Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ


Տժգոյն՝ իր ոճին պէս, սգաւոր՝ իր գրուածոց մէջ տիրող ոգւոյն նման. ժպտելով շարունակ, ժպիտ մը որ դէմքի ցաւագին կծկումին հետ կը շփոթուի եւ աւերակի մը վրայ ինկող ճառագայթի մը պէս տխուր է. սիրելով աղմուկը՝ իր սրտին միայնութիւնը ու մահաբոյր լռութիւնը մոռնալու համար. չարախօսելով, չարախօսուելով, գթալով ու գթութեան արժանի ըլլալով կազմուած կեանք մը։

Նաւագնացութեան մը միջոցին ծովու վրայ լոյս տեսած այս երիտասարդը, ասկէ թերեւս, անդունդի վրայ քալող մարդու երերուն քալուածքը ունի ու գլխի պտոյտը։

Իր անհաւասար գրականութիւնը՝ այս ծովին պէս, լի է անկումներով ու խիզախ բարձրացումներով. ալետատան ու յողդողդ գրականութիւն, որ ամեն կողմ կը տանի զինքը, որ ոչինչ ունի անքոյթ, որուն կատարները ու վիհերը կ՚երերան, կը դողան, իրարու վրայ կը գլորին շարունակ, եւ որ իր ամբողջութեանը մէջ կոծկոծեալ բան մը ունի, ճիշդ ծովին նման։

* * *

Իր սե՞ռը. բայց սեռ չունենալն է իրենը եւ ահա ասոր համար է որ գրագէտը չափելու համար ամեն բաղդատութեան եզր բացարձակ կերպով կը պակսի մեզի։ Իր եղանակը, ծանօթ ու տուեալ պայմաններէ կը հեռանայ։ Գրականութեան մէջ իր կանոնը՝ զարտուղութիւնն է։ Երբ ամեն գրողներ կարգի ու սարքի կը հետամտին, ինքը մինակուկ կը պահէ իր անխնամ ու արտակարգ տարազը. կոճկուած, սանտրուած հրապարակագիրներուն մէջ ինքն է որ հանրութեան առջեւ ելլելու կը խիզախէ միշտ թափթփած մարդու, արտաքին պաճուճանքով զբաղելու ատեն չունեցողի անփութութեամբ, այնքան որ այս անհոգութիւնը ա՛լ ճշմարիտ պչրանք մը կը դառնայ։ Ահա՛ իր գրականութեան յատկանիշներէն մին։

* * *

Մարդիկ կան որ ամենէն աննշան նիւթին վրայ խօսելու համար հանդիսաւոր ձեւեր, կեցուածքներ կ՚առնեն, կը հազան, ձայներնին կը փոխեն, շարժումներնին կը լայնցնեն։

Մասիսի նախորդ խմբագրապետը հակառակն է անոնց. իր ընտրած նիւթին ծանրութեան չափ իր գրելու եղանակը կ՚անօսրանայ միշտ։ Այս՝ իր գրականութեան ֆիզիքին օրէնքներէն մին է։

Հոն՝ ուր ուրիշներ պիտի խոժոռէին, ինքը կը ժպտի եւ հոն ուր ուրիշներ պիտի լային, ինքը կ՚երգէ, բայց երգին մէջ ողբի պէս բան մը կը պահուըտի եւ այս զուարթութիւնը՝ որուն ներքեւ արցունքի կաթիլ մը կ՚ապաստանի, այն ծիրանի գօտիները կը յիշեցնէ ինձի որոնք իրենց պայծառ գոյներուն ցոլացումին տակ կը ծածկեն երկնքին թօնընկեցիկ տրտմութիւնը։

* * *

Գրականութիւնը, իր տարփանքը, զինքը հրապուրող սիրուհին ըլլալ կը թուի։ Այս նախկին Վենետիկեանը՝ իր վանական կեանքի մաքրութիւնը անարատ պահած է միշտ. Ս. Ղազարի մէջ վարդապետ չէ կրցած ըլլալ, բայց աշխարհական ալ մնացած չէ. ամեն ինչ թերատ, ստուերոտ ու անկատար է իր վրայ։ Այս կիսաւարտ քահանան, այս գրչի մարդը՝ տեսակ մը Ռընանի տպաւորութիւնը կը թողու իմ վրաս. ո՛չ անոր մեծ դիրքը եւ ոչ անոր ահաբեկիչ հմտութիւնը ունի հարկաւ. բայց անոր նման՝ բանաստեղծութեան ու պատրանքի թաքուն գանձեր կան իր սրտին մէջ որ եկեղեցական կրթութեան մը լռութեան ու առանձնութեան մէջ դիզուած, հաւաքուած են եւ որ իր գրականութեան մէջ երեւան կ՚ելլեն, կենդանի ու զգայուն հոգի մը տալով սովորաբար պարզ ու անպաճոյճ գրուածքներուն։

* * *

Իր ժողովրդեան զաւկի, գրեթէ շուկատ մարդու ձեւերը կը սիրեմ։ Իր մշտնջենական պատիւը պիտի ըլլայ մեր մէջ, իր Օրուան Կեանքերովը, առաջին ինքը տանիլը, մօտեցնելը գրականութիւնը ժողովրդին՝ փոխանակ ժողովուրդը բերելու անխախտ գրականութեան մը անմատչելի բարձունքին։

Իրմով սկսած ու քաջալերուած է միշտ այն երիտասարդ գրողներու շարքը որ մեր հրապարակագրութեան այժմու ռամիկ, թէ որ կ՚ուզէք, բայց հասկնալի ու սրտի մօտիկ հանգամանքը տուած են։

Այս տասը տարիներուն մէջ ուր իր գրական գործունէութիւնը կը փայլի, ամեն կողմ տարած են զինքը իր թափառայած գրագէտի պարապմունքը։

Ջուրի արձակումի մը պէս կուգայ, կ՚անցնի, կը տարածուի, կը լայննայ, կ՚անձկանայ ու կ՚անհետի յանկարծ եւ օր մը անշուշտ պիտի գտնեն գետնին վրայ ակօս մը իր լրագրական արգասաւոր անցքին նշանակ։

* * *

Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այս կեանքին ծերութիւնը. վերջ ի վերջոյ ո՞ւր պիտի կանգ առնէ զինքը տանող նաւակը։

Ինչ որ ամենէն հաւանականն է, այն որ քանի մը տարի վերջ իր մեծ իմացականութիւնն ալ այն մշուշին մէջ մտնէ՝ ուրկէ իր գոյութիւնը երբեք դուրս չէ կրցած ելլել։