Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դահիճին հրէշային ծրագիրը կատարուեր էր, կրնար յոխորտալ. բաժներ էր վերջապէս կինը այն ազնիւ ու վեհ երիտասարդէն, որը իրա՛ւ անոր նախախնամութիւնը, փրկիչը եղեր էր։

Չարիքը գործեր էր չարիք գործելու հաճոյքին համար միայն, ո՛չ մէկ արդարացում ունէր։

Ուզեր էր վրէժ լուծել կնոջմէն նոր չարչարանքներէ փախուստ տուած ըլլալուն համար. ուզեր էր վրէժ լուծել Ֆուատէն, որը հիւրընկալեր, սիրեր էր թշուառուհին, եւ յաջողեր էր, իր չար կամքին հակառակ, օրէնքին ուժովը, տարաբաղդ մայրը արժանացնել զաւկին տեսութեանը։

Եւ առտու մը երբ Ֆաթիմէ իր Լէյլաին քունը կ՚օրրէր արեւելական անուշ ու տխուր մեղեդիներով, ուր իր սրտին լացը կը խառնէր դառն շեշտերով, դահիճը մտաւ անոր սենեակը. հէգ կինը անոր վրայ բարձրացուց իր նայուածքը։

Դիւային ժպիտ մը արձակեց ան կնոջը երեսին։

Թողուցի՞ր սիրահարդ, ըսաւ վերջապէս, յագեցած վրէժխնդրութեան այնպիսի՜ վայրագ շեշտով մը, որ նորատի կինը սոսկումէն դողաց. թողուցի՞ր զայն, եւ եկե՞ր ես հիմա ամուսնոյ մը հովանաւորութեան տակ նոր սիրահար մը ճարելու, այն ամուսնոյն՝ որը լքեցիր ու անպատուեցիր։

Ո՞վ էր մեղաւորը. պատասխանեց ան կիրք ելած եւ ներքին խորունկ յուզումէն թեթեւակի կարմրելով, անիծեա՜լ ըլլաս. ա՞րդեօք օր մը ուզեցիր նայիլ սրտիս խորը. քննել ու չափել տուած վէրքերուդ ծանրութիւնը, ու գէթ սիրալիր բառով մը, անուշ նայուածքով մը ամոքել զանոնք. ա՜խ… ամէն վայրկեանս ամէն օրս տանջանք մը, դժոխք մը դարձուցիր, մերթ նոր սիրականի մը անգութ ծաղրանքին, մերթ ատելի նախանձորդի մը ցած լուտանքներուն զիս նշաւակ ընելով, եւ որպէս թէ բաւական չըլլային հոգիս բզքտող ահռելի չարչարանքները, անտանելի ծեծի տակ մարմինս ալ չարչարելով. մինչ այնքա՛ն դիւրին էր քեզ համար զաւկիս մօտ եթէ ոչ անուշ գոնէ հանդարտ կեանք մը ստեղծել ինծի…։

Կեղծաւո՜ր… գոչեց հրէշը զայրացած կնոջը արդար ըմբոստացումէն, քու ուզածդ սիրահար մը գտնել, իմ ուզածս ալ քեզի սիրահարէդ բաժնել էր, գանգատներ լսելու չեկայ մօտդ. կորի՛ր հիմա տունէս կորի՛ր, այս վայրկեանիս։

Զաւակս, մրմնջեց խեղճ կինը ձեռնամած ծնկան վրայ իյնալով, ի սէր Աստուծոյ, զիս մի՛ բաժներ զաւկէս։

Միթէ՞ մտածեցիր զաւակդ իրմէն բաժնուած պահուդ։

Ու երբ ան արցունքներէն կուրցած կ՚ուզէր գրկել վերջին անգամ Լէյլան, դահիճը մօտեցաւ. խուժդուժօրէն քաշեց տղան անոր թեւերէն, եւ մղեց կինը սենեկէն դուրս դէպի սանդուղները։

Մայրի՜կ… մայրի՜կ… կը պօռար Լէյլան ետեւէն։

Վայրենի պոռչտուք մը, մի քանի խուլ հարուածներ, մանկական խղդուկ հեծկլտանքներ, եւ ահա՛ սենեկին մէջ տիրեց անդարմանելի տխրութիւններու յաջորդող մե՜ծ լռութիւնը…։