ԳԵՐ[ԱՇՆՈՐՀ]
ՕՐՄԱՆԵԱՆ
Մարմնական
յաղթ
զանգուած
մը,
դէպի
ետեւ
շրջած
քիչ
մը.
հեւացող
ու
դժգոհ
լանջք
մը
որուն
վրայ
վաղահաս
ալեւորումներով
ճերմկած՝
առիւծի
գլուխ
մը
ու
զուարթ
դէմք
մը
կը
խրոխտան,
սրտաթունդ
ու
անոյշ
ձայն
մը
որուն
յայտնի
անկեղծութեան
շեշտը՝
շիտակ
սրտիդ
կ՚երթայ
ու
կը
տիրէ
անոր.
ձեռքի
բուռն
շարժումներ
որոնք
սպառնալից
պիտի
թուէին
եթէ
դադրէին
շնորհալի
ըլլալէ
եւ
որոնք՝
խօսակցութեան
մէջ
բանիւ
բերանոյ
չի
զուրցուած
մասերը
ամբողջացնելու
պաշտօնը
կը
կատարեն։
Այս
է
արտաքին
երեւոյթը։
Հին
ատենները
ապարանքներուն
բոլոր
արուեստական
շքեղութիւնը
ներսն
էր.
հիմակուան
ճարտարապետութիւնը՝
շէնքի
դուրսի
երեսին
վրայ
կը
թափէ
իր
բոլոր
ճիգը,
իր
արուեստը,
իր
ճաշակը
հոն
ի
տես
կը
դնէ
ու
փոյթ
չըներ
որ
ներսի
պատերը
անշնորհ
կամ
անպաճոյճ
երեւան.
հո՛ս
յանգած
է
քաղաքակրթութեան
յարատեւ
ձգտումը.
ամեն
ինչ
դուրսը։
Գեր.
Օրմանեան՝
հին
ժամանակի
ապարանքներէն
է.
իր
ներսը
հմտութեան
գանձեր
կան
լեցուած
եւ
հոն
կառուցուած
կահաւորուած
ապարանք
մը
կայ
սրտի
ու
մտքի
ամեն
ճոխութիւններով
որոնք
իր
եկեղեցականի
համեստ
սքեմին
տակ
կը
ծածկուին
միշտ։
*
*
*
Հաւատք
մը
կայ՝
որ
անզգալաբար
կը
տիրէ
վրադ.
կարծես
թէ
անուշադիր
մէկ
վայրկեանէդ
օգուտ
կը
քաղէ
ներս
սպրդելու
ու
հոն
հաստատուելու
համար.
աւելի
կը
սահի
քան
թէ
յայտնի
կերպով
կը
մտնէ։
Իրեն
քարոզածը՝
հակառակն
է
ասոր.
պայքարիկ
ու
բարձրախօսիկ
բան
մըն
է
որ
իր
գալուստը
կանխաւ
կ՚իմացնէ,
իր
սեպհական
ոյժին
կը
յենու
ու
յաղթական
մուտքով
խղճմտանքներէն
ներս
կը
մտնէ.
անոր
համար
որ
համոզումի
արդիւնք
է։
Հաւա՜տք.
ո՞չ
ապաքէն
մարդկային
իմաստասիրութիւնը
ուրիշ
եզրակացութեան
մը
չի
գար
եւ
աստանդական
մտքերու
համար՝
որոնք
անմատչելի
բեւեռի
մը
վրայ
ոտք
կոխելու
յոյսով
կը
մոլորին,
նորէն
ան
է
վերջին
ու
անքոյթ
նաւահանգիստը։
Այս
պատճառով
է
որ
Գեր.
Օրմանեան
աղաչաւորի
եւ
վէճէ
խուսափողի
ձեւեր
չառներ
երբ
Կրօնքի
վրայ
կը
խօսի։
Ոչ
Պատմութիւնը
կը
շփոթցնէ
զինքը
եւ
ոչ
Գիտութիւնը.
ընդհակառակը
անոնցմէ
է
որ
կը
քաղէ
իր
փաստերը
ու
իր
զէնքերը
կ՚առնէ.
ամենէն
նորահնար
ապացոյցները
անծանօթ
չեն
իրեն,
ու
բանակռիւի
մէջ
չի
նմանիր
այն
եկեղեցականներուն
որոց
բոլոր
համոզումի
միջոցները՝
վաղնջական
ժամանակներէ
մնացած
փաստեր
են
որոնք
նորերուն
դէմ
հանուելով՝
առջի
վայրկեանէն
կը
փշրուին։
*
*
*
Այն
պարտասուն
հոգիներուն
մէջ
որով
մեծ
մասամբ
մեր
եկեղեցականութիւնը
կը
ձեւանայ,
Գեր.
Օրմանեան
կաղնիի
մը
ամբարձիկ
ուղղութիւնը
պահած
է,
անխախտ
ու
ամուր
կերպով
իր
սրբազան
կոչումին
վրայ,
առանց
պարծենալու՝
շարունակելով
հատուցանել
իր
պարտքը,
պարզութեամբ
ու
համեստութեամբ,
այնպէս
ինչպէս՝
պարտքերը
պէտք
է
որ
հատուցուին։
Այսպէս,
սիրայօժար
գացած
է
հոն
ուր
կանչած
են
զինքը
Ազգն
ու
Եկեղեցին,
Կարինի
լեռնադաշտէն
մինչեւ
Արմաշի
մենաստանը,
ճշմարիտ
վարդապետ
մը
ըլլալով
ո՛չ
միայն
այն
սուրբ
օծումով
զոր
Եկեղեցին
կը
շնորհէ,
այլ
այն
աւելի
սուրբ
օծումովը
զոր
անձնուիրութիւնը
կուտայ։
Իր
համակերպիկ
մարդու
զուարթախոհութիւնը՝
կեանքի
պայմաններուն
ճշմարիտ
եւ
ուղիղ
ըմբռնումէն
է։
Գեր.
Օրմանեան
գիտէ
որ
ամեն
ճամբաները
հարթ
ու
շիտակ
չեն
կրնար
ըլլալ
աշխարհիս
վրայ
եւ
զառիվարներ
կան
ուրկէ
կրնայ
գլտորիլ
մարդ.
բայց
գիտէ
նաեւ
որ
ամեն
զառիվար,
միանգամայն
զառիվեր
մըն
է.
վար
կը
սահիս,
բայց
վեր
ալ
կ՚ելլես
եւ
միթէ
մարդկային
ճակատագիրը՝
այս
անդուլ
ելեւէջէն
շինուած
չէ՞։
Կրօնքը
ասիկա
ուսուցած
է
իրեն.
Խաչելութեան
քով
Յարութիւնը
նշմարած
է
միշտ
ու
վայրկեան
մը
սրտաբեկ
չէ
եղած։
*
*
*
Այս
եկեղեցականը
որ
Տիրայր
կ՚ստորագրէ
հայ
լրագրութեան
մէջ,
մեր
եպիսկոպոսներուն
երիտասարդն
է,
ինչ
որ
մէծ
բան
է
հարկաւ
եւ՝
մեր
երիտասարդներուն
եպիսկոպոսն
է,
ինչ
որ
աւելի
մեծ
մըն
է։
Ես
կը
սիրեմ
իրեն
առանց
աղմուկի
գործունէութիւնը.
ծուլութի՜ւնը՝
ահա
իր
թշնամին.
Գեր.
Օրմանեան
աշխատիլ
կ՚ուզէ
միայն
ու
իր
նշանաբանը՝
այն
խօսքն
է
թերեւս
զոր
Նելսըն
Թրաֆալկարի
առջեւ
արտասանեց։
Իր
վե՞րջը.
ոսկեզօծ
աթոռներու
հետամուտ
չէ
ինքը.
իր
թափառական
քարոզիչի
չարքաշ
գոյութիւնը՝
չի
պատշաճիր
կակուղ
բազմոցներու
կեանքին.
այս
լեռնաբոյս
ծաղիկը
բան
մը
չի
պիտի
շահի
բնաւ
թաղարի
մը
մէջ
փոխադրուելով,
իր
առողջ
կազմուածքը՝
հանգիստի
չի
կարօտիր։
Ուսուցիչ
ու
հրապարակագիր
է
արդէն
եւ
անփառունակ
չէ
այս
աշխատութեամբ
լեցուն
կեանքը։
Երբ
ուրիշներ
գաւառներէն
ու
վանքերէն
կուգան
չեմ
գիտեր
ինչ
ընելու
համար
հոս,
ինքը
հոսկէ
վանք
ու
գաւառ
կ՚երթայ
օգտակար
գործեր
կատարելու
համար.
ամբողջ
դաս
մը
կայ
ասոր
մէջ։