Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԷՏԷՎԻՆ
(ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)


Երկայն պուրնուզ մ՚ձըգած իր լայն ուսերուն,

Ոտքը բոբիկ արագ արագ կը գընայ.

Աջ ձեռքն պահած մէջ պուրնուզին ծալքերուն,

Ձախովն ջըղուտ շարժէ եղէգ մը հսկայ։

 

Աչքերն յառած անթարթ կէտի մ՚անորոշ,

Անուշադիր ու երազուն նա կ՚անցնի.

Թուի լըսել իրեն ծանօթ ձայն մ՚անուշ

Որ կը խօսի անտառներէն հայրենի…։

 

Եւ ո՞վ գիտէ… ինչե՜ր կ՚անցնին իր մտքէն.

Երբեմն ուժգին կը սեղմէ բունն եղէգին.

Ու կ՚երեւի սեւ նայուածքին կըրակէն,

Դառն գաղտնիք մը թաղուած կայ խորն իր կեանքին։

 

Գեղեցի՜կ է անապատի այդ որդին…

Բարձր հասակով, հպարտ նոճւոյ մը հանգոյն,

Խոշոր աչքերն ունին նայուածք խոր, մըթին

Որ սարսափի դող մը կուտայ քեզ իսկոյն։

 

Իր պուրնուզին կէս մը բացուած ծալքերէն

Կ՚երեւայ թուխ, հուժկու, մազոտ կուրծքը լայն.

Գըռուզ մազերն դուրս են կախուեր փաթթոցէն,

Ւ’ անոր ճերմակ ծոպերուն հետ կը խաղան։

 

Խորհրդաւոր երկու նըշան աստղաձեւ,

Վըզին մօտիկ՝ աղօտ հետքեր են թողեր,

Եւ արեւէն խանձած դէմքին վըրայ սեւ

Նոր ծըլեր են մօրուաց ցանցառ նուրբ թելեր։

Թուխ գանգուրներն հովուն տուած, վայրենին։

Ձեռքը պահած միշտ պուրնուզին ծալքին տակ,

Նըման այն կոյս անտառներու առիւծին,

Կրճտէ կատղած մերթ ակռաներն սպիտակ։

***

Ժամանակ մը, չի հեռացած դեռ երկրէն,

Կ՚ապրէր անհոգ, այդ բընութեան սէգ տըղան.

Հըպարտ ու քաջ, սիրուած երկրին քաջերէն,

Իրեն ցեղին փառքը, պարծա՜նքն էր իր տան։

 

Լարած աղեղն, ձըգած կապարճն ուսերուն,

Իր նըժոյգին վըրայ ճերմակ կը սուրար.

Պատերազմի վէս աստուածի մը հանգոյն

Եւ անտառաց քաջին յաղթած կը դառնար։

 

Եւ իր երկրին գեղուհիներն երազուն.

Կը նայէին իրեն, խոնաւ աչքերով.

Կոյս սրտերնէն կ՚ելնէր հառաչ մը թագուն,

Երբ կ՚երեւէր ան, իր կըրա՜կ նայուածքով։

 

Բայց ինք կ՚անցնէր, արքայի մը պէս հըպարտ,

Անտարբեր այդ հուրիներու պչրանքին.

Ճերմակ ձիուն վըրայ վըսեմ ու հանդարտ

Կ՚երգէր մեղմիւ տրտում երգերն իր երկրին…։

 

Եկաւ օր մը… հնչեց իրեն ալ ժամը…

Մարմինն ամբողջ խո՛ր սարսուռով մը դողաց,

Երկրին այրող արեւուն պէս աղջիկ մը

Յափշտակեց, գողցաւ իր սիրտն ու գընաց…։

 

Եւ կորսընցուց քունն ու հանգիստն ալ իսպա՜ռ,

Մոռցաւ անտառն, նետեց նետերն ու աղեղ,

Եւ թափառիկ, դէս դէն, տղան սիրավառ

Կը փնտըռէր իր գեղուհւոյն տունն ու տեղ։

 

Եկաւ օր մը, գըտաւ հետքը աղւորին

Նա՝ բարբարոս, անգութ ցեղի մ՚աղջիկն էր.

Իրեններուն խուլ, դարաւո՜ր թշնամին.

Արեան ծով մը զիրենք յաւէտ կը բաժնէր։

 

Դողա՜ց հէքը… ուզեց խոյս տալ իր երկրէն.

Բայց դըժոխքը բռնկեր էր կուրծքին տակ.

Եւ ուր փախչիլ զինքը լափող կըրակէն,

Եւ ուր մոռնալ այն խո՜ր աչքերն անուշակ։

***

Իրիկուն մը, ուշ էր ժամը, նա անցաւ.

Իր սիրելւոյն վըրանին մօտ ձին քշեց.

Մելամաղձիկ ձայնովն անո՜ւշ, սրտագրաւ

Դողդոջ շեշտով, սիրոյ անվե՜րջ երգն երգեց…։

 

Մնչեց իր ցաւն, գոչեց իր սէրն ու գոռա՜ց.

Եւ անտառներն ալ գոռացուց իրեն հետ.

Մինչ թռչուններն ծառոց վըրայ, լուռ, ապշած.

Կ՚արձակէին հազիւ տըկար ճիչ մը մերթ։

 

Մէյ մ՚ալ տեսաւ, վըրանը կէս մը բացուած…

Երա՞զ մ՚արդեօք խօլ կը պարէր գանկին տակ

Երկու թովիչ աչքեր, ջահե՜ր զոյգ վառուած,

Կը նետէին մութին ցոլքեր, շողեր տաք։

 

Ա՜ն էր… նախ իր սիրտը ճանչցաւ զԱն իսկոյն.

Խենդի մը պէս ինկաւ անոր ոտից տակ.

Մինչ մէկ մատը դըրած կարմիր շուրթերուն՝

Կ՚ուղղէ՜ր իրեն գեղանին քաղցր մի նայուածք։

 

Եւ պատանին տժգոյն, երկար մազերով.

Իր սիրելւոյն առջեւ խոնարհ՝ ծնրադրեց.

Իրենց երկրին խորհրդաւոր բարբառով

Սրտին է՛ն խոր ծալքերն մէկ մէկ քրքրեց…։

 

Քանի՜ ժամեր տեւեց այսպէս ով գիտէ…

Չեն համրուիր երջանկութեան հե՜շտ ժամեր,

Արեւն ահա, առջի շողերն կը նետէ.

Հեռուն՝ ծայրը լերանց՝ կարմի՜ր է ներկեր…։

 

Եւ զատուեցան երկու տղաքն սիրահար,

Տըխուր նայուածք մը նետելով արեւուն.

Իրենց շուրջը իցի՜ւ տիրէր մի՛շտ խաւար.

Զիրենք ծածկէ՜ր… պահէ՜ր աչքէն ամենուն…։

 

Եւ սիրեցին այնպէս՝ ինչպէս կը սիրեն

Կըրակ թափող արեւուն տակ երկրին այն.

Սէրը մաշող է, փշրող է հոն, կ՚ըսեն.

Հոն չեն մոռնար, կ՚այրին, մոխի՜ր կը դառնան…։

 

Եւ յիշելով հին վըրէժը ցեղային

Կը խորհէին խոյս տալ տունէն հայրենի

Իրենց սէրը ծածկել խորերն անտառին

Ապրիլ ազա՜տ, գազանաց հետ վայրենի…։

 

Զի ոճիր մ՚էր իրենց սէրը, գիտէին,

Յաչս այդ մարդկանց արիւնարբու, մոլեռանդ.

Փոյթ չէր թէ՛ այդ՝ իրենց արեամբ քաւէին.

Աշխարհն ողջոյն իցի՜ւ չըլլար քար ու քանդ։

***

Իրարու մօտ նստած գիշեր մը լըռիկ,

Կը դիտէին տաք նայուածքով մը զիրար.

Ամպ մ՚է գոցեր լուսինը, մութ են երկինք

Քանի մ՚աստղեր կը վառին ղէս դէն, ցանցառ…։

 

Յանկարծ ստուեր մ՚իրենց մօտիկ կանգ առաւ,

Դիտեց անշարժ երկու տղաքն մի վայրկեան.

Ժպտով մը լայն, սուր ակռաներն ցոյց տուաւ

Խածատելու մօտ՝ գազանի մը նըման…։

 

Եւ զայրոյթի մռունչ մը խո՜ւլ ու երկա՜ր

Հեռուն՝ լեռներն բիւր անգամներ կրկնեցին…

Ու դեղնեցան հէ՜ք տղաքը սիրահար,

«Կորանք» ըսին, եւ ողջ մարմնով դողացին…։

 

Եւ ալ կարծես մութին մէջ շատ մ՚ստուերներ

Գետնին տակէն դուրս կ՚ելնէին մի առ՛մի.

Եւ վայրենի աղաղակներ մըռունչներ,

Կը պոռթկային բիւր կուրծքերէ կատաղի։

 

Եւ յայտնի էր, մի ահաւոր բարկութիւն,

Կը գոռար այդ վայրի մարդոց կուրծքին տակ.

Այս նախատինքն ցեղային Մե՜ծ, Սուրբ պատւոյն

Պէտք էր քաւուէ՜ր հեղեղներով արեան տաք։

 

Բայց մտածման պէս շարժումով մը արագ,

Գրկեց տըղան, իր սիրելին դողահար.

Ցատկեց թեթեւ, վրայ ձիուն իր ճերմակ,

Ուզեց կտրել դաշտը, մտնել ի յանտառ։

 

Ահա նետ մը եկաւ սուլել իր շուրջը,

Ու երկաթի յորդ անձրեւ մը սկըսաւ.

Մէկէն ցաւի խորունկ ու սուր հառաչ մը

Իր սիրելւոյն վարդ շրթներէն դուրս թռաւ։

 

Ու նայեցաւ տղան խենդի աչքերով,

Այն ճակտին՝ ուր մահն իր դալուկ կը դընէր.

Կ՚իջնէր արիւնն վըզէն վար, լայն շիթերով,

Սիրած անունն՝ շրթանցն վրայ կը մեռնէր…։

 

Եւ սպաննողն հոն էր, ժպտով մը վայրագ

Արեան հօտէն գինո՜վ, մօտիկ հէ՛գ զոյգին

Կո՜ւշտ կը դիտէր մեռնող աղջկայ հոգեվարք,

Եւ կը հրճուէր ի տես թափուած արցունքին։

 

Մէկէն, լացող տըղան աչքերն վեր առաւ,

Տեսաւ ժպիտն դէմը կեցող ճիւաղին։

Վրիժու կայծը նայուածքին մէջ վառեցաւ.

Քաշեց խանչարն, պատռեց կուրծքը գազանին։

 

Եւ ահաւո՜ր… թօթուեց մազերն սեւ արձակ.

Սիրականին դիակն զրկած պինդ սրտին,

Շուրջը նետեց նայուածք մը սէգ համարձակ.

Յառաջ քշեց, անտառներու խորն իր ձին։

***

Եղէգներու պուրակին մէջ, հոն, շինեց.

Իր սիրելւոյն համար հանգիստ անկողին.

Հողը տըխո՜ւր, խոնա՜ւ գըտաւ եւ չուզե՜ց

Յանձնել մարմինն սիրականին սեւ հողին…։

 

Գերեզման չէր. օրօրան մ՚էր դա քնքուշ.

Զոր զեփիւռին թեւերն մեղմիկ օրրէին.

«Ննջէ՛ մինակ, իմ աչքիս լոյս, քունդ անո՜ւշ

Հառչեց խորունկ մինչեւ ննջե՜նք միասին…։»

Վերջին համբոյրն տուաւ սառած շուրթերուն,

Կեանքին ընկեր՝ ընտրեց եղէգ մը մինակ.

Եւ հեռացաւ նա քայլերով երերուն.

Այդ վառ սէրէն՝ տարաւ չո՜ր փայտ մ’յիշատակ։

 

Այսպէս թողլով քաղցր հայրենիք, տեղն ու տուն,

Կը թափառի դէս դէն, սրտէ՜ն զարնուած.

Լուռ, չխօսիր կ՚ըսես քո՞ւն է թէ արթուն.

Աչքերը բաց՝ կարծես ըլլայ քնացած…։

***

Աչքերն յառած անթարթ կէտի մ՚անորոշ

Եղէգը պինդ ձեռքին սեղմած, նա կ’անցնի՜.

Թուի լըսել սիրականին ձայնն անուշ,

Որ եղէգնեայ գերեզմանէ՜ն կը խօսի…։