Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՕՔԹՕՐ ԳԱԲՐԻԷԼ ՍԵՒԵԱՆ


Գլուխը՝ ձախին ծռած քիչ մը, միջահասակ մարդ, որ իր շարժումներուն ծայրայեղ ժուժկալութեամբը, անշարժութեան կը մօտենայ եւ իր սովորական կեցուածքին անփոփոխ ձեւովը՝ խանձարուրին մէջ մոռցուած ու հոն ծերացած երախայի մը նմանութիւնը կը բերէ։

Տօքթօր Գաբրիէլ Սեւեան՝ Վենետիկէն հոս եկող այն ոտանաւոր գրողներու սերունդին չի վերաբերիր որուն ճիշդ համրանքը ընել անկարելի է եւ որոնցմէ սակայն Պէշիկթաշլեան, Թէրզեան ու Աճէմեան միայն յաջողած են մեր մէջ։

Ա՛լ աւելի հին, աւելի լուրջ եւ աւելի բարձր դասի մը կը պատկանի. իր տեղը՝ Վիեննայի լեզուաբաններուն, Այտընեանի, Գաթրճեանի, Գարագաշի եւ այլոց քովն է, որոնցմէ շատերը լռութեան մէջ ամփոփուած մնացեր էին, իրենց գիտնական գրաբարագէտի ծանրութենէն չի բաժնուելով ու վախնալով խառնուիլ բազմութեան մը որ, իրենց աչքին, բարեկենդանի մը դիմակաւորներուն երեւոյթը ունէր։

Այսպէս լքած ու լքուած կը մնային միշտ. եւ երբ անոնցմէ մին յանկարծ նորէն կ՚երեւայ գրական ասպարէզին վրայ, յարուցեալի մը ազդեցութիւնը կ՚ընէ վրանիս կամ վրէժխնդիր ոգիի մը՝ որ նորերուն անպատկառ քրթմնջիւններուն ու ծիծաղներուն մէջ չի շփոթիր եւ իր կշտամբանքով լեցուն դասերը կուտայ առանց մէկի մը խնայելու։

* * *

Յարուցեալ մը, այո՛, որ գուցէ այդ պատճառով, գիտակցաբար կը խօսի անոր վրայ՝ զոր մենք մեռեալ կ՚անուանենք։

Անոր քովէն կուգայ աղէկ ու ռինտ ըլլալուն լուրը եւ մերձաւոր վերադարձի մը աւետիսը կը բերէ մեզի Տօքթօր Սեւեան, որ, իր արուեստին ուսուցածին հակառակ, վերակենդանութեան կը հաւատայ։

Ու դիակին վրայ ծռած, շփելով երակները օ տը քօլեօնեի շիշը մօտեցուած ռունգերուն, արուեստական շնչառութիւն մը ընել տալու ապարդիւն ջանքերով, թմրած սառած անդամները ճգնելով տաքցնել իր շունչովն իսկ, այս բժիշկը Գրաբարին գլխուն վերեւ կը հսկէ սիրելիի մը մահուան չի համոզուող մարդու յամառ պատրանքին մէջ։

Կը կարծեմ որ դահիճի, անգութ ու անողորմ մարդու գործ է մեր ըրածը, քաշելով զինքը այս անկենդան մարմնին քովէն, պոռալով, կրկնելով շարունակ անոր երեսն ի վեր որ զայն թաղելէ եւ անոր երկիւղած յիշատակը պահելէ զատ բան մը չիկայ ընելիք այսուհետեւ այդ մարմնին համար։

Տօքթօր Սեւեանի գրական դաւանանքը համոզումէ աւելի վեր բան մը, հաւատք մըն է գրեթէ. շէնք մը՝ որուն հաստատութիւնը իր տկարութեանը մէջ կը կայանայ քան թէ իր իսկական զօրութեանը, ճիշդ այն ծաղկին նման որ տխեղծ ու քնքուշ կազմուածքովը՝ փայփայանքի ու գգուանքի միայն կոչում կրնայ ընել ու չի կրնար հրաւիրել իր վրայ կացինի հարուածները որոնք հաստ ու բիրտ ծառերու կոճղին, գիտնական ապացուցութիւններու, սահմանուած կը մնան։

Իրաւունք չունի ուրեմն նետելու այդ ծաղիկը գրական կրկէսին մէջ, ուր կոխկռտուքը պակաս չէ եւ ուր մրցող տղաք՝ պայքարին ջերմութեան մէջ, չի զանազանեն թերեւս այդ անզօր բոյսը իրարու գլխու նետուած փայտի կտորներէն ու ճզմեն առանց ուզելու։

* * *

Ամենէն շահեկանն այն է որ տարիները չեն կրցած ցրտացնել կամ ամոքել իր դիւրագրգիռ ու պահանջող բնաւորութիւնը։

Գրաբարի սիրուն յարուցած վէճին մէջ միեւնոյն մարդը կը գտնենք նորէն, առջի անհամբեր երիտասարդը, որ հինգ վայրկեանի սպասումէն ձանձրացած, կը պոռար ո եւ է աղջկան մը երեսին.

Կա՛մ յոյս տուր կամ խիստ վըճիռ տուր յետին.
«Քսակդ կամ կեանքդ» ըսելու պէս բան մը։

Այո կամ ոչ մարդն է կտրուկ, զայրացկոտ, գրեթէ երախան՝ անփոփոխ իր դիրքին ու իր ճնշող պահանջումներուն մէջ։

Այս եռանդը ու կորովը, զոր տարիներուն դիզած ձիւնը չէ կրցած մարել, կ՚զմայլեցնէ զիս. ամբողջ քերթուած մը կը տեսնեմ հոն։

Իսկ ինչ որ օրինակելի է այդ կեանքին մէջ, ինչ որ երբեք ուզածիս չափ ստէպ առիթ չի պիտի գտնեմ ըսելու հիմակուան տղոց, մեր գրականութեան համար ցոյց տրուած այն հոգածութիւնն ու սէրն է որ Տօքթօր Սեւեանի եւ անոր բոլոր դասակիցներուն ու ժամանակակիցներուն մէջ անվրէպ կը տեսնուի, սէր՝ զոր կեանքի պայքարը, մարդուն անհատական ձախորդութիւնները, եւ որ աւելին է, յաջողութիւնները չեն կրնար մոռցնել տալ կամ մէկդի նետել։

* * *

Տօքթօր Սեւեան այս օրերս Արեւելքի մէջ հրատարակելով կէս դար առաջ գրուած իր քերթուածները, իր բանաստեղծական եղանակէն նմոյշ մը կուտայ մեզի։ Զարմանալի՜ բան. ինքը՝ որ համամիտ մէկը չէ բնապաշտ դպրոցին, անոր աշակերտածի պէս բաներ մը նշմարել կուտայ հոն. անշուշտ իրական, շատ իրական պատկեր մըն է այն որ հետեւեալ տողերուն մէջ կը ներկայացուի.

Մարմնոյն պարարտ ձեւերուն

Կազմած ելեւէջներուն.

Բնապաշտ մըն է ինքն ալ ուրեմն առանց գիտնալու, եւ ճիշդ ա՛յն վտանգաւոր ցանկութեան հովերով տարուբեր, որմէ ա՜յնքան կը խորշի հիմա։

Կը կարծենք որ Քաթիւլ Մէնտէս կամ Արման Սիլվէսթր ցնծութեամբ պիտի ստորագրէին իր տաղերը։

Բնապաշտ ձեւին դէմ գաղափարի յեղաշրջումը յապաղած կը թուի յարգելի բժշկին մտքին մէջ. ասկից ներելի է հետեւցնել թէ ախտաբորբոք գրականութենէ մը ցոյց տրուած խորշումը իբրեւ պարզ բնախօսական երեւոյթ մասնաւորապէս այն տարիքին մէջ երեւան կ՚ելլէ ուր մարմնոյ պարարտ ձեւերուն կազմած ելեւէջները անօգուտ բորբոքումէ զատ ոչինչ կրնան արթնցնել։ Հա՞րկ է արդեօք գրական պարկեշտութիւնը սահմանել իբրեւ էապես յարափոփոխ բան մը որ տարիքներու, հասակներու ենթական ըլլայ, անոնց աւելնալուն հետ աճի կամ նուազի եւ անհունական հաշւոյ խնդիր մը ձեւացնէ այսուհետեւ.

ք/x/=0

* * *

Տօքթօր Սեւեան երկդիմութեանց ու վարանումի մարդ չէ։ Այն նեղսիրտ նաւապետին պէս, որ Միջերկրականէն Ատլանտեան Ովկէանոս անցնելու համար Ճիպրալթարի նեղուցը երկար բարակ փնտռելու նեղութիւնը յանձն չառնելով, լաւագոյն սեպած էր Ափրիկեան ծովեզերքին վրայ խրել տալ իր նաւը. Տօքթօր Սեւեան որ իր առաջին ուղեւորութիւնը այդ նաւին վրայ ըրած է, լեզուի խնդիրներու մէջ համբերատար քննութիւններէ, աջը ձախը զննելէ հեռանալով՝ նախամեծար կը համարի գրաբարին վրայ նետուիլ ու հոն կառչած մնալ հաստատամիտ ոստրէի մը պէս։

Ու կը խորհիմ որ իրաւունք ունին թերեւս անոնք, որ չի սիրելով մեր հողմակոծկիկ տերեւի ճակատագիրը, անգտանելի ճշմարտութեան մը պատրանքէն չի բռնուելով, անկորուստ կը պահեն ամեն բանի մէջ իրենց միամիտ ու վաղնջական գաղափարները։

Իրաւունք ունին։