Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լցաւ քաղաքդ գաժկանօք, քաղաքդ պերճացէալ. վիրաւորք քոյ` ոչ վիրաւոր սուսերի, եւ ոչ դիակունք քոյ` դիակունք պատերազմաց: Ամենայն իշխանք քոյ փախստէայք, եւ կալանաւորք քոյ կապէալք սաստկութէամբ եւ հզօրք քոյ առ հասարակ կ'ապեցան, բացէ ՚ի բաց փախստականք: Վասն այսորիկ ասացի, թոյլ տուք ինձ լացից դառնապէս, մի բռնադատէք մխիթարել զիս ՚ի վերայ բեկման դստեր ազգի իմոյ:

ԵՍԱՅԻ

Այս գրքիս սկիզբը կը յիշեն ընթերցողք թէ ինչպէ՛ս Պրոկոպիոս Յունաց Սպարապետը իւր անհոգութեամբ կորուսէր էր պատերազմը ի Կոգովիտ եւ զօր ժամանակին պատմիչք անուանեցին Մարդոցէից պատերազմ, եւ թէ ի՛նչ աւերակք, կոտորաէք եւ գերութիւնք հետեւանք եղան այդ պատերազմին: Պատմեցինք նաեւ Թէոդորոս Ռշտունի ինչպէ՞ս կը ջանար այդ վիճակը դարմանել եւ նոյնանման արաբացի արշաւանաց առաջն առնուլ:

Երեք տարի անցան այն դժբախտ օրերուն վրայ, հազիւ թէ երկիրը քիչ մը ոգի առաւ եւ սկսաւ շնչել. աշնան վերջի օրերն հասան. Հայոց զօրավարը Հերակլի մահուան լուրն առնելով կը յուսար նորապսակ կայսեր օրով Վարազտիրոցի աքսորէ դարձը, մանաւանդ որ մասնաւոր նամակաւ իրեն կ'իմացնէին թէ կայսրը մահուան անկողնին մէջ իւր յաջորդին կտակաւ յանձնէր էր վերջ տալ Ասպետին աքսորանաց: Ուստի հանդարտ սրտով դարձաւ Ռշտունեաց երկիրը ձմեռելու: Երկրին ապահովութեան համար Արտազու եւ Նախջեւանու գաւառները յանձնեց Ներսէհ Կամսարականի, որ բաւական զօրքով եւ Անձեւացեաց օգնութեամբ կրնար ամէն թշնամիներէ պատսպարէի իսկ Տարոնոյ կողմեն Մամիկոնէից վրայ վստահանալով, այնպէս կը յուսար թէ վտանգ չի կայ:

Երբ հազիւ Ոստան մտած` կը յուսար հանգչիլ իւր ընտանեաց ծոցը, գուժկանը կը հասնէր Վահան Կամսարականի կողմեն, որ եղբօրը տեղակալն էր` թէ արաբաց բանակ մը Անձեւացեաց Սահուռ իշխանին մատնութեամբ եւ օգնութեամբ մտաւ Արտազ: Թէոդորոս առանց դանդաղելու առաւ զօրքը եւ հազիւ Քաջբերունեաց երկիրն հասած` գուժկան մ՚էլ կը հասնէր Տարոնոյ կողմեն թէ ուրիշ արաբացի բանակ մը եւս անարգել անցեալ կը դիմէր Դուին առաջնորդութեամբ Մոկաց նախարար Վարդիկի:

Շուարեցաւ Թէոդորոս, ո՛ր կողմ պէտք էր դիմէի թշնամի՞ն պէտք էր մտածել թէ ընտանին, որուն վրայ կարելի չէր վստահիր Բայց անխռով կերպարանք առնելով շարունակեց իւր ճանապարհը եւ մտաւ Արտազու դաշտը` օգնելու Վահանայ: Սակայն մատնութիւնը ամէն բան խանգարէր էր, Սահուռ Անձեւացեաց նախարարը ոչ միայն առաջնորդէր էր թշնամեաց, այլեւ պատերազմի ժամանակ հաոց` իր եղբարցը վրայ դարձնելով զէնքը սկսէր էր ահագին կոտորած հասցնել, թէպէտ իր արժանաւոր պատիժը գտեր էր Տիրան քաշ իշխանի մը սուրին բերանն ինկնելով, որ թշնամեաց բազմութենեն պաշարեալ զոհ եղեր էր վերջապէս քաջութեան: Վահան քանի մը քաջերով թշնամեաց բազմութիւնը ճեղքելով հազիւ ազատած կոտորածեն` Թէոդորոսի բանակը եկաւ: Այս փախստականք զօրութեօմէ չէին, վասնզի ահաբեկեալ` երկիւղ կ'ազդէին զօրաց իրենց թշուառ պատերազմին պատմութեամբ. բայց Թէոդորոս շարունակեց իւր ճամփան` հետամուտ լինելով թշնամուոյն, որուն հասնիլ անկարելի եղաւ, վասնզի` ինչպէս ժամանակակից պատմիչ մը կըսէ. «Օդաթեւ արագութէամբ իբրեւ օձք թունաւորք արձակէալք եառաջկին թշնամիք եւ զկնի իւրէանց թողին զզօրս Հայոց»: Եւ այսպէս կը յարձակէին Դուին քաղաքին վրայ Կոգովտէ անցնելով: Երեք իշխանք միայն, որ մնացեր էին ցրուեալ զօրքը ժողուեղու` Թէոդորոս Վահեւունի, Խաչեան Առաւեղեան եւ Շապուհ Ամատունի` որ կործանեցին Մեծամորի կամուրջը եւ գնացին լուր տալու քաղքին:

Անզէն եւ պատերազմի անվարժ ժողովուրդն ամէն կողմեն ապաստանեցաւ բերդը, եւ թշնամին Մոկաց իշխանին առաջնորդութեամբ անցաւ Երասխը եւ եկաւ բանակեցաւ Խոսրովու անտառին եզերքը: Հինգերորդ օրը արաբացիք մեծ կրակ վառեցին պարսպին տակ եւ մուխով ու նետաձգութեամբ հեռացուցին պահապանները եւ սանդուխներով ելան տիրեցին պարսպին, բացին դռները եւ ներս խուժեցին: Տասներկու հազար մարդ ջարդեցին, երսունհինգ հազար տղայք ու կանայք դերի վարեցին, եւ քաղաքն աւարեցին ու կողոպտեցին: Եւ նոյն Կ'ոգովտի ճանապարհը բռնեցին ետ դառնալու համար:

Թէոդորոս Նախջեւան իմացաւ թշնամուոյն արարքը եւ բազմութիւնը: Թէեւ զօրքը բաղդատմամբ շատ քիչ էին, չի կարէնալով համբերէք անցաւ սպասեց իրենց ճամփան Կոգովիտ` յարձակեցաւ իրենց վրայ եւ արիւնահեղ պատերազմէ մը վերջ շատ զօրք կորսնցնելով պարտաւորեցաւ ետ քաշուելու, եւ աւազակաց ազգն ազատ համարձակ գնաց Ասորեստան ողբ, արիւն եւ աւերակ թողլով ետին:

Հայաստանի այս պատուհասին վրայ աւելորդ է երկար գրել, ժամանակակից պատմիչի մը այս խօսքերը բաւական կը համարինք. «Եկեղեցիք քանդէալ եւ քայքայէալ, քահանայք խողխողէալ, տիկնայք փափկասունք որոց ոչ էր առէալ զփորձ նեղութէան գանալից—թքոք թշնամանէալ եւ քարշէալք ի հրապարակս` զկականումն ողբոյ բարձրացուցանէին վասն յեղակարծումն օրհասին Այլ եւ աշխարհախումբ բազմութենէն ըմբռնէալք ուստերօք եւ դրստերօք ի նոյն վտանգս, եաճախէին զհառաչանս եւ զհեծութիւնս, զի ոչ գիտէին զօ՞ր առաւել ողբասցեն, զխողխողէա՞լս եթէ զկենդանւոյն ազատէալս զուստերս եւ զդստերս օտարացէալս ի Քրիստոս…»:

Իսկ Թէոդորոս Կ'ոգովտի բարձանց վրայեն դառնացեալ կը նայէր ոչ միայն եղած աւերակաց վրայ, այլեւ այն ապագայ դարերուն վրայ, որ դեռ աւերակներ պիտի բերէին եւ անապատը պիտի ընդարձակէին, վասնզի յայտնի երկու դաւաճանք այս դժբախտութեանց պատճառ կ'երեւէին, եւ գաղտնի ուրիշներ ստուերներու մէջ կային, որ չէին երեւէր: Ո՜ւր էին Մուշեղ եւ Հմաեակ Մամիկոնեանք, ինչո՞ւ չէին շարժեալ, երբ թշնամին իրենց երկիրը կը մտնէր: Իսկ նոքա, որ եռանդուն խոստմունքներ ըրած էին` իշխանք Սպերացուոց, Բագրատունեաց, Մանանաղեաց, Դարանաղեաց եւ Եկեղեաց գաւառին, իշխանք Վանանդայ եւ Դիմաքսենից, ոչ ուրեք չէին երեւեր. նոյն Արարատայ կողման ազատախումբը` Առանեանք, Վարաժնունիք, Գնթունիք եւ Սպանդունիք հազիւ թէ ակամայ եւ առ երեւոյթս կը շարժէին: Վրացիք, Աղուանք եւ Սիւնիք միայն հաւատարիմ իրենց միաբանութեան գունդագունդ կը հասնէին, բայց հարուածն արդէն եղած էր: Արաբական հրաբուխի դժոխային գետը երկրին մէկ ծայրեն մինչեւ մայրաքաղաքը իր ապականիչ կրակով տոչորել էր:

Կ'ոգովտի լեռանց պափարներուն մէջ` ծեր բարեկամ մը կար միայն մենացեալ, որ հայոց էն բարձր աթոռին վրայեն կամովին իջած զրպարտութեանց եւ քսութեանց պատճառաւ կ'ողբար առանձնութեան մէջ իւր ազգին վրայ, եւ նա միայն կը հասկնար Թէոդորոսի հառաչանաց մորմոքը:

Քրիստափոր կաթողիկոսն էր սա, որ ոչ ներկային եւ ոչ ապագային առջեւ արդարանալ չէր խնդրած, այլ մաքուր` իւր աստծոյն եւ խղճին առջեւ կը սպասէր ժամուն ելնելու աղէտալից կ'եանքեն, որ իրեն կաթողիկոսական պսակը փուչերով էր կազմել: Այս բարեկամին գնաց Թէոդորոս, ո՛չ մխիթարութիւն դտնեւու, այլ իմանալով Եզր կաթողիկոսին մահը, խորհուրդ հարցնելու թէ ո՞վ կարելի էր ընտրել, եւ արժանաւորը: Քրիստափոր խորհուրդ տուաւ Տայոց եպիսկոպոս Ներսէսն ընտրել, որ աշխարհիս ամէն փորձերեն անցէր էր. զինուոր, գիտուն, տեղեակ աստուածաբանական ուսմանց, գործունեայ եւ առաքինի վարուք կրնար լաւ օգնական լինիլ իրեն, աշխարհաշինութեամբ եւ խորհրդով:

Ներսէս արդէն մեզ ծանօթ սպան է, որովհետեւ զինք տեսանք երբեմն Բագրատունեաց Թաւուսկերտի պալատը: Զանազան եւ իրեն միայն յայտնի պատճառներով քահանայական կեանք ընտրելով քաշուէր էր աշխարհքն: Բագրատունեաց Տիկինը բռնի զինք Տայոց եպիսկոպոս ձեռնադրել աւէր էր, եւ հիմա Թէոդորոսի հրաւիրելով` ժողւուեցան նախարարք եւ եպիսկոպոսունք Դուին, եւ աւերակաց եւ դիականց վրայ զներսէս ընտրեցին կաթողիկոս:

Ազգաց վիճակին մէջ կան այնպիսի վայրկեաններ, որ պարտաւորութիւն ճանչցող մարդկանց խելօքները կընկրկին` փառքն եւ պատուէ կը հրաժարին: Ներսէս աշխարհք տեսած` փորձ եւ սրամիտ մարդ էր: Կը տետսներ Հայաստանի մայրաքաղաքը կոյտ աւերակաց, գերեզման անթաղ եւ նեխեալ դիականց, բնակարան գիշակեր թռչնոց, ցանուցիր ի բնակչաց, նախարարք եւ իշխանք հարստահարող, կասկածոտ, տգէտ, նախանձոտ, քաջք միմեանց դէմ, վատք օտարին դէմ, ոստանիկք եւ ազատք խումբք աւազակաց եւ փոքրիկ բռնաւորաց, իսկ ռամիկք եւ շինականք անասնացեալ եւ խելագար եալ ի բռնութեանց եւ ի զրկանաց:

Այս տեսարանը զինք վհատեցուց եւ հրաժարեցաւ, բայց նախարարաց` մանաւանդ Թէոդորոսի յորդորը մէկ կողմեն, իւր ընկերակից եպիսկոպոսաց մեծագոյն մասին անարժութիւնն ու տգիտութիւնը միւսեն զինք ստիպեցին եւ յանձն առաւ, եւ սկսաւ գործի: Թաղել տուաւ դիակունքը եւ գարշահոտութիւնը վերուց, այրած եկեղեցիները եւ կաթողիկոսարանը եւ հիւրանոցը նորոգեց, պարիսպներն ամրացուց, պարտէզներ եւ այգիներ տնկեց եւ Գառնօ գետէ ջուր բերաւ ոռոգելու համար: Դուին շունչ առաւ կենդանացաւ քանի մը տարուան համար, աւերակաց վրայ պալատներ, տուներ եւ շուկաներ բարձրացան, բայց գերիները չի դարձանք եւ ամէն տուն իր կորուստները կ'ողբար: Աստուծոյ պատուհասն է, կ'ըսէին բեմերու վրայեն քարոզիչք եւ վարդապէտք, ժողովուրդը ապաշխարութեան եւ ողորմութեան կը յորդորէին, եւ ժողովուրդը ամէն զոհողութիւն յանձն կառնուր, երբ զոհը ինքն էր, իւր զաւակը, իւր կինը, իւր ծնողքը, իւր եղրայրքը եւ իւր քորքը, իր ստացուածով` պատուովը, որ զարմանք է թէ զգալու կարողութիւն դեռ ունէր:

Այո, այդ ազգին քով, զօր կրօնքը եւ գերդաստանի սէրը պահած են կորստենէ մինչեւ այսօր ընտանեկան պատիւը միշտ կենդանի մնացած է, եւ հայ կինը շրջագայ ազգաց հետ բաղդատմամբ աւելի խնայող եղած է իւր համեստութեան: Բռնաբարութիւն եւ յափշտակութիւն հօտարեն ի բաց առեալ` բարոյականի զեղծմունքը աւելի բացառութիւն եղած են հայուն քով:

Ուստի Դուին սկսաւ բարձրանալ իր աւերակաց վրայ, իշխանք եւ մեծատունք շինեցին եւ նորոգեցին իրենց ապարանքը կաթողիկոսին օրինակին հետեւելով. թէպէտ այն կնոջ կտաւն էր ամէն շինութիւն Հայաստանի մէջ, որ ցորեկը շինէր` գիշերը կը քակէր. հայը այս տարի կը շինէր` օտարը գալ տարի կը քանդեր:

Իսկ Թէոդորոսի նոյն միջոցին զօրավարութեան հրաման կը հասնէր եւ Կոստանդնուպոլսոյ, բայց ի՞նչ էր հրաման մը որ զօրութիւն չունէր, երբ թագաւորեալ քաղքին մէջ անգամ անիշխանութիւն կը տիրէր: Թէպէտ Ռշտունեաց Տէրը անվհատելի մարդ` կ'աշխատէր, կը յանձանձէր երկիրը խնամոք եւ ժողովուրդը զինք իրեն միմիայն ապաւէն կը ճանչեր: Բոլոր այդ ձմեռն անցուց Այրարատայ գաւառը, ամէն տեղ բերդերն ամրացնել կ'ուտար, բնակիչք կը յորդորէր քաջութեան եւ անձանց պահպանութեան եւ այնպէս դարնան կը դառնար Ռշտունեաց գաւառը մխիթարութիւն գտնելու իւր ընտանեաց մէջ: Եւ իր դարձը ոչ միայն ուրախութիւն էր իւր տան` այլ բոլոր Վասպուրականի. քանի-քանի՛՛ անգամ Աղթամարայ կղզին ապաստան եղած էր զանազան զավառաց, մինչ ինք Թէոդորոս պարթեւական պատերազմ կը վարէր թշնամուոյն դէմ, որ չէին գիտէր թէ ո՞ր ժամանակ աւելի վտանգաւոր էր, երբ առջեւնին ներկա կը տեսնէին զի՞նք կամ երբ անհետ փախստական էր իրենցմէ:

Հիմա որ հազիւ կը հանգչէր եւ սիրտն ուրախութեան մէջ էր իմանալով թէ Բագրատունեաց Ասպետին հրաման եղած էր դաոնալ հաքսորանաց ի Կոստանդնուպոլիս, յանկարծ զուժկան հասաւ թէ աբարացիք յարձակեցան Այրարատ, եւ Նախջեւան ու Երեւան կը պաշարէին: Առանց վայրկեան մը կորսնցնելու` պատրաստ գտնուած վեց հարիւր սպառազէն հեծելոց խումբր առաւ եւ հետեւակազօրը Ատոմ Շահունուոյ յանձնեց շուտով հասնիլ ետեւեն: Ոչ գիշեր կար այս արշաւանաց մէջ եւ ոչ ցերեկ, հազիւ թէ ձիուց կարեւոր հանգիստ կը թողուր, ուստի լուր առաւ թէ թշնամին չի կարէնալով ոչ Նախշեւանու եւ ոչ Երեւանու եւ ոչ բերդերու վնասել, եկեր պաշարէր էր Արծափու բերդը, ուր Մասեաց Ոտն գաւառին բնակչաց բազմութիւնն ամրացեր էին ընտանեօք եւ ինչիւք:

Արծափու բերդը իւր համանուն գետին առաջ շինած` լաւ ամրացեալ էր. արաբացիք տեսան, որ անելանելի ժայռերուն վրայեն քառասունի չափ զօրականք պաշարելոց օզնութեան հասան եւ մտան Դարոնից բերնեն: Նոյն գիշերուան խաւարն օգնական առած իրենց, նոյն ճամփով սկսան վերելակէի եւ զանզգոյշ պահապանքը քունի մէջ գտնելով կոտորեցին եւ տիրեցին պարսպին այն կողմին: Կիրակի առաւօտ մ՚էր, երբ իրենց գազանային աղաղակը հնչեց ներսեն եւ դուրսեն, յիմար եալ պահապանաց շատերը սուրէ ազատելու համար գահավէժ կը մեռնէին, ոմանք փախստեամբ կ'ազատէին, իսկ կանանց եւ տղայոց բազմութեան լացն ու գոռում-գոչումը անբաւ էր եւ ողրոց արժանի: Երբ թշնամիք բոլորովին տիրացան ամրոցին, պատերազմող մարդիկը կապեցին, իջուցին բերդեն գերիներու եւ անասնոց անհամար բազմութիւնը, եւ տուին ինքզինքնին շուայտութեան` ուտելու եւ խմելու.: Եւ ահա հասաւ Թէոդորոս իր գնդով եւ դժոխային հանդէսը հազիւ սկսած` արեանց հեղեղին մէջ խեղդուեցաւ: Թէպէտ թշնտմուոյն բազմութիւնը մեծ էր` բայց Հայոց զօրավարը ժամանակ չի տուաւ սթափելու. երեք հազար ընտիր սպառազէնք ինկան դիակնացեալ, փախստէից մէկ մասը Ատոմի սուրին բերանը գացին, եւ հազիւ քանի մը հոգի կրցան ազատիլ եւ հասնիլ Ասորեստան: Այս պատերազմին մէջ մեռան իրենց երկու զօրավարքը` Օսման եւ Օգմայ:

Գերիներու բազմութիւնն ազատեցաւ, եւ թշնամուոյն աւարեն հարիւր արաբացի նժոյգ յուղարկեց Թէոդորոս Կոստանդին կայսեր` ի Կոստանդնուպոլիս:

Թէպէտ նոյն միջոցին ուրիշ խումբ մը այս աւազակաց Տայոց, Վրաց եւ Աղուանից կողմը շատ վնաս կը հասցնէր աւար եւ դերի տանելով եւ աւերակաց կոյտեր ձգելով, բայց Թէոդորոսի Արծափայ պատերազմին յաղթութիւնն այնչափ մեծ էր, եւ այնչափ քաջալերիչ, թէ թշնամուոյն կոտորածին, թէ ազատաց գերուոյն բազմութեան եւ այնչափ քիչ զօրքով` այնչափ բազմութեան դէմ, որ վնասուն բաւական փոխարինեց եւ մխիթարութիւն համարեցաւ: