Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՆՋՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ


Ձեր դեդեւկոտ քայլերուն Գողգոթայէն վերելքին

Կը հետեւիմ դողալով ըմբոստացման սարսուռով,

Գողգոթա մը՝ զոր խուժդուժ բաղդն ստեղծեց Ձեզ համար,

Փուշէ պըսակ Ձեր ճակտին դրաւ մարդը անիրաւ,

Եւ քացախէ ըմպելին Ձեր շուրթերուն մօտեցուց…։

Թշուառութեան ծանր խաչը Ձեր ուսերուն դողդոջուն,

Կը դիտեմ Ձեր վերելքը Գողգոթայի բարձունքէն.

Ձեր ոտքերը արիւնոտ ճանապարհի խութերէն

Ա՛լ կը մերժեն քայլ առնել, եւ նայուածքնիդ տանջուած

Ճակատագրէն անիրաւ զո՜ւր գթութիւն կ՚աղերսեն…։

Կը հըրէ Ձեզ ձեռք մը բիրտ, դաժան ձայն մը կը գոչէ՝

«Քալէ՜, քալէ՜…» եւ Խաչը Ձեր ուսերուն կը սեղմէ.

Սայթաքելով կ՚ելնէք վեր, եւ քրտինքի կայլակներ

Կաթիլ, կաթիլ, Ձեր ճակտէն գետնին վրայ կը թափին։

Կիւրենացի մ՚գըթասիրտ չի հանդիպիր Ձեզ ճամբան

Որ գէթ կիսով չափ օգնէ ծանըր Խաչը բառնալու.

Արեմաթեան Յովսէփ մը չկայ հոն, Ձեր Խաչին տակ

Որ դամբանի հանգիստը տայ Ձեր մարմնոյն անտէրունջ…։

***

Ըմբոստացման սարսուռը էութեանս մէջ բաբախուն,

Կը հարցընեմ ես ինծի եթէ որ ձեռքերն անըզգամ

Պատրաստեցին Ձեզ համար կեանքի լեղին մահատու,

Մինչ շատերուն պահեր են անուշն անչա՜փ, անսահմա՜ն…։

Եւ թէ ո՞ր կամքն անողորմ, ա՜խ, վճռեց որ ծըռին վար

Ազնուական գըլուխներ, անազնիւին ոտքին տակ,

Եւ վեհ սրտեր ըստիպուին աղերսանօք խնդրելու

Ցած սրտերէ Սէր եւ Գութ, փըշո՜ւր մը հաց շատ անգամ…։

Կը փորձուիմ ես ինծի հարցընելու դառնագին

Թէ՝ թշուառը աշխարհի օրէնքներուն դէմ անգութ

Պիտ՚ ծառանայ բընաւին եւ առնական խոյանքով

Պիտի շրջէ՞ երբէք օր մ՚այդ օրէնքներն անիրաւ.

Թէ ի՞նչպիսի զոհ կ՚ուզէ ներկայ կեանքը, որ ծընի

Արդարութիւն, Իրաւունք, իր չոր ամուլ արգանդէն,

Եւ մարդկութիւնն ճանչցուի բաղդին առջեւ հաւասար։

Եղաւ ատեն՝ ուր Աստուած մ՚Սիրոյ համար զոհուեցաւ,

Ի՞նչ զոհ արդեօք պահանջէ մեզնէ այս դարն անիրաւ

Որպէսզի մարդ վերջապէս ըլլայ մարդուն հաւասար…։