Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ


Դիւահար ոգի մը. արծուի մը եթերային ճախրանքը սարէ ի սար, երբեմն աւելի անդին ուր պարապութիւնը կը տիրէ ա՛լ. կամ հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած օդապարիկի մը ոստոստուկ ելեւէջները, ընդքարշ ածելով ընթերցողը իր ետեւէն՝ խօլ, անբեւեռ ուղեւորութեան մը մէջ. ամենէն առաջ ինքը չափելով իր գրական զեղծմանց մտքերու վրայ ձգելիք տարապայման խոնջանքը, զեղծմունք որոնց տէրը չէ, զորս անգիտակցաբար ի գործ կը դնէ եւ որոնց պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ սակայն իր վրայ ուղիղ բանի վերադարձի պահուն, ջղային տագնապներու պէս որոնք արթնութեան ատեն հիւանդը կ՚ամչցնեն։

Այսպէս կը դատեն Եղիան նոյն իսկ անոնք որ իր համակրողներն են մեծ մասամբ. ինքնատիպ տաղանդի մը զարտուղութիւնները կը վրդովեն զիրենք. այս տարօրինակ փայլը, դեղնորակ լոյս մը՝ կայծակի զիկզակին պէս, աչքերը կը շլացնէ։

Կը պնդեն թէ ներելիի, ընթեռնելիի համար որոշ, անանցանելի սահման մը կայ ուրկէ դուրս ելլող ամեն թռիչ կը վիրաւորէ իրենց ընկալեալ գաղափարներուն պարկեշտութիւնը։

Յետոյ կարծեմ քիչ մը իրաւամբ կը զայրանան եսասէր, եսամոլ գրականութեան մը դէմ որ Եղիայինն է։ Յօժարակամ կը խոստովանին անոր քաջ հայագէտի արժանիքը հազուագիւտ արժանիք մը մեր օրերուն մէջ բայց աւելցնելու համար անմիջապէս որ այս գրագէտի շատ մը դարձուածքները, նորակերտ բառերը, գաղափարներու արտայայտութեանց ձեւերը՝ իրենց յանդգնութեան մէջ յաճախ այլանդակութեան կը յանգին։

* * *

Ու թէ որ ճիշդ ըլլար այս ամենը, պիտի պակսէ՞ր միթէ գրագէտին արժանիքը. աշխարհաբարի այս Նարեկացին պիտի մոռցուէ՞ր, ուրացուէ՞ր մեզմէ։

Ամենուս համար՝ Տէմիրճիպաշեան, իբրեւ արձակագիր, մէկ հատիկ է հիմակուան հայ դպրութեան մէջ. իր հատուածներու ձեւը՝ շատ անգամ երկարաձիգ, բառերու ընտրութիւնը՝ շատ անգամ ծայրայեղ խնամքով ու հոգածութեամբ ի յայտ եղած, գոյներու խայտաճամուկ երանգները, իր եզական տաղանդին յատկանիշները պիտի մնան։

Իր գրուածոց ճոխութիւնը՝ դեռաբուսիկ հարուստի մը աղմկալից ճոխութիւնը չէ, այլ վաղնջական ազնուականի մը գեղեցկագիտական ոճն ու տարազը։

Կարմիրը, կանանչը, դեղինը չեն տիրապետեր իր պատկերներուն մէջ. վրձինը միշտ գովելի զգուշութեամբ մը՝ կը խուսափի այդ պոռացող գոյներու սաստկութենէն. գրագէտին բոլոր նկարագիրը ճերմակին ու սեւին մէջ կը տարուբերի, մէկէն միւսը կը շրջի շարունակ. այս նկարիչը՝ սթոմբ մը ունի իր մատիտին քով եւ այսչափ միայն։

Եւ ի՞նչ պահեմ. այս կէս-ստուերը կը պատշաճի իր գունաթափ ճակտին ու վայելչապէս կ՚ընդգրկէ անոր մռայլամած սիրահարի դէմքը։

Սիրահարի՞։

Տէմիրճիպաշեան ալ սիրոյ արկածեա՞լ մըն է արդեօք. ո՞վ գիտէ։ Ոչ ոք կեանքի ունայնութիւնը, պատրանքին թողած դառնութիւնը իրեն չափ հզօր կերպով զգացած է. եւ կ՚սպասեմ որ վաղը ելլէ այն անկեղծութեամբ, որ իր գրական նշանաբանն է, խոստովանի իր յոռետես վարդապետութեանց՝ ռամիկ, սովորական եւ արդէն իսկ կէս մը գուշակած սկզբնապատճառը։

* * *

Բայց հոն՝ ուր յուսախաբը կ՚սպառնայ երազատես մը դառնալ, հո՛ն պէտք է, պէտք է որ գրագէտը կանգ առնու, բաժնուի անկէ. դժնդակ բայց անհրաժեշտ պարտաւորութիւն ամեն անոնց որք հրապարակագիր են, խոստացած են Ֆաուսթին պէս, իրենց միտքն ու հոգին նուիրել, լափել տալ ճիւաղի մը որ այստեղ հասարակութիւն կը կոչուի. ճիշդ այն փոքրիկ նապաստակներուն նման որոնք կը պահուին, կը սնուցուին, կը մեծցուին՝ գառագեղի մը մէջ սպասող առիւծի մը ճարակ դառնալու համար։

Այս չէ՞ միթէ գրագէտին յանձնառութիւնը։

Եւ այս ատեն, սրտերնիս չի պիտի սեղմուէր տեսնելով այն յոռետես վարդապետութեանց ներգործութիւնները, որոնք Եղիային հասցուցած երիտասարդ գրողներու վրայ առջի օրէն կը նշմարուին։ Տղաքնե՜ր, որ գերեզմաններու շուրջը կը դեգերին, փոխանակ կանանց շուրջը պտըտելու. որ չարագուշակ բուերու պէս կուլան, կը կոծեն, երբ պարտէին զուարթութեան ու ժպիտի կենդանութիւնը բերել մեզի. որոնք առջի քայլէն դասալիք՝ կեանքի պայքարին մէջ, ո՛չ իրենց եւ ոչ մարդկութեան օգուտ ունին, եւ որոնք վերջապէս քաղաքակրթութեան հաշիւներուն մէջ ո եւ է թուանշան կամ քանակութիւն չեն ներկայացներ։

Ո՛չ, չեմ ախորժիր այդ ոռնացող եղանակներէն. գերեզմանի, ոսկորի, գանկի, մարմնոյ տարբաղադրութեան վրայ կապուած գրագիտութիւն մը, որ իր ուրոյն արժանիքին չի կռնթիր, այլ սարսափով ու արհաւիրքով կը ջանայ կանգուն մնալ, ուշադրութիւն հրաւիրել, եւ խպլիկի, ուրուականի ձեւեր կ՚առնէ, թերեւս մանուկները զգաստութեան բերելու համար։

Ո՛չ, չեմ սիրեր այս ամենը. մանաւանդ երբ Եղիայէն զատ, անոր բարձր կարողութենէն, կամ անոր անձին յատուկ մեղմացուցիչ պարագաներէն զուրկ պատանիներ՝ ձեռնամուխ կ՚ըլլան այս բացասական ու աղջամղջային գրականութեան։

* * *

Այն բարձանց վրայ կամ այն անդունդներուն մէջ ուր ներեալ է Եղիային խոյանալ կամ գահավիժիլ, վհուկ մը կամ վարդապետ ըլլալ պէտք է, եւ Եղիան երկուքն ալ է միանգամայն։

Իր հմտութիւնը՝ վանականի ընդարձակ աղօթատեղւոյն պէս վեհ ու շքեղ խստութեամբ մը կահաւորած է, ուրկէ մարդ երկիւղած կը մտնէ ներս, դուրսը թողլով ամեն աշխարհիկ կապերը. ո՛չ հիմակուան գրողներէն շատերուն գիտութեանց պէս որոնք ցոյցի համար զարդարուած պչրասէր տղոց սրահիկներ են ու խաղալիկներէ ի զատ ոչինչ կայ, ցուցամոլ եւ հարեւանցի կահաւորում։

Այդ խստակեաց միայնութեան ու վեհութեան մէջ ուր մեծ իմաստասէրներու ոգիները կը շրջին, ուր Աստուածաշունչ մատեանն ու հնդիկ Ս. Գիրքը կը վերծանուին, այս լռութիւնը, այս խորհելու, իր անձին վերադառնալու, անոր վրայ ամփոփուելու աշխատութիւնը կը վնասեն Տէմիրճիպաշեանին։ Ներքնահայեցութիւնը բառ մըն է զոր ինք ստեղծեց իրեն համար եւ որ պարզ մահկանացուներու աչքին եսութենէ տարբեր բան մը չի նշանակեր բնաւ։

Եւ ահա խղճմտանքի այդ խուլ վերծանումներուն մէջ է որ ամբոխը ռամիկը թէ որ կ՚ուզէք կը դադրի հետաքրքրուելէ ու իրեն հետեւելէ։ Մարդ չի մնար շուրջը, բայց եթէ սակաւաթիւ բարեկամներու խումբ մը որ դեռ հրապուրուած կնոջ մը պէս գրագէտէն չի բաժնուիր ուր որ ալ երթայ, աշխարհիս ծայրը եւ անկէ ալ անդին, որ կը փնտռէ, կը հալածէ զինքը ամեն տեղ, փողոցին եւ դպրոցին մէջ, եւ որ պատուհանէն գէթ կը նետէ իր այցետոմսը երբ Եղիային դուռը փակ կը գտնէ իր առջեւ։

Բայց եսութեան վրայ կեդրոնացած իր իմաստասէրի խոկումները եթէ շահագրգիռ չերեւին նիւթական ու դրական մեր ժամանակի մարդոց, գոնէ մեզմէ վերջը եկողները պիտի փնտռեն իր գործերը. իր վարանումները, որոնք ծաղրելի հակասութիւններ կը թուին մեզի, պիտի արդարանան իբրեւ ճշմարիտ իմաստունի մը խարխափումները։

  * * *

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Եղիային վախճանը։

Կը կարծեմ որ իր այլակերպութեանց անակնկալներուն ծայրը հասած չենք դեռ։

Չի պիտի զարմանանք բնաւ եթէ օր մը յիսուննոց աղջկան մը հետ ելլէ ամուսնանայ, վերջին օրերու խնամող ընկերուհի մը ունենալու համար ձեռքին տակ, կամ մսեղ, պարարտ այրիի մը հետ որուն պիտի ցանկայ յանկարծ։

Իր հարսանեաց հրաւիրագիրը՝ այն սովորական գռեհիկ արձակը չի պիտի ըլլայ զոր տպագրիչներն ու վիմագիրները գոց գիտեն, այլ ոտանաւոր քերթուած մը որուն մէջ, զմեզ ամենքս հրաւիրելով հանդերձ, ներողութիւն պիտի հայցէ մեզմէ այս վերջին յիմարութեան համար։

Կամ փողոցը պիտի պատահինք իրեն. մազերը՝ զորս ժամանակը փութացեր է արծաթել, երկա՜յն, հողմածածա՜ն, ուսերուն վրայ. ոտքերը բոպիկ, ցեխին մէջ անփութօրէն կոխելով, սպիտակ քիւլահ մը գլուխը ու ձորձէ վերարկու մը կռնակը, կուրծքը բաց, անպատսպար՝ ձիւնին, անձրեւին դէմ եւ ձեռքը երկաթէ գաւազանիկ մը, մուինը, որուն ծայրը օձերու գլուխներ իրար կը փաթթուին. քսաներորդ դարու ֆաքիրը որ անշուշտ Եղիա Տէմիրճիպաշեանէն զատ ոչ ոք կրնայ ըլլալ։