Դիմանկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՀԱՆՆԷՍ ՆՈՒՐԵԱՆ


Գլուխը վեր բռնած մարդ մը, միշտ վեր բռնած, սովորական մահկանացուի հետ չի շփոթուելու ջանքով մը. բարձր հասակին վրայ լանջքը դուրս կը պոռթկայ, հրաւէր կը կարդայ, վրադ յարձակելու պէս ձեւեր կ՚առնէ։ Ամեն բան ոյժ ու խստութիւն կը բուրէ այս մարմնին վրայ, պատերազմիկ ոյժ՝ որուն ինքնավստահ հանգամանքը մէկ նայուածքով աչքի կը զարնէ իսկոյն։

Գործի մէջ ու խօսքի մէջ, տունը կամ դուրսը անփոփոխ ու միակտուր կը գտնես զինքը. հին ատենի ասպետ՝ կամ դարավերջիկ բռնաւոր՝ որ իր զէն ու զարդէն չի մերկանար, օրուան ո եւ է մէկ ժամուն յանկարծակիի չի գալու համար։

Ոյժի, կորովի այս արտայայտութիւնը մարմնէն աւելի գլուխէն կուգայ, մեծ ու իշխող զանգուած, ալեւորած վերջերը բարձր սարերու ալեւորումովը որ յօժարութեամբ, դիւրութեամբ, վերջերը՝ քիչ մը տաղտուկով, կը տանի դեռ մանուածապատ խորհուրդներու ու վրդովուած խղճմտանքի մը ծանր բեռը։

Փողոցին մէջ կանոնաւոր, գրեթէ զինուորական քալուածք մը՝ որ կը ճնշէ կոխած հողը, ջանալով կարծես իր գարշապարին դրոշմը աղէկ մը տեղաւորցնել, կամ ցոյցի քալուածք մը՝ չի մատնելու համար հոգեկան պարտասումը։

Ձայնին մէջ երբեմն մեղմութիւն մը՝ որ դիմացինին զիջում մը ընելու ծանուցումը վրան կը կրէ։ Խօսուածքը՝ ամենէն հանճարեղը, ամենէն խորունկը եւ ամենէն նուրբը, սպառնալիքով ու գգուանքով խմորուած, խունկի բուրումներով, վարդի փայփայումներով օծուած, բայց նաեւ սուրերու շկահիւններով, թնդանօթներու որոտումներով շինուած սէնֆօնի, հիանալի ներդաշնակութիւն՝ որ զքեզ կը հմայէ բայց չի համոզեր։ Մարդիկ կան որոնք անուշութեամբ կը նուաճեն դիմացինը. Նուրեան անոնցմէ չէր։ Այս մեծ ոյժը դիմացինը կրնար ընկճել, երբե՛ք անձնատուր ընել։

* * *

Ահա՛ նկարագիրը մարդուն՝ որ մեր հասարակութեան գործերը իր անսահման ակնկալութիւններուն համար բացուած միակ ասպարէզն համարած էր։ Իր բովանդակ կեանքը հարատեւ ճիգ մը եղած էր ազգին աղէտները շահագործել, այնպիսի սկզբունքներու կոչում ընելով՝ որոնք ամենէն զարհուրելի ոճիրները արդարացնելու համար յեղյեղուած են միայն։ Զէյթունի ապստամբութիւնը, Հայոց Ջարդը 96-ին, իր կեանքին երկու ահաւոր ու արիւնոտ էջերը պիտի կազմեն։

Օհաննէս Նուրեան հասարակային գործերու մէջ ամեն խորհուրդ ու աջակցութիւն արհամարհող կամքով մը յառաջացեր էր, միս մինակը, իր գիտցած կերպովը, որ ափսո՜ս, ամենէն մաքուրը եւ ազնիւը չէր, հարթելով ճամբուն դժուարութիւնները։

Եւ ահա օրին մէկը, սահմանադրական արշալոյսի ծագումէն շատ առաջ, այդ ճամբան հետզհետէ անձկացեր, նեղցեր էր. իր պաշտած միակ Աստուածը՝ Բռնապետութիւնն ալ երես դարձուցեր էր իրմէ։ Ազգը, Արփիարին ձեռքովը ապտակեր էր զինքը։ Ամեն կողմէն անհաշտ ատելութիւններու մթնոլորտի մը մէջ մնացեր էր։ Ոչ իսկ Բերայի Թաղական Խորհուրդի անդամ. հեռու ամեն հանրային գործունէութենէ։

Ու այս անխոնջ ու աննկուն մարդը, մինակութեան այս ժամուն, հոգնութիւնը կ՚զգար անցեալին։ Իր ճամբուն՝ բոլոր երկայնքին վրայ յարուցած զայրոյթի աղաղակները, որոնք իր ականջը չէին հասած թերեւս, հիմա որոշ ու յստակ կերպով կուգային իրեն եւ զարմացած ապշութեամբ կ՚իմանար, իմանալ կ՚սկսէր, որ ինքը էապէս համակրելի մարդ, ամենէն բուռն հակակրութիւնը մարմնացուցած էր իր անձին վրայ։ Իրեն հետ, կամ աւելի ուղիղ խօսելով, իրեն պէս աշխատողներուն դէմ՝ հասարակութեան զգացած զայրոյթն ու նողկանքը, միմիայն իր անունին, իր համբաւին վրայ կը ծանրանային, այն տոկուն լաստին պէս՝ որ ամեն բեռ կը տանի առանց ընկղմելու։

* * *

Գրկել մը կայ այնքան բուռն՝ որ գրկողին վայրկեան մը շունչ առնել թող չի տար։ Օհաննէս Նուրեանի հանրային գործերու հետամտութիւնը քիչ մը ասոր կը նմանէր։ Իր ամեն գործին մէջ՝ բոլորանուիրութիւն մը, գաղափարի մը միայն ծառայել եւ ամեն բան ստորադասել մը կար այդ գաղափարին. խառնուածքի խնդիր է ասիկա. քիչ մըն ալ ասպարէզի անձկութեան. պզտիկ հասարակութեան մը պզտիկ պէտքերու հետ զբաղիլն է որ ա՛լ աւելի մեծ հոգերու դիմագրաւելու կարող ոյժին հետ՝ պատշաճ համեմատութիւն մը չառներ երբեք։

Երեւակայեցէ՛ք առաջնակարգ խնջոյքներ պատրաստելու կարող խոհարար մը, ապարանքներու փափկաճաշակներուն գոհացում տուող արուեստաւոր որ էսնաֆ մարդու տան մէջ կերակուր եփելու կոչուած ըլլայ դիպուածով։ Իր պատրաստած կերակուրը կրնայ համադամ մը ըլլալ. բայց ի՜նչ օգուտ որ այդ տունին կարագի ու հաւկիթի տարեկան բոլոր պաշարը կը վատնէ։

Օհաննէս Նուրեան մեր հասարակութեան մէջ պահպանողական ոգին իսկ էր, ազնուապետական պահանջումներով լծորդուած։ Միշտ կը յիշէր որ ամիրայի ու անոնց լաւագոյնին, Պէզճեանին շառաւիղն էր։

* * *

Հեռուն գտնուող առարկայի մը մօտեցածիդ չափ այդ առարկան կը մեծնայ աչքիդ. անորոշ ու տարտամ կէտը՝ զոր անծայրածիր հորիզոնէն կը նշմարէիր, քովը հասնելուդ՝ իր բարձրութեանը անակնկալ չափովը զքեզ կ՚ապշեցնէ։ Մարդոց մէջ ճիշդ հակառակն է ասոր. հազուագիւտ են անոնք՝ որ իրենց մօտենալուդ՝ կրնան հեռուանց նշմարուած համեմատութիւններնին պահել. Նուրեան այդ սակաւաթիւներէն մէկն էր։

Ամեն արժանիքի տէր մարդոց պէս՝ դասակարգերու կուսակից էր ան։ Եւ ասոր համար ի սպառ անհպելին մնաց իրեն այն բանը՝ որուն կարօտը եւ անձուկը քաշեց սակայն իր բոլոր գործունէութեան երկար շրջանին մէջ, Ժողովրդականութիւնը։ Իր սրտին մեծ ցաւը մնաց ասիկա մինչեւ վերջը։ Տարօրինա՜կ բան, որ շատերուս համար մեծ դաս մը կը պարունակէ իր մէջ, այս կորովի անձնաւորութիւնը իր բովանդակ կեանքին մէջ արհամարհած ու անարգած այդ բանին կարօտովը տոչորեր էր շարունակ, առանց յայտնի ընելու։ Այն ցնցոտիներու մէջ պլլուած պչրուհին, այն պապուկ կինը՝ որ ստորին՝ բայց ստուար դասերուն համակրանքը կը կոչուի՝ միշտ երես դարձուցեր էր իրմէ, նուազագոյն արժանիքի տէր մարդոց ժպտելու համար։

Եւ եկո՛ւ տես որ՝ բոլոր ուրիշ յաջողութիւններէն, թաւիշէ պատմուճաններու, մուշտակէ վերարկուներու փերեւետումէն, վուշէ ճերմակեղէններու կամ բեհեզէ ներքնազգեստներու շրշիւններէն աւելի՝ այդ մուրացիկ կնկան աղտոտ լաթերը ախտավարակ հրապոյր մ՚ունէին իր աչքին։ Այդ երես դարձուիլը իր վերջի տարիներուն միակ մտատանջութիւնն էր. ամեն ջանք կ՚ընէր ատոր անիրաւութիւնը ապացուցանելու համար։ Հիմա որ երիտասարդութեան տարիներուն վերադառնալը հնարաւոր չէր ալ, անցեալին պատմութիւնովը սփոփուիլ կ՚ուզէր, իր փափաքին չի հասած սիրահարի մը պէս։ Ունայն ճիգ՝ որ ազգային անէծքի մը պէս ամեն տեղ զինքը հետապնդող հալածանքը չէր կրնար զինաթափ ընել։ Եւ յանկարծ արցունքի կաթիլ մը կը շողար իր աչքերուն մէջ. այո՛, արցունքի կաթիլ մը, որ սրտէն կը բղխէր՝ ապառաժի սորսորող վճիտ ու պայծառ ջուրի մը պէս։

* * *

Իր ձայնը հանրութեան մէջ երբեք համակիր արձագանգ մը չունեցաւ. սիրուած ատենաբանը չէր ան. իր խիզախ խառնուածքին կը պարտէր այդ անյաջողութիւնը։ Շեշտի անկեղծութիւն մը կայ՝ որ կեղծիքներուն ամենէն վտանգաւորն է. հասարակութիւնը իրեն պատշաճեցուցած էր այս ծանր վճիռը։ Եւ սակայն խօսակցութիւնը այս մարդուն՝ անհաւասարելի կերպով հրապուրիչ, հազար տեսակ ցայտումներով, անակնկալներով դրուագուած էր։

Աղուոր խօսելու գաղտնիքը իրն էր ու կը վախնամ որ իրը պիտի մնայ։

Սովորութիւնն էր իր գտնուած ժողովներուն մէջ պարապ ու ոչինչ մարդոց հետ գործակցիլ. իր անհատականութիւնը աւելի վեր հանելու հնա՞րք մըն էր արդեօք ասիկա, աղուոր կնոջ մը պէս՝ որ իր փայլը չի նսեմացնելու համար՝ իրմէ տգեղին հետ պտըտելու կ՚ելլէ փողոցը։ Օր մը դիտողութիւն ըրի իրեն։

Այդ պարապ անձերը իրենց օգուտը ունին, պատասխանեց ինծի, ոչ թէ ինծի՝ այլ հասարակութեան համար. միեւնոյն գործը՝ որ մէկ անձէ մը պիտի բղխի, միշտ թերի ու սխալ մտածուած բան մը պիտի նկատուի, ութ կամ տասը անձի որոշումով մը հաստատուած՝ հասուն դատողութեամբ մը արտադրուածի դրոշմը կ՚ստանայ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Պատշգամներու տակ եւ իբրեւ թէ անոնց բեռը տանելու համար դրուած գեղեցիկ մարմարէ քանդակուած քարեր՝ քոնսոլներ կը տեսնես միշտ։ Այդ քարերը, պատշգամին հաստատութեան տեսակէտով, օգուտ մը չունին. ոչ ոք պիտի համարձակի սակայն այդ պատշգամին վրայ ելլել եւ հոդ կենալ, երբ օդին մէջ կախուած տեսնէ զայն, առանց ո եւ է նեցուկի, մինչդեռ այդ մարմարի քարերը իրեն վստահութիւն կը ներշնչեն. աչքի վստահութիւն՝ որ մտքինին չափ էական բան մըն է։

Ուրիշ օր մը, խօսքը մեր ազգայիններուն իրենց վիճակին անգիտակցութեանը վրայ էր։

Յանցանքը, ըսաւ մեր տուներուն մէջ գտնուող հայելիներունն է թերեւս, որոնք զմեզ իրականէն աւելի մեծ կը ցուցնեն։

Ու այսպէս ժամերո՜վ. ամենէն նրբամիտ ու հանճարեղ նմանութիւններով կը պատկերացնէր իր խօսքը։

* * *

Իր կեանքին պէս իր մահն ալ ուժգին ու սաստիկ բան մը եղաւ։ Զինքը շանթահարող հիւանդութիւնը անոր գլխուն վրայ յարձակեցաւ, ճիշդ այն տեղը, ուր իր մեծ կարողութիւնը զետեղուած էր եւ սիրտն ու հոգին անգամ հաստատուած կը թուէին։

Մահը՝ սովորական ու գռեհիկ հիւանդութիւններու յամեցումներէն՝ վերջին ստորնացումէն հեռու պահեց զինքը. մէկ քայլափոխով կեանքէն մահը անցաւ անիկա։

Իրեններուն համար հարկաւ բաղձալի բան մը պիտի ըլլար՝ որ զինքը զարնող հարուածէն վերջն ալ դեռ ապրէր ան գոնէ քանի մը տարի, նոյն իսկ կաթուածահար, նոյն իսկ թոթովելով լեզուն՝ սուր ու խայթիչ՝ զոր այնքան ճարտարօրէն գործածեց, նոյն իսկ խոնարհած՝ գլուխը, զոր այնքան ատեն վեր բռնած էր։

Իր ճակատագիրը չուզեց ասիկա եւ իրաւունք ունէր չուզելուն։