Նոճաստան

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԼԱՊՏԵՐԸ

5, 7.

Վըճիտ է գիշերն, երկնասո՜յզ նոճք ամենայն.

Իր սեւ խշտիքին մէջ հէք կեանքը կը ղօղի.

  ո՜ր խաղաղութիւն. ուղւոյն վրայ ես կամ միայն,

Եւ լապտերիս լոյսն որ գետնին վրայ կը նուաղի:

Վե՜րն աղջն երկինքին կը պսպըղայ լըռելեայն.

Պա՜րք յաւերժութեանց աստղերով լի ու յըղի.

Էի՜ն ունկնդիր տիեզերքներու հլու անդեա՛յն.

Ընտրեա՜լ Նիւթին տօնն աստուածազգած խնծիղի:

Հոն անժխտելի՜, ո՜հ, հոն յստակ է Աստուած.

Այս պաղպաջն անեղծ, հաւատարի՛մ Աղբիւրին՝

Սուրբ է իբրեւ թէ Անկէ այսօր իսկ ցայտէր:

Հա՜րկ է որ սեւ նոճք կենան այսպէս հո՜ն յառած,

Եւ մարդն ալ խըռով խնդրէ նըշոյլը վերին.

Բա՜ւ է պղտոր լոյսդ, այլ եւս մարէ՛, խեղճ լապտեր:

5 Յուլիս 1907