ ունի, ամէնէն պզտիկ թաղին դպրոցն է: Բոլորին ալ հասակը նոյն կ՚երեւի: Անոնք որ նստած են տոշակներու (մինտէր) վրայ, տոշակները յատակին փոշիներուն մէջ կորսուած, անոնք ալ սգաւոր տան մը մանուկներու լացէն ու կոծէն յոգնած ու լլկուած արտայայտութեամբ, ամէնէն տարօրինակ երեւոյթին առջեւ, թող կ՚ուզէ ուղտ մը առջեւնին խաղ իյնայ, անփոյթ, անխռով, քթի բերնի վրայ եկած ճանճերուն անգամ հաշտ կը նային: Թմրած ինկած են, մինչ թռչունները, իրենցմէ աւելի պզտիկ, իրենցմէ փետրաւոր թեւի մը տարբերութեամբ զանազանուած ըսենք, դուրսը հազար խաղ կ՚ընեն:

Ձեր յանցանքն ի՛նչ էր, ո՛վ իմս ծաղիկներ, որ ձեր բունին վրայ կը չորնաք: Կեանքը չապրած տակաւին, հազիւ երէկ ու առջի օրը բերաննիդ մօր ստինքներէն զատուած, այդ տեղ նետած են զձեզ: Դուք, կ՚ըսեմ, ձեր մեղքը ի՞նչ ծանրութիւն ունէր, որ դատապարտած են ձեզ ըսել, տակաւին նոր լեզու ելած. «Արդարութեամբ եւ յիրաւի ածեր զայս ամենայն վասն մեղաց մերո՜ց»:

«Հայրենիք», 1893