ԲԻՒԶԱՆԴ
ՔԷՉԵԱՆ
Արեւելքի
խմբագրապետը
—
յորմէհետէ
Արեւելք
խմբագրապետ
մը
ունի
—
չի
ստորագրեր
իր
յօդուածները.
պէտք
չունի
ատոր.
այն
ողջամտութիւնը
որ
իր
գրութեանց
ամեն
մէկ
տողէն
կը
թորէ,
կ՚արտահոսի,
կը
զեղու
եւ
ընթերցողը
խեղդել
կ՚սպառնայ,
կը
մատնէ
զինքը.
եւ
ահա
ասոր
համար
է
որ
Բիւզանդ
Քէչեան
անունը
Պոլսոյ
լրագրութեան
մէջ
չի
կարդացուիր
յաճախ.
եւ
նորեկ
մը
գրական
ասպարէզին
վրայ
թերեւս
անոր
գոյութեան
կասկածն
իսկ
չունենայ։
Բայց
եթէ
անունը
չի
լսուիր
ստեպ,
իր
յօդուածներուն
արձագանգը,
շատ
անգամ
պատճառած
ցաւը՝
կը
հասնի,
կ՚երկարի
ամենուրեք.
հարուածին
սաստկութենէն
տրուելու
ձեւէն՝
բազուկը
կը
ճանչցուի
եւ
այդ
բազուկը
ամենէն
կարշնեղ
թեւն
է,
ճշմարիտ
ըմբիշի
բազուկ,
որոյ
մատներուն
խստութեան
տակ,
կը
զարմանամ
թէ
գրիչը
ի՞նչպէս
չի
փշրուիր
ամեն
վայրկեան։
Այն
տրամաբանութեան
թանձրացեալ
զանգուածը,
որ
Բիւզանդ
Քէչեան
կը
կոչուի,
հակասութեան
հազուագիւտ
մէկ
մարմնացումն
է
միանգամայն։
Երբեք
պաշտպանողական
ոգին՝
այսքան
յարձակողական
մարդու
մը
մէջ
մուտ
գտած
չէր.
ահա
այն
տպաւորութիւնը
որ
իր
հրապարակագրի
կեանքը
կը
թողու
զինքը
ուսումնասիրողին
վրայ։
*
*
*
Ո՞րն
է
այս
հակասութիւնը
տարբաղադրուած
ատեն
ի
յայտ
գալիք
անկեղծ
անհատականութիւնը։
Ծայրայեղ
արմատականի
մը
վայելուչ
հարուածելու
տրամադրութենէն
դատելով՝
իր
յետախաղաց
դեգերումները
չեն
կրնար
իր
բուն
համոզումը,
իր
ճշմարիտ
դաւանանքը
ըլլալ։
Բայց
երբ
կը
տեսնենք
թէ
բարոյականի
եւ
պահպանողական
գաղափարներու
այս
համոզիչ
ջատագովը՝
որ
մեր
հասարակութենէն
դուրս
ալ,
ամեն
կողմ,
իր
պաշտպանած
եւ
ջատագոված
գաղափարներուն
յաղթանակովը
կը
հրճուի
ու
պարտութեամբը
կը
դառնանայ,
որ
համաշխարհային
պարգեւաբաշխութեան
հանդէսի
մը
նախագահին
պէս՝
մէկուն
մրցանակ
եւ
միւսին
յանդիմանութիւններ
կուտայ.
այս
միամտութիւնը
կը
զարմացնէ
մեզ
եւ
իր
յօդուածները
կարդացողները
այս
հրապարակագրին
մեծ
անունը
լսելով,
կ՚երեւակայեն
ալեւորեալ
պատուելի
մը,
Միսաքեան
մը
իր
տաղանդովը,
Տէրոյենց
մը՝
աններող
ատելութիւններովը՝
այնքան
որ
զինքը
տեսնելէն
վերջն
ալ,
իր
սեւ
մօրուքը
ներկուած,
եւ
երիտասարդի
առոյգութիւնը
դեղօրէից
շնորհիւ
ձեռք
բերուած
արուեստակեալ
կորով
մը
պիտի
համարէին։
Եւ
այս
է
ճակատագիրը
որ
իրենին
պէս
մեծ
իմացականութիւնները
չեն
կրնար
չէզոքանալ.
ասպարէզ
պէտք
է
իրենց,
աջը
թող
ըլլայ
թէ
որ
ձախը
չի
կայ.
եւ
այն
ատեն,
իրենց
բնականին
ներհակ
ուղղութեան
մէջ
ալ
ի
յայտ
կը
բերեն
այն
տաղանդը
զոր
իրենց
ճշմարիտ
կոչումին
պիտի
ծառայեցնէին։
*
*
*
Իր
դէմքը՝
ոճին
խստութիւնը
չունի.
գիրուկ,
հսկայ,
խնձորի
պէս
կլոր
գունագեղ
երես
մը,
որուն
վրայ
ամեն
ինչ
հեզութիւն,
չափաւորութիւն
է.
բացի
ճակտէն
որուն
վրայ
տագնապեալ
մտքի
մը
բոլոր
վրդովումները
կը
կարդացուին։
Ոչ
ոք
իրեն
չափ
գիտէ
ոսոխ
մը
պարտութեան
մատնել,
հարուածին
ուժգինները
ուղղելով
տկարագոյն
կողմերուն,
տասնեւհինգ
տարիէ
ի
վեր
գրական
կրկէսին,
ամենօրեայ
պայքարին
մէջ
ստացուած
սովորութիւն
մը։
Այս
պայքարը՝
իր
հրապարակագրի
բոլոր
գոյութիւնն
է.
իր
յօդուածներուն
յայտնի
երկարութիւնը՝
փաստերուն
առարկութեանց
թւոյն
նեղ
կուգայ
միշտ.
եւ
կ՚զգաս
որ
գրիչը՝
ակամայ
կանգ
կ՚առնու
ամեն
անգամ։
Իր
լուրջ
ու
ծանրախոհ
հրապարակագրութեան
անմատչելի
չեն
սակայն
ծիծաղն
ու
ժպիտը.
անշուշտ
Արեւելքի
խմբագրապետը
քիչ
անգամ
կը
խնդայ.
բայց
եթէ
երբեք
զիջանի
ծիծաղիլ,
կատակ
ընել,
կատարեալ
նրբամիտ
եւ
զուարթախոհ
մարդու
մը
յայտնութեան
անակնկալը
կուտայ
ընթերցողներուն։
Ո՜րչափ
աւելի
պիտի
սիրէինք
այս
գրական
վաստակաւորը
թէ
որ
խոժոռելէ
աւելի
դիւրութեամբ
ժպտիլ
գիտնար,
դատապարտելէ
աւելի
հեշտիւ
ներել,
եւ
զարնելէ
աւելի
հաճոյք
զգար
փայփայելէ։
Բիւզանդ
Քէչեանի
գրականութիւնը
կարծր
ու
անողոք
սրտի
մը
ցուրտը
ունի,
պողպատի
մը
ցուրտը.
թերեւս
անոր
համար
որ
իրեն
բաժին
ինկող
գոյութեան
մը
ներկան
եւ
ներկայէն
աւելի
մութ
ապագան
կ՚ընդնշմարէ,
ինքը՝
որ
ապերախտ
կռուանի
մը
վրայ
մաշեցնելու
դատապարտուած
է
հմտութեան
եւ
առուգութեան
պաշար
մը
որով
աշխարհներ
կրնար
շինել
եւ
որով
իրեն
համար
հազիվ
թէ
տնակ
մը
կառուցած
է։
*
*
*
Կ՚ըմբռնեմ
ուրեմն
իր
գրականութեան
բոլոր
կարծրութիւնը,
եւ
բանաստեղծութեան
եւ
երեւակայութեան
այն
պակասը
որ
իր
գրուածոց
մէջ
այնքան
զգալի
է։
Գրական
ասպարէզը
ընտրած
լինելն
արդէն՝
երեւակայութեան
ահագին
մէկ
սխալը
կը
դաւանի
ինք
եւ
բնական
է
որ
ոխ
պահէ
այդ
թշնամւոյն
դէմ։
Իր
լեզուովը
—
վասն
զի
յատուկ
լեզու
մը
ունի
այս
հրապարակագիրը
—
յստակութեան
եւ
հոծութեան
անհասանելի
զուգաւորման
հարցը
լուծած
է։
Արուեստի,
գեղեցկագիտական
զարտուղութիւններու
չի
զոհեր
երբեք
իր
պարբերութեանց
կոկիկ
ու
պարկեշտ
դարձուածքը
եւ
իրաւունք
ունի
այսպէս
ընելու.
խմբագրապետ
մը
հիացուելէ
աւելի
հասկցուելու
պէտք
ունի։
Գրագիտական
նրբութիւններու
եւ
մանուածապատ
արդուզարդերու
սովորութիւնը
չունին
իր
ամենօրեայ
յօդուածները,
այն
գործաւորուհեաց
պէս
որք
ամեն
օր
Պոլիս
գործի
երթալու
ստիպուած՝
ամիսն
անգամ
մը
փողոց
ելլող
տիկիններու
փերեւետումները
ի
բաց
թողած
են։
Բայց
այս
պարզութիւնը
զուրկ
չէ
ճաշակէ,
արժանապատուութենէ
եւ
շատ
անգամ
նորութենէ.
Արեւելքի
խմբագրապետը
որքան
ալ
բեռնաւորեալ
ըլլայ,
խղճի
պարտք
մը
ի
գործ
դնելու
գիտակցութեամբ՝
միշտ
ուշադիր
ու
խնամոտ
գտնուած
է
իր
արձակին,
որ
իր
ամենօրեայ
զէնքն
է,
եւ
որուն
գէթ
սուր
եւ
հատու
ըլլալուն
ջանք
չէ
խնայած
մինչեւ
ցարդ։
*
*
*
Իր
ապագա՞ն։
Թերեւս
գործէ
քաշուած,
եկամուտի
տէր
մարդ
մը,
որ
սակաւապէտ
կեանքի
մը
եւ
խնայողական
ամենանուրբ
հաշիւներու,
գիւտերու,
հնարքներու
շնորհիւ
ձեռք
բերած
հարստութեան
մը
արդար
վայելումը
կ՚ընէ,
որ
բնակած
գիւղէն
քաղաք
չիջնէր,
օրն
իրիկուն
սրճարանի
մը
անկիւնը
ճատրակի
խաղերուն
կը
հետեւի
անձկութեամբ,
իր
հրապարակագրի
կեանքին
պայքարները
յիշելով
քառակուսի
տախտակին
առջեւ։
Թերեւս
քերթող
մը,
մի՛
զարմանաք,
երգիծաբան,
հեգնող
քերթող
մը
որ
կշիռէն
կամ
տեսակէն
—
որակէն
կամ
քանակէն
—
նենգող
մսավաճառին
կամ
թղթավաճառին
դէմ
օր
մը
զայրանալով,
ամբողջ
աշխարհի
փերեզակներուն
դէմ
ելլէ
ինքը՝
անոնց
պաշտպան
նախախնամութիւնը՝
ոտանաւորներու
դառնաշունչ
հատորով
մը
մարդկային
առեւտուրին
յաւիտենական
խաբեբայութիւնը
մատնանիշ
ընելով
աշխարհին։