Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեկնեցաւ այն քաղաքէն ուր արդէն յաջողեր էր տիրել տալու Սէրն ու Խաղաղութիւնը, սփոփելու մեծ թշուառութիւնները։

Դպրոցներ, ընթերցարաններ էր բացեր, բարեգործական մէկէ աւելի ընկերութիւններ էր կազմակերպեր, կանանց համար աշխատանոցներ էր հիմներ, որպէսզի զրկանքէ ու անօթութենէ թուլացած՝ չըլլայ որ ինկած կեանք մը ապրին։ Հոն կ՚աշխատէր ե՛ւ իր անկումէ փրկած կինը։

Իր գործը վերջացած կը համարէր հոն. այլեւս իրեն պէտք չունէին, եւ, հակառակ ժողովրդեան թախանձանքին ու արցունքներուն, օրին մէկը թողուց քաղաքը ու մեկնեցաւ։