Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑԻ Սանուհիներուն

Հիմա որ երկար արձակուրդէ մը ետքը՝ վարժարանը իր թեւերը կը բանայ ձեզի ընդունելու համար իր գիրկը, սիրելի՛ տղաքս, պէտք է որ գիտնաք թէ՝ ի՛նչ կը սպասէ վարժարանը ձեզնէ, թէ ի՛նչ կը սպասէ ազգը ձեզնէ, թէ ի՛նչ կը սպասենք ձեր ուսուցիչները եւ ե՛ս ձեզնէ։

Աշխարհի վրայ պարտականութիւն ըսուած բան մը կայ. անոր անունը դուք լսած էք շատ անգամներ. բայց անոր ըմբռնողութիւնը գուցէ պէտք եղածին չափ չունիք, տրուած ըլլալով ձեր դեռ շատ մատաղ հասակը, եւ խորհելու ու դատելու կարողութեան դեռ եւս անկատար վիճակը։

Պարտականութիւնը խիստ եւ անողոք տէր մըն է։

Ամեն բռնակալութիւն պէտք է տապալի, եւ ես չե՛մ որ ձեզի պիտի քարոզեմ համակերպութեան վարդապետութիւնը, բայց տղա՛քս, կա՛յ բռնակալութիւն մը՝ որուն լուծին տակ պէտք է գլուխ ծռէ ամենէ՛ն ըմբոստ, ամենէ՛ն խիզախ խառնուածքի տէր մարդը՝ եթէ առաքինի է ու պատուասէր ։

Ատիկայ, Պարտականութեան բռնակալութիւնն է։

Դեռ Պարտականութեան գծած անգութ սահմաններուն մէջ մտնելու ժամանակը չէ՜ հասած ձեզի համար, ու կ՚երեւակայեմ արցունքները՝ զոր պիտի թափէք, տառապանքները՝ զոր պիտի կրէք, անքուն գիշերները՝ զոր պիտի անցնէք մաքառելով ձեր սրտին հետ, ձեր մտածումներուն հետ, ձեր կամքին հետ. եւ ե՛ս ալ կը տանջուիմ ձեզի հետ, իմ սիրե՛լի տղաքս, ե՛ս որ այդ ճամբաներէն անցայ, ու ճաշակեր եմ ու գիտեմ այդ դառնութիւնները, եւ հեւ ի հեւ մտածումովս կը հետեւիմ ձեր մղելիք պայքարներուն եւ կ՚երեւակայեմ դարձեալ զգալիք անհուն ուրախութիւնս եւ խորունկ հպարտութիւնս երբ պիտի տեսնեմ ձեր հոգիներուն մէջ Պարտականութեան տարած փառաւոր ու վերջնական յաղթանակը, երբ մէկ խօսքով պիտի տեսնեմ ձեզ տարամերժօրէն Պարտականութեան մարդը։

Եւ, մտիկ ըրէ՛ք ինծի, ե՛ս որ կը սիրեմ զձեզ, եւ ա՛յդ դուք շատ լաւ գիտէք, նախամեծար պիտի համարիմ տեսնել զձեզ ամենքդ մէկիկ մէկիկ մեռած աչքերուս առջեւ, եւ լալ ձեր վրայ, քան տեսնել զձեզ յաղթուած այդ կռիւին մէջ, ընկճուած, ամօթահար, անարգ կեանք մը քաշկռտելով. բայց ես վստահ եմ որ ձեզնէ իմ ամենէ՛ն շատ սիրած էակներէս ամչնալու տանջանքը ինծի կրել պիտի չտաք երբէք։

Մի՛ վախնաք, դուք որ բարի պատերազմը պիտի պատերազմիք, ձեր տարած յաղթանակը ձեր սրտին ու ներքին զգացումներուն վրայ՝ ուժ պիտի տայ ձեզի, ձեր տառապանքներուն մէջ։

Գուցէ պիտի լաք երկար ատեն, գուցէ խորունկ վէրք մը մի՛շտ բաց՝ պիտի արիւնի ձեր սրտին խորը, բայց ի՜նչ փոյթ… ա՛յն մտածումը թէ՝ դուք ըրի՛ք այն՝ ի՛նչ որ պարտական էիք ընելու, ձեզի պիտի մխիթարէ։

Համոզուեցէ՛ք որ աշխարհի վրայ բաց ճակտով եւ հանդարտ խղճող ապրելէ զատ ուրիշ երջանկութիւն չկայ, եւ շիտակ է երբ կ՚ըսուի թէ՝ «Ճշմարիտ երջանկութիւնը պարտականութիւններու կատարումին մէջ միայն կը կայանայ»։

Այն ամէն ուրախութիւնները որոնք Պարտականութեան օրէնքներէն դուրս կը մնան, իրենց մէջ կը պահեն այն ճակատագրային դառնութիւնը, որը կը տեւէ՝ ցորչափ կը տեւէ կեանքը, եւ ամենէն քաղցր ու երջանիկ կարծուած վայրկեանները կը թունաւորէ։

Դուք մի՛ նայիք ձեր շուրջը։

Օրինակը ձեր շրջապատէն եւ ձեր ապրած միջավայրէն չէ՛ որ պիտի առնէք, ափսո՜ս…։

Նայեցէ՛ք դէպի ետեւ, դէպի հեռաւոր անցեալը եւ ձեզի օրինակ ընտրեցէք հին դարերու պատմական եւ դիւցազնական կիներու վարքը։

Յիշեցէ՛ք քաղցր եւ առաքինի Հռութը, հաւատարիմ եւ աշխատասէր Պէնէլօպէն, պարզասէր եւ համեստ Անտիօպէն, պատուասէր եւ արի Լուքրեցիան, Սպարթացի հիանալի կիները, եւ ներկայ ժամանակներէն ալ, իր ընտանեկան օճախին ու կնոջական պատւոյն յարգանքին ու սիրոյն համար ինքզինքը Սասունի խրոխտ լեռներն ի վար նետող սքանչելի Շաքէն եւ նոյնքան պաշտելի իր ընկերուհիները։

Պարտականութեան այս դիւցազնուհիները թող ձեր կուռքերը ըլլան, անո՛նց վարքին վրայ գծեցէք ձեր վարքը, անոնց ճամբուն հետեւեցէք, եւ անոնց կեանքովը ապրեցէ՛ք։

Մի՛ խաբուիք նոր ժամանակներու սոփեստութիւններէն, որոնք անպատկառօրէն կը ծաղրեն, կ՚արհամարհեն եւ ապուշ զրկանք մը կը դաւանին ինչ որ դիւցազնական զոհողութիւն մըն էր, ինչ որ բարձր ու վսեմ օրինակ մըն էր անցեալին մէջ, ինչ որ հին ազգերու մեծութիւնը եւ ուժը կը կերտէր, եւ ներկայի սանձարձակ վայելքին մէջ միայն կը գտնեն կեանքի իմաստը, ա՛յս է պատճառը ահա, որ այսօր ազգերը կը տկարանան, ժողովուրդները կը պզտիկնան, եւ մարդիկ կ՚իյնան…։

Ձեր միտքերը դէպի աւելի՛ նորը, դէպի աւելի՛ լոյսը թող դիմեն, իսկ ձեր սրտերը թո՛ղ որդեգրեն հին հերոսական զգացումները, վասն զի ա՛յդ է ճշմարիտը, եւ այդպէ՛ս պիտի մնաք մի՛շտ մեծ, առաքինի եւ ազնուական։

Դուք տակաւին նոր կեանքի սեմին վրայ կոխած, դեռ դպրոցական, պէտք է դպրոցին մէջէն պատրաստուիք ձեր ապագայի լայն կեանքին ծանր պարտականութիւններուն։

Դուք հիմակուց ունիք իբրեւ զաւակ, եւ իբրեւ աշակերտ պարտականութիւններ, եւ ինչ չափով որ խղճմտութիւն դնէք ատոնք կատարելու մէջ, այնչափով պիտի վարժուիք նաեւ անթերի կատարելու ձեր ապագայ աշխարհիկ կեանքի պարտականութիւնները։

Ի՞նչ է ձեր պարտքը տունին ու դպրոցին մէջ։

Արդեօք ձեր մտաւոր կարողութիւնները մշակե՞լն է, արդեօք ուսում եւ զարգացում ստանա՞լն է, լեզուներով ու գիտութիւններով ձեր միտքերը ճոխացնե՞լն է միայն…։

Ամենեւի՛ն ոչ.

Շատ թերի եւ անօգուտ պիտի ըլլային ձեր աշխատութիւնները, եթէ հաւատայիք թէ՝ ուսանիլն է միայն ձեր պարտքը։

Գիտցէ՛ք որ մեր դժբաղդ ազգը մտքի մարդոցմէն աւելի սրտի մարդոց պէտքը ունի իր այս ինկած վիճակէն բարձրանալու համար։

Այս բանը շատ անգամներ կրկնած եմ ձեզի։

Ձեր պարտականութիւնն է ամէն բանէ առաջ սիրել ձեր ծնողքը, ձեր վարժարանը, ձեր ուսուցիչները եւ խորունկ յարգանքով մը շրջապատել զանոնք։

Անոնց «այո՛»ն եւ անոնց «ո՛չ»ը ձեր օրէնքը պիտի ըլլայ։

Երախտապարտ պիտի ըլլաք հանդէպ անոնց՝ որոնք իրենց ամբողջ սիրտը եւ ամբողջ կեանքը դրած են ձեր տրամադրութեան տակ։

Անոնք ձեզի համար կ՚աշխատին, ձեր կեանքովը կ՚ապրին, եւ իրենց երիտասարդութեան է՛ն գեղեցիկ, է՛ն խանդավառ եւ է՛ն յուսալից տարիները ձեզի կը նուիրեն։

Յիշեցէ՛ք որ ձմեռը պիտի գայ նաեւ անոնց համար, եւ այսօրուայ ձեր տեսած սեւ մազերը օր մը պիտի ճերմկեն ձեր եւ ձեր պզտիկ քոյրերուն դաստիարակութեան գործին մէջ։

Յիշեցէ՛ք որ, անոնք իրեց ծերութեան օրերուն մէջ ճակատագրականօրէն պիտի մնան անկիւն մը լքուած, մոռցուած… եւ ո՞վ գիտէ, գուցէ անօթի, ծարաւ…։

Յիշեցէ՛ք ասոնք, եւ ձեր սէրը, ձեր գուրգուրանքը, որը անոնց միակ մխիթարութիւնն ու վարձատրութիւնն է, թող կրկնապատկուի, թող յաւէրժանայ անոնց համար։

Ամեն գերութիւն նողկալի է եւ ստորնացուցիչ, եւ պէտք է ըմբոստանանք ատոր դէմ. բայց կայ գերութիւն մը որը պէտք է պաշտենք ծնրադիր ամենքս եթէ իրօք ունինք ազնուական եւ առաքինի հոգի մը, այն է՝ երախտապարտութեան գերութիւնը։

Մի՛ մոռնաք ասիկայ։

Պիտի սիրէք զիրար իբրեւ հարազատ քոյրեր։ Երբէք չար նախանձը, քէնը, ոխը պիտի չթունաւորեն ձեր սրտերը։ Դուք իրարու համար պիտի ըլլաք բարեկամներու է՛ն անձնուէրը, է՛ն անկեղծը եւ է՛ն սիրողը։

Գիտցէք որ դպրոցական գրասեղաններու վրայ սկսուած բարեկամութիւնն է որ յաւիտեան կը մնայ անշահախնդիր եւ անկեղծ։

Դուրսի աշխարհին բարեկամութիւններէն պիտի խաբուիք գուցէ, բայց ձեր դպրոցական բարեկամները զձեզ պիտի չի խաբեն երբէք։

Պիտի սիրէք ձեր վարժարանական պզտիկ քոյրերը ներողամիտ գուրգուրանօք եւ ձեր անձնական օրինակով պիտի սորվեցնէք անոնց ըլլալ բարի, աշխատասէր եւ կարգապահ, որովհետեւ խօսքը եւ խրատը ոչինչ են եթէ անձնական կարկառուն օրինակները չի միանան անոնց։

Քաղաքավար պիտի ըլլաք ձեզնէ մեծերուն ու ձեզնէ պզտիկներուն հետ ալ հաւասարապէս։

Քաղաքավար ըսելով սակայն, չի հասկնաք այն կեղծ պայմանադրական երեսպաշտութիւնը, թեթեւսօլիկ ծեքծեքումներն ու շարժումները որոնք կը փոխուին ժամանակին նորելուկ սովորութեանց հետ։

Ճշմարիտ քաղաքավարութիւնը կը կայանայ պարզ ու վայելուչ շարժուձեւերու, փութկոտ ու հաճոյակատար վարուեցողութեան, ժպտերես ու սիրալիր կերպերու մէջ։

Կարգապահ պիտի ըլլաք, թէ տունը եւ թէ դպրոցին մէջ։

Պիտի յարգէք եւ նախանձոտ գուրգուրանքով պիտի պահպանէք վարժարանին կարգն ու կանոնը։

Ով որ կանուխէն կը վարժուի կարգապահութեան, անիկայ կը յաջողի իր ապագայի ամէն ձեռնարկներուն մէջ։ Եւ ով որ չի գիտեր կարգ դնել իր մտածումներուն ու գործերուն մէջ, անիկայ չի կրնար ձեռք բերել ոչ բարոյական եւ ոչ նիւթական յաջողութիւն, ինչքան ալ յամառ աշխատող մը եղած ըլլայ։

Հաւատք ունիմ ձեր վրայ, տղա՛քս եւ այդ հաւատքը իմ երջանկութիւնս է թէ դուք անթերի կատարելով վերեւ յիշուած ձեր դպրոցական պարտականութիւնները, պիտի դառնաք ձեր վարժարանին եւ ձեր ուսուցիչներուն պարծանքը։