Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սահակ Վարդապետ սկսելով իր սարկաւագութենէն, մեքենական ուսուցչութիւն մը չըրաւ փակչելով դասագիրքերու վրայ։ Նա խնամքով ուսումնասիրեց իր դասերուն նիւթերը, ոչ միայն ուսոյց զանոնք այլ եւ ուսաւ, ընդլայնեց զանոնք եւ կրնանք ըսել նաեւ թէ խորացուց զանոնք, մասնագիտական ճիգերով , այնպէս որ մինչեւ հիմայ իր 89 տարիներու մէջ, զոր օրինակ, հաճոյքով կը խօսի տիեզերագրութեան վրայ, երբ գիշերները կը նստինք Անթիլիասի Վեհարանին տանիքը` դիտելով աստղազարդ կապոյտին պայծառութիւնը եւ ուկնդրելով Միջերկրականի մանր ալիքներուն յաւէրժական նուագին։
       Այն դասագիրքերը զորս կազմեց Սահակ Վարդապետ, սկսելով իր սարկաւագութենէն, մեծապէս դիւրացուցին Ժառանգաւորաց Վարժարանին մէջ ուսանողներուն աշխատանքը։ Այդ դասագիրքերէն ոմանք կրկին տպագրութիւն ներու արժանացան, ինչ որ ցոյց կուտայ թէ Երուսաղէմէն դուրս, ազգային դպրոցներու մէջ ալ գործածուեցան ատոնք օգտակարապէս։ Ատոնք նոյն իսկ այսօր կրնան հետաքրքրութեամբ ուսումնասիրուիլ մեր ուսուցիչներուն կողմէ։
       Այս դասագրքերը որոց մասին ծանօթութիւններ պիտի տանք ստորեւ, պատրաստուած են ժամանակին ֆրանսերէն ընտիր դասագիրքերուն հետեւողութեամբ։ Սահակ Վրդ. տիրած է իր աւանդած դասերու նիւթերուն եւ օգտակարապէս հետաքրքրական ըրած է զանոնք։
       ՍԻՕՆի մէջ ունի կարեւոր յօդուածներ, այլեւայլ նիւթերու եւ խնդիրներու մասին, ժամանակի ոգւոյն եւ ըմբռնումներուն համեմատ, ինչպէս նաեւ քերթուածներ` որոնցմէ ոմանք կը կրեն Գաբրիէլ Կարապետեան, աշակերտ Ժառ. վարժարանի ստորագրութիւնը։
       Սահակ Վրդ ., սակայն, քերթելու կամ ոտանաւոր գրելու տենչը թողած է դպրոցական շրջանին հետ։ Հետզհետէ իր մէջ կ'աճի եւ կը զօրանայ բանասէրի հակումը, ինքնատիպ արձակագրութեան մը բանաստեղծական գեղեցկութեամբ։
       Ասիկա ընթերցումի եւ յարատեւ ինքնաշխատութեան մը արգասիքն է։
       Իր դասագրքերու եւ անոնց Յառաջաբաններուն լեզուին եւ այսօրուան ութսունիննամեայ Սահակ Կաթողիկոսի հայերէնին մէջ խոր խրամատներ կան։ Զարգացման յաջող եւ դրական ապացոյց մը։ Ասիկա մեր ընթացիկ լեզուին, աշխարհաբար բարեխոփումն է Սահակ Սրբազանի ուսումնական կեանքին մէջ։
       Սահակ Վարդապետ գրաբարին ալ տիրացած է համարձակ գրելու չափ Ս. Գրոց լեզուն։ Սուրբ Գիրքը շատ լաւ կարդացած է եւ հմտօրէն գիտէ նաեւ անոր բովանդակութիւնը, դիւրութեամբ յառաջ կը բերէ իր խօսակցութեան եւ իր գրականութեան մէջ սուրբգրական վկայութիւններ եւ օրինակներ։ Ի բնէ ուշիմ, եւ տէր զօրաւոր յիշողութեան մը, հարուստ հմտութեամբ մը օժտուեցաւ իր ուղեղը, կարեւոր գիրքերու եւ հրատարակութիւններու ընթերցումով։