ՍԻՊԻԼ
Սիպի՞լ.
ինչո՞ւ
այս
պատրուակը.
ներելի
չէ՞
անուննիդ
տալ.
եւ
ի՞նչպէս
ծանօթներու
կարգը
դասել
այս
դէմքը,
որ
անծանօթ
մնալ
կը
փափաքի։
Անծանօթ
մնալ
ամենուս
փափաքն
է.
մեզի
յատուկ,
առանձին,
անձեռնմխելի
գոյութիւն
մ՚ունենալ
ուր
քաշուինք
ուզած
ատեննիս.
ծպտում
մը
որով
կարելի
ըլլայ
թաքչիլ
դժնէհայեաց
աչքերէ.
օդահան
գործիք
մը,
որով
պարապութիւն
շինենք
մեր
շուրջը
ու
պօսպօսող
բերաններու
կեղծաւոր
ձայնը
չի
հասնի
մեզի։
Ի՞նչ
օգուտ.
ճամբուն
ամբողջ
երկարութեամբը
բուսած
փուշերուն
ու
մացառներուն
մէջ,
ամեն
մէկ
քայլափոխին
ծուիկ
ծուիկ
կը
բզքտի
վերարկուն՝
որ
անհարկի
աչքերէ
պիտի
պահէր
մարդուն
ներքին
ու
թաքուն
կեանքը։
Սրտին
յետին
խորշիկը
պէտք
է
պարզել
ու
բան
մը
չունենալ
ու
չի
պահել
քեզի
յատուկ.
ալ
այսուհետեւ
ո՛չ
եւս
մասնակի
գոյութիւններ,
այլ
ընդհանուր
կեանք
մը.
ո՛չ
ցօղի
կաթիլ
մը՝
գիշերէն
մնացած
թրթռացող
տերեւին
վրայ.
եւ
ոչ
կաթիլ
մը
արցունք
արտեւանունքին
վրայ
դողահար.
ո՛չ
գետ,
ո՛չ
լիճ
եւ
ոչ
ծով.
այլ
ովկէանը
միայն.
բոլոր
ցամաքը
մէկդին
ու
բոլոր
ջուրը
միւսը.
այս
է
նոր
աշխարհագրութիւնը։
*
*
*
Կը
մեղանչեմ
հարկաւ
եթէ
անգաղտնապահ
ձեռքով
վեր
առնեմ
այն
քօղը
որուն
ետին
Սիպիլ
ծածկուած
կ՚ուզէ
մնալ.
այդպէս
թո՛ղ
ըլլայ.
բայց
ներելի
է
գէթ
ուրուագրել
իր
պատկերը
այնքան՝
որքան
շղարշին
թափանցիկութենէն
կը
մատնուի
կամ
լաչակին
գեղայարդար
ու
արուեստաշէն
ծալքերուն
մէջ
մոռցուած
բացուածքէն
կ՚ընդնշմարեմ։
Վիպասա՞ն
թէ
բանաստեղծ։
Գրող
մը
որ
հոգիին
հետ
կ՚զբաղի,
երբեք
մարմինին.
ու
կը
վախնամ
ըսելու
որ
սիրտը
վեր
կը
դասէ
միտքէն,
եւ
ստուերի
մը
տարտամ
մթութիւնը՝
որոշ
գծի
մը
յստակ
ու
անխարդախ
սեւութենէն։
Բանաստեղծ
մը
ուրեմն։
Բանաստեղծ
մը
որ
շնորհալին՝
գեղեցիկէն
կը
նախընտրէ
ու
տպաւորութիւնը՝
յիշատակէն։
Ինքն
ալ
տպաւորութիւններ
թողուլ
կ՚ուզէ
եւ
ոչ
յիշատակներ.
իր
եղանակները
այն
բերնուց
սորվուելիք
յեղյեղուելիք
երգերը
չեն
զորս
ամբոխը
միտքը
կը
պահէ.
այլ
ներդաշնակութիւն
մը
որ
մտքի
օրօրումով
ու
ծփանքով,
յանզգայս
կը
տանի
քեզի
մինչեւ
այն
հանգրուանները
ուր
վայելքը
տրտմութեան
կը
փոխուի։
Եւ
ամեն
անգամ
որ
կեանքի
պատահումներով
մօտենաս
այդ
սահմաններէն
մէկուն,
այդ
ներդաշնակութեան
վայելքը
կ՚արթննայ
յանկարծ
սրտիդ
մէջ,
թէեւ
անկարող
ըլլաս
զայն
յօրինող
նուագները
վերյիշելու։
Իր
վէպերը՝
քերթուածներ
են։
Աղջկան
մը
սիրտը
անբիծ
տատրակի
մը
սիրտն
է,
որ
դուն
ուրեք
մեր
տանեաց
վրայ
բոյն
կը
դնէ.
իր
երեւակայած
երիտասարդի
հոգին
ալ
հրեշտակի
եւ
ճիւաղի
հոգիներու
մէջ
կը
տարուբերի,
ճօճանակի
մը
պէս
որ
գծած
աղեղի
մէկ
ծայրէն
միւսը
կ՚երթայ
շարունակ
ու
չի
կենար
հոն՝
ուր
պէտք
է
վերջապէս
կանգ
առնել
եւ
ուր
մարդկային
հոգիները
սովորաբար
կը
կենան։
Պատճառն
այն
է
որ
քերթող
մ՚է
վիպասանը
ու
իր
մտքին
թռիչքովը
ու
աշխոյժովը
կ՚ոգեւորէ
վէպին
անձինքը
այնքան՝
որ
կը
դադրին
մեզի
նմանելէ,
անճանաչ
էակներ
կ՚ըլլան
որոց
ուրախութեան
ու
կսկիծին
անտարբեր
կը
մնանք։
Ի
փոխարէն,
իր
քերթուածներն
ալ
վէպեր
են
ուր
սրտի
անկեղծութենէն
ճշմարիտ
բանաստեղծութիւնը
կը
բղխի։
Վանքի
մէջ
մոռցուած
միանձնուհին՝
իր
չնչին
բաժինը
պահանջելով
կեանքէն,
արդեն
բողոք
մը
կը
բերէ
ու
կը
յուզէ
մեզի։
Իր
ժանեակներու
սիրուն
մեռնող
պերճասէր
աղջիկը
մեր
արդի
Օֆելիան
է,
վասն
զի
յորմէհետէ
աղջիկները
չեն
մեռնիր
ծաղիկ
քաղելով,
իրենց
արդուզարդին
համար
կ՚սպառին։
Եւ
եթէ
այս
բանաստեղծութիւնը
անկեղծ
ցաւակցութիւն
մը
կ՚արթնցնէ
մեր
սրտին
մէջ,
պատճառն
այն
է
որ
քերթողը
վիպասան
մ՚է
հոս։
Այս
քերթողի
ու
վիպասանի
գիրկընդխառնումը
գեղեցիկ
մազերու
մէջ
զետեղուած
ծաղկի
մը
տպաւորութիւնը
կ՚ընէ
վրաս։
*
*
*
Իբրեւ
վիպագիր՝
հաւատք
ունի
ամեն
բանի
վրայ.
ատով՝
իր
իմաստասիրութիւնը
կ՚ամրապնդի
երբ
մերը՝
ինքնագլուխ
քալելու
դատապարտուած,
կը
տկարանայ,
կը
սայթաքի
ամեն
վայրկեան։
Իր
շեշտը
անկեղծութեան
շեշտն
է
նոյն
իսկ
հոն՝
ուր
գերազանցը
գտնելու
ջանքով
կը
վրիպի.
իր
գծած
պատկերները
անտարակոյս
կ՚ապրին
իր
սրտին
մէջ
եւ
ինքը
կ՚զգայ,
կը
տեսնէ
զանոնք.
իր
հոգին՝
թանգարան
մըն
է
ուր
գլուխգործոցներ
մուտք
ունին
միայն
եւ
որոց
հետ
կ՚ապրի
օրն
ի
բուն,
գլուխ
գլխի,
կատարելութեան
հրաշակերտներ՝
որոնք
ամենօրեայ
դրացիներու
վերջնական
հանգամանքը
առած
են
իր
աչքին։
Եւ
երբ
կը
հաճի
կեանքը
բացատրել
այդ
էակներու
կեանքով,
կ՚զմայլեցնէ
բայց
չի
համոզեր
զմեզ.
իր
ըմբռնումը.
շքեղ,
խստապահանջ,
բայց
եթէ
կարելի
է
ըսել,
անձո՜ւկ
կը
թուի։
Գեղջուկներ
ենք
մենք
որ
կը
պահանջենք
իրմէ,
ապարանքի
տիրուհիէն,
լայն
ու
հարթ
պողոտայի
վրայ
քալելու
վարժուած
տիկինէն,
նեղ
ու
ցեխոտ
փողոցներուն
խարխուլ
տուներուն,
ծուռումուռ
սանդուխներուն
վրայ
ապրողներուն
գոյութիւնը
չուրանալ
ու
չարհամարհել.
ու
երբ
ոտքերնին
սահելով
իյնան
ու
գլորտին
վար,
իր
վճիռին
մէջ
ի
հաշիւ
առնէր
ելեւէջները
ճամբուն
ուրկէ
քալելու
ստիպուած
է
աշխարհ։
*
*
*
Այս
երիտասարդ
կինը,
որ
Սիպիլ
կ՚ստորագրէ,
իր
անհատական
կեանքովը
պարծանքն
է
իր
սեռին
եւ
մեծ
տաղանդովը՝
մեր
բոլոր
գրականութեան։
Տան
տիկին
մըն
է
այս
մեծ
բանաստեղծուհին.
եւ
տան
տիկին
պիտի
մնայ
մինչեւ
վերջը.
կեանքի
պայքարները
չի
պիտի
դպին
իր
ճակատագրին.
յորձանքները
ու
փորձանքները
պիտի
եռան,
պիտի
պտուտքին,
պիտի
անցնին
իր
քովիկէն
առանց
իրեն
դպչելու.
գրականութեան
մէջ
ինքը
պիտի
մնայ
ճշմարիտ
ներշնչեալ
կինը
որուն
պատգամները
պիտի
սրտապնդեն
մեզ՝
որ
այնքան
կարօտ
ենք
քաջալերութեան
անոյշ
ձայնին.
եւ
իրեն
օրինակովը
պիտի
շարունակենք
վաստակիլ,
ապերախտ
վաստակ,
մինչեւ
այն
օրը
որ
Սիպիլ
ապագան
ցոյց
տայ
մեզի,
յստակ
եւ
ջինջ
հորիզոն,
թողլով
ներկան
իր
առօրեայ
ծփանքին։