Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դարերու ընթացքին մէջ, քաղաքակրթութիւնն ու զարգացումը ստեղծեցին այնպիսի հոյակապ միտքեր, որոնք ըմբռնեցին տիրող ընկերական սխալ կարգը, մտածեցին զայն յեղաշրջել եւ Ազատութեան, հաւասարութեան ու Սիրոյ վսեմ իտէալը գործնական հողի վրայ դնել։

Անոնք ազատ մտածումի եւ ազատ մամուլի իրաւունքը խիզախօրէն պահանջեցին եւ կառավարութիւններէն ոմանք ստիպուած տեղի տուին։ Եւ ահա, երիտասարդ եռանդուն ուժեր սկսան խմբագրել ազատ թերթեր, հոն խանդավառօրէն տարփողելով ազգերու հաւասարութեան, Սիրոյ ու Եղբայրութեան սկզբունքը։

Ուրիշներ խօսեցան բեմերու վրայէն, համարձակ մատնանշելով գաբիթալիսթներու անպատկառ անիրաւութիւնները՝ հանդէպ հարստահարեալ ժողովուրդներու, նկարագրեցին ամենավսեմ եւ յուզիչ շեշտերով այն խոնաւ անօդ, անլոյս բնակարանները, անօթութենէ եւ զրկանքներէն առաջ եկած ֆիզիքական ու բարոյական անտանելի ցաւերը, որոնք շատ աւելի արմատական կոտորածներ սկսեր էին ընել ազգերու եւ ժողովուրդներու մէջ՝ որքանը գուցէ չէին ըրած պատերազմը կամ ժանտախտը…։

Արիւնոտ եղան ու կ՚ըլլան դեռ եւս մարդկային կեանքի բարենորոգման ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլերը։ Շա՜տ զոհեր փռուեցան այդ ճամբուն երկայնքը, շա՜տ սրտեր արիւնեցան, շա՜տ արցունքներ թափուեցան ու թրջեցին ուղին… եւ այս պահուս Ռուսաստանն ու Կովկասը դեռ եւս արիւնի ու արցունքի մէջ թաթխուած է…։ Բայց սերմը արգաւանդ հողի վրայ ինկած է, եւ մարգարիտները չեն թափուած խոզերուն առջեւ. այդ արիւնի ու արցունքի մէջէն շուտով կը ծագի յուսոյ արշալոյսը, եւ յաջորդ սերունդները կը քաղեն ապահովաբար այդ ծլելու մօտիկ սերմերուն պտուղները։

Մենք պատմութենէն գիտենք որ այն ամէն դատերը՝ որոնք վերջնապէս տարեր են յաղթանակը, ունեցեր են ասանկ տագնապալի, արիւնալի շրջաններ. երբէք խաղաղութեամբ, առանց արիւն արցունք թափուելու, սկզբունք մը չէ՛ տիրապետած։

Հաւասարութեան ու Եղբայրութեան սկզբունքը, այն՝ զոր Քրիստոս քարոզած է ու նուիրագործած իր արիւնով, մին է այն սկզբունքներէն որ եկած է երկիր, նախապէս հուր եւ սուր շողացնելով, բայց ի վերջոյ Խաղաղութիւնն ու Սէրը թագաւորեցնելու համար ընդհանուր աշխարհի եւ ընդհանուր մարդկութեան վրայ։

Մասնաւորենք հիմա մեր խօսքը մեզ՝ Հայերուս վրայ, եւ հարցնենք թէ ի՛նչ ըրինք մենք ալ մեր աչքերուն առջեւ կատարուող այս վիթխարի շարժումներուն առջեւ։

Սուրբ սարսուռով մը համակուեցանք, ազնիւ ոգեւորութեամբ մը ցնցուեցանք եւ արիութեան ու անձնուիրութեան այդ սքանչելի օրինակները ներշնչեցին զմեզ ալ, խօսող, խորհող ու զգացող էակներուս, խորտակելու փշրելու համար զմեզ դարերէ ի վեր կաշկանդող բռնաւոր ուժը…։

Մենք, Հայերս, յեղափոխութեան սկզբնական պատճառին դէմ կռուեցանք։

Մեր եւ մերիններուն կաշիին անմիջական ապահովութիւնը դեռ եւս մեզ կը բռնադատէ սահման մը դնել մեր բացարձակօրէն ազատական ձգտումներուն. անշուշտ եթէ այդ պատճառը գոյութիւն չունենար, մենք ալ, իբրեւ արեւելքի ժողովուրդներուն է՛ն լուսաւորեալը, խանդավառութեամբ պիտի ընդգրկէինք համամարդկային սիրոյ գաղափարը։

Այդ տիեզերական խլրտումներուն առջեւ, յառաջդիմութեան եւ իրաւունքի ճամբուն մէջ, կը գտնուին սակայն հայ ժողովուրդէն անհատներ եւ բարեբաղդաբար ատոնք աննշան բացառութիւն կը կազմեն, համեմատելով հայ յեղափոխական ուժեղ տարրին հետ որ կը մեղադրեն հայ յեղափոխականները եւ զանոնք պատճառ կը բռնեն Հայ Տառապանքին։

Ժամանակը չէր, կ՚ըսեն, խոհեմութիւն չէր, եւրոպական քաղաքականութիւնը մեզի նպաստաւոր չէր, լաւ պատրաստուած չէինք, եւլն. եւլն…։

Անոնք կը մոռնան թէ հայ յեղափոխութիւնը ստեղծողը՝ հայ յեղափոխականները չէին, այլ դարուն ոգին, ժամանակը եւ ինչ որ ամենակարեւորն է՝ դէպքերը, այսինքն Տաճկահայաստանի մէջ կատարուող վայրագ բարբարոսութիւնները եւ բռնակալութեան տարապայման ճնշումը՛ հայ ժողովուրդին վրայ։

Առանց ատոնց, գուցէ դեռ եւս Հայ Յեղափոխութիւնը սպասէր իր հասուննալուն. չեմ ըսեր՝ սպասէր եւրոպական քաղաքականութեան նպաստաւոր դառնալուն, որովհետեւ եւրոպական քաղաքականութիւնը կը նմանի այն դիւրամատոյց կնոջ, որ այսօր երեսիդ կը խնդայ, քեզ կը խաբէ հրապուրիչ խոստումներով եւ վաղը այդ խոստումները արդէն մոռցած՝ լրբօրէն քթիդ խնդալով ուրիշի մը գիրկը կը նետուի…։

Ի սկզբան, մենք եւրոպական հայանպաստ քաղաքականութեան մը կրնայինք հաւատալ միամտօրէն, քանի որ յեղափոխական բաղխումներու արիւնոտ վադորդայնի մը՛ անոր ուղղակի միջամտութեանը դիմելու առիթը չէինք ունեցեր դեռ։

Իրա՛ւ, տարիներ առաջ, Սուլթան Ազիզի օրով խլրտում մը երեւցաւ Լուսաւորեալներու ու Խաւարեալներու, այսինքն Ազատական ու Պահպանողական կուսակցութեանց միջեւ, բայց ատի ազգայնական ներքին բարեկարգում մըն էր սոսկ. եւ այն ատենուան զարգացած ազատամիտ երիտասարդութիւնը՝ ժողովուրդին գլուխը անցած, յաջողեցաւ վերջապէս Սահմանադրութեան օրէնքին հաստատութեամբ տապալել Ամիրաներու բռնապետական սիսդէմը եւ ժողովուրդին տալ ազատ ձայն, ազատ քուէ, եւ իր նիւթական, բարոյական ու կրթական շահերը կառավարելու համար արժանաւոր գործիչներ ընտրելու իրաւունքը։ Բայց սա՝ ինչպէս ըսինք, ազգայնական ներքին յեղափոխութիւն մըն էր լոկ, եւ պէտքը չունէինք մեր գործունէութիւնը ծածկելու տիրող կառավարութենէն եւ դիմելու օտար միջամտութիւններու։

Հետզհետէ սակայն արիւնոտ շրջաններ բացուեցան, եւ տառապող հայերը սկսան Եւրոպայի աջակցութեան վրայ յոյսեր դնել։ Օր մը լսեցինք թէ՝ Վիքթօրիա թագուհին լացե՜ր է Հայ տառապանքին պատմութիւնը լսելով…։ Օր մ՚ալ լսեցինք, Կ. Պոլսոյ ջարդերուն ատեն, թէ անգլիական ֆրանսական ու ռուսական մարտանաւերը մտեր են Տարտանէլ, Պերլինի Դաշնագիրը յարգել տալու համար, եւ ահա, նոր ոյժ, նոր սիրտ առինք ու մեր թանկագին կորուստները մոռցած՝ հայ ազգին համար ժպտուն ապագայ մը ապահովուած տեսնելու յոյսովը մխիթարուեցանք. բայց քիչ վերջ, անգամ մըն յուսախաբ եղանք…։

Եւրոպական քաղաքականութիւնը հայ յեղափոխութեան կը ժպտէր եւ զանի կը քաջալերէր այնքան ատեն միայն՝ որքան պահանջք մը կ՚ունենար բրցնելիք Սուլթանէն. իսկ փափաքածը ստանալուն պէս՝ ըլլա՛յ այդ երկաթուղիի մենաշնորհ մը կամ քաղաքական շահերու հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող խնդրի մը կարգադրութիւնը, անմիջապէս երես կը դարցնէր մեզնէ։ Ուրեմն ի՞նչպէս կարելի էր սպասել եւրոպական յեղյեղուկ քաղաքականութենէն որ մեզի նպաստաւոր դառնայ, ու այնպէս սկսիլ ապստամբական շարժումի, երբ հոն, Տաճկահայաստանի խորերը հայ ընտանեկան յարկի սրբութիւնը կը պղծուի… հայ քրիստոնէական կրօնն ու եկեղեցին կը բռնաբարուին… հայ կոյսերը թրքական հարէմները բռնի կը քաշքշուին…։ Ինչպէ՜ս համբերել երբ տունդ ու ընտանիքդ պահող ամէն մէկ առարկաները մէկիկ մէկիկ կը քաշեն դուրս կը հանեն… ահա՛ կը տանին անկողինդ, վերմակդ, մինչեւ իսկ վրայի ցնցոտիներդ, որոնք հազիւ արդէն մարմինդ կը պատսպարեն ցուրտին ու ձիւնին դէմ. ահա կը տանին քու մէկ հատիկ կովդ ու այծդ, որ նեղ օրերուդ քեզի իր կաթովը գոնէ կը կերակրէր. ահա կը տանին քու մէկ հատիկ մանչ տղադ. միակ յոյսդ, ծերութեանդ ցուպը, բանտի ու տանջքի մատնելու համար…։

Համբերե՜՜՜լ… բայց անօթի՜ ես… միթէ քաղաքականութիւն, խոհեմութիւն, ժամանակ, տեղ, պարագայ կը հասկնա՞ն բռնի իսլամացումները, կուսապղծութիւնները, աւարառութիւնները՝ սպաննութիւնները… օ՜հ, ինչքա՜ն դիւրին է ազատ ու ապահով հողի մը վրայ խոհեմութեան ու քաղաքագիտութեան յորդորներ կարդալը…։

Պէտք է կրկնել դարձեալ թէ՝ եւրոպական քաղաքականութիւնը չէ՛ որ առանձինն պիտի կարենայ փրկել հայերը ցորչափ Եւրոպայի շահերը ատոր հակառակին։

Քաղաքակրթուած ժողովուրդներու ազդու բողոքները պիտի կարենան անշուշտ ստիպել իրենց կառավարութիւնները, այդ սառուցիկ սրտերը, որպէսզի գործնական միջոցներ ձեռք առնեն բոլոր ընկճուած ցեղերու ազատագրութեան համար. եւ շատ բնական է մեր կողմէն դիմել աւելի՝ ժողովուրդներու սրտին, քան թէ շահախնդիր դիւանագէտներու, վասնզի ժողովուրդները տառապած ըլլալով ու դեռ եւս տառապելով, վիշտն ու չարչարանքը կ՚ըմբռնեն։

Ու երբ Բիէռ Քիյեառներ, Միս Ալիս Պլաքուէլներ, հայ ազատագրութեան դատին այդ նոր տիկին Հէնրի Պիչըր Սթօուն, այնքան գեղեցկօրէն գրելով ու խօսելով ճշմարտութեան լեզուն, Հայ Տառապանքը կը ճանչցնեն այդ ժողովուրդներուն, կրնանք վերջապէս յուսալ թէ, հակառակ պաշտօնական Եւրոպայի անտարբերութեան, անդին քաղաքակիրթ ժողովուրդներ կան, որոնք հայութեան ցաւերուն վերջ մը տալ կը բաղձան անկեղծօրէն։