Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սեղանատան մէկ անկիւնը գետնին վրայ կծկտած, Լէյլան լուցկիներով լեցուն տուփ մը ձեռքը կը խաղար առանձին։ Հաճոյք կը զգար լուցկիները մի առ մի բռնկցնելով, եւ անոնց արձակած պայծառ բոցին վրայ զմայլելով՝ կը խնդար միս մինակ։

Ահա բռնկած լուցկիներէն մէկը ինկաւ յարդէ բազմոցին վրայ։ Տղան ուշադրութիւն չի դարձուց եւ շարունակեց վտանգաւոր խաղը։

Բազմոցը կ՚այրէր սակայն ծուխը կը թանձրանար եւ կը ճնշէր հետզհետէ սենեակին օդը։

Տղան ամբողջ էութեամբը խորասուզուած իր սիրական զբաղումին մէջ, բան մը չէր զգար, բան մը չէր տեսներ, երբ շղարշէ թեթեւ վարագոյրները յանկարծ կրակ առին, եւ պայծառ բոց մը բարձրացաւ մինչեւ առաստաղը։ Այս անգամ տղան ցատկեց ոտքի սարսափած. եւ ծուխէն կէս մը խեղդուած, սկսաւ լալ ու պօռալ։

Տղուն սուր աղաղակներէն, եւ մանաւանդ խանձի կծու հոտէն, որը մինչեւ վերի յարկը տարածուեր էր, հայրը վար վազեց։ Տեսաւ բազմոցը կիսովին այրուած, վարագոյրները մոխիր դարձած, գետինը սեփ սեւ, եւ լուցկիներ՝ ցրուած դէս ու դէն։

Ամէն բան հասկցաւ։ Եւ մինչ սպասաւորները ներս դուրս կը վազվռտէին շուարած, ջանալով հրդեհը իր սկզբնաւորութեան մէջ խեղդել, ինքը բարկութենէն դողդղալով բռունցքը վերցուց եւ յարձակելով վախէն սասանած ու մեռելի պէս անշարժ մանուկին վրայ՝

Քածին զաւակը, գոչեց , սատկէ՛։

Տղան որոգայթը ինկած թռչնիկի մը պէս կը թփրտար հրէշ հօրը թեւերուն մէջ, բայց ան կը սեղմէր զայն, բռունցքը բարձրացուցած գլխուն վրայ։

Լէյլան հետզհետէ կերպարանափոխ կ՚ըլլար, դէմքը ահռելիօրէն կը դեղնէր, աչքերը կը փոսանային եւ լայն սեւ ծիր մը կը պատէր անոնց շուրջը։

Ահա յեղակարծօրէն ուժգին սարսուռ մը երկա՜ր ցնցեց անոր պզտիկ մարմնիկը, աչքերը դարձան իրենց ակնապիճներուն մէջ եւ սոսկումի ահարկու արտայայտութեամբ մը խոշոր բացուած՝ սեւեռած մնացին իր դահճին կարմիր աչքերուն վրայ, եւ անշարժ ու սառած մնաց գազանին թեւերուն մէջ։

Թշուառ տղան մեռե՜ր էր…։