Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Վերջին Լեւոնի թագաւորութիւնը հազիւ տեւած էր տարի մը 1374-75 (+1393) իսկ թագաւորական ա՛յս վերջին շրջանին վերջին կաթողիկոսն էր Պօղոս Ա. Սսեցի (1374-82)։
       Պօղոսէն ետքը, Կիլիկիոյ վերջնական կործանան շրջանին, վեց կաթողիկոսներ յաջորդեցին իրարու, 1382էն մինչեւ 1439 ( Թէոդորոս Բ., Կարապետ Ա ., Յակոբ Գ., Գրիգոր Ը., Պօղոս Բ., եւ Կոստանդին Զ . ), եւ 1439ին կաթողիկոսական աթոռին վրայ կը գտնենք Գրիգոր Թ . Մուսաբէկեանը։
       Մուսաբէկեանի անցեալին վրայ պատմական որեւէ գոհացուցիչ տեղեկութիւն չէ հասած մեզի։
       Թովմա Մեծոփեցին, որ 1441ին Էջմիածնի աթոռին վերահաստատութեան շարժումին պարագլուխն է, իբրեւ ժամանակակից պատմագիր, գրելու ատեն այդ շարժումին պատմութիւնը, տեղեկութիւններ մը կուտայ Մուսաբէկեանի եւ անոր յաջորդ Կարապետ Եւդոկացիի մասին։ Բայց անաչառ եւ անկողմնակալ պատմագիր մը չէ Մեծոփեցին. եւ այնքան թշնամանքով եւ տխուր գոյներով կը նկարագրէ Կիլիկիոյ աթոռին դէպքերն ու դէմքերը որ իրաւունք կուտայ մեզի վերապահութեամբ օգտուիլ իր տեղեկութիւններէն։
       Մեծոփեցին սաչափ միայն կը գրէ Մուսաբէկեանի մասին. - «Տէր Կոստանդին կաթողիկոսն Սսայ գնաց առ Աստուած (կ՚ակնարկէ Կոստանդին Զ . Վահկացիին 1430-39). եւ Գրիգոր անուն եպիսկոպոս մի դնեն կաթողիկոս , եւ նա ի նոյն աւուրքն եօթն (ուրիշ օրինակներ՝ հինգ ) նոր եպիսկոպոս ձեռնադրէ . եւ կոչեն արբեցող երէց մի որ զՔրիստոս պատարագէ։ Եւ նոր եդեալ կաթողիկոսն ոչ իշխէ , զի բաղայս անուղղայս եդեալ ունէր ի վերայ ինքեան (Թվմ . Մեծփ . Յշտկրն . էջ 63)։
       Մեծոփեցին այս ծանր դիտողութիւնները կ՚ընէ առանց որակելու. չ՚ըսեր թէ ո՞վ էր Մուսաբէկեան Գրիգոր, որո՞նք էին անոնք որ կաթողիկոս դրին զայն. չի բացատրեր մեզ թէ ինչո՞ւ համար կաթողիկոս մը իրաւունք պիտի չունենար եպիսկոպոսներ ձեռնադրելու նոյն օրերուն, եւ վերջապէս չի պարզեր թէ ի՞նչ էին անուղղայ բաղայք ըսուածները, որոնց պատճառաւ իբրեւ թէ Մուսաբէկեան ինքն անձամբ չէ համարձակած պատարագ ընել, եւ կարծես թէ դիտմամբ կանչած ըլլային արբեցող քահանայ մը, որ եպիսկոպոսներուն ձեռնադրութեան օրը սուրբ պատարագ մատուցանէ։
       * ։
       Ասոր հակառակը ՊՁԸ=1439, Նոյեմբեր. 7-ին Կաֆա գրուած Աւետարանի մը յիշատակարանի մը մէջ Մուսաբէկեան կը բարացուցուի իբրեւ բարեպաշտ, աստուածասէր եւ իմաստուն (Նօտարք Հայոց, էջ 119 եւ Կոլոտ, էջ 118)։ Իսկ մեր Օրմանեան Սրբազանն ալ, որ մասնաւոր տկարութիւն մը ունի իր չհամակրած դէմքերը սեւցնելու եւ համակրածներն ալ չափէն աւելի գեղերեսելու, երբ մէկ կողմէն Մուսաբէկեան անունէն կը հետեւցնէ «Գրիգոր կաթողիկոսին իշխանազուն մը ըլլալը», միւս կողմէն չափէն աւելի տարուելով Մեծոփեցիի գրուածքներէն, «բնաւ նշանակութիւն չունի » կ՚ըսէ բարեպաշտ, աստուածասէր եւ իմաստուն «կաթողիկոսավայել ածականներ»ը ( Ազգպտմ. էջ 2091)։ Մինչ պէտք է դիտել որ այդ յիշատակարանը գրող Կաֆացի Մաղաքիա աբեղայ՝ անկախ եւ անկողմնակալ գրիչ մըն է, եւ կը յայտնէ ազգովին կազմուած գնահատում մը . իսկ Մեծոփեցին, որ շարժումի մը պարագլուխն է, կ՚արտայայտէ կողմնակալ պատմագրի մը զգացած զայրոյթը։
       Մուսաբէկեանի կաթողիկոսութիւնը նշանաւոր եղաւ այն պատճառաւ որ իր աթոռակալութեան ատեն վերահաստատուեցաւ Էջմիածնի աթոռը եւ Կիրակոս Վիրապեցին կաթողիկոս ընտրուեցաւ այդ աթոռին (1441), ինչպէս որ դիտել տուինք վերեւ (էջ 19), Մուսաբէկեանին իսկ հաւանութեամբը։
       Այս ենթադրութիւնը կ՚ընենք՝ հիմնուելով այն իրողութեան վրայ թէ արեւելեան վարդապետներ նամակ գրեցին Մուսաբէկեանին եւ հրաւիրեցին զինքն Էջմիածին որ գայ ինքն նստի իր պատմական տեղւոյն վրայ վերահաստատուած աթոռը. բայց Մուսաբէկեան մերժեց այդ հրաւէրը , եւ անկէ ետքն է որ ընտրուեցաւ Կիրակոս Վիրապեցին ։
       Եւ ստուգիւ, հակառակ Մեծոփեցւոյ լռութեան, խելքի դէմ է կարծել որ արեւելցիք առանց նկատի առնելու Մուսաբէկեանի կաթողիկոսութիւնը, ելան ուղղակի նոր կաթողիկոս մը ստեղծեցին։
       Մենք արդէն մեր Ընդհանուր Ակնարկին մէջ դիտել տուինք թէ կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ մէջ, իբրեւ հետեւանք լատին շփումին, իր հմայքը կորսնցուցած էր արեւելեան վարդապետներու աչքին։ Անոնք շատոնց կը մտածէին, կը ծրագրէին, մա՛նաւանդ Կիլիկիոյ թագաւորութեան ջնջումէն ետքը, կաթողիկոսական աթոռը վերահաստատել արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Ասիկա խնդրին մէկ կողմն է. միւս կողմէն քաղաքական կացութիւնը այնքան անտանելի եղած էր Կիլիկիոյ մէջ, երկրին կործանման հետեւանքով, որ նոյն ինքն կաթողիկոսներ չէին կրնար հանդուրժել այդ դժնդակ կացութեան, նշաւակ ըլլալով արտաքին եւ ներքին դաւաճանութիւններու, այնպէս որ յաճախ թունաւորումով կը կրճատուէր անոնց կեանքը։ Այս վիճակին մէջ շատ նշանակելի է Կարապետ Ա. Կեղեցիին (1393-1494) շարժումը, որ արեւելեան վարդապետներու հետ խորհրդակցելով՝ կ՚ուզէր թողուլ Սիսը, անցնիլ Աղուանք եւ հո՛ն հաստատուիլ, Լուսաւորիչի թոռան Գրիգորիսի աթոռին վրայ։
       Այդ ծրագիրը չքալեց, եւ վերջապէս արեւելեան վարդապետք՝ յաջողեցան վերահաստատել Լուսաւորչի աթոռը Էջմիածնի մէջ, 1441ին, եւ անշուշտ, ինչպէս որ դիտել տուինք արդէն, նոյն ինքն Մուսաբէկեանի հաճութեամբ։ Ասիկա պատմական դէպքերու տրամաբանական ընթացքն է։ Վասնզի արեւելեան վարդապետներու բուն նպատակն էր ո՛չ միայն Կիլիկիոյ վտանգաւոր միջավայրէն ազատել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, այլ նաեւ կաթողիկոսական միակ աթոռ մը ունենալ, Աղթամարի կաթողիկոսութիւնն ալ վերցնելով. նպատակ մը, որուն հաւանած էր Աղթամար, որու կաթողիկոսն էր 1441ին Զաքարիա Գ. (1434-64)։ Մենք կ՚ենթադրենք որ Մուսաբէկեան ալ հաւանած էր, պայմանաւ որ իրեն չդպչին, այլ ինքն ալ մնայ Կիլիկիոյ աթոռին վրայ մինչեւ իր մահը, եւ յետոյ դադրի կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ մէջ։ Հաւանաբար ա՛յս է պատճառը ա՛յն ընդհատին, որ կը բացուի Մուսաբէկեանի եւ Կարապետ Եւդոկացիի միջեւ, ինչպէս պիտի տեսնենք այս վերջնոյն վրայ գրելու ատեն։
       Բայց խնդիր է գիտնալ թէ ինչո՞ւ համար Մուսաբէկեան մերժեց Էջմիածին երթալու հրաւէրը։
       Մենք կը կարծենք թէ մէկէ աւելի են Մուսաբէկեանի մերժումին պատճառը, եւ ատոնց ամէնէն կարեւորը սա՛ է հաւանաբար. - Մուսաբէկեան թերեւս ծեր էր եւ չուզեց շարժիլ իր տեղէն, մա՛նաւանդ երբ տեսաւ որ Կիլիկիոյ եպիսկոպոսներէն չորսը, ըստ Մեծոփեցւոյն, ի ներքին կողմանց, չուզեցին զինքն, եւ նամակներ գրեցին արեւելեան վարդապետներուն եւ նոյն ինքն Մեծոփեցիին ալ, չարախօսութիւններ ըրին իր մասին, եւ Մուսաբէկեան մնաց Սիս՝ ընկճելու համար իր հակառակորդները եւ թերեւս նաեւ չուզեց թափուր աթոռ մը թողուլ անոնց առջեւ… Էջմիածին երթալով։
       Ասիկա շատ հաւանական կը թուի մեզի, քանի որ կաթողիկոսական աթոռին ապահովութեան եւ միութեան վրայ էր խնդիրը, Մուսաբէկեան յիմարին մէկը եղած պիտի ըլլար մերժելով այնքան պատուաբեր հրաւէր մը։ Ինչպէս դիտել տուինք, Աղթամարի Զաքարիա Գ. կաթողիկոսն ալ հաւանած էր ո՛չ միայն Էջմիածնի աթոռին վերահաստատութեան, այլ նաեւ աթոռին միութեան։ Անոր ալ մահէն ետքը այլեւս նոր կաթողիկոս մը պիտի չընտրուէր։
       Բայց երբ արժանընտիր Վիրապեցին Կիրակոս զոհուեցաւ փառասէր եպիսկոպոսներու դաւանքին, խախտեցաւ ամէնուն հաւատքը արեւելեան վարդապետներու անկեղծութեան վրայ, եւ ասոր հետեւանքով Աղթամար անմիջապէս չեղեալ համարեց իր համաձայնութիւնը, նոյն ինքն Զաքարիա Գ. ի ատեն, որ շատ կարող անձ մըն էր. իսկ Կիլիկիոյ մէջ Կարապետ Եւդոկացին երեւան եկաւ եւ վերահաստատեց Մուսաբէկեանի յաջորդութեան գիծը։
       Էջմիածնի աթոռին վերահաստատութեան առթիւ, Լուսաւորչի Աջին Սիսի մէջ անյայտանալուն կամ գողցուելուն խնդիր մը յուզուեցաւ, եւ այդ պատճառաւ Մուսաբէկեան եւ իր եպիսկոպոսները շատ նեղութիւն կրեցին Աւետարանի մը յիշատակարանին համեմատ, զոր գրած է Դաւիթ Եպիսկոպոս մը ՊՂ. =1441ին Խարբերդի մէջ. - հայրապետութեան Տեառն Գրիգորի կաթուղիկոսի ամենայն Հայոց, ի սուլտանութեան Եգիպտացւոց, եւ յաշխարհակալութեան Մելիք Տահիրի, որ մականուն Չախմախ կոչի։ Ի դառն եւ ի նեղ ժամանակի, յայլասեռից ազգի, որ կէսքս ի սովու յաշխարհէ յայլ գաւառ վտարին, եւ կէսք յեղբարց եւ մարց բաժանին։ Եւ այսմ ամի դարձեալ այլ իմն պատահումն հանդիպաւ Հայոց ազգիս։ Քանզի աջ սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի, որ կայր հիմի քանի ժամանակ ի Սիս քաղաքի, որ յաշխարհին Կիլիկիոյ, անյայտ եղեւ, ո՛չ գիտեմք թէ գողացա՞ն եւ ո՛չ գիտեմք ինքն զինքն ծածկեց։ Եւ ի մեծ մեղութիւն կան եւ ի տրտմութիւն Հայոց ազգս վասն այս պատճառի։ Եւ զկաթողիկոսն Տէր Գրիգոր բազում չարչարեցին եւ այլ եպիսկոպոսք ընդ նմա վասն Աջին Լուսաւորչին, եւ ոչ գտին, զոր, յուսամք յամենազօր Հոգին Աստուած, զի յայտնեսցէ զԱջ Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ ի ձեռն ընտրելոյ եւ արդարոյ միոյ, եւ այլն։
       Դաւիթ եպս. Խարբերդի մէջ բան մը լսեր է Սիսի մէջ կատարուած դէպքի մը մասին եւ յիշատակագրած է զայն իր ընդօրինակած աւետարանին մէջ. բայց իր տեղեկութիւնները դրական չեն եւ հետեւաբար կարելի չէ Աջին պատահարը մեկնել, թէեւ մենք փորձեր ենք մեկնութիւն մը տալ ատոր՝ Աջերու նուիրուած մեր ուսումնասիրութեան մէջ (Տե՛ս Թէոդիկի 1927ի Ամէնուն Տարեցոյցը, էջ 492)։
       Ալիշան ժամանակակցի մը յիշատակագրութիւնը յառաջ բերած է անյայտ եղած աջի մասին, որուն համեմատ Սիսի Ղարսին մէջ, պազարը, 1479ին թիւրքի մը քով գտնուած ու գնուած է. - «Ի Ղարսն Սսայ , գոլ պազար (վաճառանոց ), ուր յամին 1479 գտաւ ի ձեռս թիւրքի միոյ կորուսեալ Աջ Լուսաւորչին եւ գնեցաւ» (Սիսուան, էջ 539ա)։
       Այս պատմութեան մէջ ուշագրաւ է Մուսաբէկեանին եւ իր եպիսկոպոսներուն չարչարուիլը (նեղութիւն կրելը ) Կիլիկեցիներէն, հաւանաբար անոնց կողմէն որ կ՚ուզէին պահել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Սիսի մէջ եւ կը հակառակէին Աթոռին վերահաստատութեան Էջմիածնի մէջ, եւ թերեւս այս հակառակութիւնն ալ պատճառ եղաւ որ Մուսաբէկեան չշարժի իր տեղէն։
       Կրնայ ենթադրուիլ նաեւ որ Մուսաբէկեան նեղութիւն կրեց իրեն անձնական հակառակորդներէն, որոնցմէ չորսը Մեծոփեցւոյ կողմը անցած էին։
       Մուսաբէկեանի կը վերագրուի նամակ մը ուղղուած Եւգինէոս Դ. պապին։ Նամակին լատիներէն օրինակը պահուած է եղեր Մէտիչէական-Լաւրենտեան Մատենադարանը, եւ Պալճեան գրաբարով հայացուցած է զայն եւ հրատարակած (Պտմ . Կըղ. ի Հայս, էջ 149-51)։
       Նամակին թուականն է 1450, Սեպտ. Եւ որովհետեւ սովորական ցուցակներու մէջ Մուսաբէկեանին մահը կը նշանակուի 1447ին, Պալճեան կ՚առաջարկէ ուղղել զայն, ըստ այդ թուականին, բայց ինքն չ՚ուղղեր։
       Այդ նամակը Գրիգոր կաթողիկոսի մըն է, բայց յայտնի չէ թէ ո՞ր Գրիգորին. աւելի ուշագրաւ է որ նոյն իսկ յայտնի չէ թէ ո՞ր տեղէն գրուած է նամակը, եւ ո՞ւր մնացած է ատոր հայերէն բնագիրը. վերջապէս կը պակսին վաւերականութեան ապացոյցները ։
       Եթէ Պալճեանի հետ պահ մը ընդունինք թէ այս նամակը գրողն է նոյն ինքն Մուսաբէկեան Գրիգոր, այդ պարագային հետաքրքրական են ատոր մէջ նշանակուած քանի մը պատմական տեղեկութիւններ։
       Գրիգոր նախ կ՚ըսէ Պապին թէ շատ վարդապետներ ու եպիսկոպոսներ կ՚ուզէի ղրկել ձեզի, բայց չկրցայ երկուքէն աւելի ղրկել յերկիւղէ անհաւատից. երկրորդ՝ թէ ձեր պատգամաւորը՝ եղբայր Ալբերտոս՝ եկաւ մեզի՝ երբ մենք Գահիրէ կը գտնուէինք. երրորդ՝ թէ ձեր նամակը, զոր ուղղած էինք Երուսաղէմի Մարտիրոս Պատրիարքին, մենք կարդալ տուինք մեր առջեւ եւ հասկցանք ինչ որ գրած էիք, «որ է զօդ սիրոյ եւ միութեան», եւ վերջապէս Երուսաղէմի Մարտիրոս եպիսկոպոսի հասցէին ուղղուած նամակը Գրիգոր Կաթողիկոս ինքն բանալ տուեր է այն իրաւունքով որ «Ես, կ՚ըսէ, ի վերայ ամենայն եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց , եւս եւ յԵրուսաղէմացւոց աշխարհի անարժան կաթողիկոս կարգեալ եմ»։
       Անհաւանական չենք գտներ որ Մուսաբէկեան նամակ գրած ըլլայ Հռոմ։ Ասիկա նորութիւն մը չէ Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ յետոյ՝ Էջմիածնի կաթողիկոսներու գործառնութեանց մէջ։
       Ընդունելով որ Մուսաբէկեանն է նամակագիր Գրիգոր Կաթողիկոսը, այդ նամակին թուականը, 1450 Սեպտ . 4, կրնայ կռուան մը ըլլալ մեզ ճշդելու Մուսաբէկեանի մահուան թուականը, 1450ին վերջը կամ 1451ին սկիզբը դնելով զայն։ Վասն զի-, Ալիշանի գործածած ժամանակագրութեան մը համաձայն-, Եւդոկացի Կարապետ կը յաջորդէ Մուսաբէկեանի՝ աթոռին մէկ տարի պարապութենէն ետքը (Եւդոկացիի յիշատակարանին համեմատ հինգ տարի է ). իսկ Կարապետ 26 տարի կաթողիկոսութենէ ետքը կը վախճանի ՋԻԶ = 1477ին։ Ալիշան 26ը կը սրբագրէ եւ կ՚ընէ 36, որ սխալ է ։
       Արդ՝ 1477-26=1451. ուրեմն այդ Ժամանակագրին հաշուով Եւդոկացի Կարապետին կաթողիկոսութեան սկիզբն է 1451, եւ ասիկա մօտիկ է Մուսաբէկեանի վերագրուած լատիներէն նամակի թուականին (1450 Սեպտ. 4)։
       Մուսաբէկեան Կաթողիկոս եղաւ 1439ին. իսկ 1441ին Վիրապեցին ընտրուեցաւ Էջմիածնի վերահաստատեալ աթոռին, եւ որովհետեւ Կարապետի կաթողիկոսութենէն յառաջ հինգամեայ ընդհատ մը կայ, 1451-5=1446/7, պէտք է ենթադրել որ 1446/7ին Մուսաբէկեան կամ մեռած պիտի ըլլայ կամ քաշուած. մինչ իրեն վերագրած նամակին համեմատ Մուսաբէկեան Եգիպտոս է 1450 Սեպտ. 4ին ։
       Ինչպէս կը տեսնուի, դեռ քննելի է Մուսաբէկեանի կաթողիկոսութեան վերջը եւ Եւդոկացիի կաթողիկոսութեան սկիզբը։
       Յառաջ կը բերենք Նիկոսիոյ (Կիպրոս ) Ձեռագիր Աւետարանին Յիշատակարանը , գրուած 1441ին, Երուսաղէմ, որու մէջ կը յիշուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Տէր Գրիգոր, եւ չի յիշուիր Վիրապեցին Կիրակոս։
       «Արդ յանգ ելեալ աւարտեցաւ՝ քառահոս, եւ քառավտակ եւ քառաբուխ սբ. Աւետարանս ի սբ. քաղաքս Երուսաղէմ. ընդ հովանեաւ սբ. հրեշտակապետացս Գաբրիէլի եւ Միքայէլի, եւ Սրբուհւոյ ամէնաւրհնեալ Ածածնի. ձեռամբ յոգնամեղ եւ տարտամ ոգւոյ Գրիգոր գրչի Արծկեցւոյ. ի թվին հայոց ՊՂ = (1441) ամին. ի կաթուղիկոսութեանն Կիլիկեցւոց Տեառն Գրիգորի. եւ ի բռնակալութեանն Եգիպտացւոց Սուլտան Չախմախին։
       Արդ՝ որք հանդիպիք սմա կարդալով կամ աւրինակելով. քանզի գրեցաւ աս յընտիր աւրինակէ՝ եւ ունի զհամաբարբառսն անսխալ, եւ զտասն խորանաց նշանագիրսն կարմրագրով ի վերայ համարացն իւրաքանչիւր աւետարանչացն, որ ցուցանէ զհամանգամայնս համաբարբառացն թէ յորո՛ւմ խորանի իցէ աւետարանչացն, ի յԱյբէն մինչեւ ի Ժէն։
       Արդ՝ որք գաղափարէք ստուգապէս, եւ ի վերայ ճշմարտութեան իրացն հասանիցէք, յիշեսջիք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր զմեղսամած գրիչս զԳրիգոր, եւ զծնաւղսն իմ զԷլմէլիք եւ զԳօհար։ Եւ զվարպետքն իմ զՅովանէս վրդպն. եւ զՄանուէլ աբեղայն որ վերըստին ծնան զմեզ բանիւն Աստուծոյ, ի գործս յայս, ի յուսումն ընթերցողութեան եւ ի յարուեստս գրչութեան։ Որոց Տէր Ած. տացէ վարձս վաստակոց նոցա՝ եւ գրեսցէ զնոսա ի դպրութիւն կենացն . Ամէն։
       Եւ դարձեալ յիշեսջիք ի Քս. Ած. ըզ ստացող սբ. աւետարանիս՝ զՆերսէս կուսակրաւն Քահանա որ բազում աշխատութեամբ ստացաւ զսա ի հալալ արդեանց ի յիշատակ իւր եւ ծնողաց իւրոց, հաւրն Սարգսին եւ մաւրն Շնորուորին, եւ հոգեւոր եղբաւրն Յովանէս աբեղային փոխեցելոյն ի Քս ., եւ իւր ծնողացն։ Եւ եղբարցն իմոց Թումային, Շահնշահին եւ քոերցն իմոց եւ ամենայն ազգականացն մերոց, հոգեւորացն եւ մարմնաւորացն, եւ ուսուցչացն մերոց եւ ամենայն երախտաւորացն։
       Նաեւ զերջանիկ վարդապետն ըզԹումա Մեծբեցին, եւ զայլ վարդապետքն որ յորդորեցին զմեզ եւ աւգնական եղեն եւ ուղարկեցին յԵրուսաղէմ։
       Այլեւ զԿարապետ Վարդապետն զխոստովանահայրն մեր, որ բազում ժամանակ աւթեվան եւ հանգիստ եղեւ մեզ. Ած. պարգեւէ նոցա զվերինն Երուսաղէմ։
       Այլ եւ զերջանիկ հոգեւոր հայրն մեր զՏէր Սարգիս Եպս. Կռիկոսու՝ որ յոլով ժամանակ յաւտարութեանս հանգիստ եղեւ մեզ։
       Այլեւ զհոգեւոր եւ զմիաբան հայր եւ զեղբարքս մեր զՂազար Վարդապետ, եւ զՍարգիս կրաւնաւոր Քհնյ. եւ զՅովհաննէս եւ զՈւշին դպիր, որ կրկին աշխատեցան ի յուղորդելն եւ ի ծաղկելն, եւ զմիաբան եղբարքս յիշեցէք ի Քս. սրտի մտաւք։
       Այլեւ զԽոճա՛ Խտրշէն որ յորդորեց եւ աւգնական եղեւ զարդարելոյն, եւ զամենայն երախտաւորք յիշեցէք ի Քս. եւ մեղաց թողութիւն խնդրեցէք. եւ Ած. զձեզ յիշէ եւ ձեզ պարգեւեսցէ զերկնից արքայութիւն . Ամէն։
      
       Մուսաբէկեանէ առ Եւգենիոս Գ. Պապ գրուած նամակը, ըստ թարգմանութեան Պալճեանի։
       Գրիգոր ծառայ ծառայից Յիսուսի Քրիստոսի եւ Աստուծոյ մերոյ, նորին շնորհօք եւ ողորմութեամբ Կաթողիկոս համօրէն ամենայն գաւառաց, եպիսկոպոս եպիսկոպոսաց երկուց Հայաստան աշխարհաց, ամենեցուն գրէ զօրհնութիւն Տեառն։ Օրհնեսցէ Տէր եւ պահեսցէ ըզսուրբ եւ զօրինաւոր աթոռ հզօր եւ փառաւոր Հովուի, եւ սրբոյ Հօր Քահանայապետի Եւգինեայ եւ սրբոց առընթերակայից եւ պաշտօնէից եւ ազնուականաց նորա։ Արդ՝ խնդրեմ ի Տեառնէ եւ ի Ս. Գրիգորէ Լուսաւորչէ, զի պահեսցէ զՔեզ ի խաղաղութեան , որ կեասդ եւ կեցցես Երանելի Հայր, ցալեւոյթ ծերութեան, յաթոռ սրբոց առաքելոց Պետրոսի եւ Պօղոսի, քանզի առ յիշատակի նոցին աթոռակալ նոցա եդեալ ես։
       Ծանիցէ Սրբութիւն քո, եթէ ժամանեցին առ մեզ բարձրագոյն բանք թղթոյ Քոյ, նմանագոյնք երկնից պայծառութեան, լուսաւորք իբրեւ զարեգակն եւ զաստեղս, ոսկի անգին բխեալ ի հոգւոյ եւ ի մտաց անարատից։ Հայր սուրբ, այժմ զքեզ տեսանեմ գերագոյն հովիւ ճշմարտութեան եւ առաջնորդ կաթողիկեայ հաւատացելոց ըստ օրինակի հարցն առաջնոց։ Իսկ ես խոստովանիմ յԵրրորդութիւն, ի մի Աստուած, ի Հայր, եւ յՈրդի եւ ի Սուրբ Հոգին ճշմարտութեան։ Որդեակք իմ հոգեւորք Սարգիս եւ Թովմաս վարդապետք եկին առ Քեզ՝ զանձն իմ Քեզ ընծայեցուցեալ։ Զոր ինչ ընդ Քեզ արարին եւ խօսեցան, զամենայն եւ զբնաւ, որ ի Քոյ բարձրութենէդ սահմանեցան մտադիւր ընդունիմ։ Կամէի զբազումս ի վարդապետաց եւ յեպիսկոպոսաց առ Քեզ առաքել, այլ յերկիւղէ անհաւատից՝ զայդ ոչ կարացի կատարել բայց յերկուց վարդապետաց յիշատակելոց, զոր ինչ նոքօք սահմանեցերդ գրկատարած ընդունիմ։
       Ծանիցէ դարձեալ Սրբութիւն Քո, եթէ եկն ժամանեաց առ մեզ ի Գահիրէ, մինչ առ Սուլտանն եկեալ էի, հրեշտակ քո Եղբայր Ալբերտոս սուրբ եւ իմաստուն քարոզիչ Տեառն։
       Նա ետ ինձ զթուղթ Քո, զոր առաքեցեր յԵրուսաղէմ առ Տէր Մարտիրոս եպիսկոպոս։ Հրաման տուաք ընթեռնուլ զայն , եւ ծանեաք, զոր ինչ ի նմա գրեցեր զաւարտելոյ սրբոյ Սիւնհոդոսիդ, որ է զօդ սիրոյ եւ միութեան։ Այլ ես՝ որ ի վերայ ամենայն եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց եւս եւ յԵրուսաղէմացւոց աշխարհի անարժան կաթողիկոս կարգեալ եմ, յորժամ լուայ զայդ ամենայն ցնծացայ յոյժ եւ գոհութիւնս եւ շնորհս մատուցի Տեառն մերոյ, որ Քեւ գործեաց զսոսին ի պարծանս անուան Քոյ, որ ոչ ջնջեսցի երբէք։
       Գրեցաւ ի մեծ հազարեկի Հայոց, յամի յութ հարիւրորդի իննսներորդի իններորդի (1450) ի չորրորդ աւուր ամսեան Սեպտեմբերի։