Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
30. ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
       Կը թռուըռայ զանգակին վանկը թռչուն,
Ոսկի նափորտ հագած շաբաթ իրիկուան
Տիրանըւէր քըղանցքին տակ դողդոջուն,
Ու ծուխին մէջ մըթնշաղին երկեւան:
       Անդոհութեան ալիք մը ներս կը խուժէ
Պիրկ յօրանջքէն պատուհանիս կիսաբաց.
Հովին ծեծէն, մարդուն քաղցէն խուսափած`
Թռչնիկ մըն է` որ իր ցաւը կը գուժէ:
       Եկքանիկ մը` դեղնակիտուած, հողմահար
Թեւիկներով` իրիկուան մէջ մոլորուն.
Անծայրածիր իրիկուան մէջ դողահա՛ր`
Կ'եղբայրանայ խուցիս գըթած իրերուն:
       Իրիկունս է խունկ ու ցաւով միգամած. եւ
Խնկամանն է ծուխով, թռչնիկն ոգեվար:
Հոգիիս մէջ կըզգամ շարժում մը դժուար.
Անդրաշխարհին հակող շարժում մը կամաց:
       Նրբանցքին մէջ մայրս աղօթք մը կը հծծէ,
Կ'ապրեցընէ սիրելիներն իր ամէն,
Լոյսերու մէջ ընկողմանած` մեկնումէն
Վերջ իրիկուան` ժպտող, անտես մէկ խուցէ:
       Թռչնակն հոգին տախտակներուն կը ծեծէ,
Ու պատերուն, ու հոգիիս վրդոված.
Թռչնակն` հոգին կ'ուղղէ անտես մէկ գիծէ`
Անծանօթին մէջ որոնել իր Աստուած:
       Խունկը ճամբայ կ'ուզէր անցքին անդրաշխարհ,
Հէք թռչնակին հոգի՜ն կ'ըլլայ այդ ճամբան,
Ու թռչնակն ալ կ'ուզէր աննիւթ մէկ դամբան, եւ
Խունկին ծուխը կը պարուրէ իր նշխար:
       Աներկրային, խաղաղ ձայնը կը լըսէ
Մեռածներու յուշքին` հոգիս իմ հանգիստ.
Օ՜հ, ես չըկա՜մ իրիկուան մէջ լըռանիստ.
Հոծ իրիկուան մէջ այս երանգ ու լոյսէ:
       Մայրս աղօթքէն վերջ արցունքը կը սրբէ.
Խաչանիշ մը կ'ըլլայ թռչնիկն` օրհնական
Այս վայրկեանին` զոր կ'արծաթէ լուսինկան`
Կ'ողջագուրէ՜ իր ծոցին մէջ սատափէ:
       [16 Օգոստ., 1907]