ՅԱԿՈԲ
ԳՈՒՐԳԷՆ
Կապարճքը
ուսէն
կախած
եւ
լայնալիճ
աղեղ
մը
ձեռքը,
գլուխը՝
սաղաւարտ
մը
որ
մինչեւ
յօնքերուն,
կարճատես
աչքերուն
վրայ
իջնելով՝
ձգած
շուքին
տակ
դէմքին
դեղնութիւնը
կարծես
կ՚աւելցնէ.
ձմեռուան
սովորական
ու
կոկիկ
բալթօին
տեղ
ամրակուռ
զրահէ
լանջապանակ
մը.
կարճուկ
եւ
ամփոփ
վարտիք
մը
ծանօթ
փանթալօնին
փոխարէն,
ուրկէ
հեսկիքը
կ՚իջնէ
վար,
պատատելով
սրունքը
ամբողջ
եւ
որուն
վրայ
դարձող,
պտըտող
խրացին
ծայրերը
կուգան
կը
միանան
ոտքի
տրեխներուն։
Եթէ
այսպէս
կը
պատկերացնենք
ձեր
մտքին
մէջ
գրաբարի
այս
յայտնի
ախոյեանը,
չարաչար
կը
սխալիք.
իր
զգեստին
վերջին
տարազը
այդ
ըլլար
գուցէ
եթէ
իր
Ճաշակին
խստասիրտ
եւ
իրաւախոհութիւն
չի
սիրող
տրամաբանութեանը
ձգէինք
զինքը,
այսպէս
որ
Գրական
Բարեկենդանէն
յետոյ,
որուն
հանդիսատեսները
եղանք
ատեն
մը,
Բուն
Բարեկենդանը
բերէր
մեզի։
*
*
*
Յակոբ
Գուրգէն
Կրտսերն
Անաքարսիսը
չէ,
բայց
ուղեւորութիւն
մը
ըրած
է
յԵլլադա
եւ
յԱթէնս,
եւ
առանց
սպասելու
որ
Նոր
Պարթէլէմի
մը
ծանօթացնէ
մեզ
իր
ճանապարհորդութեան
շահեկան
զննութիւնները,
ինքը
յօժարափոյտ
առած
է
գրիչը
ձեռքը,
հելլէն
դպրութեան
վառարանէն
տաքցած,
կազդուրուած։
Դէպի
Յունաստան
ճամբորդելով,
այս
ոչ-երիտասարդ
հայագէտը,
իր
միշտ
տրամաբանական
ոգիէն
մղուած
եւ
առաջնորդուած
է
անշուշտ,
հինգերորդ
դարու
աւանդական
ուղեւորութիւնը
կատարելով,
ուխտագնացութեան
մը
պէս,
որ
պարտք
է,
խղճի
պարտք,
ամեն
ոսկեդարի
գրաբարին
հաւատարիմ
մնացող
Հայու։
Գրաբարի
այս
հաւատքը,
որուն
հոմանիշ
է
իր
անունը,
ընդաբոյս
է
իր
մէջ,
յայտնութեան
մը
պէս,
զոր
գիտութեամբ
արդարացնելու
համար
ապարդիւն
ջանքեր
ի
գործ
չի
դներ
Մաքս
Միւլլէրն
օգնութեան
կոչելով,
որ
արդէն
հերքումէ
զատ
ոչինչ
կրնայ
տալ
իր
միամիտ
համոզման։
*
*
*
Իր
դժբաղդութիւնը՝
գրաբարը
աշխարհաբար
գրելու
պարտաւորուած
ըլլալն
է
անշուշտ,
որ
անողորմ
ճակատագրի
մը
պէս
կը
ծանրանայ
իր
գլխուն
վրայ,
ամեն
ժամ։
Ի՜նչ
երանութիւն
եթէ
առաւօտուն
դէմը
ելլողը
«Ողջոյն
տեառնդ»
ըսէր
իրեն
փոխանակ
աշխարհաբարի
գձուձ
«Բարեւ»ին,
եթէ
տունի
կեանքը
եւ
փողոցի
կեանքը
ոսկեդարին
վեհութեամբը
ոգեւորուէր։
Եզնիկը
…
այս
անունին
ի
լուր
Գուրգէն
մագնիսացում
մը
կ՚զգայ
հոգւոյն
ու
սրտին
խորը,
մագնիսացում
մը,
զոր
Մեսմէր
չէր
նախատեսած,
եւ
որ
տասնըչորս
դար
հեռուէն
իր
բոլոր
զօրութիւնը
եւ
ազդեցութիւնը
պահած
է
անեղծ՝
այս
Հայկաբանին
ջիղերուն
վրայ։
Ի՞նչ
նիւթի
վրայ
կը
խօսի
այս
գիրքը,
ո՞րոնք
են
հեղինակին
գաղափարները,
իմաստասէ՞ր
թէ
պատմաբան
պատասխանը
դժուար
է
տալ
քիչ
մը,
բայց
լեզու՜ն…
*
*
*
Գուրգէնի
գրագիտութիւնը
—
թողութի՛ւն
նմանաձայնութեանս
համար
—
գէթ
այն՝
որ
աղօտ
կերպով
կը
նշմարուի
իր
Պատառիկներուն
մէջ
զորս
մերթ
ընդ
մերթ
կը
նետէ,
առանց
զգալու
թէ
ի՛նչ
վիրաւորիչ
բան
կայ
հասարակութեան
համար
պատառիկներ
ընդունելու
իր
ձեռքէն,
այս
գրագիտութիւնը՝
զգացո՛ղ,
թրթռացո՛ղ
ոգի
մը
ի
յայտ
կ՚ածէ
գրաբարաշէն
պարբերութիւններուն
մէջէն,
որ
հոյակապ
աւերակներու
վրայ
ծաղկող
դալարեաց
տպաւորութիւն
կը
թողուն
կամ
Սողոմոնի
տաւիղին
վրայ
Շոբէնէն
երգուած
եղանակներու։
Եւ
ահա
ասոր
համար
իր
գրաբարի
մոլութիւնը,
նախապաշարումը
կը
թեթեւնայ
մեր
աչքին,
եւ
լեզուաբանութեան
այս
հերձուածողին
դաւանութիւնը՝
պարզամիտ
աղջկան
մը
պատրանքին,
քաղցր
անուրջին
պէս
գրեթէ
համակրելի
կը
դառնայ։
Չէ՞
մի
որ
ամենքնիս
գրաբարը
ուսած
ենք
նախ.
եւ
Գուրգէն
իր
առաջին
սիրոյն
հաւատարիմ
մնացողի
արժանիքը
ունի
գոնէ.
յետադէմ
մ՚է,
առանց
կեղծիքի
գէթ,
ազատ
համարձակ
յետադէմ
մը,
որ
կռնակը
մեզի
դարձուցած
կը
քալէ
իր
նպատակին.
դէպի
հինգերորդ
դարը,
եւ
այս
կերպով
կը
տարբերի
անոնցմէ
որք,
ո՛ր
կողմ
երթալնուն
անգէտ,
յառաջ
քալելու
ձեւեր
կ՚ընեն,
ոտքերնին
կը
շարժեն
առանց
տեղերնուն
երերալու,
երազի
մը
մէջ
եղածի
պէս։
*
*
*
Իր
համբաւը
գրելէ
աւելի
խօսելով
ձեռք
բերած
է.
իսկ
աշխարհիկ
զբօսանաց
մասին
չի
հետեւիր
բնաւ
Եզնիկի
որ
ապահովապէս
ոչ
նարտ
կը
խաղար
եւ
ոչ
պիլառտօ
եւ
որոց
մէջ
Գուրգէն
իրաւամբ
կը
փայլի
իբրեւ
քաջարուեստ
վարպետ։
Իր
միակ
ցաւը
այն
է
անշուշտ
որ
այդ
խաղերուն
մէջ
հին
ու
նորի
պայքար
չի
կայ,
այլ
միակ
յաջողելու
յարատեւ
ջանքը
որ
աւելի
գործնական
ու
արդիւնաւոր
է։
Սրահի
մէջ՝
Գուրգէն
իր
մաքուր
եւ
անխառն
հայախօսութեամբը
ուշադրութիւն
կը
հրաւիրէ
եւ
իր
շարադասութիւնները,
հոլովներու
խոնարհումներու
ուղիղ
գործածութիւնը,
միշտ
կոճկուած
բալթօն
հայկաբանութեան
ուսուցիչը
կը
մատնեն
անմիջապէս։
*
*
*
Իր
վերջաւորութի՞ւնը.
Հաւանական
Աւագերէց
մը,
որ
իր
հմտութեամբը
զինուած՝
Շնորհալիին
դէմ
պիտի
մարտնչի,
անոր
անկեալ
գրաբարին
սխալները
մատնանիշ
ընելով
եւ
յանձն
չառնելով
Այսօր
Անճառը
երգել
եկեղեցւոյն
մէջ։
Կամ
իր
պիլառտօի
խաղերը
կատարելագործելով
հայ
Սլօսօն
մը
ըլլայ,
Լիւքսէնպուրի
սրահին
մէջ
եւ
պատերուն
վրայ
ոսկեդարի
գրաբար
ծանուցումներով
հրաւիրէ
հասարակութիւնը
իր
արուեստին
փորձերուն,
հասարակութիւնը
որ
չի
պիտի
կարենայ
գալ,
ծանուցումին
լեզուէն
բան
մը
չի
հասկնալուն
համար։
Եւ
կամ
յաջորդ
մը
Մարկոս
Աղաբէգեանէն
—
կը
խնդրեմ
չի
նեղանայ
զինքը
պաշտօնէն
արձակելուս
—
գրապահ
մը
Ղալաթիոյ
Մատենադարանին
մէջ,
որ
իրեն
վստահուած
գրքերէն
ու
ձեռագրերէն
զատելով
հինգերորդ
դարի
փշուրները,
մնացածները
այրէ
բոլոր,
ո՛չ
թէ
տաքցնելու
համար
բաղնիք
մը
զոր
չունի,
այլ
իր
մսկոտ
ձեռքերը
որք
գրպանէն
դուրս
չեն
ելլեր։