Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԱՐԱԳԱՇ


Շատերը կը ճանչնան զինքը իբրեւ փորձ ելմտագէտ որ հսկայ ծրագիրներ ունի մտքին մէջ. հնարագիտական մեծամեծ հաշիւներ, խորհրդաւոր մտերմութիւն մը թուանշաններու հետ որոնք իր ականջն ի վար մոգական բառեր կը փսփսան միշտ։

Վեցհազարեակի ընթերցողն է կարծես որ անհաւատալի գանձեր գտնելու միջոցը կ՚ընծայէ քեզի, վայրկեանի մը մէջ սպիտակ էջի մը վրայ քանի մը ձեւեր գծելով միայն։

Ու երազային վայելքներու բաշխողը կը թուի աչքիդ այդ աղեբեկ մազերով անձը որ, քիչ մը թաղուած է իր խորհուրդներուն մէջ, հանդարտաքայլ կ՚անցնի քովէդ մարդու մը պէս որուն կ՚սպասուի ամեն տեղ եւ որ ինքը՝ տեղէ մը բան մը չունի սպասելիք։

* * *

Ու քիչեր կը ճանչնան բանաստեղծը, տրտմութեամբ ու սակաւիկ մը պատրանքով լեցուն հոգին որ պահուըտած կ՚ապրի այդ հաշուագէտին մէջ։

Իր յղացած դրամական ահագին ամբարտակներուն մօտ, ոսկիի, արծաթի հոյակապ զանգուածներուն ճիշդ քովիկը, ի՞նչպէս կրցած է փթթիլ բանաստեղծութեան դողդոջուն ծաղիկը։ Ի՞նչպէս այդ մետաղեայ կառուցումներուն դրացիութիւնը պաղ մը չէ ձգած անոր վրայ եւ գրգանոյշ ու թախծագին մեխակ մը ծլած է հոն ուր կը վախցուէր թէ չարախնդաց դժնիկ մը միայն պիտի բուսնէր։

Ի՞նչպէս։

* * *

Կարապետ Գարագաշ ալ կը պատկանի Ադրիականի կղզեակէն հասնող սերունդին. իտալական կապոյտ երկնքին տակ մեծցած է ու անոր ջերմ կլիմային մէջ սնած։

Գրականութեան մէջ՝ այն բարձր ճաշակի տէր արուեստագէտներէն է որ իրենց ամեն երկին համար, անուրջի մէջ միայն ընդնշմարուող ձեւի, գոյնի, գաղափարի կատարելութեանը կը բաղձան, Յիսուսի մօտ ղրկուած նկարչին պէս՝ որ աստուածային պատկերի մը անթերի ճշդութիւնը ձեռք բերելու կ՚աշխատէր։

Խղճմտութիւնը, իր անձին դէմ, անիրաւութեան կը հասնի անշուշտ ու երբ մենք կ՚զմայլինք դիպուածով տեսած ըլլալնուս համար իր թարգմանութեանց նկարագեղ ու ճշդապահ ոճին վրայ, ինքը գաղտնի կը պահէ զանոնք դեռ հասարակութենէն։

Ու կը մտածեմ որ այս գրագէտը, այնքան դժուարահաճ իրեն համար որքան ներողամիտ ուրիշներուն նկատմամբ, ի՜նչեր չէ բզքտած, պատռած, ոչնչացուցած, դժգոհութեան վայրկեանի մը մէջ։ Ստուգիւ, մեր հիմակուան քիչով գոհացող գրողներուն ստուար թիւին մէջ Կարապետ Գարագաշ եզական դէմք մը կը ներկայացնէ մեզի։

* * *

Այս գրաբարագէտը չի խորշիր նորերէն ու չանգոսներ զանոնք. իր ձայնը քաջալերող է ամեն անոնց որոնք կը վաստակին ապերախտ վաստակը գրականութեան։

Ինքը՝ քերթողին հետ որուն երգերը բերած է մեզի այն բաներուն կը թուի երազել, որ «միշտ կը մնան»։ Իր ընտրած ձեւն ալ գրականութեան մէջ, գրաբար ոտանաւորի ձեւը, արդեօք տեւականի գաղափարո՞վ է նորէն։ Ազնուագոյն թերեւս, բայց շատերու անմատչելի մետաղին վրայ են միշտ իր նրբակերտ քանդակները. կը կարծենք սակայն թէ երկաթն ալ որ մեր աշխարհիկ լեզուն է, իբրեւ ամենէն պարզ շինուածանիւթը, կարող է պիտանիի ու գեղեցկի կրկին պահանջումներուն գոհացում տալ ու կը հաւատանք որ արուեստաւորն հոն ալ իր ճաշակին նրբութիւնը, իր ճարտար ձեռքերուն վարժութիւնը ցուցնել կարող է։

* * *

Այսպէս ոսկի երազներու մարդը՝ վայելչապէս խառնուած է ոսկիէ երազներու մարդուն. թուանշաններուն բանաստեղծութիւնը տեսած եւ հրապուրուած է ինքը եւ միշտ սիրահար մը մնացած է անհունին ու անսահմանին։ Բաղդին ամեն մէկ ձախողուածներուն երգով մը պատասխանած է ու հիմա, յիսունին մօտերը հասած, ամփոփուկին պէս զոր ամեն շօշափում կը կծկէ, ինքն ալ քաշուած ու ամփոփուած մէկն է։

Կ՚սպասէ՞ արդեօք որ նորերն ալ կեանքի անդուլ պայքարին մէջ պարտասուն, հետզհետէ ու մէկիկ մէկիկ ձգելով իրենց երիտասարդի վերացումները, կորսնցնելով սրտի պատրանքները ու պարտաւորելով խոստովանիլ վաղանցուկ հանգամանքը ամեն աշխարհային վայելքներուն, իր եզրակացութեանը գան, իր բանաձեւին որ հաւատքի մը վերջաւորութիւնն է եւ ուրիշ հաւատքի մը սկիզբը.

Աստէն համայն եղրեւանիք մեռանին։