Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻՐԱՊԱՇՏ ԹԷ ԻՏԷԱԼԻՍՏ


Այս վերջին ժամանակներու ընթացքին մէջ, կը տեսնենք թէ՝ հոգեկան բարձր ձգտումները հետզհետէ կը պակսին մարդկութեան մէջ։ Անձնասէր, պզտիկ եւ միայն օրը օրին տափակ կեանք մը կապրինք հիմա։

Չկա՜ն այն ազնուական ժէսթերը, այն հոյակապ գործերը, այն սքանչելի հոգիները, մէկ խօսքով, որ մեզ կը յափշտակեն երբ կը կարդանք Պրուտարքոսը, հին եւ նոր ազգաց պատմութիւնները առ հասարակ։

Ասոր պատճառը կը կարծեմ թէ չափազանց իրապաշտական ուղղութեան մը հետեւելնիս է։

Հին գրականութիւնը երեւակայելով մարդիկը այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք էր ըլլային, ստեղծեց գուցէ այն գերազանց թիփերը, զորս այսօր իբր օրինակ հպարտութեամբ կը ցուցադրենք մենք մեզի մինչդեռ իրապաշտ պրօպականտը, իրապաշտ գրականութիւնը ցուցնելով մարդիկը այնպէս, ինչպէս որ են իրապէս, թեւաթափ կտրեցին մարդկութեան թռիչքը դէպի վեր, դէպի աւելի բարձրերը։

Իրականութիւնը շա՜տ տխուր եւ շա՜տ տգեղ է ինքն ըստ ինքեան իր բացարձակ մերկութեանը մէջ, եւ քանի՛ կը շեշտուի իրականութիւնը միայն տեսնելու, եւ անո՛ր միայն տարամերժօրէն հաւատալու այս ուղղութիւնը, այնքա՛ն մարդիկ կը դառնան սկեպտիկ, յուսահատ ամէն գեղեցիկ բաներու իրագործումէն եւ յոռետես՝ կեանքի մասին։

Օգտակար է սակայն միշտ աւելի՛ լաւատես ըլլալ դէպի մարդը, հաւատալ թէ՝ անիկայ ատակ է լաւագոյն ու բարձրագոյն ձգտումներու։ Եւ որչափ մեծ ըլլայ հաւատքը, այնքան աւելի յուսալի է բարձրացումը անոր կեանքին եւ որչա՛փ աւելի յոռետես ըլլանք, եւ նկատենք մարդը տկար էակ մը, գերի միայն իր կիրքերուն ձեռքը, այնքա՛ն պիտի ստորնանայ, պիտի իյնայ անոր կեանքը…։

Իրապաշտ պրօպականտը չափազանց նիւթապաշտ դարձուց մարդը, եւ ա՛յդ է պատճառը որ անիկայ օրըստօրէ կը հեռանայ գաղափարականութենէ։

Մեծ եւ ազնիւ գործերը զոհողութիւն կը պահանջեն. ու նիւթապաշտութիւնը ոխերիմ թշնամին է զոհողութեան, եւ սակայն կեանքը բարձրացնելու համար պէտքը կայ աւելի գաղափարականութեան մօտենալու։

Մեզ, հայերուս համար կ՚ըսուի թէ՝ իտէալիստ ժողովուրդ մըն ենք. չգիտեմ թէ ո՛ր աստիճան ստոյգ է ասիկայ։ Մեր իտէալիստները, ցանցառ բացառութեամբ իտէալիստի դիմակի տակ, ամենասինիք տեսակէն նիւթապաշտներ դուրս եկան դժբաղդաբար…։

Ճշմարտապէս իտէալիստ մարդոց մեր ցեղը շատ քիչ անգամներ ծնունդ տուած է։ Չափազանց անձնասէր ժողովուրդ մըն ենք, չափազանց յարած նիւթին, եւ ատոր համար է որ շատ հեռի ենք մեծ ժողովուրդ մը ըլլալէ։

Ամենափոքր զոհողութենէ մը իսկ կը խրտչինք երբ հանրային օգուտը ատիկայ մեզնէ պահանջէ, եւ սակայն մեր հասարակական գործերը, որոնք այնքա՜ն տխուր կերպարանք մը ունին այսօր, իտէալիստ մարդոց պահանջքը ունի, ընդունակ ամէն զոհողութիւններու, ընդունակ գեղեցիկ ժէսթերու։

Ազգային հաստատութիւնները՝ եկեղեցի, դպրոց, հիւանդանոց եւն. եւն. իտէալիստ մարդոց պէտքը ունին իրենց վսեմ նպատակին ծառայելու համար։

Գաղափարական հրաբորբոք եռանդով մը գերազանցօրէն խորունկ անկեղծութեան շունչով մը պէտք է զիրար ոգեւորեն հանրային գործիչները, որովհետեւ եռանդ մը եռանդով կը բորբոքուի։ Ամենէն հրավառ շունչը կը սառի անտարբերութեան եւ պաղութեան մթնոլորտին մէջ։

Զօրաւոր նկարագիրներու տրուած է գլխաւորաբար այդ հզօր շունչը, այդ անշէջ եռանդը, որ ոչ մէկ բանէ կը յուսահատի։

Մաղթենք որ ասանկ նկարագիրներ մեր ցեղին մէջ ծլին ու ծաղկին։