ՅՈՎՍԷՓ
ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ
Գիտուն
մը,
եւ
որ
աւելին
է,
իմաստուն
մը։
Յովսէփ
Եուսուֆեան,
այն
վարար
ջուրի
հոսանքներէն
չէ
որոց
թաւալումը՝
երկու
դիի
եզերքներուն
անձկութենէն,
կամ
հետեւած
ճամբուն
անհարթ
ըլլալէն՝
աղմկայոյզ
ու
մեծաշառաչ
կ՚ըլլայ,
ուշադրութիւն
կը
հրաւիրէ։
Այլ
վեհինաճեմ
գետի
մը
հանդարտասահ
ու
անշշուկ
ընթացքին
կը
նմանի
որուն
արգասաբեր
ջուրերը
իրենց
առուին
կը
պատշաճին,
եւել
կամ
պակաս
չեն
գար,
եւ
որոնք
կայուն
ու
անշարժ
կը
թուին
հարեւանցի
դիտողի
մը
աչքին։
Իր
կարգաւորեալ
կեանքը
ու
գործունէութիւնը
չեն
ճանչնար
անակնկալը.
այս
չափագէտը
որ
սիրուն
կնոջ
մը
ետեւէն
հետապնդելու
պէս
ամեն
հաշիւներու
մէջ
անծանօթը
կ՚որոնէ
միշտ
ու
Ք-երը
կը
փնտռէ,
ամենուրեք
կը
հալածէ,
երեւան
կը
հանէ
պահուըտած
ամեն
ծակերու,
ամեն
ծպտումներու
մէջէն,
բայց
իր
մտերմութեան
շրջանակին
մէջ
չընդունիր
զանոնք։
Իր
բոլոր
գոյութիւնը
կը
նմանցնեմ
այն
յառաջատուութեան
կարգերուն,
որոց
մէկ
օղակէն
ամբողջը
կը
գուշակուի։
*
*
*
Շատերը
տեսած
են,
բայց
քիչերը
կը
ճանչնան
զինքը։
Իր
սակաւախօս
մարդու
զգուշաւոր
ու
ժուժկալ
ձեւերը,
ձայնին
մեղմ
ու
միօրինակ
հնչիւնը,
մօրուքին
կանոնաւոր
շրջագիծը,
հագուստին
անփոփոխ
ձեւերը
միայն
տեսնող
մը
երիցական
քարոզիչի
մը
տեղ
պիտի
առնէր
զինքը,
ու
ճշմարիտ
հարցուկ
մը
ըլլալ
պէտք
է
գուշակելու
համար
այդ
չափազանց
համեստութեան
տակ՝
մեր
ազգին
մեծագոյն
գիտնականը։
Չափական
ու
բնական
գիտութեանց
այս
մեծ
վարպետը
երիտասարդ
մըն
է
գիրուկ,
միջահասակ,
ճիշդ
այն
մեծ
ջութակներուն
պէս
զորս
այնքան
ճարտարութեամբ
կը
զարնէ.
վասն
զի
յաջող
ջութակահար
մըն
է
նաեւ
այս
գիտնականը։
Կը
մտածեմ
սակայն
որ
իր
ծովածաւալ
հմտութիւնը
յուսահատեցուցիչ
բան
մը
ունի.
ի՜նչ
տարօրինակ
առանձնութիւն
մըն
է
ան
ուր
լքուած
կը
մնայ
մարդ,
երբ
այդքան
կը
հեռանայ
սովորական
իմացականութեան
սահմաններէն։
Յետին
միջատին
կեանքը
ճանչնալ
ու
կարող
ըլլալ
միանգամայն
ամեն
աչքերու
անտես
կամ
լուսաւոր
գունտի
մը
կամակ
շաւիղը
ճշդել
երկնից
մէջ.
անհունապէս
փոքրը
եւ
անհունապէս
մեծը
ըմբռնել.
հիմակուց
գիտնալ
անցեալը
որ
խաւարն
էր,
ներկան
որ
ստուերն
է,
եւ
ապագան
որ
լոյսը
պիտի
ըլլայ.
ո՛չ,
այս
ամենը
մէկանց
չի
պիտի
ուզէի
տեսնել
միակ
մտքի
մը
մէջ։
*
*
*
Յովսէփ
Եուսուֆեան
այն
գիտուններէն
չէ
որ
հին
ատենի
մոգերուն
պէս
իրենց
սորվածները
կը
ծածկեն
պարզ
մահկանացուներէն։
Ընդհակառակը,
իր
ջանքը
եղած
է
գիտական
յօդուածներով,
որ
Արեւելքի
ամենէն
պատուաբեր
էջերը
կը
կազմեն,
գիտութիւնը
ռամկացնել,
հասկնալի
ու
մատչելի,
նոյն
իսկ
հրապուրիչ
ընծայել
ամեն
անոնց՝
որոնք
կը
կարծեն
թէ
չոր
ու
ցամաք
անապատ
մըն
է
ան։
Եուսուֆեան
հովասուն
ովասիսները
ցոյց
կուտայ
մէկիկ
մէկիկ,
ամեն
մէկ
քայլին,
այնպէս
որ
ամայի
ու
դժնդակ
համարուած
ուղեւորութիւնը՝
Բարիզի
պուլվարի
մը
վրայ
շրջագայելու
չափ
հաճելի
դարձնելու
գաղտնիքը
կը
գտնէ։
Իրմէ
առաջնորդուած,
եւ
իրեն
ունկնդրելով,
կը
հետեւինք
ճամբուն
որ
Գիտութեան
համար
իրմէ
աւելի
արժանաւոր
մը
չէր
կրնար
բանալ
մեր
գրականութեան
մէջ,
ճամբայ՝
որ
իր
շնորհիւ
միշտ
կարճ,
միշտ
անբաւական
կը
թուի
մեր
աչքին.
հետաքրքրութիւննիս
կ՚արթննայ
բայց
չի
յագենար
ու
Հազար
ու
մէկ
Գիշերներու
հրաշալեաց
պէս
շարունակութիւնը
լսելու
անհամբերութեամբը
զմեզ
կը
չարչարէ։
*
*
*
Գրականութիւն
մը
կայ
հիմա
հրապարակին
վրայ
որ,
ճշմարիտ
հրապոյրներէ
զուրկ
կնոջ
մը
պէս,
փերեւետի,
ներկի,
շպարի
կը
կարօտի
միշտ.
ո՛չ
մաքուր
հոգի
մը
ունի,
ո՛չ
գեղեցիկ
մարմին։
Իր
յաջողութիւնը՝
ծեքծեքումէն
է.
իր
հոսկէ
հոնկէ
փոխ
առնուած
գոյներուն
փայլը՝
ցորեկուան
պայծառութեանը
չի
դիմադրեր,
բայց
գիշերը,
ջահերուն
արձակած
լոյսին
տակ,
դիմացինը
պատրելու
կը
բաւէ։
Եուսուֆեանին
գրականութիւնը
անոնցմէ
չէ.
իր
հրապոյրը
իրն
է
բոլորովին.
արդուզարդին
անհոգութիւնը՝
իր
ստոյգ
գեղեցկութեամբն
է,
վեհապանծ
գեղեցկութիւնը
Գիտութեան։
Այս
հրապարակագիրը
ոչինչ
ունի
բռնազբօսիկ
ու
արուեստակեալ.
քեզ
հմայելու
համար
համար
պէտք
չունի
աչքի
քթթումներու.
իր
նայուածքը
պարզ
ու
վճիտ
է,
ուր
ճշմարտութիւնը
կը
ցոլայ
ու
միշտ
կը
գրաւէ
զքեզ.
այս
է
իր
ոճը։
Իր
լուրջ
ու
ծանրախոհ
գրականութիւնը
խոժոռութիւն
չի
բուրեր
երբեք.
զայն
կարդացած
պահուս,
տողերուն
մէջ
կ՚ընդնշմարեմ
խնդամիտ
ու
կատակասէր
մարդու
մը
շուքը.
եւ
իրօք
Յովսէփ
Եուսուֆեան
մեր
ամենէն
նրբամիտն
է։
Եւ
իր
բարոյական
նկարագրին
վրայ
աւելցող
այս
զուարթութիւնը
երկնաբերձ
լերան
մը
վերելքին
մէջ,
ամայի
ու
քարուտ
կողին
վրայ
չսպասուած
ծաղկաստանի
մը
տպաւորութիւնը
կ՚ընէ
իմ
վրաս։