Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թորոս Ա. կոչուած է նաեւ Թէոդորոս եւ նոյն իսկ Թոռսան, փաղաքշական անուն մը, հաւանաբար իր քահանայութենէն մնացած։ Թորոս Ա. բնիկ Սսեցի է, Մայսենց տոհմէն, նախապէս կանամբի քահանայ, յետոյ շուշտակ, մտած է վանք եւ հետզհետէ յառաջանալով՝ բարձրացած է մինչեւ կաթողիկոսութիւն։
       Թորոս Ա ., հետեւելով իր նախորդներու օրինակին, իր իսկ ձեռքով արձանագրած է իր գահակալութեան թուականը Սսոյ Մաշտոցին մէջ այսպէս.
       -«Ի նւաստ ի Թորոս կթղղկս. (այսչափը կարմրով ) Սըսցի նըստաւ յաթոռ հրպտե . (= հայրապետութեան ) ի թըւկս (= թուականիս ) Հայոց ՋՂԷ (=1548) Փետրվարի ԺԲ . աւրն Գ . ՇԲթի» (էջ 136)։
      
       Թորոս Ա ., ինչպէս կ՚երեւի, իր տոհմին ազդեցութեան շնորհիւ յառաջացած է արագօրէն եւ բարձրացած՝ կաթողիկոսական աթոռ, առանց ունենալու այդ բարձրացումին համապատասխանող մտաւորական արժէքը եւ իր աստիճանին պահանջած պատկառանքը, ինչ որ կը ցայտէ մանրադէպի մը նկարագրութենէն։
       Թորոս Ա ., ամուսնացած զաւակ մը ունի Մանէս անունով, որ իր առաջին կինը կորսցնելէ ետքը, երկրորդ անգամ կը պսակուի կոյսի մը հետ, փոխանակ այրիի, իր կաթողիկոս հօր արտօնութեամբ, հակառակ տիրող սովորութեան, որուն խիստ պահպանութեան համար կ՚երեւի թէ շատ նախանձախնդիր եղած են ժամանակին. այնպէս որ Զեթունի առաջնորդ Արիստակէս վարդապէտ (= եպիսկոպոս ) կը համարձակի այդ պատճառով կշտամբել Թորոս կաթողիկոսը։ Զեթունի առաջնորդին այս համարձակութիւնը ցոյց կուտայ թէ Թորոս Ա. իր դիրքին եւ աստիճանին մարդը չէր, եւ ատոր համար կ՚ենթարկուի եպիսկոպոսի մը կշտամբանքին, ինչ որ տեղի կուտայ նոյն իսկ նուաստացուցիչ զրոյցի մը, իբրեւ թէ Թորոսին վեղարն ալ առնուած ըլլայ։ Ամէն պարագայի մէջ, Թորոս կթղ ., վիրաւորուած այս կշտամբանքէն, կը թողու կաթողիկոսական աթոռը եւ կը քաշուի Լեւոնբերդ ( թիւրքերէն Լմբերթ), զոր շինել տուած էր Մեծն Լեւոն։ Բերդը ունէր երկու եկեղեցի, Ս. Վասիլ, (այս միջոցին աւերակ ) եւ Ս. Յովհաննէս։ Այս բերդը մասամբ կանգուն էր դեռ ԺԶրդ դարուն, եւ կ՚երեւի սեփականութիւնը եղած էր Մայսենց տոհմին, իբրեւ հովոց։ Թորոս Ա. Լեւոնբերդի մէջ անցուց իր կեանքին մնացածը, հո՛ն վախճանեցաւ եւ թաղուեցաւ հո՛ն, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյն հարաւային որմին տակը, եւ այս եկեղեցւոյն նորոգութեան ատեն (1553) ներս առնուեցաւ իր գերեզմանը (Սիսուան, էջ 534 եւ 536)։
       Թորոս Ա. ի Լեւոնբերդ քաշուելուն, ինչպէս նաեւ մահուան թուականը յայտնի չէ. բայց յայտնի է որ շատ կարճ եղած է իր կաթողիկոսութիւնը։ Յաջորդ հատուածին մէջ պիտի աշխատինք ճշդել իր մահուան թուականը։