Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Լոնտօն...

Ուրեմն փոքրիկճամփորդութիւ՛ն մի կհամարիս դու մինչեւ Կ. Պոլիս գնալը, այս լուրս թէ ոչ ի բերան`գէթ գրով քէնէ լսելու տեղ պ. Վուտեն իմանամ. Այս ի՞նչ պաղութիւն է, ու՞ր մնաց մերառջի մտերմութիւնը, ի՞նչ եղան մեր սիրաշարժ խոստումները, ո՞ր չարաշունչ հովը վանեցմեր երփնագոյն յոյսերը, ինչպէ՞ս սիրտ ըրիր, Նելսոն, զիս այս անդնդային վիճակին մէջթողլով մեկնիլ, առանց խօսք մի, բառ մի, նշան մի տալու քու ապագայ դիտաւորութեանդվրայ: Գաղտնի՞ք մ’էրարդեօք նպատակդ, որ քոլ սիրականիդ անգամ բանալ չուզեցիր, վախցա՞ր արդեօք որ շղթայիկը զարնեմ ոտքդ, ինչպէս իմս են ըրած, կամ Դիդէին պէս լաց ու ողբ թողում, շանթարձակեմ ետեւեդ: Ո՛հ, չէ՛, չէ՛ դիւցազանց եւ ասպետաց դար չէ, մերը, նիւթապաշտ, մեքենագործ, անսէր աշխարհի մը մէջ կապրինք մենք: Թրուպատուրներու[1]գեղգեղին եւ քնարին, ու թռչուններու անուշ դայլայլիկին տեղ ստորերկրեայ հընոցներուանդունդեն Կիկրոպսներու կռանին կոփն ու կոփիւնը, շոգեշարժ վիշապաց ամպրոպն, կռինչնու շռինչն մեր ականջին անդուլ կ'որոտան իբրեւ Վեսուվի փռեն ելած` մեր մթնոլորտինթանձր մուխն ու լաւան մեր աչքեն երկնից կամարը արեւուն պայծառութիւնը, ծաղիկներու եւդաշտաց տեսարանը կը ծածկեն, կը ճմլեն մեր մղձուկ սիրտը, կը պաշարեն անոր վսեմթռիչքը, անուշաբոյր զգացմունքը, ու միայն մաղձային, եսական, շահ ախն գիրխորհուրդներ կրկնել կը տան երիտասարդաց եւ կը քաջալերեն:
Միթէ իմ մեղմտատրակի ձայնս այս ընդհանուր գործունէութեան եւ գոռ ու գոչումին ատեն կարելի՞ էլսելի ընել, միթէ դուն, դուն միայն անոր հաւատարիմ արձագանքը չէի՞ր, եւ որու՞սիրտն իմս կրնար հասկընալ: Գիտեմ որ անկլիացիդ ամէն բանէ առաջ պարտք կը դասես, բայց միթէ սիրոյ ընկածը, որ ամէնուն աղբիւրն է, պէ՞տք է մի մոռնար: Հեռաւորութեանդտեսիլը չէ ինձ այնքաս անբարելի, որքան դասած անտարբեր երեսդ: Մի կարծէր թէ կ'անացիտկարութիւն է իմս, հոս սորուէր ենք տարիներով հեռու մնալ մեր սիրականներէն, անոնցարիական գործերը լսելով բեկրիլ, անոնց պատկերը, յիշատակը, նամակը միշտ մեր ծոցըպահել ու գգուել, անոնց հեռաւոր շունչին ու ձայնին մեր անձկալի հոգիին տապը ամոքելեւ մինչեւ անոնց յեղակարծ մահը փառաւորել` եթէ հայրենեաց եւ առաքինութեան զոհ ենընկեր: Սակայն գիտենք գոնէ, որ ինչպէս մեր ուխտը հետերնին, նոյնպէս անոնց սիրտըմեզի հետ են: Իսկ` դուն, Նելսոն, թո՛ղ, թո՛ղ սրտամերկ խօսիմ եւ խօստովանիմ որանկար եմ հասկընալու թէ գոլ, ի՞նչ տեսակ գրգիռ, ի՞նչ պարտաւորութիւն ունէիրԱրեւելք գնալու այս անգամ: Միթէ հայրենիքդ յօդ ուղարկեց զքեզ պաշտօնո՞վ, թէ ո՛չանորմէ եւ մենէ տաղտկացար:
Արդէն գիտեմ, որհայկեան տենդը բռնէր էր զքեզ, գիտես, որ Հայաստան իբրեւ Արգատեան աշխարհ զարկեր Էվառվռուն երեվակայութեանդ, որ անցելոյն մէջ դարէ դար ոստոստելով` պատմութեանմոխրապատ եւ լոռուտ գերեզմանը կը փորէր եւ կ'երթար Արարատեան դաշտը կդադարեր: Հոնքանի տեսնէիր Արա Գեղեցկին չքնաղ բարուց գեղեցկութիւնը, օրէնսդիր Անուշաւանրնսրբանուէր սրտին` Արմաւրի սօսիներուն հովանիին ներքեւ երկնայնոց պաշտօն
տանելը, հրակնՎահագնի, հայկազանց Թեսէոսի շահատակութիւնները, արիասիրտ Վահէին հայրենասիրութիւնըեւ երկնային իրաւամբ Մեծն Աղեքսանդրի` Արամազդայ աչաց լուսին դէմ ի վէգ գալը, երեսիդ գոյնը կը նետէր, սիրտդ կը թնդար եւ վշտալից շատ անգամ կ'ըսէիր ինձ, «Ու՞ր էրթէ, Լիլիս, հոն Արագածու լեռան ստորոտը, Երասխայ մօտ ծնէինք, մարդկային կրիցաղէտքներէն աղատ` նոյն երկրին ժողովրդեան պէս սիրոյ եւ խաղաղական օրինաց հնազանդպարզ եւ բնական վարուք, հովիտ, պարտէզ եւ անդաստանք լինելով մեր գանձը, մեղր, կաթ, միրգ, մեր սնունդը, սէր, մեր ամէն գործոց շարժառիթը, լորտերու եւ քաղաքակրթութեանապականակիր բռնութենէ, փառասիրութենէ, շահու, քինու եւ մոլութեան կռիւներէ հեռի”: Այս ի՞նչ սէր է, որ կը տածես առ հայս, միթէ մոռցա՞ր, Նելսոն, որ Մեծն Բրիտանիա էքու մայրդ եւ Լիլին անոր աղջիկը, չե՞ս մտածէր, որ այն սիրած աշխարհիդ հորիզոնըմթնցեր է, անոր երկնից երեսը արիւնալից նշաններ չե՞ս տեսնէր, գիշակիր անգղ մի, գիշերադէմ աղուէս մի, անողորմ գայլ մի անոր ահաբեկ որդիքը կը ջարդեն, կը յօշոտեն: Արմավիրդ, Երուանդակերտդ դազանաց որջ կամ երկրիս խորն են մտէր: Դուն էիր ինձ համարբոլոր աշխարհ եւ դու երեւակայական երկիր մի փնտրելու ելեր ես, միթէ առ իս սէրդսոյն երազի՞դ կնմանի: Եթէ վսեմ եւ արդիւնաւոր լիներ նպատակդ, ես պիտի լինէի քեզառաջին քաջալեր, բայց ափսո՜ս. հայկական եռանդդ յաղթեց վերջապէս սիրոյդ, եւ եսմնացի միայնակ:
Ուրեմն հերիք է իմգանգատս, դու որ իմ սիրտս եւ ինչ փափուկ վիճակի մէջ լինելս կը ճանչես, դու որինչպէս հոգուոյս տիրելդ գիտես, գիտցիր նաեւ որ թէեւ տկար, թէեւ չունիմ քոյր եւեղբայր, որ անոնց երվիմ եւ քիչ մը պաղշկիմ, թէեւ հայրս եւ մայրս ինձ ծուռ կը նայինգաղտնի կամակորութեանս համար, թէեւ հզօր թեւիդ եւ ձայնիդ կարօտ եմ, սակայն մեռնիլսգիտնամ բնաւ օգնութիւնդ եւ գութդ չպիտի մուրամ. Չեմ ուզէր շարժէլ քեզ վիշտերովս, եւ լավագոյն կը սեպեմ ամփոփիլ ու անմեղութեանս մէջ զօրութիւն փընտրել: Վասնզիգութէ առաջ եկած սէրը կ'անգոսնեմ, ճշմարիտ սէրը մուրացկան չէ, ինքնօրէն կը ծնի ուկը բխի* անսպառ կայծ մ’էերկնային որ սրտիս մէջ անդուլ կը բորբոքի.
Ես թշուառս, դեռնոյն կայծին մի աղօտ նշոյլն անգամ չտեսած աշխարհ ի՛նչ է չգիտցած, երբ մանկականանմեղ խաղերուս ատեն անմեկնելի տրտմութիւն մի հոգիս կը պատէր, աչքս զուտ վտակի կամգիշերը փայլփլուն աստղի մը վրայ պաղած` իբր երազահար կը նայէի, մօր եւ հօրգորովալիր ձայնեն տարբեր անորոշ ձայն մը սրտիս կը փսփսար, որ մինակ եմ ես, արտօսրմը այտերես կը սահէր, եւ քանի երկնից յուսատու կամարին կը նայէի կարծես թէ քոլնկարդ ինձ կ'երեւէր:
Այս երազը քանիգնաց վրաս զմայլելի տպաւորութիւն մը ներգործեց: Առանձնութիւնը սիրելի դարձաւ ինձ, փայլիլ ասոր անոր առջեւ չէի փափաքեր. խաղալ խնդալեն դադրեցայ, սիրելիընկերուհիներես ալ համ չէի առնուր. անոնցմէ ոմանք լորտի տղայ, ոմանք զօրապետ մը, ոմանք բարլմենթի անդամ մը գրաւելու կ'աշխատէին եւ իրար կ'անցնէին: Իսկ ես զօրաւորմի հոգի, մի մարդ, ինչ աստիճանէ որ լինէր, կը փափաքէի սիրել եւ սիրել բոլորհոգուոյս զօրութեամբ մը: Այն պատանիներն, որ խունկով եւ շողոքորթութեամբ ամէնառթիւ կը պաշարեն աղջիկները, ամենեւին սիրտս չէին շարժեր, իզուր կ'որոնէի անոնցմէջ անձ մը, որ իմ տեսլական նկարիս նմանէր: Ահա այս խուզարկու այլայլութեանս ատենառջեւս ելար: Լեհաստանեն, որու թշուառ, բայց ազատասէր որդուոց օգնութեան ինքնակամգացեր Էիր, նոր եկեր էիր եւ հօրս այցելութիւն տուիր: Ո՛հ, ի՛նչ օր էր այն: Արդէնքաջութեան համբաւեդ ամէն պատանիի գլուխ կը տաքնար, Լոնտօնի օրիորդներու սիրտըկտրոփեր: Թէեւ լորտ Պայրընին պէս յաջող ելք մը չունեցաւ արիութիւնդ, վասնզիթուրքերէն աւելի զօրաւոր էին Լեհաստանի թըշնամիները, սակայն ազատութեան գրոշին տակկռուեց ար եւ եթէ այն դրօշակը պահ մը բռնաւորներու հնարիւքը կը պատառի, փոյթ չէ, անշուշտ քեզի պէս կտրիճներու ձեռոք դարէ դար աշխարհիս շրջանը պիտի ընէ եւ մեռեալազգերը կենդանութեան պիտի բերէ: Իսկ ես անունդ միայն լսելուս գոյնս կը նետէր, կըկարծէի թէ շատուց կորուսէր էի քեզ եւ գտայ. լեզու չունէի խօսելու եւ ոչկարողութիւն սրտիս յուզմունքը զննելու:
Այս անհանգիստվիճակս մի տարի տեւեց, քու նայուածքդ ինձ սիրտ կը տար ի՛նչ ահագին արգելք որ կարառջեւս` մոռցայ, եւ ի՞նչ պէտք ունէի գիտնալ, որ մի կոմսի աղջիկն եմ, որ իմաստիճանիս սովորութեան դէմ կշարժիմ: Իմ միակ փափաքս, բոլոր փառասիրութիւնս, երջանկութիւնս սիրուիլ էր քեզմէ, թոթովելով բացի քեզ սիրտս, իջայ առ քեզ եւ նոյնօրէն քու ազնիւ սիրտդ եղաւ ինձ ապաւէն եւ թագուհիի մը գահեն դեր ի վեր բարձրացուցզիս` Աւելի ազատօրէն սկսայ շունչ առնուլ, նոր կեանք երակներուս, նոր լոյս աչքերուսմէջ կը շրջէին: Քանի կայտառ ճակատդ անուշ ակնարկդ գիտէի, քանի սիրոյ եւառաքինութիւն վրայ ըսածներդ լսէի, անպաաում ուրախութեան հեղեղները կ'ողողէին հոգիսեւ փառք կը տայի աստուծոյ ըրած ընտրութեանս վրայ:
ու՞ր են այնօրերը, երբ Ուայտ կղզին թեւ թեւի տուած ժուռ կը գայինք բլրակէ բլրակ, բուրաստանէբուրաստան, ասդին ծաղիկ, անդին համբոյր մը ժողուելով Բոլոր բնութիւնը, արեւ, ծառ, թըռչուն եւ վտակ մեր ներկայութիւնը կը շնորհաւորէին Քու ձայնիդ` սրտիս մէջ սիրոյնորանոր աղբիւրներ կը բխէին, ու թէեւ լեզուս չէր շարժէր, իրար ինչպէ՞ս շուտովկհասկընայինք: Թո՛ղ, թող ըսեմ հիմակ, թագուհիին պալատին չէի փոխէր այն ծառը, որանոր դիմացը կ'իյնար եւ որու շուքին տակ քանի՜ քանի անուշ ժամեր անցուցեր ենք ես իքեղ եւ գուն յի կ'ապրէինք, չկար զգացում մը, չկար փափաք մը, խորհուրդ մը, վիշտ մը, որ միասին չզգայինք, զոհ մ որ չկատարէի քեզի համար Հայերէնը անգամ գաղտնիսորվեցայ, վասնզի այդ լեզուին համակրութիւն ունէիր:
Ափսո՜ս, այսերջանկութիւնս երկար չտեւեց, չգիտէի որ անարատ զգացում մը այս աշխարհիս մէջդառնութիւն եւ հալածանք կրնայ կրել Ինչպէս մանկիկ մը իր մօր փափկիկ ծոցը վստահ եւխնդումերես կը պառկի, նոյնպէս ես սիրոյս վարդագոյն երազներու եւ յոյսերու ու քու անկեղծութեանդեւ հաւատարմութեանդ վրայ անվրդով կը նիրհէի Չգիտէի որ մայր մը իր աղջկան կեանքինթշնամի կրնար լինիլ, չգիտէի որ Նելսոն մը կրնար փոխուիլ. վասնզի իմ սէրս էր իմկեանքս, քու հաւատարմութիւնդ` իմ հաւատս Ուստի աւելի չէի կարող պահել զայն, մայրսգուշակէր էր արդէն վիճակս իմ այլայլութենես, եւ խիղճս կը տանջէր ղիս քիչ մը`մորմես գաղտնի սիրելուս: Ոտքն ընկայ վերջապէս, բացի սիրտս, օգնութիւնը, գութըխնդրեցի: Իսկ անոր պատասխանը եւ բռնած ընթացքը սիրտս կտոր կտոր ըրին: Եւ ի՞նչ էրյանցանքս, տէր աստուած, լորտի մը տղու տեղ պարոն մը կը սիրէի Ա՛հ, քու անձդ, Նելսոն, կոմսերէ եւ իշխաններէ վեր կը դասեմ ու եթէ լորտերու ժողովոյն մէջ աթոռ մ էչունիս, սիրտս ուսիս միշտ իբրեւ քոլ գահդ:
Հոս խելահասօրիորդ մը աղատ է ուզածին կապուիլ ու ինքն է իր երջանկութեան կամ թշուառութեանպատասխանատուն, կ'ըսեն. լաւ՛, ու՞ր է այն ազատութիւնը, եւ թէ որ կայ, ի՞նչ գաղտնիկապերով զայն բոլորովին սահմանած են. Պէտք էր, որ ծնողացս աչքով պատանի մ’ընտրէի, որ ընդունելի լինէր պէտք էր, որ նախապաշարմունքներու, աստիճանի, անցուկսովորութեան հնազանդ լինելեն զատ` հօր եւ մօր մը շահը, հակումը, սնապարծութիւն, չվիրաւորել ընտրութեամբս. թէ ոչ թուք ու մուր, նախատինք, աքսոր պէտք էր աչքառնուլ: Ասոնց պարտաւորութիւն կ'անուանեն, եւ ըստ ինքեան այնքան սոսկալիբռնութիւններ են, որչափ որ անոնց շարժառիթը ծածուկ, ողորմելի ու փծուն կրից ծնունդէ:
այո՛յ, պարտաւորեմ սիրել, յարգել ծնողքս, իմ պատիւս որ նաեւ անոնցն է, պաշտպանել միշտ, երախտագէտմնալ անոնց հոգերուն եւ խնամքին, բայց Նելսոն, իրաւու՞նք է որ երբ իմ սրտիս ուղիղեւ օրինաւոր յօժարութիւնը կը ջանան տիրել առանց հաստատ պատճառ մը մէջ բերելու, իրաւու՞նքէ, ըսէ խնդրեմ, որ գլուխ ծռեմ: Իսկ թէ որ երախտագիտութեան եւ ծնողասիրութեանզգացմամբ լեզուս եւ մարմինս կապեն, մի թէ սիրտս եւ բնութիւնը չե՞ն մի բողոքերլռելեայն հայրական անգթութեան դէմ: Թէ որ մայրս ունենար իմ տարիքս, զգացումս, թէոր ճանչեր քու արժէքդ, այսպէս չարաչար չէր վիրաւորէր զիս, քանի որ քեզմով միայներջանիկ կրնայի լինել: Բայց դուն, եթէ ուզէիր, կրնայիր համոզել հայրս, որ բարեսիրտեւ սրտագէտ մարդ մ’է: Մօրս առ քեզ ուղղած գիրեն եւ իմ վախկոտութենէ եւ կարծեցեալ թոյլտուութենէվհատեցար: Այսպէ՞ս ճանչցեր ես զիս: Քու ինքնասիրութիւնդ եւ հպարտութիւնդ սէրսաւելի զօրաւոր էին. թէեւ կարմրելով կխոստովանիմ, որ խօսքիդ կը սպասէի ատեն ատեն, որ ետեւեդ… չէ, չէ. ստոյգ չէ բնաւ Ռուսոյին խօսքը թէ«Որչափ որ մարդուս բաժինըխելքն է, անոր գործերու շարժիչն է զգացմունքը”:
Ահա դուն թռարգացիր թերեւս կրկին չդառնալու դիտմամբ: Ո՜հ, ինչու՞ թեւեր չունիմ: Քանի երջանիկ ենմարդիկ, աշխարհ իրենց ասպարէզն է, հոն ուզածնուն պէս կշարժին, իսկ մեր ճակատագիրնէ միայն, կ'ըսեն, դեղձանիկի պէս շարունակ ոսկեզօծ վանդակի մէջ թրթռիլ, ճչելգգուիլ, եւ երբ դուրս նետուիլ ու երկնից մաքուր օդը ծծել ուզենք, կը նայինք, որմեր բնական փետուրները կտրէր են: Հոս իմ շրջանիս մէջ ամէն մէկ քայլս չափի դրուածէ. է՛ն աննշան շարժումս կանոնն ունի. սիրտ ըսած բանդ խեղդուէր է խել մի անհամարարողութիւններու տակ, պատշաճութիւն կ'ըսեն կ'երթան առանց բնութեան ձայնին միտդնելու: Խօսիլ, խնդալ, քալել, մինչեւ հառաչել, որ ստեպ կը պատահի ինձ, իր յատուկկերպն ունի գիտես Այս ոսկեփայլ գերութենէ աղատելու համար կենացս կէսը տայի, որմիւս կէսը վայելեմ, վասնզի ապրիլ չէ իմս` այլ բուսնիլ առաւօտեան ծաղկին պէս եւարեւը չելած թոռմիլ. Ինչու՞ կոմսի աղջիկ եմ ծնած, կամ ու՛ր էր թէ էրիկ մարդ ծնէի`Սակայն միթէ՞ մեղաւոր եմ աղջիկ ծնելուս: Տնական հոգ, նեղութիւն, մարդկան անիրաւկարծիքը եւ ուրիշ շղթաներ մեր վզին համար միայն շինուած են: Միթէ՞ մենք ալմարդկային ազգի ընտիր կ'էսեն աւելի չենք մի կազմեր, միթէ՞ մենք ալ լենք կրնարզգալ, խորհիլ եւ գործել, չե՛ն խոստովանէր անդադար Լոնտօնի մէջ, որ թէեւ կանանցմազը երկայն եւ իրենք անմօրուս են, դարձեալ տան մը շէն շնորհը, ընկերութեանը զարդնեն եւ կարեւոր ներգործութիւն մունիս անոր սովորութիւնները եւ բարքը մաքրելու եւքաղաքակրթելու Ուրեմն ինչու՞ ատեն ատեն զմեզ կը գձձեն, կը ճզմեն, կը բանտեն եւմերբնական արտօնութիւններէ անգամ զմեզ կը զրկեն, թո՛ղ քաղաքական իրաւունքները: Բայց բոլոր աղջիկներուն վիճակը իմինիս վրայ դատելով կսխալիմ Ատեն մ’ուրախ էի լինելուս ինչ որ եմ, վասնզի քոլսրտիդ կը տիրէի, եւ հպարտ որ քու երջանկութիւնդ կը կազմէի ներկա վիճակիսծանրութիւնը զիս եւ գրիչս բոլորովին կմոլորէ եւ այլանդակ խորհրդոց կը տանի: Աշխարհմութ է աչքիս, եւ իբրեւ աննշան ստուեր մը այս ահագին ապարանիս մէջ ասդիս անդինկշըրջիմ սիրտս գտնելու համար:
Մարած ձայնով ես ալդերի մ’եմ
Թէ ոչ ողբես բանտս պիտի թնտար
Հովէ լեզուն իմիս պէս անձայն դառնար
Ռոմէօիս, անունը լսելեն*:

Առջի սրտաշարժ յիշատակներս քանի յիշեմ`սրտիս վէրքը կը բացուի, աղօտ յոյս մը կը փալփլի աչքիս ու կը մարի նկատելով քուհեռաւորութիւնդ Հեշտալի երկիր մը կգտնուիս. նոր տեսարան, նոր էակներ առջեւդ պիտիելնեն ու թերեւս շուարին եւ գրաւեն զքեզ Չեմ սրտմտիր եթէ ուրիշին հետ երջանիկլինիս. եթէ նոր Սաթինիկի մ անուշ ձայնին եւ համոյրի (ճեյրան) աչքերուն զարնուի՞սԵւ ի՞նչ իրաւունք ունիմ սրտմտելու, քանի որ նոյնիսկ իմ սիրելիներս են իմթշուառութեանս պատճառ Յաջողութիւն կը մաղթեմ նպատակիդ Թերեւս օրին մէկը Հայոցնահապետ մը, Արտաշէս մը տեսնեմ քեզ, քանի որ հայէն աւելի կը սիրես զհայն Սակայն թէսաղաւարտ, թէ թագ, թէ վեղար հագնիս, ի՛նչ գոյն որ առնուս, դարձեալ Լիլիիդ սիրտըեթէ երբեք հեռուեն քեզ տեսնէր միայն, ահա Նելսոնն ինքն է, պիտի կրնար կոչելվշտագին: