Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Եփրեմ Բ. թոռն է Աջապահեան Տէր Մարկոսի, ասոր որդին է Գրիգոր, ասոր որդին՝ Տէր Մանուէլ, հայրը Եփրեմ Բ. ի։
       Ըստ Պէրպէրեանի Եփրեմ Բ. եղբօրորդին է Կիրակոս Ա. ի եւ Կաթողիկոս եղած ութեւտասանամեայ, ըստ այլոց՝ քսանամեայ։ Ամէն պարագային մէջ շատ երիտասարդ կաթողիկոս մը, որ իբրեւ թէ հրաժարած ըլլայ իր աթոռէն։ Ասիկա ճիշդ չի թուիր մեզի. որովհետեւ Մաղաքիա Դպիր շատ վաւերական տեղեկութիւն մը կուտայ Եփրեմ Բ. ի վախճանման մասին, ըսելով թէ քօլէռա հիւանդութենէն մեռաւ ՌՄՁԲ=1833 (. ՞) «յաւուր Գիւտի Նշխարաց Սրբոյն Գրիգորի » այսինքն Յունիս 17ին (Ազգպտմ. էջ 3614)։
       Առաքել կ'ըսէ թէ «զսմանէ չունիմ ինչ յիշատակելի », վկայելով միանգամայն թէ էր «այր պարկեշտ եւ քաղցրաբարոյ»։
       Ատանա կը հրաւիրուի եւ հոն կը վախճանի կարճատեւ հիւանդութենէ մը (=ըստ Մաղաքիա Դպրի՝ Քօլէռայէ ) եւ կը թաղուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։
       Իբր ինը տարի կը պաշտօնավարէ Եփրեմ Բ ., բայց ինչպէս կ'երեւի, թափառիկ վիճակի մը մէջ. որովհետեւ Սիս կը հեծէր ձորապետներու ներքին կռիւներուն երեսէն։
       Էջմիածնի նուիրակ Մկրտիչ Աբեղայ (=Եպիսկոպոս ) Անթէպէն նամակ մը գրած է Երուսաղէմի Գաբրիէլ Պատրիարքին, 1822 Դեկտեմբեր 25 թուակիր, որուն վերջը կ'ըսէ.
       -«զԿիրակոս Կաթուղիկոսն իւրեանց բռնաւորն մահացոյց մահադեղովք, եւ զԵփրեմն, Եպիսկոպոս Բերիոյ, ընտրեցին ի կաթողիկոսութիւն։ Վասն որոյ, եւ Բերիացի Յովհաննէս Եպիսկոպոսն էջ ի Պօլիս մահսէրաւ Թեմիս. եւ տեսցուք աստ զՊօղոս Սրբազան Պատրիարգն, եւ ի հարկէ լինի այցելու ինքեանց ամենայն կերպիւ»։
       Ուշադրութեան արժանի երկու կէտ կայ այս յիշատակագրութեան մէջ։
       Առաջինը՝ Եփրեմ Բ. ին Հալէպի առաջնորդ լինելն է կաթողիկոսութենէ յառաջ։ Եւ կը մտածենք որ եթէ ըստուգիւ 18 կամ 20 տարեկան կաթողիկոս եղաւ Եփրեմ, քանի՞ տարեկան էր արդեօք Հալէպի Առաջնորդութեան ատեն ։
       Երկրորդը՝ Բերիացի Յովհաննէս Եպիսկոպոսի անունն է։ Սա ի՞նչ հանգամանքով եւ պաշտօնով կը գտնուի Հալէպ։ «Բերիացի Յովհաննէս» Բնիկ Բերիացի՞ իմաստով է եթէ ոչ «Բերիոյ Առաջնորդ » առումով։
       Արդեօք ա՞յս է «Յովհաննէս Է. »ը, որուն կը հանդիպինք Ալիշանի ցուցակին մէջ, «Եփրեմ, ութեւտասնամեայ, հրաժարեալ ի 1833» արձանագրելէն յետոյ (Սիսուան, էջ 219ա)։
       Անծանօթ է մեզի Ալիշանի աղբիւրը. իսկ մենք ուրիշ կողմէ չենք հանդիպած «Յովհաննէս Է . » կաթողիկոսի մը՝ մեր պրպտումներու մէջ։
       Բայց այս Բերիացի Յովհաննէս, որ Եփրեմ Բ. ի կաթողիկոսական Պերաթը բերելու համար Կ. Պոլիս կ'երթայ, հաւանական է որ փորձած ըլլայ Եփրեմ Բ. ի վախճանումէն յետոյ օգտուիլ առիթէն՝ գրաւելու համար Աթոռը։
       Պարզ ենթադրութիւն մըն է որ կ'ընենք Ալիշանի «Յովհաննէս Է. »ին այլուստ անծանօթ կաթողիկոսութեան հանդէպ։
       Իրմէ ունինք Կոնդակ մը, ի նպաստ Երուսաղէմի, որուն մէջ ակնարկութիւններ ունի իր ժամանակին խռովութիւններուն վրայ։ Կոնդակը գրուած է Սիս, 1825, Փետրվար 20ին։
       Ունինք նաեւ նամակ մը, 1830 Մայիս 5 թուակիր, գրուած Ատանա։
       Երուսաղէմի Ս. Աթոռին հանդէպ այնպիսի խանդաղատանք կ'արտայայտէ եւ այնպիսի ջերմութեամբ կը յորդորէ իր Առաջնորդներն ու ժողովուրդը որ պարզապէս հիանալի է։
       Իսկ նամակը ուղղուած է Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ Յովհաննէս շնորհափայլ Վարդապետին (Երուսաղէմի շինարար Պատրիարքը, Զմիւռնացի Մովսէսեան Յովհաննէս Սրբազան ) ի նպաստ Երուսաղէմի կատարուած հանգանակութեան մասին։
       Երուսաղէմի միաբաններէն Եփրեմ անուն Աբեղայ մը, որ հանգանակութեան համար Կիլիկիոյ Թեմերը եկած էր, տեղեկութիւններ կուտայ Երուսաղէմի խորհրդական սրբազաններուն, իր կատարած գործին վրայ, եւ յարգալից ակնարկութիւններ կ'ընէ Եփրեմ Բ. Կաթողիկոսի կողմէն իրեն ընծայուած դիւրութեան եւ աջակցութեան։
       Եփրեմ Աբեղայ իր նամակներէն մին գրած է Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն , 1830 Դկտմ. 1ին։
       -«Սրբազան Եփրեմ Կաթողիկոս խնամածու Հայրն թերեւս (=դեռ եւս ) աստ է, ի Ատանայ. զի Սսայ այլազգիքն գազանաբար յետ (=հետ ) միմեանց կը պատերազմին. մեծ խռօվութիւն է ի մէջ նոցա, զոր Տէր Յիսուս ձերին մաքուր աղօթից օժանդակութեամբ աշխարհիս խաղաղութիւն տացէ . ամէն»։
       Միւս երկու նամակներ աւելի կանուխ գրուած են. մէկը դարձեալ Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, 1830 Դկտմ. 24ին, իսկ միւսը՝ 1831 Հկտմ. 22ին, Հալէպի Դարպասէն։
       Եփրեմ Աբեղայի նամակները թէեւ շատ կարեւոր ատաղձներ չեն հայթայթեր մեր պատմութեան համար, բայց կուտան հետաքրքրական տեղեկութիւններ ժամանակին ընկերային եւ քաղաքային բարքերու մասին։
       Եփրեմ Կաթողիկոսի Կոնդակէն եւ նամակէն յետոյ, Եփրեմ Աբեղային նամակներէն մէկը պիտի դնենք նոյնութեամբ, իսկ միւսներէն քանի մը տող միայն։
       Բաւական կոկիկ հայերէնով մը գրուած են Եփրեմ Բ. ի Կոնդակն ու նամակը, որոնք եթէ ուղղակի իրեն գրչէն ելած են, ցոյց կուտան թէ երիտասարդ կաթողիկոսը պատրաստուած անձ մըն է եղած, յարմար իր պաշտօնին մեծութեան։
       Եփրեմ Բ. էն Սիսի գանձատան մէջ մնացած է արծաթ ոսկեզօծ գաւազան մը եպիսկոպոսական, բունը ակօսաւոր օձապտոյտ, գլուխը հովուական գաւազանի նման կիսաբոլոր, բայց մէջտեղի պարապը լեցունկ եւ ականակուռ. քարերէն շատերը ինկած. վեց կտոր է, երեք մեծ եւ մէկ փոքր գնդակներով բաժնուած եւ պտուտակուած իրարու։
       Շինուած է 1815ին։ Դժբախտաբար ոչ շինող վարպետին ոչ ալ տեղւոյն անունը կը յիշուի վերին կարճ կտորի վրայ քանդակուած յիշատակագրութեան մէջ, որ է.
       -«Ես, Աջապահեա(ն ) Եփրեմ Վարդապետ(ին ), հալալ արդեամբ իմով շինեցուցի այս գաւազանս, ի վայելումն անձին իմոյ . ՌՄԿԴ» (=1815)։
       Կիլիկիոյ Աթոռին հարուստ Գանձարանէն ճողոպրած խլեակ մը, որուն ծայրի մասը կորսուած էր, նոր կտոր մը յարմարցնել տուինք։
       Դժբախտաբար դիւրաբեկ հանգամանք մը առած է այս արծաթեայ գաւազանը, որ արկածով մը կոտրեցաւ 1934 Մարտ 18, Կիրակի, Լուսաւորչի Տօնին եւ Ուխտի Օրուան առթիւ, առաջին անգամ պատարագիչ եւ քարոզիչ Գեր. Պետրոս Արքեպս. Սարաճեանի կողմէն գործածուելէն յետոյ, եւ վերահաստատուեցաւ նորէն մէջը փայտ անցընելով։
       Բեկումը հանդիպեցաւ վերջընթեր մասին վրայ, գրեթէ մէջտեղէն։
       Շինել տուող վարդապետի դիւրաբեկ կեանքին յուշարար մը։
       Եփրեմ Բ. էն ունէինք նաեւ ծանր շուրջառ մը , զոր շինել տուած է Պօզուխի Հայոց Սիսի Աթոռին համար։ Այս շուրջառը դեղին յատակ ունի մետաքս եւ ոսկեթել, վրան ծաղկաձեւ թաւշեայ բանուածք։ Թաւիշին գոյնը մօռի (պատլիճանի գոյն ) կը զարնէ, այժմ գունաթափ։
       Շուրջառը մաշած է, եւ ինչպէս կ'ըսուի, տեղ տեղ գացած, ծալքի գիծերուն վրայ եւ ուրիշ տեղեր։
       Այս շուրջառը անգործածելի եղած էր այլեւս, քակել տուինք, կտորները ուրիշ կերպով օգտագործելու նպատակով։
       Շուրջառիս թիկունքը, խաչաձեւ (մեծ. 23. 5x21ս. մ . ) կերպասի մը վրայ ոսկեթելով բանուած Յիշատակարանը կը դնենք այս տեղ նոյնութեամբ.
       -Յիշատակ է /Շուրջարս / այս Պօզուխու ե/ղեալ համայն Քրիս/տոնէից Ձեռամբ Աջ/ապահեան Եփրեմ/Վարդապետին /թուին ՌՄ / ԿԲ Ամին/։
       ՌՄԿԲ =1813, ըսել է որ եփրեմ իր կաթողիկոսանալէն տասը տարի յառաջ շինել տուած է այս շուրջառը, հաւանաբար իբրեւ նուիրակ կամ առաջնորդ Եօզկատ գտնուած միջոցին։
      
      
       ՊԱՏՃԵՆ
       Է.
       ՅԻ. ՔԻ. Ծառայ Տէր Եփրեմ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, որ եւ Պատրիարգ Մեծին Կիլիկիոյ, եւ սպասաւոր Սբ. Լուսաւորչի Աջոյն եւ Վեհափառ Աթոռոյն։ Յորմէ Աստուածաձիր ողջունիւ եւ օրհնութեամբ եւ բարեյորդոր բանիւ՝ ծանիք բարեսէր սիրելիքդ մեր, ի բոլոր օրհնեալ վիճակս մեր եղեալ՝ դէտ եւ գլուխ կարգեալ Արհիապանծ եպիսկոպոսունք, Աստուածարեալ վարդապետք, խոհեմամիտ աւագերիցունք եւ քահանայք, մտերիմ երեցփոխանք եւ գանձապետք, եւ Տէրամբ զօրացեալ իշխան աղալք եւ պատուաւոր անձինք։ Զի ըստ բերմանց դառնացեալ խիստ ժամանակիս՝ վասն ծովացեալ մեղաց մերոց, ամենայն նեղութիւնք եւ անձկութիւնք ի քառից ծագաց աշխարհի, յաջմէ եւ յահեկէ, ի դիմաց եւ ի թիկանց եկեալ հասեալ պատեալ պաշարեցին զմեզ զամենեսեանս՝ ի մեծամեծաց մինչեւ ցփոքունս։ Զի՞նչ հարկ առնուլ ի թիւս՝ զնեղութիւնս եւ զանձկութիւնս զյայտնի երեւեալս։ Վասն զի որ ինչ առաջի աչաց մերոց՝ որ կայ, զայնս եւ մեք յայտնի տեսանեմք, եւ զորս մինչ լսեմք՝ իբր աչօք տեսեալ հաւատամք։ Տեսէք եւ լուարուք Սիրելիք՝ արեգակնանման պայծառութեամբ փայլեալն յըն(դ)հանուր տիեզերս, բարձրացեալ գահն Սրբոց Յակոբեանց՝ Սրբազան Առաքելոցն, որ ի Սուրբ Երուսաղէմ, երջանիկ քաղաքի Աստուծոյն մերոյ Յիսուսի, ո՞րպիսի (յ)անտանելի նեղութեան կայ, սակս բարդեալ եւ դիզեալ եւ ծանրացեալ մեծագոյն պարտուց, թէ պատճառաւ շինութեանց ի սբ. Յարութեան մեր բաժնից, թէ անյաջողութեան ժամանակին, թէ անողորմ հարկապահանջութեանց բռնաւորացն, եւ թէ սակաւութիւն տէրունական ուխտաւորաց եւ ի կարեաց կարեւորաց։ Եթէ լուեալ եւ իմացեալ իցէք բարեպէս. որովհետեւ՝ եղեւ լսելի ի բոլոր տեղիս, առ կրեալ նեղութիւնն եւ անձկութիւնն։ Արդ՝ եւ լուրս այս խղճալի եւ մեծի ողորմութեան արժանի, այրեաց եւ տոչորեաց զսիրտս եւ զերիկամունս՝ բարեմիտ յարգոյից ազգիս ի Մեծն Պօլիս, եւ շարժեաց զնոսա օգնել եւ գտանել զհնարն ազատութեան եւ հանգստութեան Սուրբ Տեղւոյն՝ թեթեւացուցմանն ծանր եւ ծանրակշիռ բեռին ի թիկանց հոգածու Տեղակալացն։ Վասնորոյ՝ զնախորդ Սրբազան Պօղոս Պատրիարգն առաքեցին ի սուրբ Երուսաղէմ ի վերահասութիւն, եւ զՍրբազան Գաբրիէլ Պատրիարգն Սուրբ Գահին Երուսաղէմի հրաւիրեցին ի Պօլիս՝ առնել օգնութիւն եւ դարձուցանել ի յԱթոռն յիւր։ Ուստի՝ եւ զայս բան վայելուչ տեսէալ են ի մէջ յինքեանց, բոլոր նուիրակունք Սուրբ Աթոռոյն՝ ի յելս իւրեանց ի նուիրակութիւն օրհնեալ ազգս Հայոց. ի սոյն նեղութեան եւ անձկութեան ժամանակիս՝ ըստ առաջնոյ սովորութեան, մի՛ տանիցեն տայցեն զընծայս առ վայելուչ անձինս՝ զդոյզն ինչ ինչս ի նշան օրհնութեան, այլ միայն զանչափ օրհնութւինս մատուսցեն, փոխան դոյզն ինչ ընծայից։ Յիրաւի եւ զայս՝ այսպէս առնել վայելուչ է, զի ընծայառուաց բան մի չէ որ ընծայի, եւ ընծայատուաց մեծ ծանրութիւն է՝ ոչ այնքան յընծայէ , այլ ի յաւելորդ վարձատուութեան։ Ուրեմն՝ խնդրեմ եւ ես ի ձեր խոհական սիրելութենէ, կշռել զբանս զայս ի բարի կողմն եւ զօրհնութիւնն առաւել համարիլ քան զընծայն եւ ոչ մեղադրել ըստ ժամանակին։ Ի գալ հասանիլն Ծայրագոյն Նուիրակի Սուրբ Երուսաղէմի՝ Տեառն Եփրեմայ Աստուածարեալ շնորհաճոխ Վարդապետի Սիելւոյն մերոյ, եւ զնուիրակութեանն եւ զիմտատիյէն ի միասին լիութեամբ առատութեամբ շնորհել առաւել քան զառաջին անցեալս, եւ լինել թեւ եւ թիկունք Սիրելւոյն մերոյ բարեջան նուիրակին, եւ ըստ արժանւոյն պատուել եւ մեծարել եւ սիրով հնազանդիլ։ Քանզի որքան բարիս եւ բարերարութիւնս առնիցեմք թէ յինքեան եւ թէ յիւր գործոյն, արժան է. տեսանելով տեսից զջանս եւ զքաջութիւնս ձեր։ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս զՍիրելիսդ մեր՝ փրկեալ ազատեսցէ ի հոգեւոր եւ ի մարմնաւոր պարտուց եւ ի նեղութեանց եւ յանձկութեանց։ Եւ լերուք ողջ եւ օրհնեալ Տէրամբ։
       Գրեցաւ յորդորական կոնդակս ի ՌՄՀԴ եւ ի Փետր. Ի. ի Քրիստոսաբնակ Սուրբ Գահն Կիլիկիոյ։
       (Կնիք)
      
       ՊԱՏՃԵՆ
       Ի վարս սրբութեան սնեալ՝ եւ շնորհիւ Սբ. Հոգւոյն Այ. բարձրացեալ ի պատիւ շնորհազարդեա Վարդապետութեան, Տեառն Յովհաննու Սրբասնեալ Վարդապետի նուիրեալ ձօնի աստուածաձիրն ողջոյն ածային սիրով։
       Զի զտուրս բարիս եւ զպարգեւս կատարեալս ի Տեառնէ Աստուծոյ գիտելով իջեալ ի վերուստ, պարտաւորիմք ի վայելուչ շնորհակալութիւնս ի տուողէն երկնաձիր պարգեւաց եւ արժանացելոյն ի պարգեւս պանծալի շնորհաց։ Ուրեմն ապա՝ շնորհաւորեմք զշնորհալի փոխանորդութիւնդ, շնորհիւն Աստուծոյ Աստուածընկալ Սրբոյ Մայր Աթոռոյն՝ Սբ. Երուսաղէմի. եւ հայցեմք զբարի այցելութիւնս ի բանս եւ ի գործս քոյ հանապազ։ Արդ՝ ստիպիմք ըստ Մարգարէին, Յայտնութիւն բանից լուսաւոր առնէ զմիտս. վասնորոյ՝ ընդ այս հաստատեսցի ընտրելախոհ միտք ձեր սիրելութեան վասն թաքսիտի իմտատիէ ի ողորմութեան, որ ծանուցաւ եւ ի գերապատիւ հոգեկից սիրելի եղբօր մերոյ՝ Սրբազան Կարապետ Պատրիարգի արդեա(ն)ցն վաստակ՝ ժողովեալ դրամ ի վիճակէս ի Միքայէլ Արքեպիսկոպոսէ մերմէ, ի ձեռն Եփրեմ Վարդապետի՝ թուովս յայսքանիւ 21617 դրամոյ, հասանիլն ի Սուրբ Աթոռն ի խոհական խորհրդականս։ Եւ ի պատրաստի եղեալ դրամն՝ ջանիւ Կարապետ Վարդապետին, ի յինքն յանձնեալ կողմանց վիճակիս՝ մինչ ց 10000 մառջիլն, եւ զպատրաստելին ի մնացեալ տեղեաց՝ պահանջելն ձեր սիրելութեան, ի հոգելից Կարապետ Արքեպիսկոպոսէ Վանահօրէ Սրբոյն Դանիէլի Վանիցն Կեսարիոյ, եւ ի Եօզղաթցի մհի. Եղիայ իշխանապետի. զի գրեմք ի նոսա վայելուչ պարագայիւքն՝ առանց վնասու հասուցանելն ի ձեզ. եւ դուք այդպէս վերահասու լինելով՝ փոյթ կալջիք բերելոյ ի ձեռս զարդիւնդ զայդ ի պետս, զոր պատշաճաւոր հարկդ պահանջէ։ Յուսամք Աստուծով՝ թէ ձեր սիրելութիւն ճանաչէ զմերս ջանասիրութիւն քան զչափն ի վեր զազատութիւնն Սրբոյ Աթոռոյն ի մեծագոյն պարտուցն եւ զհանգստութիւն ձեր. եւ առ ի հաստատելոյ զայս՝ շահաւոր դիտողութեամբ, վասն նոր թաքսիտի իմտատիէի՝ ծանուցի գրութեամբ ի խորհրդականս առաքել ի դիմաց իւրեանց զգործունեայ վարդապետս. քանզի թեթեւամիտք են հասարակութիւնք, ոչ խորհելով զբարեմտութիւնս. զձանձրոյթս համարեսցեն յինքեանց, զլինիլն հետզհետէ ի միոյ ձեւակերպութեամբ։ Իսկ վասն պարտուցն մհի. Նիկօլեան մհի. Կիրակոս Աղայի, զայսքանս յայտ առնեմ. զձեռագիրս խնդրէ ի նոցանէ ի վճարելոյ զպարտսն. առ որ վերահաս է Եփրեմ Վարդապետն՝ որ տեսեալ զսա բաժանեցաւ ի նորս. ուստի կարելի է թէ՝ եւ տէրունական ուխտաւորօք առցի խնդրեալն։ Եւ ի վերայ այսու ամենայնի, ի վերայ աստուածապարգեւ շնորհացդ հաստատուն կացեալ եւ զօրացեալ ողջ լեր, ի ցնծութիւն սրտի։
       Եփրեմ Կթղկսիս Մեծին Կիլիկիոյ
       յԱտանա ի 5 Մայիսի. 1830.
      
       Հասցէ.
       ԱՎ.
       Ի մեծն Պօլիս՝ յորում ի պատրիարքարանն ամենայն հայոց, ի սուրբ Աջն Սրբոյն Սաղեմի փոխանորդ Տեառն Յօհաննու շնորհափայլ Վարդապետին հասցէ բարութեամբ։
      
       *
       Եփրեմ Աբեղայի նամակը, 1830 Դկտմ . 24 թուակիր։
      
       Է.
       Բարեչան եւ բարեանման Ազգաընտիր խորհրդական Սրբազան Հարցդ ծառայական համբոյր մատուցանեմ եւ սուրբ օրհնութիւնս ձեր հայցեմ հանապազ։- ՌՄՀԹ։ թիւն եւ Դեկտեմբերի ԻԴ սին գրեցաւ Ատանայ Սբ. Ածածնայ Եկ. ։
       Բազմաչան եւ բարերար տեառցդ մերոց գիտութեամբ լիցի. անցելումն յատկապէս ծանուցի մեր որպիսութեանդ. գուցէ թէ մինչեւ ցայժմ հասեալ է առ մեծի յարգութիւն ձեր, որպէս պարտն էր գրել. -
       Այժմ Սրբազան խնամածու հայրն այսպէս հրաման արար. եթէ Տէր կամեսցի, Սբ. Ծննդեան պահոց յերեքշաբթի օրն ի թէպ Պօզօխ կամ ի Տիւրիկք գնալոց եմ, առ Սրբազան Առաջնորդսն. եւ անտի տեսցուք, եւ ծանուսցուք առ յարգի Տէրութեան ձերում որպէս վայելուչն ի ժամանակին։- զոր Տէր Յիսուս ձերին մաքուր եւ արժանաւոր աղօթից օժանդակութեամբն՝ զբարին առաջնորդեսցէ, եւ մանաւանդ աշխարհիս խաղաղութիւն պարգեւեսցէ։ Ամէն։
       Բարեջան հարք իմ, ծանիք եւ զայս. զի ի Ատանայէն մինչեւ Անտիոք Ղաֆարի անուն չի քայ. միայն թէ փաճ կառնեն ըստ սովորութեանցն 60 փարա եւ կամ 3 ղռշ. ։
       Բայց ի Տարսօն ոչ է այնպէս. օրըստօրէ յավելուն եւ այժմ այսպէս կը առնեն, որպէս էհթիսապի անուամբն Է. ղռշ. կամ ԺԳ. ղռշ. կամ ԺԶ . ղռշ. նէֆէր գլուխ. եւ ստոյգ ունիք իմանալ ընդ այս գրաբերէս եւ կամ այլ տէրունական ուխտաւորացն, եւայլն , եւայլն։
       Պերաթն մեր տարաք ի դատարանն Տարսօնի, եւ դատաւորն ընթերձաւ ընդունեց ասելով թէ մէկ փող մի տայք. Ղաֆար ոչ գոյ. բայց միսէլիմն եւ էհտիսապն ոչ ընդունեցին. թէպէտ լեզուօք կը ընդունեն, բայց սրտիւք ոչ. եւ անտի եկեալ ծանուցաք Սրբազանին (=Եփրեմ Բ. ի ) եւ Ղիկօլեան մհի. Կիրակոս յարգի Աղային. բազում աղաչանս արարաք. սակայն ոչ ընդունեց. սրբազանն յատկապէս ձայնեաց եւ յորդորեաց զնա, եւ նա ոչ լուաւ բանիցն մեր. տեսցուք թէ քանիկական ղռշ. առնեն նէ ունիք լսել ի ուխտաւորացն. ի Կիւլէնքկք վեցական ղռշ. կը առնեն 3 ղռշն. աւելի է . Դուք գիտէք։-
       Աստուած կեանք տացէ Սրբազան Կթղս. խնամածու Հայրին. այսպէս խօստացաւ մեզ թէ դու գնայ ի վիճակս մեր՝ եւ այլ Առաջնորդսն. ջանացիր աւարտել զգործդ ժամը յառաջ, եւ ես ջանամ զայն ԳՃ. օղայ մօմն եւ այս կողմանց եղեալ իմտատիական արդիւնքն որքան լինի նէ ընդ Ատանայի ուխտաւորաց յետն Աստուծով հասուցանեմ եւ յղեմք ի սբ. յԵրուսաղէմ, եւայլն , եւայլն։
       Գիր եթէ կամիք առ մեզ յղել, Սրբազան Կթղկս. Հայրին յղէք եւ անտի գայ առ մեզ ժամանէ ուր եւ ուրեք լինիմք նէ։
       Ատանայի ուխտաւորքն Սբ. Ծնունդն կ'անեն Աստուծով ելանէ ԳՃ անձ։ Տէր Աստուած ամենայն ուխտաւորաց բարի ճանապարհ առաջնորդեսցէ։
       Եւ զայս այսպէս իմացեալ՝ լերուք ողջ ի Տէր եւ ի ցնծութիւն սրտի
       Եփրեմ Հաբեղայի
       Վիճակին Կիլիկիոյ
       Այս նամակը Երուսաղէմ հասած է 1831 Փետր. 12ին։
       Նամակին ճակատը, աջ անկեան վրայ։
       -«Հոգեչան եւ բազմերախտիկք Սրբազան Հօր մերոյ Սրբոյ Աջոյն համբոյր ծառայական մատուցանեմ եւ սուրբ օրհնութիւնս նորա խնդրեմ մեծաւ կարօտիւ հանապազ»։
       Եփրեմ Աբեղայ իր 1830 Դկտմ. նամակին մէջ կը կրկնէ.
       -|(Սրբազան Կթղկս. հայրն թերեւս (=դեռ եւս ) ի Ատանա է. զի Ղօզան Օղլիքն յետ միմեանց գազանաբար կը պատերազմին » եւայլն։
       Այս նամակէն կ'իմանանք թէ այդ թուականին Անթէպի Առաջնորդն է «Մատաթիայ Հայր Սուրբ ». իսկ Քիլիսի Առաջնորդն է Մարկոս Վարդապետ։
       Երկուքն ալ Երուսաղէմ դրամ կը ղրկեն։
       1831ին ալ Անտիոքի առաջնորդն է Մարտիրոս Արքեպս։
       Իսկ Անտիոքի գիւղերն են.
       Եօղուն Օլուխ, Գեփսայ, Հաճի Հապիպլի, Գէսապ , Պէլէնկ։
       Եփրեմ Աբեղայի 1831 Հկտմ. 22 Հալէպի Դարպասէն գրած նամակէն.
       -«Եթէ Տէր կամեսցի, այս միջոցիս հանդերձեալ եմք Աստուծով գնալ ի Ատանայ առ Սրբազան Կաթողիկոս Հայրն, զի տեսցուք անդ՝ թէ որքան փօլիս եհան ի Պօլիս, նա եւս մեք , եւայլն։
       -«Ծառայ եմ Հարց Սրբոց. այս միջոցս Սրբազան Կաթողիկոսի մայրն, այսպէս լուաք թէ հանդերձ ընտանեօք գալոց է ի Սբ. յԵրուսաղէմ ի Ատանայէն»։
      
       *
       Արբեալ զշնորհս ի վտակաց Սբ. Հոգւոյն. որով կարգեալ քարոզ բանին կենաց՝ Տռն Յօհաննու շնորհապերճ ծայրագոյն Վրդպ սիրազուն հարազատիդ, ընծայ եմ զյսաձիրն ողջոյն բարեմաղթուբ հանդերձ։
       Աշխատակրուիք անձնական յօժարուես. մերոյ՝ ի փառս Այ եւ ի սէր հայրազատացս, առ ի գոլոյ օրէն ստեղծողին ամենաբարւոյ, որքան դժուարինս թուեսցի. համարի ի յետին չնչին փոքրուեն, վս սբյ Եմի նպաստից՝ եւ ազգայօժար բարիկամեցողուեն։ Եւ սիրեցելոյդ զմէնջ շնորհապարտուի ծայրիւ լրուեն ի սիրալի գրոյդ իմացել. որ ի յօգոս ամսոյս յթերրորդումն աւուր ընկալեալ, եւս առաւել ստիպեաց ի ջանասիրուի. տեսանելոյ զկատարումն բանիս, վերակրկնեցմամբ զնոր գրուիս. ՝ հանգոյն եւ նման յառաջնոյ գրուեց, ի շնորհազարդ Կարապետ Արք եպսն Սբյն Դանիէլի Վանիցն Կեսարիոյ այցելոյ, եւ ի նպաստահաւաք Կարապետ Վրդպն, եւ ի չօրպաճի մհի Եղիայ աղայ յարգելին ի եօզղաթ։ Եւ վս առաւել յայտնի լինելոյ՝ եւ բաց ի յԵփրեմ Վրդպին ի Սբ Աթոռն հասուցեալ, Ձ 1617 ղռշ դրամոյ. եւ ի յայս կողմունս եղելոցն՝ ընտիր եւ պարզ դպրուին. դրամոյ, ի ձեր սիրելուի յայտնի եղեալ 10000 ղռշի եւ այլ աւելի գումարեալ դրամոց բովանդակուիք. ի կրպ արք Եպսէ ի ձեզ ավ. գան եւ ժամանեն. ի մերոյս բացայայտուէ ի նա. եւ հարկիւ արարեցեալ խնդրարկուէս։ Վս զի՝ գոլով նց հարազատ ի բանս ի գործս եւ ի յընթացս զձեզ աշխատ ոչ առնեն. եւ զմեզ այլ աւելի շփոթս մտաց ոչ ձգեն. եւ միայն այս է մեր խնդիր ի ձեր յարգուէ. ի ժամանելն արդեանցդ այդոցիկ. ըս. տեղեացն եւ ըս. անուանցն եւ ըս. թուոյ դրամոցն ողորմութեանցն հարկաւոր՝ շնորհակալուե եւ զօրհնուե նամակունս գրեսջիք եւ բերել տայջիք. ի սբ Աթոռոյն. եւ առաքեսջիք ի տեղիսն ըս. վայելչուեցն։ Եւ Եփրեմ շնորհունակ Վրդպն՝ գոլով վերահաս, եւ զայս հարկաւորուիս հոգացեալ ի Սբ Աթոռն անբասրելիս առնէ զմեզ եւ զձեզ, ընծայեցուցանելով եւ յայնց կողմանց զշնորհակալուիս, զի թէպ. անտարակոյս եմք ի մօտակայ աւուրց գումարեալ դրամոց հասանելոյն ի ձեզ. բայց ի բերմանց ժմնկիս, եթէ պատահիցի իբր դոյզն ինչ երկարումն՝ եւ ի ձէնջ ի նոսա ծանուցանելն ձանձրոյթ մի համարեսցի ի սէր մեր։ Եւս եւ՝ պտուղ յատկական Ածաշնորհ սիրոյ քոյ՝ ի մեզ սիրողիս բարեացդ. նուէր եւ ընծայ միոյ վերարկուի պուական չուխայ ընծայեալ ես. տակաւին ոչ էանց ի ձեռս մեր՝ առ ի անյայտ գոլոյն ուր լինելոյն. սակայն՝ մեծաւ գոհունակուբ եւ սիրով ընկալեալ զշնորհակալուիս առաւելուբ ունիմք ըզքէն. եւ մաղթեմք ի Տռնէ զբարիս ձեր. որ առատ է ի պարգեւս իւր։ Որ եւ՝ ելով ի խընամս Տռն ողջ լերուք։
       Ի ցնծուին սրտի Եփրեմ Կթղկսիս
       Մեծին Կիլիկիոյ
      
       Յամի Տ 1830 եւ յօգոս ԺԳ
       ի յԱտանա քղք։
       (Կնիք)
       Սոյն կնիքը դրուած է ստորագրութեան տակը թղթի միւս էջին վրայ։
       յԱրքայանիստ Մայրաքաղաքն Պօլիս՝ յորում ի Վէքիլարանն սբյ Եմի. ի սբ Աջն Տռն Յօհաննու շնորհազարդ Վրդպին հասցէ ի սրտազուարճուի։