Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 


Ճառագայթող երես մը` պայծառ խղճմտանքի ցոլացումով. գեղեցիկ խարտեաշ գլուխ մը, երիտասարդի գլուխ, միշտ վեր բռնուած, հակառակ մտաւորական անընդհատ ու ծանր վաստակի մը ու, կարծես, ճիշդ այդ վաստակովը առուգացած. հասակը ոչ մեծ եւ ոչ փոքր, իր պարտականութեանը, իր բովանդակ պարտականութեանը մէջ ամփոփուած մարդու հասակ:

Այս ամենը սակայն խրոխտ բան մը ունի որ անմասն չէ արդար հպարտութենէ մը եւ որուն համար անծանօթ մը` իրեն մօտը երթալու պիտի վարանէր իրաւամբ: Ապաքէն իր մտերմութեան շրջանակը անձուկ եղած է միշտ, եւ չափազանցութիւն մը չէ պնդելը, որ ոչ ոք մուտք ունեցած է հոն:

Այս առանձնութիւնը հաճելի է իրեն. անկէ, այդ բարձունքէն կը դիտէ, տարիներու հոլովումին հետ, անցքը, անդուլ անցքը իրերուն ու մարդերուն, յարափոփոխ, շահեկան, ու մշտնջենական տեսարանը` անակնկալով, ահաւորով, ծիծաղելիով, զմայլելիով լեցուն որուն թերեւս ատեն ատեն սրտնեղութեամբ կը հետեւի, բայց զոր չի դադրիր ուշադրութեամբ ուսումնասիրելէ:

* * *

Մեր ազգին կրթութեան հոյակապ վաստակաւորն է ան. իր դաստիարակութեան գործը պարզապէս հիանալի է. կոչումի ու անձնուիրութեան գործ, որ քահանայութենէ աւելի սուրբ է եւ վարդապետութենէ աւելի հմտութեան կը կարօտի. ինքն իր գլխուն հիմնելով, պահելով, զարգացնելով կրթական հաստատութիւն մը զոր ազգին բոլոր հարուստները ու աղաները մէկտեղ հաւաքուած` անկարող էին կանգուն պահել. ինքը՝ մէկ հոգի` աւելի շատ աղքատ ու կարօտ տղոց նիւթական ու մտաւորական սնունդ տուած, մեծցուցած է զանոնք քան թէ ո եւ է հարուստը մեր ազգին, եւ այս ամենը լռութեան ու համեստութեան քօղին տակ` հռչակուած ողորմութեանց ճիշդ դէմը. ի՜նչ մեծ դաս:

Արդար է ուրեմն որ իր հիմնած վարժարանը իր անունովը եւ ինքն ալ իր վարժարանովը պարծենայ:

Իր տուած կրթութիւնը նիւթապաշտ ձգտումը չէ, զոր ամեն բարձրագոյն իտէալի վտարումէն կը ձեւացնեն ոմանք, այնքան ջատագովուած, գրեթէ դրուատուած այսօր. այլ նկարագիրը կազմող դաստիարակութիւնը, որ Օգտակարին ետեւԷն վազելու ատեն գիտէ Ճշմարտին քով ալ կանգ առնել ու Գեղեցկին առջեւ կորսնցուցած վայրկեաններուն համար չափսոսար:

Այս կրթութիւնը ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ արդէն, քանի որ ջերմ հաւատացեալ մըն է ինքը, որ մարգարէի մը վայելուչ մթասքօղ լեզուով մը գրի առած է Լամընէի մռայլ ու մութ պատգամները, որոնք կարծես ստորերկրեայ եկեղեցիէ մը կուգան, անոր հաստ ու խուլ պատերը ճեղքելով կը հասնին մինչեւ մեզի: Ի՞նչ բանի հաւատացող սակայն. ասիկա չի պիտի կրնար որոշ կերպով ըսել մեզի. հաւատացող մը՝ որ մարդս վայելելու համար չի գար աշխարհ, այլ պարտք մը կատարելու, քաղելէ աւելի հերկելու համար. անձնուրացութեան հաւատացող մը ուրեմն, հաւատքներուն գերագոյնը:

* * *

Խորհող մը, իմաստասէր մըն է ինքը. ոչ անոնցմէ որոնք վայրապար դեգերանքներու մէջ մոլորած` ամեն օրուան ճամբան կը կորսնցնեն. իր իմաստասիրութիւնը գիտէ սակաւատեւ կեանքէն մարդուս շատ բան չի պահանջել ու քիչով գոհանալ, որովհետեւ գիտէ որ աչքդ բացած գոցած պահուդ ահա օրը իրիկուն կ՚ըլլայ. իրաւունք ունի ուրեմն չարհամարհելու ամենաչնչին բարելաւութիւնը, զոր կեանքը կրնայ պարգեւել:

Կեանքի պատահարներու դաժան հպումէն, անոնց ատեն ատեն մարդուս ուսին վրայ նետած ցուրտ վերարկուէն սարսուռ զգացած է հարկաւ երբեմն բանաստեղծի հոգին, որ իր ներսը կը բնակի. բայց լքումի ու վհատութեան անմատչելի է իր սիրտը. յետոյ օրն ի բուն մանկութեան, պատանութեան հետ ապրող այս մարդը, ատով իսկ, Ապագային կը նայի՝ ամեն ատեն. անոր հետ մտերիմ ու ծանօթ է ալ, քառորդ դարի մը տեւողութեամբ հաստատուած անխափան մտերմութիւն, ամենէն պատուաբերն այս առանձնասէրին համար:

* * *

Գրագէ՞տ. է արդարեւ. հրապարակագի՞ր. ամեն ատեն. իր տարազը պարզութեան, վայելչութեան, ճկունութեան տարազն է. շլացնելէ աւելի համոզելու կը միտի ան. իր ակնկալութիւնը դրուատիք ունենալէ աւելի իրաւունք ունենալու մէջ կը կայանայ. գոյներու, երանգներու շլացումովը չի յոգնիր իր վրձինը. բայց մատիտը իր գիծերուն ճշդութեամբը անհաւասարելի է, ինչ որ որքան նկարչին նոյնքան գրագէտին խղճմտութեանը եւ պարկեշտութեանը ապացոյցն է:

Իր սեռը, տարիքի բերմունքով թէ ուրիշ պատճառով մը չեմ գիտեր, fantaisie [1] էն կը խորշի միշտ. իր գրուածքը լուրջ ու հիւթեղ է: Յետոյ, իր դաւանանքը գրականութեան մէջ նոյնն է ինչ որ էր կեանքի ըմբռնումին համար. արշաւի մարդը չէ ինքը, ոչ իսկ աճապարանքի. ասոր համար է որ իր գրած լեզուն, տարիներու ընթացքին մէջ՝ ոտքէն մինչեւ գլուխը մերկացած ըլլալով հանդերձ գրաբարի շքեղ գրգլեակը, դեռ բոլորովին մեր աշխարհաբարը չէ եղած. բաճկոնը պակաս չէ, ոչ ալ շապիկը, բայց բան մը, զոր ստուգիւ չեմ կրնար ճշդել` պակաս է վերջապէս անոր վրայ: Ասիկա սակայն իմ փոյթս չէ բնաւ եւ չի նուազեցներ իր գրագէտի արժանիքը: Իմ մասիս չեմ ներեր որ մէկը դէմս ելլէ ու գրած լեզուիս չհաւնի. գրականութեան մէջ լեզուի թոյլտուութիւնը՝ անոնց համար, որոց ուզած ձեւով այդ լեզուն գրելու կարողութիւնը վէճի տակ չէ, այն թոյլտուութիւններէն մէկն է, զոր Ժիւլ Սիմօնի մէկ խօսքը փոխ առնելով հոս, «անհրաժեշտ» պիտի կոչեմ. ուստի արդար է, որ ես ալ չի միջամտեմ ուրիշի մը գրելու եղանակին, գրելակերպին, քանի որ յետադէմ մը չի սեպուելու համար անպատճառ հարկ է որ ես ալ քայլ մը առնեմ դէպի առաջ:

Գաղափարներու աշխարհին մէջ շատ հեղ տարակարծիք գտնուած ենք իրարու քսան տարիներէ ի վեր, յորմէհետէ հոս հոն կը հանդիպինք իրարու մամուլի միջոցով: Féministe մըն էր ան արդէն Մայտան պաշտպանելով իմ յարձակումներուս երբոր ես իմ արեւելքցիի յամառութեամբս այդ դատին դէմ կը մաքառէի եւ դեռ կը մաքառիմ, համոզուած՝ որ ատով կինը կը կորսնցնէ քան թէ կը շահի իր շնորհին մէջ, որ իր կոչումն է. եսասէրի համոզում պիտի ըսէք ինծի եւ իրաւունք պիտի ունենաք:

* * *

Քիչեր մեր մէջ կը հաւասարին իրեն հմտութիւնով, որ շարունակ կարդալով, վերծանելով ձեռք բերուած է: Զարմանք որ այս ընթերցումի մոլութիւնը չէ վնասած իրեն: Ես կը կարծեմ, որ կարդացուած գիրք մը մոռցուելու է. կը վախնամ որ դարձեալ ծանր ճշմարտազանցութիւն մը ըսած չըլլամ առաջ նետելով այս գաղափարը, որ, ամչնալով կը խոստովանիմ թէ, իմ է՛ն սիրած գաղափարներէս մէկն է. ասոր համա՞ր է արդեօք, որ այն սուղ վայրկեաններուս մէջ զոր ընթերցանութեան կը յատկացնեմ, ակնարկ մը կը նետեմ ու կ՚անցնիմ գրքի էջերուն վրայէն, զանոնք աւելի աչքէ անցուցած ըլլալու քան թէ անոնցմէ բան մը յիշելու նպատակով:

Զօրաւոր իմացականութիւնները, որպէս է այս գրագէտինը, կ՚օգտուին գուցէ ուշադրութեամբ հետեւելով հեղինակին. բայց չի՞ գար ատեն մը որ միտքը աւելի յիշելու քան թէ խորհելու ծալքը առնէ. կամ միտք պահուած ամեն նիւթի համար դնելու տեղ չի մնայ յիշողութեան մէջ եւ կամ այդ բոլորը խնամով կարգով հոն զետեղելը դժուարանայ, անթիւ հատորներով առլցուած մատենադարանի մը պէս:

Կրթութեան, դաստիարակութեան կենսական հարցերը իր ամեն ժամու որոճումներուն նիւթերը եւ իր մեծ հեղինակութեան ենթականերն են, որուն իր շատ մը առիթներով արտասանած բանախօսութիւնները կը վկայեն, ու հոս է, որ ահա դաստիարակը, խորհողը, գրագէտը ձեռք ձեռքի կուտան կը միանան, կազմելու համար մեր ժամանակին ամենէն նշանաւոր դէմքերէն մին որ Պէրպէրեանն է:

* * *

Ապագա՞ն. բայց ապագան հիմակուընէ շնորհուած է այս բաղդաւոր ու միանգամայն արժանաւորին. անմահութեան մէջ մտնե՜լ կենդանութեան ատենէն. այս առասպելային ու շքեղ ճակատագիրը այսօրուընէ իրենն է:



[1] Երեւակայութիւն։