Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՐՄՐԵԱՆ


Լայն ու ընդարձակ ճակատ մը, որ կարծես, բոլոր գլուխը կը գրաւէ եւ գլուխ մը որ նիհար իրանին վրայ, զարտուղութեան մը պէս, կը բարձրանայ յանկարծ, կը կանգնի, հուժկու, անկիւնաւոր գիծերով կը ցցուի։

Կապոյտ ու մանր աչքեր, տրտում նայուածքով մը, որ դիմացինին չեն ուղղուիր այլ խոյս կուտան անկէ, անդին, հեռուն սեւեռելու համար։

Բոլոր արտաքինը, ինքնամփոփ երեւոյթովը, վարժապետի տարտամ նմանութիւն մը կը բերէ կամ ծպտուած մնալու յարատեւ ջանքը ընող մարդու մը։

Գրագէտը՝ բոլորովին տարբեր չէ այս արտաքին մարդէն. կեանքի վրդովանքէն խուսափուկ մէկը, այն բոլոր վեհերոտներու դասակարգէն, որոնք Աստուծոյ մը բէշին, Նախախնամութեան մը հովանիին ապաստանած կ՚ապրին, հոն կոչում կ՚ընեն շարունակ, ճիշդ այն երախային նման, որ դպրոցին մէջ իր դասընկերներէն կերած ծեծին դէմ ինքզինքը կը պաշտպանէ ըսելով.

Իրիկունը հայրիկիս խապար կուտամ։

Հայրիկը սակայն, եթէ հայրիկ մը ունի, իրիկուան տուն դառնալուն միայն դասերը սորված ըլլալը կը հարցնէ իրմէ՝ առանց մտիկ ընելու իր գանգատներուն, ինչ որ չարգիլեր մանուկը դպրոցին մէջ միեւնոյն պաշտպանութեանը ապաստանելու յաջորդ օրը։

* * *

Մրմրեան նորեկ մըն է, գէթ իբրեւ աշխարհաբար գրող, հայ հրապարակագիրներուն մէջ, թէեւ շատոնց ի վեր իր քաջ ու հմուտ գրաբարագէտի համբաւը շինած է մեր հին լեզուի քուրմերուն անձուկ շրջանակին մէջ։

Հիւրմիւզի, Հայր Արսէնի ախոյան մը ըլլալու չափ գրաբարագէտ, որ Հուկոնի Փոսկոլեայն գրաբար թարգմանելով, Ս. Ղազարու վանականներուն ասպարէզ կարդացած է ատենով։

Ինչ որ իր արժանիքը կը կազմէ, սա է որ ժամանակին հասկցած է թէ մեր մէջ հիմա հին լեզուով մատենագրելը՝ ո՜րքան սերտ նմանութիւն ունի այս դարուս մէջ լատիներէն ոտանաւոր մը հրատարակելուն հետ։

Գրաբարին, այդ պառուած ցնծուհիին սէրովը կորսուած հոգիներուն մէջէն՝ ատենին դարձի եկող մըն է ինքը, որ մեր՝ հին աշխարհաբարեաններուս՝ վերի կողմը նստելու արտօնութիւնը կը վայելէ. վասն զի իր աշխարհաբարը ստուգիւ հիանալի աշխարհաբար մըն է։ Կարդացէք իր Արմաշը, Միսաքեանի Կենսագրութիւնը։

Քանդակուած պարբերութիւններ որոց ցցուածքը եւ կարկառները նիւթը կամ գաղափարը իսկոյն կը յօրինեն կը պատկերացնեն աչքիդ առջեւ. ոսկեզօծ արձակ մը, ոչ կեղծ ու խարդախ փայլով, այլ զուտ ու հարազատ ոսկիի շողիւնով։ Ադամանդի յղկումներով յղկուած բառեր ու բիւրեղէ ածականներ, որոց բոլոր ցոլացող ճառագայթներուն մէջ, այս արձակը կը նշուլէ, ամառ ատեն արեւին տակ տարածուող ծովի մը ջինջ կապոյտին պէս։

Իր շարադասութիւնը տարբեր է մերինէն. բայց շնորհազուրկ չէ. ուշադիր դիտողին համար՝ ինքնուրոյն տարազը, զոր վերջ ի վերջոյ կը ճանչնաս հին հայերէնի բեհեզներովը, մետաքսառէջ ծոպերովը պարեգօտած ոճն է զոր իրմէ առաջ եւ մինչեւ ցարդ ոչ ոք, որչափ կը յիշեմ, զգեցուցած է իր գրուածքներուն։

Հարկաւ, պզտիկ զննութեամբ մը, դեռ գրաբարագէտը կը նշմարուի հոն. բայց ոչ այն գրաբարագէտը որ ճամբան կորսնցուցած է հին լեզուի մը մոլորումներուն մէջ, այլ իր մեծ վարպետին, Միսաքեանին պէս, օգտուող մը այդ հին լեզուէն, ճաշակաւոր ընտրութիւններ ընելով, անոր նրբարուեստ գանձերը ու յօրինուածքը զանազանելով յոռի շաղփաղփումներէն, եւ բերելով զետեղելով զանոնք իր գրուածքներուն մէջ, մօզայիքներու, կամ կարմիր, կապոյտ, կանանչ, փոքրիկ լուսամուտ ապակիներու պէս, որոնք իր կառուցումներուն՝ հին մեհեանի մը հանդիսաւոր, լուրջ ու աղօտ շքեղութիւնը կ՚ընծայեն։

* * *

Հասարակ ընթերցողին մատչելի գրողը չէ անիկա. նախնական աշխատութիւն մը պէտք է, վերլուծումի պզտիկ ջանք մը անհրաժեշտ է իր դարձուածքները ըմբռնելու ու ճաշակելու համար. ճիշդ ինչպէս բնութեան ծոցին մէջ գեղեցիկ տեսարան մը վայելելու համար շատ անգամ հարկաւոր է պզտիկ վերելքի մը յոգնութեան յանձնառու ըլլալ։

Ըսի արդէն որ հանապազօրեայ կեանքի ռամիկ բայց անխուսափելի պայքարներուն մէջ կտրիճ մը չէ այս գրողը. աղմուկի եւ ընդդիմութեան մարդ չէ անիկա. Քաղքէն աւելի Գեղը եւ Գեղէն աւելի Վանքը կարծես կը հրապուրեն զինքը։ Հո՛ն, այդ անդորրութեան եւ միայնութեան ծոցը, ուր բնութիւնը իր անսեթեւեթ պչրանքովը, ձայներու հեզութեամբը ու գոյներու մեղմութիւններովը, անպատիր վայելքներու եւ երազանքի դուռը կը բանայ, հո՛ն, այդ հովուական կենցաղին առջեւ, այնքան հեռու մարդկայինէն եւ այնքան մօտ աստուածայինին, գրագէտը երեւան կ՚ելլէ. իր նկարիչի վրձինը երանգներու գոյներու չի տեսնուած ճոխութիւնով մը զմեզ կ՚զմայլեցնէ եւ ամենուս սրտին մէջ՝ Գեղը երթալ ապրելու, աշխարհիս ունայնութենէն հրաժարելու փափաքներ կ՚արթնցնէ։

Մրմրեան ամուրի մըն է, թէեւ քառասունին մօտ հիմա՝ եթէ ոչ մատ մը աւելի. պէտք եղածէն աւելի ամուրի մը, եթէ հաւատանք իր վրայ եւ իր շուրջը պատմուածներուն. կնատեաց մարդն է ինքը եւ այդ պատճառով գուցէ ինքը մինակ, էապէս ոգեպաշտ (spiritualiste) եւ աստուածապաշտ գրողն է, խորհրդամած գրող մը մեր մէջ՝ ուր շուկատ ու աղկաղկ գրականութիւն մը կը տիրէ միշտ։ Ոչ այն գրականութիւնը որ գիտութեան կը յենու. որ մեր կեանքին, եթէ ոչ մեր մահուան, վերլուծութեամբը կը լուսաւորուի. որ փիլիսոփայական դաւանութիւն մըն է վերջապէս։ Այլ եսականութեան համար, շահու համար, ամեն կեղծիքը, ամեն ստորնացումը ընդունող գրականութիւնը, ամենէն զզուելին։

Չեմ ըսեր որ իրմէ զատ ոչ ոք մաքուր ու վերին գաղափարէ մը, իտէալէ մը չառաջնորդուիր. բայց կը պնդեմ որ ոչ ոք անոր չափ ամեն վայրկեան աչքը կը սեւեռէ հոն, գլուխ գլխի կ՚ապրի, կը սիրաբանէ անոր հետ, անոր լուսէն կամ հաճոյքէն շլանալու աստիճան, եթէ դուրս թողունք Եղիան, ափսո՜ս, բոլորովին շլացած մը։ Աչքէ անցուցէք անգամ մը Մրմրեանի Ալէլուիան եւ ըսէք թէ կարող էք բան մը հասկնալ այս ակնախտիղ պարբերութիւններէն։

Հաւատացողներու համար իտէալը՝ Աստուած կը կոչուի, կ՚ըսէ Սթէրֆէր։ Չեմ ծիծաղիր իր վրան՝ երբոր Մրմրեան ամեն բան վերադարձնելով տանելով այս Գերագոյն Գաղափարին, ամեն առթիւ կոչում ընելով անոր իր գրուածքներուն մէջ, վերջ ի վերջոյ աղօթքի պէս բաներ կը թոթովէ. եզական դէմքն է ան ինծի համար, նոյն իսկ երբ ներշնչեալի մը վերացումը կը բերէ մեր գրականութեան մէջ, ուր ամեն բան այնքան տափակ եւ շատ հեղ ստորին է։

* * *

Եւ սակայն առուտուրի աշխարհէն եկող մըն է ինքը հրապարակագրութեան մէջ, պասմայի ու ամերիքանի վաճառականէն ծագած է գրագէտը։ Այս հակասութեան առջեւ՝ միտքս կը վարանի, կը կասի քիչ մը, եւ իր ապագան մարգարէանալը՝ կը դժուարանայ։

Իր գեղեցիկ կրծկալ մօրուքը զոր վերջերս այնքան մեծցուց, իր կնախոյս ու մաքուր կենցաղը՝ մօտ օրէն եկեղեցական ասպարէզը մտնելուն նշան մը չեմ նկատեր ես. հակասութեանց մարդն է միշտ անիկա։ Ամեն ինչ ունէր ատենով իբրեւ գրագէտ երեւան գալու համար ու խանութպան եղաւ այդ միջոցին. հիմա վեղարէն ու վերարկուէն զատ բան մը չի պակսիր իրեն՝ հազուագիւտ եպիսկոպոս մը ըլլալու եւ, ճիշդ ատոր համար, կ՚սպասեմ որ վաղը, զգալով ունայնութիւնը իր երկնանուէր կենցաղին, ինչպէս մենք՝ մեր աշխարհիկ զբօսանքներուն ու գայթակղութիւններուն ունայնութիւնը կ՚զգանք երբեմն, վերադարձ մը ընէ դեպի մեզի, ոստում մը, վերջին պահուն, ծերութեանը մօտ, նոր Ֆաուսթ՝ նոր Մարկարիթով մը սկսելու համար կեանքը զոր չէ ապրած դեռ այն վայրկեանին երբոր ամենքը իր անբասիր վարքին արժանի պսակումը տեսնելու միայն կը պատրաստուին։