32.
ԽՈՒԼԸ
Շուրթի
վարդին
վըրայ
կ'առնէ
ընդմիշտ
թառ,
Իր
նայուածքին
մեղուն`
տարփոտ,
հեւ
ի
հեւ.
Օ՜հ,
շարժո՛ւմ
մը,
որ
ընտանի
ձե՛ւը
տար,
Որ
մե՜ղրը
տար
բառին
ծանօթ:
Ու
թեթեւ
Ու
փախըստեայ
փըսփըսո՛ւք
մը`
մերթ
օտար
Ու
անսովոր
ձայնի
մ'ըլլար
կշռոյթ`
եւ
Օ՜հ,
հնչական
լըսելութեան,
անվըթար
Պայծառ
րոպէն
ծընէր,
մանկի՜կ
բոցաթեւ:
Բայց
լռութի՜ւն.
շուրթ-ծաղիկն
է
աննեկտար.
Լըսելիքն
ալ
չունի
հնչիւնն
անսովոր.
Կը
թեւածէ
լոկ
անուրջին
բոցը`
որ
Մերթ
մեղուաժիր
իր
աչքերէն
կը
խայտար,
Եւ
հոգիին
մէջ
սուզելով,
հոգեթով
Կը
բերէ
բոցն`
ըղձալի
բառը
փութով: