Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Շատ ցաւալի է որ պատմութեան տեղ պարապութիւն մը կայ մեր առջեւ։ Թերեւս այս պարապութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն է երկրին քաղաքական վիճակը։ Կիլիկիա կը հեծեծէր ձորապետներու բռնակալութեան ներքեւ. կաթողիկոսներուն կեանքը տառապանք էր պարզապէս. ոորվհետեւ իրենց կեանքը կախուած էր այդ ձորապետներու քմահաճոյքէն։ Հարստահարութեան ծանր ճնշումը թեթեւցնելու համար՝ կաթողիկոսներ պարտաւոր էին կշտացնել հարստահարիչները մեծ մեծ զոհողութիւններով։ Սուլթան Սիւլէյման Գանունի, որ այս միջոցին նուաճեց Կիլիկիոյ շրջանակն ալ եւ վերածեց զայն Օսմանեան կայսրութեան մէկ նահանգին (Ազգպտմ. էջ 2259), բարեփոխեց Կիլիկիոյ քաղաքական վիճակը, բայց չմեղմացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն տառապանքը, որոնք միշտ ենթարկուած մնացին ձորապետներու հարստահարութեանց մինչեւ Աջպահեաններու շրջանը, եւ միայն ԺԹրդ դարուն սկիզբն է որ ջախջախուեցաւ ձորապետութիւնը Սիսի լեռերուն մէջ, Խօզանօղլուներու բնաջնջումով։
       Պատմական տեղեկութիւններու համար առ այժմ ստիպուած ենք գոհանալ ինչ ինչ յիշատակարաններով։ Ասոնց առաջինն է Սսոյ Մաշտոցը , որու դատարկ մասերուն վրայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ոմանք սովորութիւն ըրած են իրենց ձեռքով արձանագրել իրենց գահակալութեան թուականները կամ ուրիշներ արձանագրած են զանոնք օրը օրին։ Իսկ միւսներն են ձեռագրական յիշատակարաններ, որոնց մէջ կը յիշուին ժամանակակից կաթողիկոսներու անունները։
       Այդպիսի յիշատակարանները յառաջ կը բերենք նոյնութեամբ, իրենց սղուած եւ աղճատ ձեւին մէջ, առանց հպելու նոյն իսկ քերականական աղաղակող սխալներու։ Ատոնք շատ պերճախօս են իրենց հայերէնով եւ ցոյց կուտան իրենց հեղինակներուն կարողութեան չափը։
       Սիմէոն Ա. ի գահակալութեան արձանագրութիւնը.
       - «Նուաստ Սիմեւոն Կթղս . Զէթունցի , նստայ յաթոռ հայրապետութեան ի Սիս քաղաք։ Թվին Հայոց ՋՁԸ . Ապրիլ Է . աւրն ԲՇ. թի»։
      
       Իսկ Ձեռագրական յիշատակարաններուն առաջինն է.
       -«Ած . աւրհնէ զՎարզունց Արըստագէսն որ եդիր հող իւր եղբաւր հոգոյն Հրեշտակապետացն։ Հողն ի Ցամկակք հողին կէսն , առաջի այս վկայիցս Տէր Սիմիոն կթղսին , Վարդան երէց , Ալէքսան իրէց։ - Ես Յովհաննէս յիրէցս որ զթուղ(թ)ս գրեցի։ ՋՁԸ։
       Ես Տր . Սիմիոն կթղ . որ տուի եզ մն խուրպան (սբ . ?) Հրեշտակապետացն։ ամէն» ։
      
       Երկրորդն է Ձեռագիր Աւետարան մը, սեփական Չմշկածագի Յաղթուկ գիւղի եկեղեցւոյն, գրուած ՋՂ = 1541ին, Խարտիշարի Ս. Կարապետ վանքին մէջ, Յովսէփ եպս. ի մը ձեռքով, «ի հայրապետութեան Վաղարշապատայ Սուրբ Էջմիածնայ տեառն Գրիգորիսի , եւ միւս հայրապետութեան Սիսոյ Տէր Սիմէոնի» (Թորոս Աղբար, Բ. էջ 364)։
       Երրորդն է Զեթունի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (շինուած 1847ին ) որմին վրայ ագուցուած արձանագրութիւն մը.
       -«Շինեցաւ տաճարս ի թվին Հյց . ՋՂ (= 1545) ի հրպեթեան (հայրապետութեան ) Տն . Սիմէոն կթին . (= կաթողիկոսին ), Ի բռնակալութե . Տաճկաց Սիւլիման Խոնդքարին . զոր ի շարժէ կործանեալ էր , նոր նորոգեց ձեռամբ մղտեսի Գաբրիէլն» (Սիսուան, էջ 537)։