ՀՐԱՆՏ
ԱՍԱՏՈՒՐ
Հեռուէն՝
բարձր
ու
պարթեւ
հասակ
մը
որուն
շքեղութեանը
քով
գլուխը
պզտիկ
մնացած,
աչքի
չի
զարներ։
Հագուստ
ու
կապուստ
մը
որ
ընդունուած
կանոններէ
չի
վրիպիր
ու
սովորական
ըլլալէ
դուրս
չելլեր
ո
եւ
է
կէտի
վրայ.
քալուածք
մը,
որ
զինուորական
խրոխտութիւնը
չունենալուն
համար
ոչ
նուազ
կանոնաւոր
է,
շարժուձեւեր
որոնք
բարեկիրթ
մարդոց
յատուկ
օրէնքներէն
եւ
ոչ
մէկուն
դէմ
կը
մեղանչեն,
եւ
ինծի
պէս՝
դիմացինին
վրայ
պակասութիւն
գտնելու
աշխատող
ամենէն
բծախնդիր
ու
պատանջկոտ
մարդուն
ջանքերն
ի
դերեւ
կը
հանեն։
Ամառ
ձմեռ,
առտու
իրիկուն,
ահագին
ծրարներ,
հսկայ
դէզեր
հայերէն
լրագիրներու,
հանդէսներու՝
որոնք
իր
երկու
դիի
գրպաններէն
դուրս
կը
սպրդին,
գլուխնին
կը
հանեն,
կարծես
շնչահեղձ
չըլլալու
սարսափով։
Շատ
անգամ
ալ
տետրակներ,
սեղմուած
թեւին
տակ,
երբեմն
գիրքերու
ամբողջ
հատորներ
զորս
տեղէ
տեղ
կը
փոխադրէ
ամեն
օր,
կը
տանի
կը
բերէ,
կը
շտկէ,
կը
մաքրէ,
կը
գոցէ,
կը
բանայ,
կը
նօթագրէ։
Ադկէ
անդին
մնացածը՝
գեղեցիկ
երիտասարդ
մը,
ուսեալ
եւ
պարկեշտ
տղայ
մը։
*
*
*
Գրականութեան
մէջ՝
Հրանտը,
ինչպէս
կ՚անուանենք
զինքը,
մեր
աշխարհաբարին
դայեակը
ու
ստնտուն
է.
մի՛
զարմանաք
էրիկ
մարդ
մը
ստնտու
տեսնելով.
յորմէհետէ
կանայք
կը
գրկեն
արանց…
մի՛
վրդովիք
նորէն
պարկեշտասուն
հոգիներ,
ասպարէզները
պիտի
ըսեմ
միայն
եւ
ուրիշ
ոչինչ,
էրիկ
մարդիկ
ալ
փոխադարձը
ընելու,
կանացի
զբաղումները
ձեռք
անցընելու
իրաւունքը
ստացած
են։
Աչալուրջ
պահապանն
է
ան
որ
երախային
ձեռքը
կամ
ոտքը
ծուռ
չի
ձգելու
երկիւղով
կը
փաթթէ
զայն
Քերականութեան
մը
կապերուն
մէջ,
այն
աստիճան
սեղմ
եւ
ուժգին,
որ
մանկիկը
թեւը
ճիւը
երերցնելու
անկարող,
շատ
հաւանականութեամբ
պիտի
աւանդէր
հոգին՝
եթէ
դիպուածով
իր
ճակատագիրը
ըլլար
այս
երիտասարդին
ձեռքը
մնալ։
Թող
տուէ՛ք,
որ
երիտասարդ
բառը
շարունակեմ
գործածել
իրեն
համար
որ
ինէ
տարու
մը
միայն
պզտիկ
է։
Շնորհ
մըն
է
զոր
կ՚ընեմ
իրեն՝
երբ
իրօք
ես
եմ
որ
անկէ
կ՚օգտուիմ
անուղղակի։
Հայ
մեծատուններուն
ազգին
ըրած
շնորհներու
կարգէն
է
այս
եւ
ես
հիմա
մեծատունի
հովեր
սկսած
եմ
առնել.
գիտցէ՛ք
Ազնուաշուք
կը
գրեն
ինծի
Պատրիարքարանէն
կամ
Թաղ.
Խորհուրդէն։
Ի՞նչպէս
կատարուեցաւ
այս
աստիճանի
բարձրացումը.
գլուխս
չեմ
հոգնեցներ
պատճառը
գտնելու
համար.
բայց
կը
խոստովանիմ
որ
այս
անակնկալը
կը
շոյէ
ու
կը
գգուէ
փառասիրութեան
սատանան
որ
ներսիդիս
կը
բնակի։
Այս
երիտասարդը
ուրեմն,
կարգի
ու
կանոնի
սիրահար
մըն
է
ամեն
բանի
մէջ։
Դիտած
եմ
սակայն
որ
այս
սէրը
խոտոր
կը
համեմատի
միշտ
ձեռներէցութեան
ոգիին
հետ
որ
անհատականութիւնները
ու
նկարագիրները
կը
կազմէ։
Կը
կարծեմ
որ
այս
հակումը
պատասխանատուութենէ
խուսափումէ
ուրիշ
բան
մը
չէ
վերջապէս։
Շատ
մը
մարդիկ
միմիայն
անոր
համար
կանոնով
կը
շարժին,
որպէսզի
կարող
ըլլան,
ի
հարկին,
այդ
կանոնին
ետեւը
ապաստանելու։
Մարդկային
ամեն
արարքները
արդարացնելու
համար
դիւրին
ու
առաջուց
գտնուած
պատասխանն
է
ան։
Կամ
թէ
կոխուած
ճամբան
է,
ուրկէ
ուրիշներ,
քենէ
առաջ,
տարիներով
անցեր
դարձեր
են
եւ
ուրկէ
դուն
ալ,
քու
կարգիդ
կը
քալես,
ոտքիդ
տակ
փոսի
մը
չի
հանդիպելու
ստուգութեամբ։
Առաջինը
սակայն,
որ
այդ
ճամբան
բացաւ,
քու
այսօրուան
ունեցած
ստուգութիւնդ
չունէր
անիկա։
Քիչ
մը
վարանելով,
քիչ
մը
խոհեմութեամբ,
քիչ
մը
արիութեամբ,
քիչ
մը
խելքով,
քիչ
մը
տաղանդով,
քիչ
մը
վնասուելով՝
քիչ
մը
վնասելով
կոխեց
այդ
տեղին
վրայ.
ուրիշներ
հետեւեցան
անոր
եւ
ուղին
հարթեցաւ
այնքան
որ
տափակութիւնը
եղաւ
ուրկէ
այսուհետեւ
կուրաց,
կաղաց,
գօսացելոց
անգամ
ներելի
է
անցնիլ
դառնալ։
Այդ
է
ահա
կանոնը
ինծի
համար։
*
*
*
Ես
որ
համակ
զարտուղութիւն
եմ,
այս
չափուած
ձեւուած
մտքին
հետ
բարեկամ
եմ
միանգամայն,
քսան
տարուան
բարեկամ
մը,
այնքան
իրաւ
է
որ
մարդս
իր
չունեցածին
կարօտը
կը
քաշէ,
այդ
չունեցածը
անոյշ
կ՚երեւայ
իրեն
աչքին։
Ասոր
համար
թերեւս
ամեն
անգամ
որ
ճշմարտազանցութիւններուս
խոնջէնքը
կամ
յարուցած
վրդովմունքը
կ՚զգամ,
իսկոյն
Հրանտին
կը
վերադառնայ
միտքս։
Իր
քարոզած
անդորր
ու
խաղաղ
սկզբունքները
աչքիս
առջեւ
կուգան,
յստակ
ու
վճիտ
խօսքերը,
անսեթեւեթ
ոճը,
անքննադատելի
շարադասութիւնները
ուր՝
Տէր
Բային,
Սեռի
Խնդիրը,
Բայը
եւ
չեմ
գիտեր
ի՛նչը
կարգով
շնորհքով
կը
կենան,
խելօք
տղաքներու
պէս,
եւ
որոց
դէմ
ըսելիք
չեմ
գտներ։
Հարկաւ,
ակներեւ
ճշմարտութիւնները
վայելուչ
ձեւով
մը
շարունակ
կրկնելովը,
Հրանտ
իր
գրուածքներուն
մէջ
կը
շռայլէ
քիչ
մը
տրամաբանութեան
այն
միջոցը
զոր
չեմ
գիտեր
ի՛նչու
հասարակ
տեղիք
կը
կոչեն
ոմանք։
Հասարա՞կ,
ի՞նչու
համար
արդեօք։
Բայց
ամեն
պարագայի
մէջ,
ասով
հաւատարիմ
կը
մնայ
իր
կոչումին,
իր
ուխտին
պիտի
ըսէի,
որ
է
դէմի
մարդուն
քննադատութեանը
տեղի
չի
տալ,
մարդու
հետ
չի
գժտիլ։
Ինքը,
որ
ամենուն
բարեկամն
է
իհարկէ
կը
բաղձայ
որ
ամենն
ալ
իրեն
բարեկամ
մնան։
Ես
երանի
կուտամ
իրեն.
ատելութենէ
անմասն
եղող
իր
հոգիին
վրայ
կը
նախանձի
իմինս
որ
չարութեամբ
լեցուն
է։
Ես
միայն
սրտմտիլ
ու
խնդալ
գիտեմ.
սահմանափակ
ու
նախնական
գիտութիւն։
Հրանտը
գիտէ
ժպտիլ
անոնց
դէմ
որոց
ներելի
չէ
ծուռ
նայիլ.
ժպիտ՝
որ
դրուատիք
է,
պարսաւ
է,
այո՛
է,
ո՛չ
է,
ամեն
անհաշտ
բառերու
ամենէն
հեշտ
խտացումն
է.
Հրանտն
է
վերջապէս,
հսկայ
հակասութիւն
մը։
Իր
համբերող
սրտին,
ամեն
հակասութեանց
մէջ
հաշտութիւն
գոյացնելու
ճգնող
ճարտարութեան
վրայ
կ՚զմայլիմ
միշտ.
եւ
այդ
շնորհիւ
իր
ձեռք
բերած
ընդհանուր
համակրութիւնը՝
բոլոր
հոգիովս,
ներսէս,
կամաց
մը
կը
վաւերացնեմ,
վախնալով
որ
ինէ
եկող
յայտնի
վաւերացում
մը
այդ
համակրութիւնը
չի
պակսեցնէ
իր
շուրջը։
*
*
*
Եւ
ահա
այդ
ընդհանուր
համակրութեան
մթնոլորտին
մէջ
Հրանտ
կը
շարժի,
կը
գրէ,
կ՚օրագրէ,
կ՚ուսուցանէ.
երբեմն
կը
քննադատէ,
իր
ամենէն
անոյշ
ժպիտը
պարզած
իր
դէմքին
վրայ
եւ
չի
յաջողիր
մէկու
մը
սիրտը
կոտրել։
Ապիկարներ
կան
որոնք
ոտք
կոխած
տեղերնին
անպատճառ
բան
մը
կը
կոտրեն,
կը
թափեն.
ես
ատոնցմէ
եմ.
ուրիշներ՝
ապակիէ,
բիւրեղէ
առարկաներով
լեցուն
խանութի
մը
մէջ
կը
մտնեն
ուր,
ամեն
քայլափոխի,
ամեն
շարժումի,
հազար
նուրբ
դիւրաբեկ
ու
թանկագին
բաներ
—
անձնասիրութիւններ
—
կոտրելու
ստուգութիւնը
կայ.
եւ
ահա
քաջարուեստ
լարախաղացի
պէս
հոն
կը
շարժին
անոնք,
կ՚երերան,
կ՚անցնին,
ետ
կը
դառնան,
իբրեւ
թէ
լայն
ու
ամայի
հրապարակի
մը
մէջ
միս
մինակ
ըլլային։
Ասիկա
ինքնածին
յատկութիւն
մըն
է
ու
սորվելով
չի
ստացուիր։
*
*
*
Հրանտ
Ասատուր
իրաւագէտ
մըն
է,
բայց
փաստաբան
մը
չէ.
մարդը
բովանդակ՝
այս
զանազանութեան
մէջն
է։
Դուն
ուրեք,
չըսելու
համար
երբեք,
ի
գործ
կը
դնէ
իր
արուեստը.
իր
ուսումը
վայելող
մը
ու
վայելցնող
մը
չէ.
ագահ
ու
կծծի
մարդու
մը
պէս
որ
իր
հարստութեանը
տէրը
չէ։
Այս
էապէս
վէճի,
պայքարի,
կրքի,
երբեմն
նախատինքի
կեանքը
չի
պատշաճիր
իր
հեզահամբոյր
սովորութեանցը.
ծանր
բառեր
ըսելու
եւ
լսելու
վարժութիւնը
չունի։
Հրապարակագրութեան
մէջ՝
իր
եղանակն
է
ընտրել
այնպիսի
նիւթեր
որոնք
իրեն
դէմ
ընդդիմախօսներ
յարուցանելու
բնութիւնը
չունենան։
Այս
մտահոգութեամբ,
ատեն
մը
վարանելէ
ետքը,
Պատանեկան
Ներշնչումներու
հեղինակը
վերջ
ի
վերջոյ
կանգ
առած
է
տեղ
մը,
իր
ընտրած
առանձին
մէկ
անկիւնը
որ
իր
սեպհականութիւնն
է
ալ.
աշխարհաբար
լեզուի
Քերականութիւնը
եւ
վերջացող
դարուն
մէջ
Պոլսոյ
Հայոց
վիճակին
վրայ
ուսումնասիրութիւններ՝
իր
ճիւղը
կը
կազմեն։
Այս
ըստ
երեւոյթին
անփառունակ
ու
անվարձահատոյց
վաստակին
մէջ՝
Հրանտ
Ասատուր
խղճամիտ
եւ
ուշիմ
տոկունութիւն
մը
ի
հանդէս
կը
բերէ,
ինքնիրեն
եւ,
քիչ
մը
ինքն
իր
գլխուն,
պրպտելով,
քակելով,
քակռտելով
հանգոյցները,
լուծելով
առեղծուածները,
փնտռելով
եւ
երբեմն
գտնելով,
ո՜վ
երջանկութիւն,
կանոններ,
իր
սիրական
կանոնները
մեր
լեզուին
Քերականութեան,
հաւաքելով
ժողվելով
ասոնք
ամենքը,
ամեն
մէկին
etiquette
[1]
ները
դնելով,
թանգարանի
մը
մէջ
զետեղելու
պէս։
Պատմական
նիւթերու
վրայ
իր
պատրաստած
նմոյշներէն
դատելով,
իր
աշխատութիւնը՝
անուններու
ու
թուականներու
ժողովածու
մըն
է
զոր
կարդացողը
հին
գերեզմաննոցէ
մը
դուրս
ելլողի
տպաւորութիւնը
կ՚ունենայ։
Իր
մեթօտը,
որ
ամեն
հաւաքածուի
սիրահար
մեթօտն
է,
համբերութեամբ
ու
մանրամասնութեամբ
ձեւացած
է։
Կարծեմ
թէ
բանասիրութիւնը
ասիկա
չէ
բոլորովին։
Ապա
թէ
ոչ,
շատ
դիւրին
պիտի
ըլլար
բանասէր
կոչուիլը.
ըստ
իս,
ոչ
այնքան
հաւաքելու
որքան
դատելու
մէջն
է
անիկա.
ոչ
այնչափ
կարդալու
որքան
իմաստը
հանելու
մէջ,
ոչ
այնչափ
կանթեղները
քովէ
քով
շարելու
բազմապատկելու՝
որքան
զանոնք
վառելու
մէջ։
Այս
վերապահումներով
հանդերձ,
իր
աշխատութիւնները
Աբրահամ
Այվազեանի
մը
մասալներուն
չեն
նմանիր,
ո՛չ
հեռուէն
ո՛չ
մօտէն.
ամենէն
մաքուր
ու
ազնիւ
նիւթը,
ապիկար
ու
անվարժ
մարդու
մը
ձեռքն
ինկած,
ծիծաղելի
շինուածք
մը
կ՚արտադրէ.
միեւնոյն
նիւթը
ձեռնհաս
մէկու
մը
շնորհիւ
թանկագին
բան
մը
կ՚ըլլայ։
Այս
պարապմունքին
մէջ
Հրանտ
Ասատուր՝
ա՛լ
մարդու
սիրտ
կոտրելու
վախը
չունի.
իր
գրելիք
ու
պատմելիք
դէմքերը
շատոնց
մեռած
գացած
մարդոց
դէմքերն
են.
այսու
հանդերձ
իր
գրիչը,
նոյն
իսկ
այս
մեռնողներուն
համար,
միշտ
զգոյշ
ու
մեղմ
է,
առօրեայ
կեանքէն
առնուած
ծալքով
մը,
ստացուած
վարժութեամբ
մը.
երկաթ
չէ
անիկա,
այլ
հնօրեայ
փետուրը
որ
կը
փայփայէ
այն
միջոցին
անգամ
ուր
խայթելու
կը
ջանայ։
Հրանտ
Ասատուր
իր
այս
սահմանին,
ու
այս
պզտիկ
բայց
իրօք
լայն
անկիւնին
մէջ
տեղաւորուած,
կը
պահանջէ
որ
իր
հեղինակութիւնը
ճանչցուի։
Կռնակը
տուած
գրադարանին,
որ
կարծեմ
ամենէն
ճոխն
է
իր
տեսակին
մէջ,
լեզուական
ու
բանասիրական
նիւթերու
մագիստրոսն
ըլլալու
ճամբան
բռնածի
պէս
է,
ինչպէս
Մկրեան
Հայրն
ալ
քահանայութեան
դասինն
է
ատենէ
մը
ի
վեր։
Իր
միամիտ
ու
անխարդախ
համոզումն
է
որ
մենք
Հայերս
իրեն
կը
պարտինք
քիչ
մը
մեր
լեզուական
կանոններով։
Սահակ
Մեսրոպի
նման
գիւտ
մը
ըրած
ըլլալու
չափ
սնապարծ
չէ.
բայց
թանկագին
ու
ծածկուած
հնութիւն
մը
երեւան
հանող
գիտնականին
արդար
հպարտութիւնը
ունի
անիկա։
*
*
*
Քսան
տարի
առաջուան
աղուոր
տղայէն,
որուն
համար
աղջիկները
հոգի
կուտային,
հիմակուան
դեռ
առոյգ,
միշտ
աղուոր,
բայց
քիչ
մը
դահացած
մարդուն
գալու
համար,
ի՜նչ
փոփոխութիւններ։
Այն
ժամանակի
ոսկեզօծ
շրջանակէն,
որ
իր
պատանի
ու
խարտեաշ
բանաստեղծի
դէմքը
կը
պարուրէր,
մինչեւ
մատենագրութեան
ուսուցչի
պատկերը,
որ
այսօրուան
իր
պատկերն
է,
ի՜նչ
ուղեւորութիւն.
եւ
մինչեւ
Հիւանդանոցին
Օրացոյցին
հեղինակը
ի՜նչ
խոտորում։
Կիները
մանաւանդ,
անոնք
որ
աղուորը
աղէկէն
կը
նախընտրեն
հարկաւ
չի
պիտի
հասկնան
եւ
չի
պիտի
ներեն
երբեք
ասիկա,
երբ
ես,
որ
էրիկ
մարդ
եմ,
ես
անգամ
չեմ
ներեր
իրեն։
Իրեն
վախճանը
շատ
դիւրին
է
ճշդել.
հիմակուց
կը
տեսնեմ
զինքը
ահագին
ձեռագիր
մը
թեւին
տակ,
որ
Իզմիրեանց
Մրցանակի
Յանձնաժողովին
կը
մօտենայ։
Վերջին
դարու
մէջ
Պոլսահայոց
մտաւորական
զարգացման
պատմութիւնն
է
այս
երկը,
որուն
կմախքը
մասամբ
մը
հրատարակած
է
արդէն։
Ասկէ
օգտակարագոյն
գործի
մը
չէր
կրնար
սահմանուիլ
այս
մրցանակը
որ
արդար
վարձատրութիւն
մը
պիտի
ըլլայ
հեղինակին
եւ
պսակումը
իր
գրական
փառասիրութեան։
Ատկէ
անդին,
ապագան
ոչինչ
կը
վերապահէ
Հրանտին
համար։
Մոռցայ
ըսելու
որ
Պարոնեանի
Կենսագրութիւնը
պիտի
աւարտէ
օրին
մէկը.
բայց
այս
գործը
լուրջ
մարդոց
շրջանակին
մէջ,
անոնց՝
որոնց
կարծիքին
մէծ
կշիռ
կ՚ընծայէ
ինքը,
միեւնոյն
ընդունելութիւնը
չի
պիտի
գտնէ.
յետոյ
ուրիշ
դառնութիւններ
պիտի
յաջորդեն
ասոր.
Զօրայեանի
Կենսագրութիւնը
զոր
Հրանտ
իր
ծերութեան
օրերուն
մէջ
պիտի
աւարտէ,
թշնամիներ
պիտի
յարուցանէ
իրեն
դէմ,
բան
մը
զոր
Հրանտ
մինչեւ
այդ
ժամը
ճանչցած
չի
պիտի
ըլլայ։
Հոն՝
ուր
վերջին
անխառն
ու
մնայուն
սփոփանքը
վերապահած
պիտի
մնայ
իրեն,
նորէն
Հիւանդանոցի
Օրացոյցը
պիտի
ըլլայ,
ուր
այս
գրագէտը
ճարտարութեամբ
պիտի
սպրդեցնէ
իր
բանասիրական
յօդուածները,
բաթաթէսի
տապկածի
մը
եւ
շագանակի
անոյշի
մը
մէջտեղ։
Ապագային
Տէր
Երեմիան
պիտի
ըլլայ
անիկա,
անոր
պէս
կառչած
իր
ժամանակագրական
հմտութեանցը
եւ
անոր
պէս՝
սպիտակ
բայց
միշտ
ազդեցիկ
մօրուքը
ձեռքը
բռնած։