Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕԳՍԷՆ ԽՕՃԱՍԱՐԵԱՆ


Ժողովին մէջ տեսած եմ զինքը. ոսկրուտ, նիհար ու դեղին գլուխ մը որ հեռուէն, բեմին վրայ, անջատուած կ՚երեւար մարմինէն, միս մինակը կեցած հոն, ահարկու չոր գանկ մը որ կը խօսի, կը բարբառի, գրեթէ կը հայհոյէ։

Կը յիշեմ իր մեռեալի ցուրտ ու անթարթ նայուածքը, իր խեղդուկ ձայնը, իր ծայրայեղութեան հակամէտ պահանջումները որ հեռու տեղէ մը, ուրիշ աշխարհէ մը գալ կը թուէին։

Հիմա, հոն է ինք, այն աշխարհին մէջ, որուն խորազնին ակնարկը, բարձր շեշտը, անկարելի փափաքները կը ներկայացնէր կենդանութեանը միջոցին իր ուրուակերպ մարդու ձեւերովը։

* * *

Սամաթիացի հրապարակագիրը մեծ գրագէտ մը չէր, բայց կրցաւ մեծ խմբագրապետ մը ըլլալ։ Առօրեայ լրագրութեան մէջ՝ ոչ այնքան գրական գեղեցկութիւն կը փնտռուի որքան գրուածքներուն նորութիւնը, ուժգնութիւնը, անսովորը ու խրոխտը։

Օգսէն Խօճասարեան այս բոլորը ունէր ու մէկ հատիկ էր օրը օրին զբաղեցնելու համր այն տղան որուն հասարակութիւն անունը կուտան։

Ուրիշներ՝ ընթերցանութեան գիրք մը կուտային ձեռքը, կաշեկազմ հատոր մը մաքուր տպագրութեամբ. ինքը խաղալիկ մը կուտար, խաղալիկ՝ ուրկէ աւելի կ՚օգտուէր մանուկը քան թէ այն մեծ հատորը ուսկից բան չէր հասկնար. կերպով մը ֆռէօպէլեան դրութիւնը, մանկավարժական արդի եղանակները ի գործ կը դնէր այս խմբագրապետը այն ընթերցողներուն համար որոնք իր դպրոցին, իր լրագրին կ՚աշակերտէին ու կը յաջողէր միշտ։ Տղան չի ձանձրացաւ երբեք ու յանզգայս վարժուեցաւ միտքը յոգնեցնելու այն ամեն էական խնդիրներուն որոնցմով հանրային կեանքը կը ձեւանայ։ Օրագրին մշտնջենական արժանիքը պիտի մնայ այս։

* * *

Ուղեւորներ կան, որոնք ամեն բան նախատեսելով ճամբայ կ՚ելլեն. պայուսակներ, հագուստի եւ ուտեստի պաշարներ, ամբողջ կարաւան մը հետերնին առած. այնպէս որ հարկ կ՚ըլլայ կարաւանին սիրուն, որ ամեն ծակէ չանցնիր, ետ կենալ շատ մը տեղեր տեսնելէ, այցելելէ, թերեւս ամենէն շահեկան մասերը ուղեւորութեան։ Եւ ուրիշներ ալ կան որ ձորձ մը ուսերնուն ձգած ու ցուպ մը ձեռքերնին կը մեկնին. որոնք վարժ են պատի մը տակ կամ քարի մը վրայ քնանալու ի հարկին, որոնք ամեն նեղ անցքերը կը սիրեն, կը պրպտեն ու կարաւանով գացողին չըրածը՝ ընելու կը յաջողին։

Օգսէն Խօճասարեան այս ցուպը ձեռքը ճամբորդներէն էր լրագրութեան մէջ։

Ջուրով լեցուն աւազանի մը մէջ կրնաք գաւաթ մը ջուր ալ դուք աւելցնել անոր գոյնը փոխել տալու. անդին՝ կաթիլ մը ներկը կը բաւէ գունաւորելու ամբողջը։ Օրագիր այդ ներկին պուտիկն էր որ ամեն օր կուգար իյնալու հասարակութեան մտքին մէջ, երփնելով անոր անգոյն միօրինակութիւնը։

* * *

Ի՞նչու համար քսան տարի վերջը միտքս կ՚իյնայ յանկարծ այս ջնջուած պատկերը. անոր համար արդեօք որ մեր մէջ լրագրութիւնը հաստատողները պէ՞տք ունին գալ տեսնելու թէ ինչ վիճակի բերած, հասցուցած ենք զայն։

Ի՞նչ տպաւորութիւն պիտի ընէր մեր վրայ եթէ այդ գունաթափ երեսը կենդանանար, այդ շիջած աչքերը տեսնէին, այդ փակուած բերանը խօսէր։

Լաւագոյն է թերեւս որ չի գայ մեր քովը ու շարունակէ նիրհել հոն ուր կը հանգչի հիմա։

Սամաթիայի եկեղեցւոյն մէջն է իր համեստ գերեզմանը. իրեն յատկացուած դոյզն հողը դրամով գնուած չէ. մարմարէ, պօրփիւրէ չէ իր շքեղ շիրիմը. մայրենի ծոցն է ան, անշուք ու տաքուկ մայրենի ծոցը ուր մեռելները չեն մսիր։