ՏՕՔԹՕՐ
ՏԱՂԱՒԱՐԵԱՆ
Շտապող
մարդ
մը
փողոցը,
որ
երկայն
ու
քիչ
մը
ծուռ
գլխարկովը
Պուլվարտիէ
մը
կը
յիշեցնէ.
բուռն,
կրքոտ
ու
վեհանձն՝
ինչպէս
պարտքն
ու
իրաւունքն
է
ըլլալ
ամեն
երիտասարդի։
Աշխոյժի
ու
կորովի
մարմնացում
մը.
անդուլ
ու
համբերատար
աշխատութիւն
մը
որ
աւելի
պատուաբեր
է
քան
շահաբեր.
հազուագիւտ
մարդ
որ
իր
ուսումը
միմիայն
փող
դիզելու
սահմանած
չէ.
շարունակող
մը,
գիտութեան
չէզոք
ու
լուրջ
շրջանակին
մէջ,
պատուաւոր
աւանդութեան
մը
որով
հայ
բժիշկները
հմտութիւննին՝
իրենց
ազգին
մտաւոր
զարգացումին
ալ
ծառայեցուցած
են։
Ասոր
համար
թերեւս
Հիպոկրատի
աշակերտներուն
մէջ
քիչ
մը
մեկուսացած
մէկն
է
ինքը.
անոնց
պզտիկ
համերաշխութեանց,
հաշիւներուն,
յառաջդիմելու,
յաճախորդ
վաստկելու
համար
ի
գործ
դրած
ճարտասանութիւններուն
մարդը
չէ։
Աւելի
բարձր
հորիզոնի
մը
մտատանջութիւնը
ունի
ինք
—
գիտութեան
անձուկը։
Իր
փառասիրութիւնը
ատով
կ՚առաջնորդուի
եւ
արդար
իրաւունքի
մը
հանգամանքը
կ՚առնէ։
Ես
իմ
մասիս,
ուղիղ
չեմ
գտներ
ուրեմն
այն
քննադատութիւնները,
որոնցմով
ոմանք
կը
խծբծեն
զինքը
երբոր
երկասիրութեանցը
ճակատը
փայլող
անունին
քով
կը
շարէ
իր
գիտական
տիտղոսները
«ազատ
ի
գիտութիւնս,
ճարտարագէտ
երկրագործ,
վկայեալ
Բասթէօռեան
ուսումնարանէն»։
Ասիկա
չի
նմանիր
սպանիկ
ազնուականի
մը
տիտղոսներու
շարուածքին.
Աւագ
Սպանիոյ,
Դուքս
Ալքանթարայի
եւ
Կոմս
Մօրրօզի։
Ժառանգական
ունայնութիւններ
չէ,
զորս
Տօքթօրը
կը
կցէ
իր
անունին.
աւելի
ճիշդ
կ՚ըլլար
նմանցնել
ասիկա
յիշատակարանի
վրայ
նշանակուած
սա
կերպ
արձանագրութեան
մը
—
հարկաւ
գիտական
աշխարհին
մէջ
—
մարաջախտ
Նէյ
եւ
ասոր
քով,
Վակրամ,
Իէնա,
Աուսթէրլից.
մոգական
բառեր
որոնք
դժնդակ
եւ
ծանրագնի
յաջողութիւններ
կը
նշանակեն։
*
*
*
Ընդհանրապէս
նիւթամոլ
միջավայրերու
մէջ
գաղափարի
մարդիկ
յարգ
ու
արժէք
չեն
կրնար
ունենալ.
փոյթ
չէ
ուրեմն
որ
հրէայ
սեղանաւորի
մը
պէս
իրեն
արհեստը
չի
շահագործող
Տօքթօր
Տաղաւարեան,
մեր
լաւագոյն
բժիշկներէն
մին,
դրուատիք
չի
լսէ
այդ
միջավայրերուն
մէջ.
կամ,
երբոր
պատահմամբ
հրապարակ
իջնէ,
իր
մէկ
երկին
դէմ,
աւելի
մաղձով
քան
թէ
բարեմտութեամբ
լեցուն
քննադատութեան
մը
վրայ
իր
բացատրութիւնը
տալու
համար,
դառն,
վիրաւորիչ,
երբեմն
մինչեւ
անհատական
կեանքին
թափանցել
ուզող
ընդմիջումներով
դրուագեն
իր
խօսքերը։
Փոյթ
չէ.
իրեն
պահուած
ու
վերապահուած
կը
մնայ
միշտ
ամեն
սրտի
ու
մտքի
տէր
մարդոց
ամենաջերմ
համակրութիւնը
որոնք
լռութեամբ
բայց
ուշադրութեամբ
կը
հետեւին
իր
ազգօգուտ
աշխատութիւններուն
եւ
որոնցմէ
աւելի
թանկագին
ու
փրկարար
դեղագիր
մը
պատրաստել
ո
եւ
է
բժշկի
տրուած
չէ
բարեբաղդաբար։
Մեր
մէջ,
ուր
բարեկրթութիւնը
իր
ծայրագոյն
աստիճանին
հասնելէ
հեռի
է,
պէտք
չէ
սպասել
որ
նոյն
իսկ
թշնամութեանց
ատեն՝
զէնքերուն
ազնիւը
գործածուի
միշտ.
քիչ
շատ
վայրենի
ժողովուրդն
ենք,
որուն
պայքարի
կազմածքին
մէջ՝
թունաւոր
նետը
առաջին
տեղը
կը
գրաւէ
ամեն
ատեն։
*
*
*
Տօքթօր
Տաղաւարեանի
գործունէութիւնը
միայն
գիտական
հրատարակութիւններով
չէ։
Յարգելի
բժիշկը
բանասիրական
հետազօտութիւններով
ալ
ոչ
նուազ
օգտակար
եղած
է
իր
հասարակութեան։
Հայ
Թատրոնի
եւ
Հայ
Դպրոցներու
հաստատման
վրայ
իր
հաւաքած
տեղեկութիւնները
շահեկան
վաւերագիրներ
կը
կազմեն
մեր
ժամանակակից
կեանքը
ուսումնասիրողներուն
համար։
Այս
նիւթերը,
որոնք
սակայն
իր
մասնագիտութիւններէն
այնքան
հեռի
կը
թուին,
իրօք
այնպէս
չեն։
Սխալ
է
ենթադրելը
թէ՝
որովհետեւ
սա
մէկը
բժշկութիւն
ուսած
է,
կամ
սա
միւսը
որ
մաթեմաթիքի
վարպետ
մըն
է,
գրական
հրապոյրներու
հաճոյքը
կ՚անգիտանան։
Իմաստակներու
տրուած
է
միայն
մասնագիտական
ուսումներու
մէջ
մոլորիլ
ու
գամուիլ.
ճշմարիտ
գիտնականը
մտքի
աւելի
շատ
զարգացում
ունեցող
մարդն
է
եւ
ոչ
թէ
շատ
աւելի
բան
միտքը
պահողը.
գիտութիւնները
զարգացման
անհրաժեշտ
պայմաններէն
են,
բայց
ամբողջ
զարգացումը
չեն։
Քաջ
կը
յիշեմ
անհունական
հաշուի
ուսուցիչներէս
մին,
ֆրանսացի
մը,
որ
մաթեմաթիքի
մէջ
ունեցած
աննման
կարողութեամբը
իր
ազգին
ալ
պարծանքներէն
մէկն
էր
հարկաւ.
կը
յիշեմ
զինքը
որ
մեքենաբանութեան
առաջին
դասը
Ժորժ
Սանէն
առնուած
յիշատակութեամբ
մը
սկսաւ՝
ըսելով
մեզի
«Pas
d’une
fourmi
ébran
le
monde»
—
«Մրջիւնի
մը
քայլը
աշխարհը
կը
սարսէ»։
Ուսկի՞ց
ուր
այս
մեծ
չափագէտը
իր
անվերջանալի
ֆոռմիւլներուն,
ք.
երուն,
փ.
երուն
մէջ
ատեն
գտեր
էր
ֆրանսական
մատենագրութեամբ
ճոխացնելու
իր
միտքը
այնքան՝
որ
Միւսէի
սիրուհւոյն
գործերէն
առնուած
բնաբանով
մը
—
եւ
ամենէն
պատշաճը
այն
ուսման
որ
շարժումներուն
գիտութիւնն
էր
(mechanique)
—
կրնար
իր
դասերը
զարդարել։
*
*
*
Բժիշկներէն
անոնք
որոնք
գրականութեամբ
զբաղած
են,
իրենց
յատուկ
լեզուական
դաւանանք
մը
ունեցած
են
որ
հերձուած
մը
եղած
է
շատ
անգամ։
Տօքթօր
Տաղաւարեան
այս
կանոնին
բացառութիւն
մը
չէ,
ընդհակառակը.
իր
երեսին
ըսեմ
որ
չեմ
սիրեր
իր
գրաբարակերտ
հիւսուածքը.
պինդգլուխ
աշխարհաբարեան
մըն
էի
եւ
եմ.
չեմ
ընդունիր
որ
ուզողը
այս
գեղեցիկ
լեզուն
ճաշակէ
զուրկ
տարազով
մը
հագուեցնէ
ու
փողոց
նետէ.
բոլոր
ոյժովս
կը
բողոքեմ
այս
կերպ
ազատութեան
մը
դէմ
որ
զեղծում
մըն
է։
Ընդունինք
որ
բժիշկները,
իբրեւ
լուրջ
ու
գործի
մարդեր,
ճաշակի
խնդիրներու
մէջ
դեգերելու
ատեն
չունին
թերեւս։
Իրենց
Նահապետը,
վերջին
ժամանակներուն,
Ռուսինեան՝
ընտրողական
աշխարհաբարովը
հռչակաւոր
կրցաւ
ըլլալ.
տաղանդը,
նորութեան
փափաքը,
կը
մրցին
իր
լեզուին
մէջ
որ,
իբրեւ
ճշմարիտ
արուեստագէտի
գործ,
եզական
ու
հիացուցիչ
է
արդարեւ։
Բայց
անկէ
զատ
ոչ
ոք
մեր
բժիշկ
գրողներէն
յաջողած
է
կարծեմ
համակրելի
ոճ
մը
մէջտեղ
դնել.
համոզումները
յարգելի
են
անշուշտ,
կը
մնայ
միայն
գիտնալ
թէ
լեզուն
համոզո՞ւմ
մըն
է։
Ասով
սակայն
Տօքթօր
Տաղաւարեանի
գործը
չի
դադրիր
ամեն
կերպով
յարգելի
աշխատութիւն
մը
ըլլալէ
եւ
երբ
ներելի
է
մերինին
պէս
հասարակութեան
մը
մէջ
քանի
մը
ոսկիով
բարերարի
անուն
եւ
հռչակ
ստանալ,
անուն
եւ
հռչակ
զոր
օրագիրները
իրենց
քծնութիւններովը
կ՚ստորագծեն
շարունակ,
չեմ
հասկնար
կամ
լաւ
եւս,
կը
հասկնամ
որ
Տաղաւարեանի
հանրօգուտ
աշխատութիւնները
ծափերով
չողջունուին։