ԹՈՎՄԱՍ
ԹԷՐԶԵԱՆ
Քերթող
մը
եւ
ուսուցիչ
մը.
գրականութիւնը
սիրող
եւ
սիրցնող
մը,
հրապուրիչ
կնոջ
մը
նման
որ
բան
գործ
ըրած
է
ուրիշներու
սրտին
մէջ
արծարծել
այն
կրակը
որ
զինքը
կը
տոչորէ
արդէն։
Եւ
սակայն
մշտաբորբոք
հուրը
մոխիր
չէ
դարձուցած
զինքը։
Երեք
մանուկներուն
պէս,
որ
Նաբուգոդոնոսորի
հնոցին
մէջ
անխոց
ու
անվնաս
մնացեր
էին,
Թովմաս
Թէրզեան
ալ
չէ
խանձած
իր
սրտին
մէջ
վառող
կրակէն
որ,
շատ
շատ
եղկ
ու
ամոքիչ
մթնոլորտ
մը
կազմած
է
իր
շուրջը
վակօն-լիի
երանաւէտ
բարեխառնութիւնը
ձմեռ
ատեն
եւ
որուն
մէջ
բանաստեղծը
յաւիտենական
երիտասարդութիւն
մը
գտնելու
բաղդը
ունեցած
կը
թուի՝
երբ
ուրիշներ,
կէս
ճամբէն
խոնջած
ու
վաստակաբեկ,
կանգ
կ՚առնեն
ըսելով.
Իմ
հուրքս
անկան
եւ
ես
ահա
ծերացայ
…
*
*
*
Թովմաս
Թէրզեան
հակառակը
ըսելու
իրաւունքը
ունի.
գրեթէ
առջի
խարտիշագեղ
երիտասարդն
է
միշտ
որ
մոռցած
է
ծերանալու,
ճիշդ
միեւնոյն
անձը
որուն,
քսան
տարի
առաջ
պատիւ
ու
բաղդ
ունեցած
եմ
աշակերտելու։
Հիմա
փողոց
կը
պատահիմ
իրեն
երբեմն.
չի
յիշեր
զիս,
բայց
ես
քաջ
կը
ճանչնամ
իր
ձեռքի
շնորհալի
շարժումը
որ
ափի
մը
մէջէն
խուսափող
թռչունի
մը
սլացումին
կը
նմանի։
Եւ
ոսկի
ակնոցին
ետեւը,
նոյն
կարճատես
աչքի
կոպերուն
յարատեւ
մերձեցումն
է,
հպումը
գրեթէ,
որուն
բաց
մնացող
պզտիկ
անջրպետին
մէջ
սղմելու
կ՚աշխատիս,
բէշդ
բէշիդ
բերելու,
պզտիկնալու
փափաքներ
կ՚ունենաս,
ապարդիւն
ջանքեր
կ՚ընես
դիմացինիդ
նայուածքը
չի
յոգնեցնելու,
տեսողութիւնը
դիւրացնելու
համար,
երբ
դիպուածով
դէմը
գտնուիս
այդ
թարթափող
աչքերուն։
*
*
*
Քերթող
մը
ըսի.
հին
դարերու
դրուպատուր
որ
կ՚երգէ
կ՚անցնի
շարունակելով
իր
ճամբան,
կեանքի
ճամբան
երկար
ու
ամայի.
նետահար
թռչունին
պէս,
որուն
փախուստի
շաւիղը՝
հողին
վրայ
կաթկթող
վէրքի
արիւնէն
կը
գուշակուի,
այդպէս
ալ
իր
հոս
հոն
ցիրուցան
երգի,
ներդաշնակութեան
կտորներէն
բանաստեղծին
ուղին
կը
ճշդուի՝
որքան
ալ
անփոյթ
եղած
ըլլայ
ինք
ժողվելու,
հաւաքելու
իր
վատնած
ու
շռայլած
ձայնին
արձագանգը։
Իր
քնարը
ունկնդիրներու
համար
չէ
որ
կը
մրմնջէ,
այլ
գլխաւորապէս
իրեն
համար
ու
յետոյ
այն
մտերիմներուն,
որոնք
«տունէն»
են
եւ
ոչ
փողոցը
հանդպուած
օտարականներ։
Այս
է
պատճառը
որ
չէ
ամփոփած
իր
քերթուածները
հատորի
մը
մէջ.
յետոյ
խորհած
է,
թերեւս
իրաւամբ,
թէ
պէտք
է
զանոնք
թողուլ
ամենքն
ալ
իրենց
տեղը
ու
իրենց
ատենին։
Իրարու
քով
բերել
այդ
հատուկտոր
եղանակները,
երբ,
ափսո՜ս,
անկարելի
է
իրարու
քով
բերել
զանոնք
որ
այդ
եղանակները
լսեցին։
Ի՞նչու
համար։
*
*
*
Հետաքրքիրները
հասկնալ
կ՚ուզեն
թէ
այս
քերթողին
ի՞նչ
է
կեանքին
ըմբռնումը,
յատուկ
իմաստասիրութիւնը
որով
գոյութիւնը
արդարացնէ
կամ
դատապարտէ.
յոռետե՞ս
թէ
լաւատես
ոգի
մըն
է,
ո՞ր
կիսագունտին
կը
վերաբերի։
Բանաստեղծները
աստղաբաշխներու
նմանցուցած
եմ
միշտ,
որոնք
իրենց
դիտակի
ապակիներէն
երբեք
ճշդութիւնը
չեն
կրցած
տեսնել
ու
վայելել.
շատ
մեծ,
կամ
շատ
փոքր
կ՚երեւան
առարկաները
իրենց.
աչամերձիկ
ապակիինն
է
յանցանքը
որուն
կորնթիքին
վրայ՝
ամեն
պատկերներ
կը
բեկբեկին,
կ՚այլայլին,
ճիշդ
հակոտնեան
կ՚ըլլան
իրականին։
Ասոր
համար
է
որ
քերթողները
ճշմարտութենէ
շատ
անդին
կամ
շատ
ասդին
պիտի
մնան.
այս
է
իրենց
ճակատագիրը.
լալու
կամ
խնդալու
կարող
են
միայն
եւ
երբ
տեսնենք
անոնցմէ
մին,
որ
Թովմաս
Թէրզեանին
պէս
ժպտիլ
ալ
գիտէ,
ժպիտ
որ
համակերպութիւն
կը
նշանակէ
կեանքի
տուեալ
պայմաններուն,
լաւագոյն
իմաստասիրութիւնը
բերած
կ՚ըլլայ
մեզի։
*
*
*
Ուսուցչին
կեանքը
քերթողի
կեանքին
չափ
ու
թերեւս
անկէ
աւելի
շահեկան
է.
պատուելիներէն
անմիջապէս
ետքը,
անոնց
տաքուկ
յիշատակովը,
աւանդութիւններովը,
ծէսերովը
լեցուած
ուսուցչական
աթոռին
վրայ՝
այս
բանաստեղծը,
իր
գեղեցիկ
երիտասարդի
վայելչութեանը
մէջ
դալար
ոստի
մը
բողբոջումն
էր
հոն,
ուր
քիչ
առաջ,
գօսացած
ծառը
կը
կենար։
Իրմով
է
որ
հայկաբանութեան
դասէն
ետքը
ու
անոր
քովիկը
սկսած
է
գրականութեան
դասը
որ,
հիմա
անգամ,
նորութիւն
մըն
է
եւ
որ
քսան
տարի
առաջ
ճշմարիտ
հերձուած
մըն
էր
անդրդուելի
հայկաբաններու
սերունդին
մէջ։
Գրաբար
քերականութեան
միապաղաղ
սառոյցէն
ետքը
ուր,
բեւեռային
ուղեւորութեանց
մէջ
պատահածին
պէս,
գացողները
մեծ
մասով
կը
փատնան,
ճշմարիտ
գարունի
մը
տպաւորութիւնը
ըրաւ
այս
դասախօսութիւնը
աշակերտներուն
վրայ.
ամենքը
կանանչցան
ծաղկեցան։
Ո՞րինն
է
պատիւը
եթէ
ոչ
ուսուցչին,
որ
իր
շուրջը
հաւաքուած
տղոց
եռանդը
ու
աւիւնը
չի
մարեց,
այլ
գիտցաւ
վառ
պահել
անոնց
սէրը
մեր
լեզուին
համար,
որ
Բագրատունին,
Ալիշանը
ու
Հիւրմիւզը
ճանչցուց
անոնց
եւ
որ
ի
հարկին
իր
քնարը,
իր
սիրտը
դրաւ
անոնց
մանրիկ
մատներուն
տակ։
Ո՞րինն
է
պատիւը
եթէ,
նշմարելով
թաքուն
հարստութիւնները
որոնք
կը
պահուէին
այդ
փակ
սրտերուն
մէջ,
կրցաւ
հմայքի
բառը
արտասանել.
Բացուէ,
ո՛վ
Սէզամ։
*
*
*
Թովմաս
Թէրզեան
ո՛չ
ծափերու
ըղձանքը
եւ
ո՛չ
դատափետութեան
վախը
քաշած
է
երբեք.
փառքի
ցանկացող
չէ
եղած
եւ
ոչ
ալ
յուսախաբութեան
ենթակայ։
Իր
բոլոր
կեանքը
համակերպութիւն
մը
եղած
է.
Պէշիկթաշլեանի
կրտսերն
է
ինք
ու
անոր
պէս,
համեստ
վաստակաւոր,
չի
սիրեր
աղմուկը։
Բայց
որքան
ալ
մեկուսանալ
ուզէ,
խուսափիլ
դէպի
իրեն
կարկառող
ձեռքերէն,
գրականութեան
մէջ
իր
կրկին
ու
թանկագին
գործունէութիւնը
չի
պիտի
մոռցուի։
Կը
յիշեմ
որ
Անակրէոնի
տաղերու
թարգմանութիւնը
Օտեանի
նուիրած
էր
սիրուն
ձօնով
մը
ու
կ՚ըսէր
անոր.
Դստերք
Կաստալի
Եւ
հարսունք
Գողթան
Քեզ
թագ
կրկնակի
Հիւսեցին,
Օտեան։
Իր
աշակերտները
Կաստալի
աղջիկները
կամ
Գողթան
հարսները
չեն
անշուշտ,
բայց
պատրաստ
են
իրենց
ճակտին
հիւսելու
քերթողի
եւ
ուսուցչի
կրկին
պսակները,
որոց
իր
ազնուական
գլուխը
արժանի
է։