Լսեցին
իր
թշնամիները
թէ՝
անառակ
կին
մը
պաշտպաներ
էր
զէնքով,
ինքը
եկեղեցւոյ
վարդապե՜տը…
թէ
երկար
ատեն
անոր
հետ
առանձին
մնացեր
էր
հոն,
լերան
ստորոտը,
ինքը՝
կուսակրօն‒եկեղեցակա՜նը։
Եւ
բամբասանքն
ու
զրպարտութիւնը,
պժգալի
սուտերը,
անամօթ
ու
լիրբ
չարախօսութիւնները
սկսան
սանձարձակ
պտտիլ
իր
անձին
շուրջը,
մնտռել
իր
մաքուր
կեանքը։
Ու
յաջորդ
կիրակին
երբ
նա
եկեղեցւոյ
բեմը
կ՚ելլէր
քարոզելու,
սեւ
հոգիներ՝
որոնք
յաջողեր
էին
ժողովուրդին
մի
քանի
տգէտ
ու
դիւրահաւան
զաւակները
որսալ,
մի
քանի
մաքուր
սրտեր
պղտորել
եւ
փողոցային
խայտառակ
դաւադրութիւն
մը
սարքել,
սկսան
եկեղեցւոյն
մէջ
վայրենօրէն
պոռչտալ։
‒
Անկցի՜
անարժան
վարդապետը…
անկցի՜
անառակ
կղերականը…։
Չխօսեցաւ
ան։
Կարծես
իրեն
համար
չըլլային
այդ
անիրաւ
նախատինքները։
Ժողովուրդին
վրայ
պտտցուց
իր
հանդարտ,
քաղցր
ու
վեհ
նայուածքը։
‒
Սո՜ւտ
է,
սո՜ւտ,
անմե՜ղ
է
ան…
պօռաց
իսկոյն
ժողովուրդը
միահամուռ,
շլանալով
այդ
նայուածքին
անմեղութեան,
սրբութեան
ու
մեծութեան
ճառագայթներէն,
եւ
այդ
վսեմ
աղաղակին
մէջ
խեղդելով
ստութեան
տխուր
պոռչտուքը,
‒
Անմե՜ղ
է
ան,
կը
ստէք
դուք,
վատե՜ր…
ա՛ն
մեզի
հաց
տուաւ
երբ
անօթի
էինք,
ջուր
տուաւ
երբ
ծարաւի
էինք.
մեզ
խնամեց՝
երբ
հիւանդ
էինք,
մեզ
մխիթարեց
երբ
սգաւոր
էինք
ու
վշտացեալ…
անմե՜ղ
է
ան…
անմե՜ղ
է
ան…։
Եւ
սոսկալի
վայնասուն
մըն
է
փրթաւ։
Հինգ
հարիւրէ
աւելի
հուժկու
կուրծքերէ
դուրս
պոռթկացող
այդ
աղաղակները
կը
դղրդեցնէին
Աստուծոյ
տաճարը։
Վեղարաւորը
զգաց
վայրկենին
ծանրութիւնը։
Ձեռքերը
անգամ
մը
թափ
տուաւ
լռութեան
հրաւիրելու
համար
իր
հօտը։
Ու
երբ
լռեցին
անոնք,
լսուեցաւ
ի՛ր
ձայնը,
իր
առոյգ
ու
կորովի
ձայնը,
որ
այնքան
սրտեր
կը
յուզէր,
այնքան
մտքեր
կ՚ոգեւորէր
ու
կը
խանդավառէր։
‒
Ի՜նչ
է
այդ,
գառնուկներս,
ըսաւ
մեղմիկ,
միթէ՞
անարժան
հայհոյանքներու
եւ
անկարեւոր
խծբծանքներու
համար
կը
վայելէ
որ
զիրար
բզքտէք.
թողէք
որ
ճշմարտութիւնը
ինքնին
պարզուի
որը
ինչքան
ուշ
փայլի
այնքան
պայծառ
կը
շողայ։
Եւ
ժպտելով
իր
հօտին,
սկսաւ
քարոզը
անխռով,
որպէս
թէ
բնաւ
ո
եւ
է
յուզում
կրած
չըլլար,
թէ
բնաւ
երբէք
կարգ
մը
սեւ
երես
ապերախտներ
ահռելիօրէն
չարչարած
չըլլային
իր
մեծ
հոգին։
Ու
այս
անգամ
իր
քարոզը,
որոյ
բնաբանն
էր
«Աստուած
սէր
է»,
եղաւ
այնքա՜ն
սրտաշարժ,
այնքա՜ն
բաբախուն
համակ
զգացումով
ու
վսեմ
թռիչներով,
որ
ժողովուրդը
վերացած,
թովուած
անոր
խօսքերէն,
ցրուեցաւ
մխիթարուած,
մոռցած
քիչ
առաջուայ
տեղի
ունեցած
տխուր
ու
անախորժ
դէպքը,
եւ
աւելի
քան
երբէք
պաշտող
իր
վարդապետին։
Իսկ
նա
երբ
քաշուեցաւ
իր
սենեակը,
ծնրադրեց
խաչելութեան
մեծ
պատկերին
առջեւ,
որը
իր
մահճակալին
ճակատը
կը
զարդարէր,
եւ
գլուխը
ծածկած
երկու
ձեռքերուն
մէջ,
‒
Աստուա՜ծ
իմ…
մրմնջեց
արցունքներով,
ուժ
տուր
ինձ
տանելու
այս
երկաթէ
խաչը։
Ու
երկա՜ր
աղօթեց
ծունկի
վրայ։