Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Կ. Պոլիս...

Սիրելի Վուտ, երբտակառաբնակ շնականը լապտէր ի ձեռին կէսօրին մարդ կ'որոնէր, նուրբ իմաստակութիւն մ’էր ըրածը վասնզի Պղատոն եւԱրիստոտէլ, մարդկան մէջ ամենաազնիւ եւ վեհ հոգիներ, իբրեւ մարդկութեան արեւ նոյնժամանակ կը փայլէին; Իսկ երբ Նելսոնդ Խորենացին ձեռքը, ճշմարտութեան ու հայութեանսիրով վառ` հայկեան զուտ սերունդը կփնտրէ, արդեօք ի՛նչ խղճալի վիճակի մէջ կը տեսնուի, քանի որ անկեղծ է իր խուզարկութեան մէջ: Մի թէ չես մրմռար ժպտելու` «Նելսոնը մեծմեծ խօսելեն ետեւ նախնի Հայոց վրայ, անոնց արդի կացութիւնն ալ առաջինի համաձայնկուզէ երեւակայել եւ մինչեւ հիմա միայն իր գուշակութիւնները հաղորդեց ինձ, իրյոյսերը մեկնեց առանց հիմնաւոր բան մը գրելու, թերեւս շուքի ետեւէ է ինկեր կամԱրեւելցիի պէս կբանդագուշէ”:
Չէ՛, բարեկամ, չեմերազէր, մի՛ շուտով մեղադրէր զիս. թեպետ շատ իրաւ է, որ կլիմայի եւ երկրիազդեցութիւնը ոչ միայն բոյսերու եւ անասուններու այլեւ մարդկան վրայ կներգործէ. ինչպես տունկը` նոյնպէս մարդս տեղէ տեղ փոխադրուելով` իր բնիկ մի քանիյատկութիւնները կը կորուսէ, կը զգամ որ ճիներու եւ փէրիներու աշխարհը կգտնվիմ, որիմ գործնական գաղափարներս թերեւս ուր ուրեմն կը վերանան, չեմ զարմանար եթէ Արեւելքգունդ-գունդ մարգարէներ, վհուկներ, երազատեսներ ծնէր է ու դեռ կը ծնի: Գիտեմ, որեթէ ինքզինքս նոյն անրջական հոսանքին թողում եւ գուշակութիւններս շարունակեմ`անկլիական պաղ եւ դժնեայ բանականութիւնը վճիռ պիտի արձակէ ինծի դէմ իբրեւ Պետլեմի*[1]նորընծայ. սակայն որչափ որ այս բաներս չեմ ուրանար, որչափ որ մեղաւորս Հայոց նորմարգարէ կանգնելու փափաք չունիմ, դարձեալ կը պնդեմ, որ անկլիացի եմ ես, եւ գլխիսմէջ կան քանի մը սկզբունք` որոց համեմատ կշարժիմ ուր որ գտնվիմ, եւ թէ կերպով մըկը հաւտամ մարգարէութեանց եւ դու ալ պէտք է, որ ինձ հաւտաս, ինչու՞:
Նախ` լուսաւոր դարմը խաւարին դարերու գործածած բառերու իմաստը զանազանութեամբ կ'ընդունի: Հին ատենհրաշք կ'անվանէին ինչ որ հիմա հեշտաքնին եւ բնական երեւոյթք են կամ նենգ. դիւցազն, կիսաստուած, մինչեւ դիք համանուն են մեր ժամանակի Գոլոմպոսի, Նելսոնի, Նաբոլեոնի, Ուոշինկթնի, Կ'իւթթեմպերկի, Վադի եւ այլն: Ամէն գար եւ ամէն ազգ իր դրութեաննհամեմատ ունեցեր է իր Մովսէսը, իր Նուման, իր մոգպետը, իր աստղագէտը, իր մարգարէն, իր վարդապետը, իր իմաստասէրը: Հնուց` պատգամ, մարգարէութիւն կ'անուանէր ռամիկը, ինչ որ հիմայ հեռատեսութիւնկը կոչենք, ինչպէս հիմա մենավաճառութիւն, նոյնպէս ան ատեն մենագիտութիւն կար, եւմիայն կրօնի եւ այլաբանութեան շպարով իմաստասիրական ճշմարտութիւն մը, երբեմն սրտովհամեմեալ, ընդունելի էր խակ եւ տգէտ ժողովրդոց: Իսկ այս հեռատեսութիւնը, զգայունընտրողութիւն, խորագիտութիւն եւ այլազան գաղափարներու, սկզբանց եւ զննութիւններուհամբար մը կենթադրէ: Երբ Դարեհի կամ Արտաշէսի մը բանակը արեւուն կամ լուսնինխաւարման հանդիպելով արհաւրոք լի ետք կը քաշվէին, գռեհիկը Տելփեան կամ Ամոնեանպատգամին գուշակութիւնը ելաւ` կը պոռար, մինչդեռ Թալես աստղաբաշխը թերեւս տանիսինվերեն գիտութեան կարկինով դիտէր, չափեր եւ նշանակէր էր նոյն երկնային երեւոյթինպատահելիք օրն ու ժամը: Եթէ Երեմիա Երուսաղեմի անկումը գուշակեց, Պըրք, այսմեծիմաստ քաղաքագէտը, ամպիոնեն Ամերիկեան անկախութեան օրը կենդանի լեզուաւհառաջագոյն հռչակեց Առաջինին մարգարէութիւնը` մարդկօրէն դատելով Իսրայէլի շրջակայազգերու քաղաքականութեան հմտութեան վրայ կը կայանար. երկրորդին հեռատեսութիւնը այնամուր համոզման վրայ, թէ` նոր, առոյգ ու ազատասէր ժողովրդեան մը առաքինութեան դէմանկլիական մեծազօր զօրութիւնը անգամ անզօր ետ պիտի քաշուէր ասպարեղեն: Եթէ Օսայինմարգարէական ոգի ունէր Յուդայի ծոցեն Փրկչին գալուստը աւետելու, Ռուսոն քաղաքականմանր զննութեամբ Քորսիքայի ապառաժուտ կ'ողերեն աշխարհիս վրայ ռումբ մը*[1]գոռալով իջնելիքը նշանակեց:
Ուրեմն մարգարէ ալկայ, հեռատես ալ Միայն արեւելեանք տաք երեւակայութեամբ են եւ օդին ազդեցութենենիրենց ոճը եւ ձեւը փայլակնէր ու շանթեր կ'արձակեն: Իսկ հիւսիսայինք` խոհուն, ծանրագլուխ, իրենց իմաստները քաղաքագիտութեան եւ գիտութեանց բովեն զտուած դուրսկհանեն:
Ասկէ ի՛նչ կը հետեւիայս թէ` որովհետեւ կան ընդհանուր տեսութիւններ, որ տեսակ տեսակ քննութեանը եւգործողութեանց հարակից եւ փորձուած հետեւութիւններ են, զանոնք իբրեւ կանոն եւսկզբունք մեր մտաց մէջ տպաւորել, ի հարկին յիշել, եւ մեր դատողութիւնը անոնցհամեմատելով ուղղել շատ հարկաւոր է. ինչպես ամէն անկլիացի եւ ես` ազգ ի՞նչ է, կառավարութիւն, քաղաքական տնտեսութիւն, իրաւունք, ազատութիւն ի՞նչ են, տեսապէսփոքր ի շատէ գիտնալով եւ գործնապէս լիովին վայելելով, երբ որ մի օտար ազգիգոյութիւնը կ'իմանանք ու պատմութիւնը կը կարդանք, դեռ զայնչտեսած իսկոյն կը տրամաբանենք այսպէս. -ՙՔանի որ այն ժողովուրդը կը յանդգնիաշխարհիս առջեւ ազգ կոչել ինքզինքը, ինչպէս հայը, ի հարկէ ազգութեան ամէնգործնական պայմանները պիտի ունենայ, վասնզի` պատասխանատուութիւն, ազգայինմեծանձնութիւն եւ պատիւ ինչ ըսել է պիտի գիտնայ, եւ անշուշտ չփափաքիր ծաղր ծանակլինելու, երբոր ընդհանուր քաղաքականութեան դարպասին առջեւ համար տալու ելնէ”:
Այս հետեւութիւնսմանաւանդ հայ ազգին նկատմամբ ինչպէս որ հոս կը կոչուի, քանի մը խտրութեամբ`եզրակացնելը ոչափ որ ճիշտ էր տրամաբանօրէն եւ պատմութեան համեմատ, այնքան ցանկալիէր հայասիրութեանս: Պատմութեան համեմատ ճիշտ ըսի, վասնզի քանի հայք թագերնինկորուսէր են, նորէն վերականգնէր են. եւ կարծես թէ կամաւ նախ լուծի տակ կիյնային, որ յետոյ թըշնամեաց զգալի կերպով արիութիւննին ցուցնեն, հայասիրութեանս ցանկալի, վասնզի այնպիսի հին ազգ մը յառաջադիմութեան արժանի կը սեպեմ, եւ կ'ուզէի հռչակելեւ գովել անոր կենսական հատկութիւնները, որով այնքան քաղաքական յեղափոխութեանցդիմանալու կարող եղաւ: Ուստի իմ ենթադրութեանը հիմը Հայոց մասին նոյն սկզբունքսլինելեն զատ` կարծէի նաեւ, որ հայն իր առած անուան համաձայն կը վարուի: Սակայնմոռցեր Էի, որ ամէն ազգ, մանաւանդ արեւելցիք, անկլիացուոց պէս բնածին գոռոզութիւն, ազգասիրութիւն եւ տրամաբանութիւն շարունակ չպահելով, մեր տրամադրութեանըշփոթութիւն, մեր ուղիղ դրութեանց վրդովու՛մ կը պատճառեն եւ մեր օրինաւորակնկալութիւնը ի դերեւ կը հանեն: Վասնզի ինչպէ՞ս հիմա համաձայնեցնեմ թափուր, անկշիռ եւ գերի ժողովուրդ մը, ազգ բառին հետ, զի ստուգիւ գերի, ստրուկ է հայը: Ինչպէ՞ս Խորենացին առաջնորդ առնում ինձ ծանօթանալու համար ժողովրդեան մ’որ նոյն ինք չճանչէր այն ալեւոր ծերունին, ինչպէ՞ս խօսակցիմ հետը` երբ նոյն ինք անոր լեզուն չհասկընար. ինչպէ՞ս գծագրեմ անորկերպարանքը եւ դէմքը` երբ բոլորովին այլադէմ եւ կերպարանափոխ է եղեր: Ուրեմն, բարեկա՛մ, ես չեմ երազողը եւ թիւրաբանողը, այլ հայ ազգը, որ մարդ կանուանէ ինքզինքու Միտասի 6 գլուխն է առէր, ան է իր նախկին ճամփեն շեղողը եւ թերեւս ինքզինքըուրացողը: Եւ կայ բան մը այնքան զզուելի, այնքան վատանուն ու քստմնելի, որչափ իրհոգին, պատիւը, իր ազգութիւնը, իր կրօնքը, իր նախնիքը ուրացող եւ շնացող ազգ մը, եւ ինքնովին պիտակութեան աղտով ճակատը մրոտողը:
Անոր համար քանիեկեր եմ հոս, չէի կարող զանազանել զանոնք. վասնզի մրջիւնի եւ սողունի պէս չորս դինկշրջին, մինչդեռ
ես բարձրագոյնաստիճանի մէջ կը փնտրեմ հայը Իսկ հիմա որ անոր ներկայն, անոր հալեւմաշ հոգին, խուրդուխաշ անգամները, Վշտաբեկ ճակատը կը գիտեմ, կանգ մը կառնում եւ իւրովի կըհարցընեմ:
Երա՞զ թէիսկութիւն է տեսածս: Միթէ անոր յուղարկավորութեան հանդիսատես լինելու՞ եկայ հոս: Ինչպէս այս Արամեան Վեհ ազգը Մասեաց սարերէն այս անդունդը ընկեր թաղուէր է, ու՞րեն անոր հայրենիքը, քաղաքական սահմանադրութիւնը, ամբողջ մարմինը, եւ ինքնաբունգլուխը` ու՞ր են Այո՛, բարեկամ, մարդասիրական զգացմունքս ի գութ շարժեցան այսաղէտալի տեսարանիս, ճշմարիտ հայութեան դրոշմական նշանները գտնելու համար պինդ եւպինդ նայեցայ այս ազգին երեսեն վար, եւ հազիւ հազ անոր քանի մը երակները Հայկայարիւնով վազուն գտայ, Իսկ միւս մասերը ամէն տեսակ խառնուրդ կը պարունակեն Կ'ուզե՞սոր հայր միայն Արարատէս որդի չլինի, այլ նաեւ արդի քաղաքական կրթութեան ուշիմաշակերտ, է՛հ լաւ, ուխտդ կատա՛ր: Քաղաքակրթութեան այնպիսի կոյր կողմնակից Է դարձեր, որ միայն անոր մոլութիւններր ծծած կ'երեւի, անոր լոյսեն խրտնելով:
Ուստի Աշոտներ, Սմբատներ, Գաւիթներ գտնելէ հրաժարեցայ յուսահատ, եւ գոհ պիտի լինիմ, թէ պարզերեսհայկազուններու հանդիպիմ, երբեք չերազելով նաեւ, որ քեզի պէս բարեկամ մը կրնամստանալ հոս: