Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա.
       Հերու, այս ՏԱՐԵՑՈՅՑին մէջ, Սսեցի Աջպահեաններուն վրայ փոքրիկ ուսումնասիրութիւն մը զետեղած էինք։ Այս տարի ալ ԱՋին կամ ԱՋԵրու ծագման մասին կարգ մը պատմական տեղեկութիւններու ամփոփ մէկ դասաւորումը` կը կարծենք որ հետաքրքրական պիտի ըլլայ պատմասէրներու համար ։
       Երկու հատ «Լուսաւորչի Աջ » կայ, մէկը յԷջմիածին, իսկ միւսը ի Սիս, 1441էն ի վեր Սիսի եւ Էջմիածնի մէջ խնդրոյ առարկայ եղած է թէ այս երկու Աջերէն ո՞ր մէկը վաւերական է։ Վասն զի Սիսի Կաթողիկոսարանը միշտ պնդած է որ ի՛ր պահածն է Լուսաւորչին բուն Աջը, իսկ Էջմիածնի Կաթողիկոսարանը աշխատած է փաստերով հաստատել թէ Լուսաւորչին վաւերական Աջը իր քովն է։ Այս խնդիրը պատմական քննութեան առաջին անգամ առարկայ եղած է 17րդ դարուն, Առաքել Դաւրիժեցիի կողմէն, իր ծանօթ պատմութեան ԺԷ. եւ Լ. գլուխներուն մէջ. իսկ երկրորդ անգամ` Կ. Կոստանեանցի կողմէն իր «Ս. Լուսաւորչի Աջը » անուն 60 երեսնոց փոքրիկ տետրակին մէջ (Տպ. 1896, Ս. Էջմիածին)։
       Առաքել Դաւրիժեցին, 1645-ին, Փիլիպպոս Կաթողիկոսի հրամանով Նուիրակ կ'երթայ դէպի Արեւմուտք, կը հասնի Ամասիա, եւ հո՛ն կը հանդիպի Սեբաստիոյ Առաջնորդ Ներսէս Եպիսկոպոսին, որ քիչ ետքը Կաթողիկոս եղաւ Կիլիկիոյ (1648-†1654)։ Խօսակցութեան ընթացքին անգամ մը Ներսէս Եպիսկոպոս կը հարցնէ Դաւրիժեցիին։
       -«Յորժամ օրհնէք զմեռոն` զո՞ր սրբութիւն բերէք ի վերայ»։
       Դաւրիժեցին կը պատասխանէ. - «ԶԱջն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին, եւ զԱջն Թադէոսի Սրբոյ Առաքելոյն եւ Սուրբ նշանն, որ ի կենաց փայտէն, եւ զԳեղարդն, որ մխեցաւ ի կողսն Տեառն»։
       Ներսէս Եպիսկոպոս, թողլով միւսները, կը յարէ.
       -«Զայդ որ Լուսաւորչի Աջ ասես, աջո՞յ Աջն է թէ ձախոյ»։
       Դաւրիժեցին կը պատասխանէ. «Աջոյ Աջն է»։
       Ներսէս Եպիսկոպոս դիտել կու տայ Դաւրիժեցիին. - «Բնակիչք կաթողիկոսարանին Սսոյ ասեն` թէ ստուգիւ եւ հաւաստեաւ Աջն Սուրբ Լուսաւորչին ա՛յն է որ ի Սիս է. եւ բերեն վկայ ստուգութեան նորին զայն բանն` որ ի Շարադրութիւնս Հայրապետաց գրեալ է վասն Ստեփաննոսի Հայրապետին եւ վասն Լուսաւորչի Աջոյն »։ -Շարադրութիւն Հայրապետաց ըսուածը Ներսէս Պալիենցի` Գաւազանագիրք Հռոմայեցւոց Պապից եւ կայսերաց գործն է, դեռ անտիպ, բայց այն հատուածը որուն կ'ակնարկէ Սեբաստիոյ Առաջնորդը, կա՛յ Չամչեանի Հայոց պատմութեան մէջ . էջ 289, 383-384)։ Եւ այդ պատմութեան համեմատ, երբ Եգիպտացիք 1292ին կը գրաւեն Հռոմկլայն, Ստեփանոս Կաթողիկոսը, Լուսաւորչի Աջը եւ կաթողիկոսարանին բոլոր սրբութիւններն ու հարստութիւնը կը կողոպտեն, եւ Կաթողիկոսի հետ գերի կը տանին Եգիպտոս։ Ստեփանոս Կաթողիկոս կը վախճանի հոն, իսկ Աջը եւ ուրիշ սրբութիւններ փորձանք կ'ըլլան Եգիպտոսի, վասն զի համաճարակ հիւանդութիւն մը յերեւան կուգայ այդ միջոցին, նոյն իսկ Սուլթանին պալատը զերծ չի մնար անկէ, եւ այս աղէտքը կը վերագրուի այդ կողոպտուած սրբութիւններու` իբրեւ աստուածային պատիժ, եւ հետեւաբար` կ'որոշեն վերադարձնել զանոնք. եւ երբ կը վերադարձնեն Աջը եւ միւս սրբութիւնները Հեթում Բ. թագաւորին, կը դադրի համաճարակը։ Ներսէս Եպիսկոպոս այս պատմութիւնը կ'ընէ Դաւրիժեցւոյն, եւ կ'ըսէ թէ Սսեցիք այսպիսի պատմական վկայութեան վրայ հիմնուելով կը պնդեն թէ «այն Աջն որ ի Սիս էր, ստուգիւ այն է Աջն մերոյ Լուսաւորչին» ։ Արդ, կը հարցնէ, յԷջմիածին գտնուած Աջին համար, «Ո՞րպէս գիտէք թէ այդ Լուսաւորչի Աջն է, եթէ ունիք վկայութիւն ի նախնեաց վասն դորին, ցուցէ՛ք»։
       Դաւրիժեցին կը լռէ Ներսէս Եպիսկոպոսի պատճառաբանութեան առջեւ, վասն զի կ'ըսէ, «պարզամտութեամբ ունէաք հաւատ հաստատ առ Աջն այն », եւ առանց խախտելու այդ հաւատքէն, հետամուտ կ'ըլլայ Ձեռագիրներու յիշատակարաններ պրպտել, Աջի պատմութեան վերաբերութեամբ, որոնցմէ եօթ հատը կը յիշէ, այսինքն` 1439-1461 գրչագրուած Աւետարան, Ճաշոց Գիրքեր եւ Յայսմաւուրքներ, որոնց Յիշատակարաններուն մէջ կ'ըսուի, զոր օրինակ.
       Ա. - Աւետարան մը, գրուած 1439ին, Արգելան Վանքի մէջ «ի Հայրապետութեան Լուսաւորչին. քանզի յայսմ ամի վերացեալ եղիւ Աջն ի Սսոյ, եւ ոչ գիտեմք զի՞նչ եղեւ»։
       Բ. - Ճաշու Գիրք մը , գրուած 1441ին, Արծկէ. «ի Հայրապետութեան Մեծի Աթոռոյն` որ էր ի Սիս, խափանեցաւ. զի զԱջն Սրբոյ Լուսաւորչին անտի գողացան, եւ յամս երկու Ազգս Հայոց անտերունջ մնաց` ի դառն եւ ի չար ժամանակիս□»։
       Գ. -Յայսմաւուրք մը, գրուած 1441ին, Վան, «ի Հայրապետութեան Մեծի Աթոռոյն Սսոյ` որ յայսմ ամի զԼուսաւորչի Աջն գողացեալ տարան, եւ Աթոռն ունայն մնաց, □ի դառն եւ ի չար ժամանակի, ի պարոնութեան Ջհանշահին□»։
       Դ . - Դարձեալ Յայսմաւուրք մը, գրուած 1442ին, «ի Կաթուղիկոսութեան Տեառն Կիրակոսի, որ ի յայսմ ամի եղեւ ժողով եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց ի մայրաքաղաքն Վաղարշապատ, որոց էր գլուխ մեծ րաբունապետն Թովմայ եւ Յովհանէս Վարդապետն, եւ եդին զՏէրԿիրակոսն յԷջմիածին Կաթողիկոս ամենայն Հայոց, եւ նոր նորոգեցաւ Աթոռ Սուրբ Լուսաւորչին Գրիգորի, ըստ տեսլեանն Մեծին Ներսէսի Հայրապետին եւ Սահակայ Պարթեւին□»։
       Ե . - Դարձեալ Ճաշոյց Գիրք մը, գրուած 1441ին, Արծկէ, «ի Հայրապետութեան Աթոռոյ Լուսաւորչին մերոյ Տեղապահի Տէր Կիրակոս ընդհանուր Հայոց Կաթողիկոսի. զի մինչ ի սոյն ամս Աջն Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի ի Սիս էր, եւ ամենայն Ազգս Հայոց հնազանդեալ էաք Աթոռոյն Կիլիկիոյ, եւ այժմ շնորհիւ նորին եւ օգնականութեան Հոգւոյն Սրբոյ, վերստին եկն ի նոյն Վաղարշապատ Էջմիածին Շողակաթի Տաճարին, եւ հաստատեցաւ Աթոռ Հայկազեան սեռի, գերապատիւ եւ հրաշափառ, զոր պահեսցէ հաստատուն Տէր Յիսուս, ամէն»։
       Զ. - Դարձեալ Աւետարան մը, գրուած 1444ին, Արղնի, «ի վերադիտողութան Հայկազեան սեռի երկուց կաթուղիկոսաց Տէր Գրիգորին եւ Տէր Կիրակոսին, զի յորժամ գրեցաւ սուրբ Աւետարանս այս չորս ամ էր որ Լուսաւորչի Աջն կորէր էր ի Սսոյ` եւ ել համբաւն ի Վաղարշապատ. վասն որոյ ժողովեցան վարդապետք, եպիսկոպոսք, քահանայք, եօթն հարիւր անձն, եւ հաստատեցին զԱթոռն յԷջմիածին, եւ եդին զոմն Կիրակոս անուն, այր առաքինի եւ ճգնաւոր, Կաթուղիկոս, եւ հաստատեցին զԱթոռ Սուրբ Լուսաւորչին□»։
       Է . - Դարձեալ Յայսմաւուրք մը, գրուած 1461ին, Արճէշ, Աղթամարի Զաքարիա Կաթողիկոսի ատեն, որ Էջմիածնի Կաթողիկոս հռչակեց ինքզինք (1448-ին ) եւ յետոյ (1460/61) Աթոռն ալ գրաւեց, Ջհանշահի պաշտպանութեամբ, անկէ ընդունելով միանգամայն Աջը. - «Որոյ ընդառաջ գնացեալ մեծ Հայրապետն Տէր Զաքարիայն, Աթոռակալ Սուրբ Խաչին Աղթամարայ□բազում ընծայիւք եւ պատարագօք. զոր յոյժ սիրով ընկալաւ զնա արքայն արքայից Ջհանշահ Փատշահն եւ դշխոյն Բէկում Խաթունն, եւ պատուեալ մեծարեցին զնա, եւ ետուն նմա խլայ եւ պարգեւ զԱջ Լուսաւորչին մերոյ Սրբոյն Գրիգորի, եւ զպատիւ պատրիարքութեանն»։
       Շատ ուշագրաւ է դիտել որ Դաւրիժեցիին յառաջ բերած յիշատակագրութիւններ ո՛չ միայն ժամանակակից են իրարու, այլ նաեւ միեւնոյն շրջանակի մէջ գրչագրուած են, եւ միեւնոյն շնչով։
       Ի՞նչ եղած է Աջը։ Կորուստի, անյայտացումի եւ գողութեան խօսքեր կան Դաւրիժեցիին մատնանիշ ըրած պատմական աղբիւրներու մէջ։ Բայց կորուստ, անյայտացում անհասկնալի են այս պարագային։ Գողութիւնը հաւանական պիտի համարէինք, եթէ դժուար չըլլար այդ կերպն ալ. որովհետեւ Աջը միշտ մասնաւոր պահպանութեան եւ հսկողութեան ներքեւ էր։ Աջպահներ կային Սսեցի Աջպահներէն յառաջ ալ։ Եւ գողութիւնը, իբրեւ լաւագոյն եւ յաջող կերպ մը` հաւանական ընծայելու համար, պէտք է ենթադրել որ Աջպահները կաշառքով ձեռքէ հանեցին զայն։ ՊՂ=1441ին գրուած Մատթէոսի Աւետարանի մեկնութեան մը յիշատակարանին մէջ կը կարդացուի. - «Եւ յայսմ ամի ՊՂ. դարձեալ յայլ իմն պատահումն հանդիպեցաւ հայոց ազգիս. քանզի Աջ Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի, որ կայր հիմի քանի ժամանակ Սիս ) քաղաքի, որ յաշխարհին (Կիլիկեայ` անյայտ եղեւ. ոչ գիտեմք թէ գողացա՞ն, եւ ոչ գիտեմք (թէ ) ինքզի՞քն ծածկեց. եւ ի մեծ նեղութիւն կան եւ ի տրտմութիւն Հայոց Ազգս վասն այս պատճառի, եւ զԿաթուղիկոս Գրիգոր բազում չարչարեցին, եւ այլ եպիսկոպոսք ընդ նմա վասն Աջին Լուսաւորչին` եւ ոչ գտին զնա. որ յուսամք ամենասուրբ Հոգին Աստուած` զի յայտնեսցէ զԱջ Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ ի ձեռն ընտրելոյ եւ արդարոյ առնն միոյ»… (Նօտարք Հայոց, էջ 125)։
      
       Այս տեղ յիշուած կաթողիկոսն է նոյն ինքն Մուսաբէկեան։ Ի՞նչ պատահած է Աջին որ Մուսաբէկեան եւ իր եպիսկոպոսները կը չարչարուին։ Եթէ այս Յիշատակարանին գրիչը դէպքերը հաւատարմօրէն, իբր պատմական իրողութիւն արձանագրած է, այդ պարագային պէտք է ընդունիլ որ Մուսաբէկեան Գրիգոր Կաթողիկոս պահած է Աջը, ձեռքէ չհանելու համար։ Եւ այս պատճառաւ կը չարչարեն - նեղը կը դնեն - զինքն եւ եպիսկոպոսները։ Այս մեկնութիւնը կուտանք Յիշատակարանի պատմածին, նկատելով որ Մուսաբէկեան չուզեց փոխադրուիլ Էջմիածին, պահեց իր Աթոռը Սիսի մէջ, եւ շատ բնական է որ Աջն ալ պիտի պահէր իր քով, իբրեւ կարեւոր սրբութիւն մը. վասն զի Աջը եթէ անհրաժեշտ էր - Էջմիածնի վերանորոգեալ Աթոռին հեղինակութիւնն ու հմայքը վերահաստատելու համար, Մուսաբէկեան ամենեւին պիտի չուզէր իր Աթոռին, իր կաթողիկոսութեան հեղինակութեան հմայքը աղօտացնել իր իսկ ձեռքով։ Ասիկա շատ բնական էր կաթողիկոսի մը համար, որ չուզեց հեռանալ Սիսէն, հակառակ բոլորովին աննախանձելի պայմաններուն, որոնց մատնուած էր բովանդակ Կիլիկիա եւ մասնաւորապէս Ռուբինեանց Մայրաքաղաքը Սիս` իբրեւ հետեւանք բռնաւորներու եւ թշնամիներու կողմէն ի գործ դրուած անընդհատ աւերումներու եւ հարստահարութեանց։
       Թէ Աջը մնաց Սիսի մէջ, շնորհիւ Մուսաբէկեանի ճարպիկութեան, կ'ապացուցուի նաեւ սա՛ իրողութեամբ որ Մուսաբէկեանի յաջորդը, Եւդոկացի Կարապետ Կաթողիկոս, կուգայ Սիս, կը գտնէ Աջը հինգ տարի ետքը, եւ կը վերահաստատէ կաթողիկոսական Աթոռը, որ ինչպէս կ'երեւի, տագնապ մը անցուցած է Մուսաբէկեանի վախճանումէն ետքը (1440-1447). վասն զի Մուսաբէկեանի եւ Կարապետի մէջտեղ Յովսէփ անուն աննշան մէկը կ'երեւի Մաղաքիա Դպրի աւանդած կաթողիկոսական Գաւազանի մէջ , որ ծանօթ չէ ուրիշ ժամանակագիրներու։
       -«Արդ, այս երջանիկ Հայրապետս Տէր Կարապետ Կաթողիկոս` եկեալ ի Թօխաթայ եւ վերստին հաստատեաց զՍուրբ Աթոռս Լուսաւորչիս ի Մայրաքաղաքս Կիւլիկիոյ, զոր հինգ ամ խափանեալ մնաց վասն անյայտ լինելոյ Սուրբ Աջին մերոյ Լուսաւորչին , եւ յետոյ գտեալ նորոգեաց զՍուրբ աթոռս»։ (Ալիշան, Հայապատում, էջ 574. Հմմտ. Սիսուան էջ 223, Ծնթ. 2, եւ Ազգապատում Օրմանեանի, 2119, 2139-40, եւ 2142)։
       Կարապետ երկարատեւ Կաթողիկոսութիւն մը ունեցաւ Սիսի Աթոռին վրայ (1448-1477)։
      
       Բ.
       Աջերու պատմութեան մէջ բաւական չէ ճշդել թէ Սիսի եւ Էջմիածնի Աջերէն ո՞րն է ստոյգը կամ վաւերականը, այլ կարեւոր է նկատի առնել նոյն ինքն Լուսաւորչի Աջին պատմութիւնը։ Լուսաւորչի նշխարաց (մասունքներուն ) յարգանքը շատ հին է մեր եկեղեցւոյ մէջ, եւ Վարդանանց պատերազմէն յառաջ կը յիշատակուի արդէն։ Երբ հայ նախարարներ կեղծուրացութեամբ Տիզբոնէն վերադարձան Հայաստան, դիմաւորուեցան եկեղեցական դասու կողմէն, որոնք բերած էին «ընդ ինքեանս զնշան կենսատու խաչին եւ զնշխարս Սրբոյ առաքելանման նահատակին Գրիգորի» . Փարպեցի Յովհան Մանդակունի Կաթողիկոսը, նոյն պէս խաչով եւ Լուսաւորչի Սուրբ նշխարներով կը յուղարկէր Վահան Մամիկոնեանը դէպի Տիզբոն եւ կը դիմաւորէր զայն իր վերադարձին։ Գիտենք նաեւ որ Ներսէս շինող (641-661) երբ շինել տուաւ Զուարթնոց եկեղեցին, ատոր չորս սիւներուն տակ թաղել տուաւ Լուսաւորչին նշխարները, բացի գլուխէն, զոր գզրոցի մէջ դրաւ եւ պահեց եկեղեցւոյ մէջ ի տես հաւատացեալներու։ Լուսաւորչի նշխարներուն այս պատմութիւններուն բոլոր մանրամասնութեանց մէջ Աջի խօսք չկայ ամենեւին. եւ հետեւաբար մենք չենք գիտեր, զոր օրինակ, թէ Վարդանանց եւ Վահանեանց ատեն Լուսաւորչին նշխարները ի՛նչ ձեւ անօթներու կամ մասնատուփերու մէջ կը պահուէին։
       Բայց Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան շրջանին կը հանդիպինք Լուսաւորչի Աջ բացատրութեան, որ դարձեալ տարտամ է. վասն զի ի՞նչ պէտք է հասկընալ Աջ ըսուած ատեն. ամբողջ աջ բազո՞ւկը, աջ ձե՞ռքը, աջ բազկէն կամ ձեռքէն մասո՞ւնք մը, զոր օրինակ, մատի ոսկոր, եւ այլն։ Մեր եկեղեցիներու մէջ պահուած Աջերը քննելով կը հետեւցնենք թէ Աջ ըսելով պէտք է հասկընալ բազկի ձեւով - արմուկէն կամ դաստակէն մինչեւ մատներուն ծայրը - շինուած արծաթ եւ ոսկեզօծ արծաթ մասնատուփեր, բաց թաթով կամ խաչակնքելու ձեւով, որոնց մէջ կը պահուին Սրբոց նշխարներէն մաս մը, մա՛նաւանդ աջ կամ ձախ ձեռքի մատներու ոսկորներէն մասեր, եւ ոչ թէ ամբողջ բազուկը կամ ձեռքը։ Արդէն ամբողջ բազկին ձեռք կամ աջ ըսուած մասն է որ կը համբուրուի, եւ ձեռքը կամ աջն է որ կ'օրհնէ, եւ հետեւաբար Աջ ըսուած ատեն պէտք է հասկնալ աջաձեւ, կարելի է ըսել նաեւ՛ թաթաձեւ մասնատուփ մը, որ կը պարունակէ սուրբին կամ սուրբերուն ձեռքի բազկի ոսկորներէն մաս մը։ Այսպիսի մասնատուփերու մարդակազմական ճշտութիւնը եւ գեղարուեստական վայելչութիւնը բոլորովին կախուած է ոսկերչին հմտութենէն, ճաշակէն եւ ճարտարութենէն։ Վասն զի այսպիսի աջաձեւ մասնատուփերու մէջ տեսած ենք գեղարուեստական ընտիր գործեր, ինչպէս նաեւ անհամաչափ այլանդակութիւններ։
       Լուսաւորչի Աջին հնագոյն յիշատակութիւնը կը գտնենք Ս. Ներսէս Շնորհալիի (1163-1173) Հռոմկլայէ գրուած կոնդակներուն մէջ, ուրիշ սրբութիւններու եւ մա՛նաւանդ Վանկոյ Ս. Նշանի հետ։ Այդ Աջը Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ է Կոստանդին Բ. Կաթողիկոսի ատեն (1286-89)։ Կոստանդին Կաթողիկոս չկրցաւ համակերպիլ Հեթում Թագաւորի լատինամէտ քաղաքականութեան, եւ այդ պատճառաւ բռնադատուեցաւ հրաժարիլ իր Աթոռէն, յուզիչ պայմաններու մէջ. հագուեցաւ իր կաթողիկոսական զգեստը, ձեռքն առաւ Լուսաւորչի Աջը, օրհնեց Հայոց թագաւորութիւնը եւ բոլոր աշխարհը եւ յետոյ հանեց զանոնք եւ հեռացաւ գլխիբացի կոչուած եպիսկոպոսարանէն։ Այնուհետեւ` դարձեալ Հռոմկլայի կաթողիկոսարանին մէջ կը գտնենք Լուսաւորչի Աջը, Ստեփանոս Դ. Կաթողիկոսի ատեն (1290-1292), երբ Հռոմկլայ ինկաւ եգիպտական բանակի առջեւ, եւ ինչպէս տեսանք արդէն, կաթողիկոսարանին բոլոր սրբութիւններն ու հարստութիւնները կողոպտուեցան եւ գերի տարուեցան Եգիպտոս։
       Ի՞նչ եղան Եգիպտոս տարուած սրբութիւններ Ստեփանոս Կաթողիկոսի հետ։ Օրբէլեան, որ ժամանակակից պատմագիր է, կը հաստատէ թէ Ստեփանոս Կաթողիկոս վախճանեցաւ Եգիպտոսի մէջ (Գահիրէ ) եւ թաղուեցաւ հոն, «յեկեղեցի Հաբաշի ասորեացն ». իսկ «ամենայն սրբութիւնքն որ գերեցան, կորեան անհետ եւ անգիւտ. բնաւ ոչ երեւեցան, թէեւ բազում անգամ յոյզ եղեւ ի Թագաւորէն Հեթմոյ» (Օրբել. Բ. էջ 192)։
       Եթէ ժամանակակից եւ ժամանակի դէպքերուն իրազեկ պատմագիր մը այնպէս կը հաւաստէ թէ Աջը եւ միւս բոլոր սրբութիւնք կորան կորսուեցան անհետ եւ անգիւտ, հակառակ Հեթում Բ. ի յամառ հետապնդումներուն, այն ատեն պէտք է ըսել թէ Սիսի եւ Էջմիածնի երկու աջերն ալ վերջէն շինուած են։ Բայց այսպիսի եզրակացութեան մը յանգելու իրաւունք չեն տար ուրիշ պատմագիրներ։ Սմբատ Սպարապետի Տարեգիրքին շարունակողը կը պատմէ Հռոմկլայի անկումը եւ գերութիւնը Աջին, բայց անմիջապէս կը յարէ . - «Ի սոյն աւուրս Պարոն Հայոց Հեթում գնեց զԱջն Լուսաւորչին եւ զամենայն մասունսն ի յանօրինաց եւ եբեր ի Սիս» (Տարեգիրք Սմբատի էջ 126)։ Եւ սակայն, շատ զարմանալի է որ նոյն ինքն Հեթում իր գրած ծանօթ Ոտանաւորին մէջ կը յիշէ Աջին գերութիւնը, բայց չի յիշեր Աջին գերեդարձը կամ գնումը իր կողմէն։ Հռոմկլայի անկումը եւ գերութիւնը տեղի ունեցաւ 1292-ին, իսկ Հեթում անպատճառ պիտի յիշէր Աջին գերեդարձը կամ գնումը իր ձեռքով, եթէ ատանկ բան մը տեղի ունեցած ըլլար այդ երեք տարիներու ընթացքին։ Թէեւ շատ զօրաւոր են Օրբէլեանին հաւաստումը թէ բոլոր Սրբութիւններ կորան անհետ եւ անգիւտ եւ լռութիւնը նոյն ինքն Հեթումին, բայց կ'երեւի թէ 1292էն յետոյ Հեթում յաջողած է դրամի ուժով վերադարձնել Լուսաւորչին Աջը եւ միւս բոլոր մասունքները, ինչպէս որ կը պատմագրէ Սմբատի շարունակողը։ Կարելի չէ ըսել թէ պատմական կեղծիք մըն է իր ըրածը։ Ն. Պալիենցի պատմութիւնը շատ աւելի քննադատելի է իր ձեւին մէջ. որովհետեւ Աջին եւ միւս մեծ ու փառաւոր սրբութիւններուն վերադարձը ո՛չ միայն հրաշքի մը կը կապէ, այլ նաեւ Ստեփանոս Կաթողիկոսին ձեռքով վերադարձնել կուտայ զանոնք, ինչ որ պատմական չէ վասն զի Ստեփանոս Կաթողիկոս վախճանեցաւ իր գերութեան միջոցին, Գահիրէ եւ թաղուեցաւ Հապէշներու եկեղեցին։ Հետեւաբար Պալիենցի պատմութեան ոչ թէ ձեւը, այլ բուն նիւթը ստոյգ է միայն, այսինքն Աջին եւ միւս սրբութիւններուն վերադարձին պատմութիւնը ։
       Աջին եւ միւս սրբութեանց վերադարձին նպաստաւոր է նաեւ ուրիշ տեղեկութիւն մը, որ կայ Կարապետ Կաթողիկոսի վերաբերեալ Յիշատակարանին մէջ։ Մուսաբէկեանին այս յաջորդը կը հաստատուի «Ի յաստուածաբնակ սուրբ ուխտս Տէր Պօղոսի, որ կայ ի հարաւակողմն քաղաքինս Սսոյ, ընդ հովանեաւ Վանկոյ Սուրբ Նշանիս եւ Սուրբ Աջոյն Գրիգորի մեր Լուսաւորչին, եւ մօրն Տիրամօր Աստուածածնին` Աննայի , յորոյ անուն կառուցեալ կայ եկեղեցի»։ Վանկոյ Ս. Նշանը Հռոմկլայի կաթողիկոսարանին ամէնէն առաջին Սրբութիւններէն մէկն էր, եւ ինչպէս որ դիտել տուինք վերեւ, Շնորհալիի կոնդակներուն մէջ ալ կը յիշուի ամէնէն յառաջ այսպէս,
       -«Ողջոյն սիրոյ եւ խաղաղութեան հասցէ յաստուածընկալ Սրբոյ նշանէս Վանկոյ, եւ յառաքելական նշխարացս եւ ի Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Աջէս եւ յԱթոռոյս եւ ի մէնջ»։ Եւ որովհետեւ Վանկոյ Ս. Նշանն ալ գերուած էր, ատոր յիշատակութիւնը Կարապետի կաթողիկոսութեան սկիզբը (1448) նպաստաւոր ապացոյց մըն է թէ Եգիպտոս տարուած են ոեւէ կերպով եւ պահուած Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ։
      
       Գ.
       Ս. Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսական Աթոռին վերահաստատութեան առթիւ Աջին տրուած կարեւորութիւնը չափազանցուած է մեծապէս, եւ հոգեբանական այս վիճակը ամենեւին զարմանալի չենք գտնել, նկատելով զայն իբրեւ խորհրդանշանը Լուսաւորչի ոգւոյն։ Եւ հոգեբանական այս վիճակին մէկ արտայայտութիւնն է Դաւրիժեցիին սա՛ հաւաստումը թէ «Ի վերայ Աջոյն եւ Էջմիածնի ամենայն Ազգն Հայոց կապեալ կան»։ Ասիկա, ստուգիւ, թէեւ ժամանակի ոգւոյն հարազատ արտայայտութիւնն է, բայց կանոնագիտօրէն եւ պատմականապէս շիտակ չէ։ Վասն զի նոյն իսկ եկեղեցին, իր զուտ ըմբռնումով, հաւատացեալներն են եւ անոնց ժողովը եւ ոչ թէ նիւթեղէն շինուածքը։ Այսպէս նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր վերին իշխանութիւնը կամ կաթողիկոսութիւնը հաստատուած է կանոնական ձեռնադրութեան եւ օծման վրայ, որու աղօթքներն ու օրհնութիւնները չեն կապուած հաստատուն տեղի եւ այս կամ այն նուիրական անօթներու կամ սրբութիւններու, թէեւ պէտք է խոստովանիլ, ատոնց կապուած աւանդութիւններ կամ նուիրականութիւններ հմայք մը ունին։ Բայց եթէ օր մը այդ սրբութիւններ կորսուին կամ փճանան բոլորովին եւ տեղը փոխուի կամ գրաւուի թշնամիներէ, եկեղեցին կայ ցորչափ հաւատացեալներու բազմութիւն կայ ոեւէ տեղ։ Այսպէս եղած է Լուսաւորչի Աթոռն ալ, երբ Հայոց կաթողիկոսութեան Էջմիածնէն ետքը Աթոռանիստ եղան Դուին, Աղթամար, Արգինա, Անի, Ծամնդաւ, Կարմիր Վանք, Ծովք, Հռոմկլայ, Սիս, եւայլն. աթոռանիստը հո՛ն է միշտ, ո՛ւր որ կաթուղիոկսը կը մնայ ու կը բնակի։ Լուսաւորչի Աջը թանկագին աւանդ մըն է, եթէ նոյն իսկ այդ Աջը վաւերական եղած չըլլայ. բայց առանց ատոր օրհնուած եւ սրբագործուած Մեռոնը` դարձեալ սրբալոյս Մեռոն է. վասն զի աղօթքն ու Օրհնութիւնն է կենսականը մեռոնօրհնէքի մէջ։ Ինչպէս որ ոեւէ Խաչ նուիրական է մեզ համար, իբրեւ խորհրդանիշ Փրկչին խաչելութեան, այսպէս ալ ոեւէ Աջ նուիրական է իբրեւ խորհրդանիշ Լուսաւորչի առաքելանման նահատակութեան եւ անոր լուսաւորութեան եւ կազմակերպութեան գործերուն։ Թանկագին հարստութիւն մըն է ոեւէ եկեղեցիի համար` իրական եւ վաւերական նիւթական յիշատակներ ունեցած ըլլալ իրենց հիմնադիրներէն, իրենց առաքեալներէն եւ նահատակներէն ու սուրբերէն, բայց այդ նիւթական յիշատակներ որ միշտ կորնչելի են կամ եղծանելի, ամենեւին չեն եղած եւ չե՛ն կրնար ըլլալ հիմ մեր կրօնական ու հոգեւոր հաստատութիւններուն։
      
       Ասկէ դար մը յառաջ, Դաւիթ-Դանիէլեան մրցակցութիւններու մէջ, Դանիէլի կուսակիցներէն ոմանք գրեցին իրեն եւ ըսին թէ Աթոռի համար հոգ մի՛ ըներ, Հայոց կաթողիկոսը ո՛ւր որ նստի, հո՛ն է Լուսաւորչի Աթոռը. «Մի՛ լիցի քեզ խորհիլ զԱթոռոյս, թէ Աթո՛ռ է Լուսաւորչին, եւ նստեալ տեղն է Աթոռ նորա։ Բոլոր ազգ մեր գիտէ ի պատմութեանց թէ Աթոռն հայրապետական, վասն պէսպէս պատճառաց, փոխեցաւ յայլեւյայլ տեղիս, որպէս Դուին, յԱնի, ի Ծովք դղեակն, ի Հռոմկլայ, ի Ծամնդաւ, եւ յայլուր. եւ անդանօր նստեալքն են հարազատ կաթողիկոսունք հայոց, եւ Աթոռ նոցա էր Աթոռ Լուսաւորչի , որպէս Սուրբն Ներսէս մինչ նստեալ էր ի Հռոմկլայ, գրէր առ ամենայն Հայս վասն եկեղեցւոյ Կլային իւրոյ Աթոռ Լուսաւորչի, որպէս երեւի ի սկիզբն Ընդհանրական թղթոյ նորին։ Նոյնպէս միւս տեղեաց կաթողիկոսունքն վասն Աթոռոցն իւրեանց գրէին Աթոռ Լուսաւորչի։ Նմանապէս այժմ եւս ուր ուրեք նստցի ընդհանուր ազգի ընտրեալ կաթուղիկոս, ա՛յն է իսկական Աթոռ Լուսաւորչի եւ Էջմիածին» (Դիւան, Ե. էջ 378)։
      
       Աջի մասին Տէրոյենց ունի կանոնագիտական շատ զօրաւոր դիտողութիւն մը. - «Շատ տարի կ'ընէ` Սսոյ եպիսկոպոսէ մը, որ հիմայ վախճանեալ է, լսեր էի որ Սուրբ Լուսաւորչի Աջը Սիս գտնուելուն համար կաթուղիկոսական Աթոռն ալ Սիս է։
       Բայց այդ նախադասութենէն այդպիսի հետեւութիւն մը ելլելը օրինաւոր տրամաբանութեան ճանչցած կանոններուն մէջ չկայ։ Յաջորդութիւն ըսուած բանը նախորդին ձեռքը կամ ոտքը կամ գլուխը ժառանգելով մէկէն մէկալին չ'անցնիր. նախորդը վախճանելէն ետքը ընտրութեան ծանօթ եւ ընդունելի կերպով մէկ ուրիշ մը տեղը դրուի նէ` յաջորդն այն է։ Սուրբն Արիստակէս Ս. Լուսաւորչի անմիջական յաջորդը կաթողիկոս եղաւ նէ` Ս. Լուսաւորիչ դեռ կենդանի էր . ուստի անոր Աջը Սրբոյն Արիստակէսի քով եղած չէր կրնար ըլլալ։ Ս. Հայրապետին վախճանէն ետքը շատ տարիներ անցան որ ուր վախճանիլը եւ Ս. մարմինն ուր ըլլալը յայտնի չէր. հարիւր տարիի մը չափ ետքը գտնուեցաւ Ս. Աջն ալ մարմնոյն հետ։ Ուրեմն այնքան տարի հայք հարազատ կաթողիկոսութիւն չունէին ըսելու կ'ըլլանք, թէ որ կաթողիկոսութեան հարազատութեան համար Ս. Լուսաւորչին Աջոյն ներկայութիւնը պահանջուի. սակայն այդպէս պահանջում մը, ո՛չ ձեռնադրութեանը մէջ հիմք մը ունի, որ կաթողիկոս օծման ատենը Ս. Լուսաւորչին Աջը դուրս հանելու եւ անով ընտրելոյն վրայ խաչակնքելու կամ ուրիշ արարողութեան պատուէր չ'աւանդեր, եւ ո՛չ ալ ազգիս հայրապետաց կամ վարդապետաց գրոց մէջ տեսնուած չէ. ասոնք կ'ըսենք ենթադրելով որ Ս. Լուսաւորչին Աջը Սիս մնացած ըլլայ. բայց կաթուղիկոսութիւնը նոյն սուրբ աջոյն սեպհականութեանը կապելու կարծիքը կաթուղիկոսութեան Էջմիածին փոխադրուած ժամանակն ալ կար. ուստի այն ատենը պատմութիւնը կ'ըսէ որ Ս. Աջը Սիսէն գողցան եւ Էջմիածին տարին . Մ. Չամչեան. Պտմ. Հայոց . հատոր Գ. էջ 485, 486)։ Այս գողցուելուն կ'ուզէ հաւատացուի, կ'ուզէ չհաւատացուի. զոր Հ. Միքայէլ այն ատենը գրուած գրոց յիշատակարաններովը կը հաստատէ։ Մենք ասոր կարեւորութիւն չեմք տար, քանի որ վերոյ գրեալ փաստերն ունիմք» (Երեւակ, 1866, էջ 219-220)։
      
       Դ.
       Թէ՛ Էջմիածնի եւ թէ՛ Սիսի Աջերն ալ, իրենց այժմեան աջաձեւ պահարաններով կամ մասնատուփերով` համեմատաբար նոր ժամանակներու գործեր են։
       Էջմիածնի Աջին նկարագրութիւնը կը գտնենք Շահխաթունեանի «Ստորագրութիւն Էջմիածնի» գործին Ա. հատորին մէջ (էջ 68-69)։ Այս Աջը շինուած է 1741ին Ջուղայեցի Յակոբ Կաթողիկոսի ժամանակ, Իլովացի Ստեփանոս Վարդապետի յիշատակին։ Շահխաթունեան այսպէս կը նկարագրէ զայն. - «Աջ սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչի պարունակեալ արծաթաշէն կազմուածի յարմկանէ ցծայր մատանցն. ի ծայր արմկանն յարծաթի անդ է պատկեր սուրբ Հօրն հայրապետական զգեստուք. եւ բովանդակ բազուկն ընդ երկայնութիւն յերկուս բաժանեալ է քանդուածովք ոսկերչին. ի մի բաժնին քանդակեալ են երկոտասան չարչարանք Սրբոյն, իսկ ի միւս բաժնին դրուագք ծաղկաքանդակք` յերկոսին միջոցս այսց քանդակաց է յիշատակագրութիւնն ըստ այսմ. «Յաւուրս մեծի հայրապետի, Ջուղայեցի Տեառն Յակոբի, թիւն Հայոց ըստ տումարի, ՌՃԶ (1106+551=1657) ամի, ի յիշատակ Ստեփանոս Իլովացի Վարդապետի, նոր պահարան Աջոյն ձեռին, Սուրբ Գրիգորին Լուսաւորչի, կազմել եղեւ Էջմիածնի, առ ի պարծանս Հայկայ զարմի»։
       Ի ծայր բազկին` ուր միանայ թաթն, գոյ ընդ առաջին շինուածն ամրացեալ ապարանջան (պիլէզիկ ) սէլեան ակամբ եւ մինայ. գոյ եւ երկրոդ ապարանջան ի մաքուր ոսկւոյ, յորոյ վերայ երեք վարդաձեւ շէնք յակինթ ակամբք, եւ ունի գիր յիշատակի յանուն տուողին` ըստ այսմ. «Յիշատակ է ապարանջան Թիֆլիզեցի Մարիամ Շաշենի ի յաջ Լուսաւորչին` որ ի սուրբ Էջմիածին, ի 1770»։
       Այս Աջին լուսանկարը հրատարակուած է 1910ին, Սահակ Վրդ. Աստուածատուրեանի կազմած «Պատկերացոյց հաւաքածոյ մասնաւոր հնութեանց Մայր Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի եւ շրջակայից» անուն գործին մէջ (էջ 13-14 եւ լուսանկար թիւ 32)։
       Սիսի Աջերուն արծաթապատ արկղը շինուած է 1765ին Գաբրիէլ Կաթողիկոսի (1758-1770) ատեն, ի յիշատակ Ղուկաս եւ Միքայէլ կաթողիկոսներու Անտիոքի մէջ, նուիրակ Եփրեմ Եպիսկոպոսի միջոցաւ։ Շինող վարպետին անունն է` Ղալէմքեար Մհի . Յարութիւն։
       Եփրեմ, որ Գաբրիէլ Կաթողիկոսին եղբօրորդին է եւ անոր յաջորդը, այդ արծաթապատ արկղին վրայ 15 տուն, քառտողեան ոտանաւոր յիշատակարան մըն ալ քանդակել տուած է, եւ այդ յիշատակարանին մէջ կը պնդէ որ Լուսաւորչին Աջը յանկարծ ոեւէ տեղ չէ երեւցած, ատանկ խօսքեր գորտերու ղօղանջներ են, այլ անշարժ կեցած է Սիսի մէջ եւ այդ սնտուկին կամ արկղին մէջ։
      
       -«Վայրաղօղանջ գորտոցն բան,
       Չէ՛ հաւաստի, այլ պատիր ջան
       Անկարծ երեւեալ հաւատան,
       Սակայն անշարժ որ աստէն կան»։
      
       Անշուշտ շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար հոս Սիսի Աջին ալ նկարագրութիւնը։ Այս մասին դիմեցի Կիլիկիոյ Սահակ Ս. Կաթողիկոսին, որպէս զի Լուսաւորչի Աջին եւ միւս Աջերուն լուսանկարն ու նկարագրութիւնը շնորհէ այս ուսումնասիրութեան համար։ Ս. Կաթողիկոսը բարեհաճեցաւ հայթայթել ինձ Աջերուն լուսանկարներն, տալով նաեւ հետեւեալ տեղեկութիւնները ատոնց մասին.
       - «Ս. Լուսաւորչի Աջը հանգիստ թողլով` Ս. Սեղբեստրոսը եւ Նիկողոսը իրենց փտտած պատանքներէն, կ'ուզէք կապանքներէն ու շղթայներէն մերկացնելով ազատեցինք։ Ս. Նիկողայոսի Աջը ջախջախուած (արծաթը ) կարկտնուած ու կոշտ ու կոպիտ գամերով ծածկուած ու վիրաւորուած, իսկական տիպար տառապակոծ հայութեան. ու ինչո՛ւ ազատ մնային հայուն յարգած սրբութիւնները հայուն դարաւոր տառապանքէն։ Աջերն ալ մեզ նման լեռնէ լեռ, բերդէ բերդ եւ անապատները փախստական` հազիւ մահամերձ վիճակով ազատած են։
       Լուսանկարին աջ կողմի պարթեւ բազուկը Լուսաւորչինն է, մէջտեղինը Սեղբեստրոս եւ անոր քովիկը Նիկողայոս. Պարսումի թաթը առանձին տուփի մէջ դաստակի մէջ չէ։
       Ս. Սեղբեստրոսինը բաւական անարատ մնացած է, որովհետեւ վերանորոգումը շատ հին չէ՛. - «Բազուկ Ս. Աջին Սեղբեստրոսի վերանորոգեալ արդեամբ ի թվին ՌՄԻԱ» (=1772)։
       Ս. Նիկողայոսի Աջին վրայ տարբեր ձեւերով երեք յիշատակարան կայ. «Զաջն Սրբոյն զՆիկաւլեայ, զոր ըղձմամբ սրտի ստացեալ ես Կոստ. Կաթող. եւ ետու կազմել զսա ի յիշատակ ինձ ի յԱթոռն Սրբոյն Գրիգորի ի թագաւորութեան Աւշնի եւ որդւոյ նորին Լեւոնի, ի թվին ՉՀԴ» (=1325)։
       Առաջինէն տարբեր ձեւով. «Զատեցավ ծղի Սբ. Գրիգորի ձեռամբ Տր. Թէոդորոս Կթղ . »։ Ի՞նչ կը նշանակէ այդ. արդեօք երկու ծղիները մէկ տուփի մէջ զետեղուած էին ի սկզբան։
       Դաստակի ներքին մասին, որ բոլորովին տարբեր արհեստաւորի գործ է, եւ մխերով առաջին գեղարուեստ մասին ագուցուած է բռնատեղւոյն վրայ, Ռուբինեանց ժամանակի ձեռագրով□երկու բառ ճմլուած. «կազմեցեալ Ս. Ստեփանոսի Աջս ի ձեռն Սահակայ Եպիսկ. ի թուին ՈՒԸ» (=1279)։
       Ըստ մեզ, դաստակի արծաթեայ այս մասը ուրիշ աջի մը կտորն է. սակայն ո՞վ է այդ Ստեփանոսը, եւ ո՞վ կազմող Սահակ Եպիսկոպոսը։
       Այս երեք Աջերը Պարսումի թաթին հետ միասին արծաթապատ արկղիկի մէջ դրուած են։ Արկղն ցեցոտած եւ վտանգուած է»։
      
       Դարձեալ դիմեցի Ս. Կաթողիկոսին որ բարեհաճի առանձինն լուսանկարել տալ եւ նկարագրել Լուսաւորչի Աջը` քակելով ատոր պատանը, բայց չեղաւ, վասն զի «Ս. Լուսաւորչայ Աջին բազմափաթոյթ պատեանը կամ պատանքը մի քանի տեղէ կնքուած է անընթեռնլի կնքով։ Խղճահարութիւնը թոյլ չի տար ձեռք զարնելու եւ քանդելու։ Ասկէ զատ կասկած ալ ունիմ որ Ս. Նիկողայոսի ջախջախուած վիճակ ունենայ, որ այդքան խնամքով կապած ու կապկպած են։ Եթէ համարձակինք քակել եւ կասկածս իրականութիւն գտնէ, չը պիտի կարողանանք լուսանկարել տալ»։
       Առ այժմ գոհ կ'ըլլանք այսչափով, ապագային թողլով Սիսի Աջին լման նկարագրութիւնը, որ իրաւունքն է պատմութեան։
       Երուսաղէմ
      
       ԾՆԹ . - Այս ուսումնասիրութիւնը տպուած է Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը»ին մէջ, 1927, էջ 489-501։ Ներկայս շարուեցաւ Հեղինակին ձեռագրին վրայէն։ Փորձերուն սրբագրութեան միջոցին աչքի առջեւ ունեցանք տպագրեալն ալ։
      
       Ն. Վ. Պ.