Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՍԱՔԵԱՆ


Տասը տարի կայ. Օգոստոսի կիզիչ արեւին տակ, Ղալաթիոյ կամուրջին վրայ, լայն ու հաստ թիկնոցի մը մէջ, ցուրտ չառնելու սարսափով աղէկ մը փաթթուած, ու գլխուն վրայ բանալով ահագին հովանոց մը որ նախապատմական օդապարիկի մը տպաւորութիւնը կը թողուր տեսնողներուն վրայ, միջահասակ, մարմնեղ, երեսը մազով մօրուքով ու ակնոցներով ծածկուած մարդ մը՝ հանդարտաքայլ կը յառաջանար։

Ամեն ոք կանգ կ՚առնէր, ու ես ալ ամենուն պէս, դիտելու համար տարօրինակ անցորդը՝ իր միեւնոյն ատեն ցուրտի ու տաքի դէմ առած չափազանց զգուշութեանցը, խոժոռ ու վախկոտ դէմքին վրայ նկարուող՝ աւազակներու մէջ դիպուածով ինկած մարդու ապշութեանը համար։

Միսաքեանն էր։

Կամուրջին վրայ ամենքը կ՚աճապարէին կը վազէին իրենց գործին ժամ առաջ հասնելու եւ ափրիկեան տաքէ մը ազատելու ջանքով. ինքը փոյթ չէր ըներ. տոտիկ տոտիկ, բայց շուրջը դիտելով շարունակ, կասկածելով, վախնալով որ առանց իր տեսնելուն մէկը չի մօտենայ յանկարծ իրեն ու վատութեամբ դաշոյնի հարուած մը տայ իր կռնակին։

Այս մարդը գրական ասպարէզին մէջ միեւնոյն էր ինչ որ Ղալաթիոյ կամուրջին վրայ։ Իր անունն հալածող գովեստներուն ու պարսաւներուն մէջ համաձայնութիւն կայ միշտ դժգոհ ու մեկուսի բնաւորութեանը վրայ։

Ճշմարտութիւնն այն է որ հէք մարդը մեծահարուստ իշխանի մը շռայլութեամբ իր կեանքին մեծագոյն մասը վատնած էր գրականութեան մը համար որ իրմէ կը հեռանար շարունակ ու ապերախտի վրայ աշխատած ըլլալու դառնութիւնը կը թողուր իր սրտին։

Ծերունի սիրահարի մը նախանձոտ մոլութեամբ փարած էր այդ գրականութեան, որ զինքը երեսի վրայ կը թողուր նորեկներու, պատանիներու հետ զբօսնելու ու անոնց հաճոյք պատճառելու համար յարափոփոխ արդուզարդով, նորաձեւութիւններով, քերականական տարազը կը մերժէր եւ կը մերժէր այն գոց սենեակի մը մէջ վաթսուննոց մարդու մը հետ փակուելու առաջարկը որ պատուելիինն էր։

Այսպէս, չի կրնալով հետեւիլ ինքն ալ մշտնջենական երիտասարդուհւոյն որ իր նորանոր տարփանքներովը հերատուկ կնոջ մը ձեւերը կ՚առնէր իր աչքին, Միսաքեան ամեն դառնացեալ սրտի պէս, անունն անգամ լսել չէր ուզեր այս անհաւատարիմ գրականութեան, որուն գայթակղութեանց արձագանգը իր սենեակին դրան հասած պէտք էր մարէր։

Կը հասկնանք ուրեմն եթէ ոչ կ՚արդարացնենք պատուելիին քէն պահող տղու գոյութիւնը։

Իր դժբաղդութիւնը եղած է իրենը կարծել ինչ որ իրօք ամենունն էր եւ ամենունը պէտք է մնայ։

Ապաքէն անոր մեկուսացմամբը հայ գրականութիւնը կորուստ մը ըրած չէ. հեռացումը ազգային կեանքէն՝ այնքան կտրուկ եւ միանգամայն այնքան աձուկ մտքով մը տեղի ունեցած է որ ետքէն, ուզէր իսկ, պիտի չի կրնար վերադառնալ. ու երբ օր մը յանկարծ ելլէր սենեակէն դուրս ման գալու համար գրական ասպարէզին մէջ, ո՛չ ծանօթ դէմք մը պիտի հանդիպէր հոն եւ ո՛չ հասկցող մը իր գիտցած լեզուն։

Ատենով իր գրած աշխարհաբարը որուն չենք կարող չի հաւնիլ այսօր իսկ, իր անունը անկորուստ պիտի պահէ, բայց պէտք է զեղչել, մեծապէս զեղչել, իրեն թեկնածու եղած գրագէտի, համայնագէտի եւ իմաստասէրի համբաւէն։