Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՀԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ


Սեւ վերարկու մը որուն բէշերը հողմածուփ կ՚երերան միշտ, հապճեպ ընդոստ քալուածքի մը բաղխումներով. լարուած հսկայ ժամացոյցի ճօճանակին պէս օդին մէջ խոշոր աղեղներ գծող զոյգ թեւեր. մոլորուն նայուածք մը մռայլ աչքի մը մէջ ուր ուշադիր մէկը արեան բիծեր կը նշմարէ, չեմ գիտեր ուրկէ եկած. խուլ ձայն մը որ բառերը կուլ տուող Պարտիզակցիի արտասանութիւն մը կը բերէ ականջիդ։

Խրոխտ, ըմբոստ ու խռոված հոգի մը, մշտնջենական հալածող մը ու հալածուած մը. դժբաղդ մը մէկ բառով։

Ստուերներու, մութի պիտի ըսէի, այս սիրահարը, ի՞նչպէս կրցաւ Լոյսի արտօնատէր ըլլալ. կարելի է անոր համար լոյս ու մութ բառեր են լոկ, ու իրապէս աշխարհիս վրայ ո՛չ լոյս կայ, ո՛չ մութ, այլ տպաւորութիւններ միայն անհաստատ, յարափոփոխ, գրեթէ հակասական. հոս ուղիղ ու հոն սխալ, ինչպէս ըսած է Բասքալ։

Աւետարան կը կարդայ հարկաւ, բայց Վեցհազարեակն ալ չի գիտնալուն չեմ կրնար երդում ընել։

Ստնտուներու երկրէն եկող այս եկեղեցականը, որ այնքան շատ խօսիլ տուած էր իր վրայ, իր ջաղացքի մը նմանող մշտաշարժ թեւերուն պէս թշնամական բան մը ունենալու երեւոյթը ունի, մինչդեռ անվնաս մէկն է գուցէ եւ եթէ չի վախնայի հանրային կարծիք կոչուած անխելք ոգիին դէմ նոր խիզախում մը ըրած ըլլալու ամբաստանութենէն, պիտի աւելցնէի որ ատենով օգտակար անձ մըն էր այս վտարանդին։

* * *

Ի՞նչու զինքը շրջապատող խուլ հակառակութեան մասնակից չեմ ես. անոր համար գուցէ որ մեր եկեղեցականները, խօսք մէկ ըրած կ՚ատեն զինքը, իր մասին միայն ոտնակոխ ընելով այն համերաշխութեան ոգին որ զիրենք կը մղէ աչք գոցելու ամեն վրիպումներուն որոնք աւելի իրենց մէջ քան այլուր կը յաճախեն։ Գուցէ անոր համար որ համոզուած եմ որ ինքնին մաքուր ու ազնիւ էր իր կաւը՝ զոր անձրեւները որ երկինքէն կուգան, ցեխի վերածեցին, աւելի մաքուր քան այն մարմարները որոնք սպիտակ կ՚երեւան դուրսէն, արատնին իրենց ներսը պարտկելով։ Անոր համար նաեւ որ իրօք հանճարեղ գրող մըն է. ուրոյն տաղանդ ու դրոշմ դնող մը իր բառերուն ու տողերուն մէջ, սուր եւ խայթիչ երգիծանքէ ու մանկական պարզմտութենէ շինուած տաղանդ. հակասական բան մը իր բոլոր կեանքին պէս։ Վասն զի ուրիշ բան է առհասարակ տաղանդ ունենալ, եւ ուրիշ է զատ, քեզի յատուկ տաղանդ մը, ոճ մը ունենալ. այնքան մեծ է երկրորդը առաջինէն որքան մեծ է բարեկամ մը ունենալը բարեկամներ ունենալէ։

Եւ վերջապէս անոր համար որ զուարթ տառապեալ մըն է այս վարդապետը, կեանքի բեռը տանելով իր ուսերուն վրայ անպատկառ անհոգութեամբ մը կանոնները, պատուէրները ոտնակոխ ընելով շարունակ. աներկիւղ ըմբոստ մը որ երկնային պատիժներէն չահաբեկիր ու մարդկային յանդիմանութիւնները չի սեպեր. որ ամենուն հետ կը կռուի ու կը հաշտուի, ամեն տեղ կը մտնէ, կ՚իջնէ ու կ՚ելլէ երբեմն ալ, բայց աւելի կ՚իջնէ քան կ՚ելլէ, միշտ համակերպելով ամեն կերպ զրկանքներու որոց սովորած է եւ, նորատեսակ Միհրդատ, անզօր դարձնելով անոնց դառնութիւնները իր հոգւոյն վրայ։

* * *

Անոնք որ գրուածքի մը մէջ խնամոտ ու վաստակեալ կանոնաւորութիւնը եւ ուղղութիւնը կը փնտռեն, անոնք որ արդուզարդը, բառերուն պերճութիւնը, բացատրութեանց ճոխութիւնը կը սիրեն, Վահան վարդապետին գործերէն մեծ բան մը չեն կրնար հասկնալ։

Իր գեղջուկ ու քահանայախօս բարբառը ֆրանսական մատենագրութեան նրբութիւններէն ու խաղերէն ախորժողներուն աչքին՝ արժէք չունի։

Հայրենի երդիքին տակ եփուած թանն է, ապուր ուտող այս վարդապետին ապուրը, եւ եթէ Բաեառի ճաշարանին գրգանոյշ համեմներովը պատրաստուած չէ, գէթ հարազատ համ ունի ու սրտի մօտ հոտ մը կը բուրէ. սննդարար ու մաքուր է միշտ եւ արիւնը չապականեր ֆրանսացի խոհարարին պատրաստածին պէս։

Իր ընդհանրապէս հարթ ու հաւասար ոճին մէջ սակայն տեղ տեղ թռիչ կ՚առնէ, իր ոճը կը բարձրանայ անակնկալ կերպով մը եւ գրագէտը՝ բառով, խօսքով մը յանկարծ կը յայտնէ ինքզինքը, շլացնելով զքեզ։

Ժամանակ մը Վահան վարդապետը մեր ազգային կեանքի խղճամիտ ուսումնասիրողն էր. առաջնորդական ուղեւորութիւններ հայրենի գաւառներու մէջ՝ բեղմնաւորած են իր հմտութիւնը, իր վրայ ձգելով Թափառական Հրէայի մը քրիստոնեայ հրէայի մը առասպելախառն համբաւը։

* * *

Իր վերջին մասին գուշակ մը չեմ կրնար ըլլալ. հարցուկ մը ըլլալու է գիտնալու համար ինչ որ Ճակատագիրը կը վերապահէ իրեն. ապահովապէս Պատրիարք չի պիտի կրնայ ըլլալ, թերեւս եպիսկոպոս ալ չի ձեռնադրուի, թէեւ եպիսկոպոսացուի վարակումը հիմա կը ճարակի աւելի քան երբեք. բայց կը հաւատամ որ իր մասին քիչ քիչ աւելի արդար դատաստան մը պիտի կազմուի. իր հօտն, իր եկեղեցին սիրող մըն է ինքը ոչ թերեւս այնպէս՝ ինչպէս ամեն ոք կը սիրէ։

Եւ երբ օր մը ձգէ ու երթայ այս աշխարհը, չեմ գիտեր թէ իր գերապատիւ ու արժանապատիւ եղբայրները ի՛նչ պիտի ընեն, բայց ապահով եմ որ աշխարհականները իր կորուստը պիտի զգան։

Բառեր կան որոնք գոյութիւն ու նշանակութիւն ունին, բայց իրենց տեղը գրուած չըլլալնուն համար, գիրքին վերջին երեսը կազմող ցուցակի մը մէջ կ՚արձանագրուին վրիպակ անունով։

  Վահան վարդապետ մարդկութեան գրքին մէջ խոշոր տպագրական սխալի մը տպաւորութիւնը պիտի ձգէ երթայ։

7 Դեկտ. 1898