Թ
-Մարէ
(մայրիկ),
ինչ
որ
պատմեցի
մեր
բարեկամին,
գտնուածներէն
հասածներէն
բերել
տուր,
քիչ
մ՚ալ
հաց
ու
կեր,
ինչ
որ
ունիս,
պոզիկ
մը
Շաղբաղու
գինի,
Ջիրաշէնու
(գեղ
է)
նոր
կուռիկով
(հողէ
նոր
գաւաթով)
պիտի
խմենք։
-
Հարսներ
կը
պատրաստեն,
տղեկներ
հանգոյ
(ահա)
առին
էկան։
-Ախորժակդ
բաց,
ընկեր,
ի՞նչ
բերանաբաց
յափշտակուեր
ես։
Մեր
Շաղբաղու
գինին՝
Շամբանիոյ
գինին
է
Վանայ
համար.
եւ
ըստ
մեզ՝
գերազանց
եւս
է։
Նայէ
ասոր
գոյնը.
Քրիստոսի
անարատ
արիւն,
բաժակի
մէջ
լեցուած
ատենը
ջինջ
փրփուրը,
անմահական
հոտը,
իսկ
խմածդ
ժամանակ
հարկ
չկայ
ձեռքովդ
ի
բերան
տանելու.
նա
իր
հրապուրիչ
գունով,
հոտով
ու
մզմզուն
ձայնով
կոկորդդ
կը
դիւթէ,
յինքն
կը
ձգէ։
Բուռմայ
մի
(լօշի
մէջ
փաթթած
խորտիկ)
սա
կարմիր
աղով
պանիրէն,
մաճառ
(շիրող)
ձուկէն,
պաղ
միսէն
(սէօյուշ)
խորովածէն,
մանդկով
ժաժիկէն
բըռնէ
(հրամէ),
տես
ի՛նչքան
կը
հրճուի
ախորժակդ։
Վանցիք
ասոնք
կ՚անուանեն
«գինւոյ
փէզաւանգ»։
Ահա
սեղանի
շուրջը
շարուած
են
կանանչեղէնները,
որ
այս
եւ
մէկալ
կերակրոց
հետ
կ՚ուտենք։
-Մարէ,
մեզի
գինի
կը
լցես,
դու
իսկի
(երբէք)
չես
խմեր,
հատ
մ՚առ
խմէ,
մեզի
օրհնէ։
-Դուք
խմէք,
մեռնեմ
ձե,
խուրի
(հիւրի)
առջեւ
ամօթ
ի
կնիկ-զաւակ
ուտի-խմի։
-Նա
օտար
չէ,
հայ
է,
եւ
իմ
սիրելի
ընկերն
է,
քո
զաւակի
տեղն
է,
մի՛
ամչնար։
-Աղէն
էն
ո՞ւստ
ի
(ուստի՞
է)։
-Ստամպօլցի
է։
-Ես
գիտեմ
որ
խայերէն
չգիտէ։
Ծիծա՜ղ։
-Ինչի՞
կը
ծծղաք,
«Փան,
ընդո՞ր,
ըլլալ,
չըլլալ,
հօս,
հօն,
խոշոր,
կոր,
սանկ,
նանկ»,
ես
ի՞նչ
գիտնամ՝
հազար
ռանգ
տուիք
առիք։
-Օրհնէ,
օրհնէ
մեզի,
գինին
ձեռքդ
ա՛ռ,
օրհնէ
մեզի։
-Ձե
ողջութեն,
Աստուած
ձեր
արեւ
պահի,
նամարդի
կարօտ
չելնէք,
երկէն
արեւ,
սպիտակ
իրես
ելնէք,
չար
աչքից,
չար
սատանից,
չար
մարդու
շառից
պարզիրես
մնաք.
երկնաւոր
թագաւոր
Աստուած
ուր
եօթն
աթոռով
ձե
օրհնի,
ձեր
չարկամն
կուրնայ,
ձեր
ոտ
քարին
չդէպնի,
Աւագ
Սըբ
Նշան
ձեր
չարն՝
բարին
դառձուցի,
ի՞նչ
բանի
ձեռ
թալէք՝
կանանչի,
ձեր
մէկ
օր
հազար
անի,
հոգուց
մարմնուց
չհանի,
վատ
օր
չտիսնաք,
էն
Խաթուն
Տիրամէրն
եմ
կանչե՝
ուր
զօրքով
ձե
յօգ
հասնի,
Աստուած
ձեր
կանանչ
արեւ
բաշխի…։
Երկար
օրհնութիւններ
կը
կարդան
մեր
մայրերը
ամէն
առթի
մէջ
իրենց
զաւակաց
եւ
հիւրերուն
կամ
բարեկամաց
տեսութեան։
Բայց
այս
անգամ
կարճը
կապեց.
աչքերը
երեսիս
յառեր,
տեսնանք`
ուրիշ
ի՞նչ
ունի
ըսելիք։
-Էսա
եօթն
օր
էր,
որ
աջ
ականջս
կը
կանչէր.
ես
գիտէի,
որ
բարի
բան
մը
պիտի
լսէի։
Քիթ
բերանս
կը
քորուէր.
գիտէի,
որ
սիրելիս
պիտի
համբուրէի։
Աչքերս
կը
շրտէր
(անթարթ
յառել),
պիտի
բարի
խուր
մը
գէր։
Յըմէն
առաւտուն
կատուն
ուր
թաթիկով
իրես
կը
լուար,
տօտիկ
կը
տնկէր,
ճամխից
մարդ
պիտի
գէր։
Գինի
լցինք
խմելու՝
վէրէն
աչք
(պաղպաջակ)
կը
կապէր.
երբ
քո
անուն
տ՚ինք՝
հետ
հետուն
(իսկոյն)
կը
փթխէր
(կ՚անցնէր),
հաց
ուտ՚ինք
կը
շարուէր,
չում
(մինչեւ)
քե
չյիշինք՝
կուլ
չէր
երթար.
տղեկներաց
ըմէնի
աչքն
էլ
կը
խաղէր,
սիրելի
հեռաւոր
պիտի
տիսն՚ին։
Պստիկներաց
ափին
մէջը
կը
քորուէր,
քե
համար,
կ՚ասին,
պիտի
գայ,
փարայ
տայ
մե։
Ոտաց
տակ
կը
քորուէր,
քե
կ՚աչկ՚ին
(կ՚ակնկալէին),
որ
գաս,
տեղ
տանես,
պտըտցուցես։
Խաբրաբեր
ծիծռնակ
կը
մտնէր
տանտուն
(ներքին
տուն),
կ՚ելնէր։
Անծեղ՝
յըմէն
իրիկուն
կուգար
երդիսի
վէրէն
կը
կրկչէր։
Էս
տարի
ճոչ
պահոց
միջնոցին
(միջինքին)
կանափատով
հաց
փուռնիկ
բաժնիցինք,
բաղդն
ու
ղըսմաթն
քո
բաժնի
մէջն
էլաւ։
Չորս
օր
դիր
մը
երազի
մէջ
կը
տիսն՚ինք…։
Աստծուն
մեռնեմ,
որ
մե
չիթող
հասրաթով։
Ի՞նչ
կ՚ըսես,
բարեկամ,
այս
լսածներուդ։
Անշուշտ
ամէն
երկրի
բնակիչք
եւ
ամէն
ազգերը
իրենց
մէջն
ունին
այսպիսի
գուշակական
հնարածին
նախապաշարումները,
որոցմով
իրենց
սրտի
իղձեր
եւ
կարօտները
կը
պատրեն,
կը
հանդարտեն
ժուկ
մը։
Բաւական
բաները
մինչեւ
ցայժմ
լսեցիր,
կ՚ուզեմ
քիչ
մ՚ալ
նոյն
տեսակ
գուշակական,
կամ
ինչպէս
կ՚ըսեն
գիտնականք,
աւելորդապաշտական
խօսքերը
եւ
արարքները
պատմել
քեզ,
յորոց
գուցէ
իմաստասիրողները
ազգի
հնութեան
եւ
նախնի
պաշտամանց
հետքեր
նշմարեն,
զորս
ժողովրդեան
ռամիկ
մասը
անգիտաբար
կը
պահպանէ
եւ
զորս
դարուս
լուսաւորութիւնը
անհետացնելու
վրայ
է։
Երբ
լուսինը
միօրեայ
կամ
երկօրեայ
է,
«Նոր»
կ՚անուանեն
զայն,
եւ
առաջին
անգամ
տեսած
ատենը,
անոր
նայելով,
իրենց
երեսը
կը
խաչակնքեն,
միեւնոյն
վայրկենին
ի՛նչ
մարդու
երեսը
որ
նային,
այսպէս
կ՚ըսեն.
«Տեսնանք
բարեա՞ց
պիտի
հանդիպիմ,
թէ
չարի,
վասնզի
լուսինը
տեսած
ժամանակ՝
առաջին
անգամ
քո
երեսը
նայեցայ»։
Ինչպէս
լսեցիր,
անծեղը
երբ
գայ
կրկչայ,
նոր
խաբար
կը
լսեն,
կամ
ղարիբներէն
գիր
կուգայ։
Ընդհակառակն՝
երբ
բուի
ձայնը
առնուն,
կամ
սեւ
ագռաւները
գան
տան
մէջ
կռկռան,
վատ
համբաւ
լսելոյ
նշան
է։
Յերազի
եթէ
պայծառազգեաց
կտրիճ
ձիաւոր
եւ
սպառազէն
քիւրդ
կամ
տաճիկ
տեսնան,
սուրբը
տեսած
կը
լինին,
իսկ
եթէ
սեւազգեաց
տէրտէր
կամ
կրօնաւոր
մը
տեսնան,
սատանայ
է։
Ինչեւիցէ
գործ
մը
սկսելուն
կամ
ճանապարհ
գնալուն,
կամ
խորհուրդ
մը
ընելուն՝
եթէ
մէկը
զոյգ
փռնգտայ,
խիստ
յաջող
է,
զոր
«ջախտ»
կ՚անուանեն.
իսկ
եթէ
մէկ
կամ
երեք,
կամ
աւելի՝
բայց
անզոյգ
փռնգտայ,
«սաբր»
կ՚անուանեն,
ետ
կը
կենան
այն
գործն
սկսելէ։
Նոյնպէս
երբ
տեղ
մը
երթալու
համար
ոտքի
ելլեն
եւ
թափառս
առնուն
(իյնան)
իրենք,
կամ
եթէ
ձիով
են՝
ձին
թափառս
առնու,
անյաջողութեան
նշան
կը
համարին,
ետ
կը
կենան։
Ձիով
տեղ
մը
գնացողները
խիստ
յաջողակ
կը
սեպեն
իրենց,
եթէ
ձին
աշխոյժ
եւ
զուարթ
վիճակի
մէջ
լինի,
խրխնջայ,
եւ
ասոր
հակառակ,
եթէ
տխուր
ու
անձայն
մնայ
ձին,
կամ
ինչպէս
կը
նշմարեն
եղեր
շատ
անգամ
ալ
կ՚արտասուէ
ձին,
մեծ
վտանգ
գայ
գալիք։
Ագլօր
եթէ
իր
ժամանակէն
դուրս
խօսի,
կամ
հաւն
եթէ
ագլօրի
պէս
խօսի,
իսկոյն
կը
մորթեն,
վասնզի
չարեաց
գուշակ
է։
Եթէ
ուզեն
մէկը
իր
գնացած
ճանապարհէն
ետ
չդառնայ,
անոր
մեկնած
ժամանակ՝
աման
մը
կը
կոտրեն
ետեւէն
եւ
կ՚ըսեն.
«Կրունկդ
ըստէս
(ասդին)».
կամ
թէ.
«Երթալդ
լինի,
գալդ
չլինի»։
Իսկ
եթէ
դարձին
փափագին,
ջուր
կը
թափեն
ետեւէն։
Տարուան
մէջ
օր
մը
յանուն
«Թալալոսի»
կիրակի
կը
պահեն
զաւկի
տէր
մայրերը,
որպէսզի
իրենց
մանուկները
չթալկանան։
Նոյնպէս
օր
մը
կիրակի
կը
պահեն,
որ
մկները
ջարդուին.
եւ
այն
օրը
կ՚անուանեն
«Մկան
կիրակի»։
Սիրոյ
կամ
չարոց
թուղթ
(դիւթ)
ընել
տալու
համար
սեւ
հաւ
մը
տանելու
է
դիւթին,
որ
մորթէ
եւ
անոր
արիւնով
գրէ,
սեւ
հաւու
արիւն
դըլիսըմ
է.
(միսն
ալ
դիւթի
փորին
դըլիսըմն
է)։
Սրբոց
համար
ալ
մատաղցու
սեւ
խոյ
մը,
կամ
մաքի,
կամ
կով
մը
տանել
աւելի
հաճոյական
է։
Պարսկահայոց
սահմանագլուխը՝
Վասպուրականի
գաւառը,
Բաշգալէին
մերձ
է
Ս.
Բարդուղիմէոսի
վանքը,
հոն
մշտնջենապէս
կը
գտնուի
զոյգ
մը
ճերմակ
գոմէշ`
արու
եւ
էգ.
որքան
ծնին,
որքան
մեռնին,
միշտ
երկու
հատ
կը
մնան։
Երբ
մէկը
քանի
մը
տարի
տենդով
տանջուի,
այն
գոմէշներէն
մազ
մը
բերեն
իրեն,
վրան
պահելու
լինի,
մէկէն
կ՚առողջանայ։
Հայոց
ձորի
գաւառը
Անգղ
անունով
գեղ
մը
կայ,
եւ
անոր
կից՝
Ս.
Աստուածածնի
վանք։
Ասոր
տաճարի
ձախակողմը
պատուհան
մը
կայ,
որոյ
մէջ
գրուած
խաչքարէ
մը
ձէթ
կը
բղխէր
եւ
աչքացաւի
դեղ
էր,
բայց
հիմա
ա՛լ
չբղխիր
եղեր։
Տեառնընդառաջի
իրիկուն
ամէն
եկեղեցեաց
բակերը
փայտակոյտ
մը
կը
վառէին,
եւ
նոյն
տարուան
մէջ
եղած
նոր
փեսաները
կրակին
շուրջը
կը
կայնեցնէին։
Այժմ
միայն
մոմ
կը
վառեն
քաղաքաց
եկեղեցիները,
իսկ
գեղերը
նոյն
են,
բայց
ամէն
մարդ
իր
տունը`
տանիքի
վրայ,
փայտակոյտ
մը
կը
վառէ
եւ
կերակրոց
ու
ըմպելեաց
բարութեամբ
զարդարեալ
սեղան
մը
կը
պատրաստէ։
Ամէն
մարդու
ձեռքը
մոմ
մը
պիտի
լինի։
Երիտասարդները
կրակի
վրայէն
կը
թռնին,
հարսն
ու
փեսայն
բոցերու
շուրջը,
ձեռք
ձեռքի
տալով,
ի
պար
կ՚ածեն։
Այն
օրուան
համար
յատուկ
շինուած
աղանձ
(բոված
ցորեան),
կանափատ,
չամիչ
եւ
զանազան
քաղցրեղէնք
ու
մրգեղէնք
կ՚ուտեն։
Ամէնքը
իրենց
հագուստէն
դրօշ
մը
կ՚այրեն
այն
իրիկուան
կրակով,
որպէսզի
կախարդութիւն
չներգործէ
իրենց
վրայ,
կրակի
մոխիրէն
կը
պահեն
տուներու
մէջ,
որ
պէս-պէս
ցաւոց
եւ
փորձանաց
դեղ
է.
ածուներուն,
արտերուն
եւ
այգիներուն
վրայ
կը
սփռեն,
որպէսզի
թրթուրէ
եւ
այլ
վնասակար
որդերէ
եւ
ճճիներէ
ազատ
մնան։
Եթէ
փայտակոյտի
բոցն
ու
ծուխը
դէպի
աղօթրան
ծառանայ,
շատ
բարի
տարի
է,
իսկ
գիւղացւոց
համար՝
եթէ
ծուխն
արտորէից
կողմը
դառնայ,
բարեբեր
է,
եթէ
հակառակ
կողմերը՝
ձախորդ
է։
Նոյն
իրիկուան
վառած
ճրագ
կամ
մոմերը
եթէ
չսպառած
մարին,
անբաղդութեան
նշան
է
եւ
այլն,
եւ
այլն։
Այսպէս
մեծ
հանդիսիւ
կը
կատարեն
Տեառնընդառաջի
ճրագալոյցը,
զոր
կ՚անուանեն
«Տէնդառէջ»։
Հայաստանի
համար
ընդհանուր
է
այս
տօնի
վսեմութիւնը։
Կաղանդին
կամ
տարեգլխոյն
այնքան
հանդիսաւոր
չէ,
որքան
այսօր։
Մեծամեծ
խնջոյքներ
եւ
ուրախութիւններ
կը
կատարեն,
տաղերով,
երգերով,
պարերով,
ուտելիքով
եւ
ըմպելիքով
կը
զուարճանան։
Առաջաւորաց
պահոց,
որ
Ս.
Սարգսի
պահք
ալ
կ՚անուանեն,
կանայք
եւ
աղջկունք
իւրաքանչիւր
խորհուրդի
մը
կամ
նպատակի
մը
համար
ծոմ
կը
պահեն,
ոմն
օր
ըստ
օրէ
կը
ճաշակէ,
ոմն՝
երկու
օր
միանգամ,
ոմանք
եւս
հինգ
օր
ամբողջ
անսուաղ
կ՚անցունեն՝
աղօթքով
եւ
ծնրադրութեամբ։
Տան
մեծ
մամիկը,
որ
իւրաքանչիւրի
խորհրդոց
կը
թափանցէ
եւ
պահողներուն
կը
հսկէ,
եւ
ըստ
սովորութեան
պաշտօն
ունի
վերջին
երեկոյ
ուրբաթէն
ի
շաբաթ
լուսնալու
գիշերը
քաղցրով
փոխինդ
շաղախել
ու
դնել
տան
բարձր
պատուհան
մը։
Եթէ
գոհ
եղեր
է
անոնց
սրտի
խուրհուրդէն
եւ
պահեցողութենէն,
գիշերը
գաղտնի
պայտ
մը
կը
դրոշմէ
փոխինդին
վրայ։
Առաւօտ
կը
տեսնան
զայն
եւ
կը
համարին,
թէ
իրենց
պահք
ընդունելի
եղած
է,
եւ
իրենց
սրտի
խորհուրդը
կը
կատարէ
Աստուած,
վասնզի
Ս.
Սարգիս
աներեւութապէս
գիշերն
եկեր,
ձիով
կոխեր
փոխինդին
վրայ
եւ
անցեր
է։
Եթէ
այս
նշան
չկայ,
ուրեմն
ընդունելի
չէ
եղեր։
Յայտնի
է,
թէ
աղջիկները
ի՛նչ
խորհուրդ
կ՚ունենան
իրենց
սրտի
մէջ`
իրենց
սիրածը,
եւ
կանայք՝
զաւակ
մը
ունենալ,
կամ
իրենց
ղարիբին
դարձը։
Մանուկ
մը
յուշ
լեզու
ելլէ,
կամ
անձ
մը,
որ
պապանձի,
անդրանիկ
ծնած
մէկի
մը
ճկոյթ
կը
խոթեէն
բերանը,
ու
կը
բացուի։
Օձի
շապիկը
վրան
կրողը
օձահար
չը
լինիր։
Դժնիկ
չար
փուշը
որի
տան
դռան
վրայ
զարնուած
լինի,
չար
(ոգի)
այն
տունը
չը
մտներ։
Մանկանց
եւ
հասակաւորաց
գլխարկին
կամ
սրտին
ու
թեւին
վրայի
հանդերձին
եթէ
պողպատի
մը
կտոր
կապուած
կամ
պահուած
լինի,
չարը
չվնասեր
անոր։
Սոյն
զօրութիւնն
ունի
աչից
ուլնիկն
եւ
նուսխայի
թուղթն։
Չար
աչքէ
շատ
կը
վախնան
եւ
զարհուրելի
բաներ
կը
պատմեն,
ի՛նչ
որ
Խորենացին
գրած
է
Երուանդ
Բ
Արշակունւոյն
վրայօք,
կատարելապէս
կ՚ընդունին
այսօր
հայաստանցիք։
Բայց
աչքէն
աւելի
սրտի
չարութեան
արդիւնք
կը
համարին։
Զորօրինակ,
եթէ
չար
աչք
մէկը
զոյգ
մը
ընտիր
գոմէշ
տեսնայ
ու
ըսէ.
«Օ՜,
ինչ
աղէկ
են»,
իսկոյն
կը
պատռին
անոնք։
Եթէ
ձիու
նայի,
ձիերը
կ՚իյնան
կը
սատկին,
եթէ
գեղեցիկ
տան
մը,
պիտի
փլչի
այն
տուն,
եթէ
մէկի
մը
յաջողութեան,
պիտի
ձախորդի
անոր
գործը։
Մարդոցմէ
շատերը
կը
հիւանդանան,
շատերը
կը
մեռնին,
քար
անգամ
կը
հալի,
կանանչ
ծառեր
եւ
արտեր
կը
գօսանան
եւ
այլն։
Ընդհանրապէս
խիստ
կապոյտ
եւ
կանանչ
աչք
ունեցողներ
չար
աչք
կը
լինին,
զորս
կ՚անուանեն
«Չալաղապտուղ»։
Տազ
գլուխ
(քաչալ),
անմազերես
(քօսայ),
միականի,
շլակն,
կաղ
մարդիկ
չարեաց
մասն
ունեցող
եւ
վտանգաւոր
անձինք
կը
համարին
ընկերութեան,
եւ
եթէ
պատահին
այնպիսեաց,
ձախորդ
է
իրենց
գործը։
Զանազան
վնասուց
եւ
հնարից
վէպերը
շինած
կը
պատմեն,
որ
այսպիսիներէ
պատահած
եղեր
են։
Եթէ
մէկը
վտանգէ
մը
ազատի,
կ՚ըսեն.
«Ձկան
խաչ
կար
գլուխը»։
Ձկան
խաչ
ըսածնին՝
ձկան
գլխու
մէջ
ոսկոր
մը
կայ
խաչաձեւ,
այն
է։
Իրէքնուկ
խոտ,
որ
երեք
տերեւ
ունի
եւ
որ
յաճախ
ամէն
տեղ
կը
գտնուի,
մուրիկ-մուրիկ
կը
փնտռեն
անոնց
մէջէն
բոյս
մը,
որ
չորս
տերեւ
ունենայ
խաչաձեւ,
եւ
ալ
այնուհետեւ
ազատ
կը
լինին
զայն
իրենց
վրայ
պահողներն
ամէն
չարէ
եւ
կախարդանքէ։
Եթէ
խիստ
կարկուտ
տեղայ,
որ
վնաս
կը
բերէ
արտորէից,
այգեաց
եւ
ծառոց,
խաչերկաթը
կը
ձգեն
երկնքի
առջեւ,
կարկուտը
կը
կտրի։
Եթէ
երաշտ
լինի,
անձրեւ
չգայ,
փայտի
մը
վրայ
լաթեր
կը
փաթթէին
եւ
մարդակերպ
ձեւ
մը
կուտային
անոր,
զոր
«Խուրձկուլուլու»
կ՚ըսեն.
փողոցները
եւ
տուները
կը
շրջեցունէին,
վրան
ջուրեր
կը
թափէին,
զայն
ջուրերու
մէջ
կը
թաթախէին
եւ
խիստ
անարգանք
ու
չարչարանք
կուտային
անոր.
կարծես
Հնդկաստանի
չաստուածն
լինէր,
եւ
երկինք
կապելուն
համար
այսպէս
վարուէին
հետը։
Կան
նաեւ
տեղեաց-տեղեաց
բնակիչք,
որք
հրացաններ
կ՚արձակեն,
երբ
արեւ
կամ
լուսին
«բռնուի»
խաւարի,
եւ
այս
հրարձակներով
ու
դղրդոցներով
կ՚փախցունեն
մեր
լուսոյ
դէմը
բռնողներն։
Ոմանք
եւս
ջերմեռանդ
եւ
ողոքաւոր
ձայնիւ
Տէր
ողորմեա
կ՚ըսեն`
պղնձէ
ամաններ
եւ
ծնծղաներ
հնչեցնելով։
Աստուած
կը
կանչեն,
որպէսզի
խաւարման
չար
հետեւանքներէն,
զոր
կը
գուշակեն,
ազատէ
զիրենք։
Այս
սովորութիւնը,
ինչպէս
նաեւ
մէկալ
բաներն
ալ
միայն
Վանայ
մէջ
չեն,
այլ
շատ
գաւառներու
մէջ
կը
տեսնուին
մինչեւ
ի
Թիֆլիզ
եւս.
ասկէ
12
տարի
յառաջ
տեսանք,
որ
այծու
կամ
խոզի
մը
գլուխ
անցուցած
փայտի
վրայ
եւ
լաթերով,
ճիւղերով
փաթթած,
ցեխոտած՝
թաղէ
ցթաղ
կը
շրջեցնէին
եւ
վրան
ջուր
կը
լեցնէին։
Թէ
այս
եւ
թէ
քանի
մը
աւելորդապաշտական
ու
դիւթական
բաներու
մասին
հատուած
մը
կարդամ
քեզի,
մեր
խմբագրութեամբ
հրատարակուած
«Տարօնոյ
Արծուիկ»-էն
1865,
թիւ
45
թերթէն`
քաղելով
այն
նամակէն,
զոր
Սասնոյ
եւ
Տիգրանակերտու
գեղերէն
Աղձնեաց
գաւառեն
(ուր
հայերը
քրդերէն
կը
խօսին
եւ
քրդաբար
կը
վարին),
գրած
էր
արժ.
Յօհ.
վ.
Մուրատեանն,
արդի
վանահայր
Մշոյ
Ս.
Առաքելոց
վանից։
…«Հըզու
քաղաք
կոչուած՝
տասն
քահանայ
ունին,
յորում
80
տուն
հայ
կայ։
Ռընդվան՝
ինն
քահանայ,
60
տուն
հայ։
Ասոնց
քահանայք
մուրացկանութեամբ
կ՚ապրին`
գեղեր
ու
քաղաքները
շրջելով։
Հասարակ
կարդալէ
անգամ
տգէտ
են,
բայց
շատերը
կախարդութիւն
կ՚ընեն։
Այս
կողմերու
հայերը
մեռելի
վրայ
սաստիկ
ողբ
եւ
կոտորում
կ՚ընեն։
Եթէ
անդրանիկ
զաւակ
է
մեռնողն,
յուղարկաւորութեան
ժամուն
ձի
մը
կը
զարդարեն,
մեռնողին
հագուստը
ձիու
վրան
կը
դնեն,
անոր
սուր,
վահան,
հրացանն
ձիուն
վրայ
կը
կախեն,
մեռնողին
կամ
ծնողաց
հայ,
քիւրդ
եւ
եզիդի
բարեկամներ
կը
ժողվին
կուգան։
Երբ
գեղին
կը
մօտին,
սեւ
ապայով,
մաշլաղով
մը
գլուխները
կ՚սքօղեն
եւ
մեծ
ձայնով
կը
բօռան.
«Վայլըմըն
բրայոյ,
վայլըմըն
բրայոյ»`
ստէպ
կրկնելով
այս
վայերգը։
Յուղարկաւորութեան
հանդէսը
կ՚սկսի
ամբողջ
գիւղացւոց
բազմութեամբ,
եւ
դագաղի
առջեւէն
իբր
քսան
կանայք
անուշ
ձայնեղ,
սեւեր
փաթթած
գլխները,
քիւրդերէն
լեզուաւ
ողբեր
կը
կարդան։
Քսանէն
աւելի
ալ
արք
սեւ
ապաները
քաշած
գլխները
սգաւոր՝
ողբասաց
կանանց
ետեւէն
կ՚երթան։
Մէջ
ընդ
մէջ
կ՚ընդհատի
կանանց
ողբոց
ձայնը,
եւ
սգաւոր
մարդիկ
միաձայն
կ՚աղաղակեն.
«Վայլըմըն
բրայոյ,
վայլըմըն
բրայոյ»։
Թաղումէն
մինչեւ
եօթն
օր
այս
հանդիսով
կ՚երթան
գերեզման,
կուգան։
Ով
որ
զննջեցեալ
շատ
կը
սիրէ,
շատ
կը
բօռայ։
Եւ
եթէ
բարեկամները
թաղման
օրը
զատ-զատ
գան,
իւրաքանչիւրին
զատ-զատ
կը
դիմաւորեն`
զարդարուած
ձիով,
գոյժ
եւ
ողբ
ի
բերան։
…Սասնոյ
եւ
Մօտգանու
քահանայից
գործն
ալ
կախարդութիւն
է
ըստ
մեծի
մասին.
փոխանակ
Աւետարանի`
մէկ-մէկ
Ախդարք
ունին
ծոցերնին։
Գիւղէ
գիւղ
կը
շրջին`
հիւանդաց
թուղթ
ընելու,
ոմանք
ալ
աղջկանց
սիրտը
զինք
սիրող
երիտասարդին
դարձնելու
կամ
երիտասարդին
սիրտը՝
զինքն
սիրող
աղջկան։
Ապրիլ
ամսոյ
մէջ
անձրեւ
չեկաւ
Ներքին
դաշտ։
Ընդհանուր
կարծիք
հասարակաց
այս
էր,
թէ
հարուստները
կախարդութեամբ
կապած
են
երկինքը
(որպէսզի
իրենց
ամբարած
ցորենները
թանգ-թանգ
վաճառեն)։
Ուստի
որքան
ժողովրդական
կախարդներ
կան,
կը
տքնին
ամբոց
կապանքն
արձակելու.
որը,
քարի
վրայ
բան
մը
գրելով,
կը
ձգէ
ջրին
մէջ,
որը,
մեռելի
գանգ
գերեզմանէն
հանելով,
գետը
կը
ձգէ,
որը
իշու
գլուխ
ջրով
կը
լուանայ։
Սեւ
էշ,
ճերմակ
էշ
չմնաց,
որ
չլուային,
եւ
ինչ
որ
ըրին,
անձրեւ
չեկաւ։
Ըլիբընկի
գիւղացիք
իրենց
կանայք
կ՚սպառազինեն,
կ՚ուղարկեն
Խօշավայ
գիւղին
վրայ,
եւ
այն
գիւղի
կանայքն
ալ
սպառազէն
ասոնց
դէմ
կ՚ելլեն։
Երկու
կողմէն
հրացաններ
կը
պարպուին,
վերջապէս
ըլիբընկցի
կանայք
կը
յաջողին
ոչխար
մը
աւարել
եւ
կը
բերեն
զոհել։
Գլուխը
կտրելով`
մեծ
հանդիսով
կը
տանին
ձգեն
գետը,
որ
անձրեւ
գայ։
Տիգրանակերտու
մօտն
ալ
երեք
հրէի
գանգ
հանել
են
գերեզմանէն,
ջուրը
ձգեր
են,
բայց
նորէն
անձրեւ
չգար։
Խորհած
էին
ողջ
քահանայի
մը
կամ
կարդացողի
մը
գլուխ
կտրել,
ջրոց
նուիրել։
Աստուած
տուաւ,
որ
մայիս
6-ին
առատ
անձրեւ
եկաւ,
կենդանի
զոհն
ազատեցաւ։
Այս
կողմերը
ծառապաշտութիւն
եւ
ջրապաշտութիւնը
ընդհանուր
է
հայոց,
քրդաց
եւ
եզիդաց
մէջ»։
-Դիտելու
է,
որ
Տիգրիսի
եւ
Եփրատայ
շուրջ
բնակողաց
նկատմամբ
է
այս
խօսքը-։
«Քրդասօր
գեղը
շեխի
մը
կին
կայ։
Որու
երեսը
որ
ուռչի
կամ
ակռան
ցաւի,
կ՚երթայ
այդ
խաթունի
կօշիկը
բերան
կ՚առնու,
որ
բժշկուի»։
-Այս
կարգի
բաներ
շատ
կան,
բայց
մենք
չենք
կրնար
պատմել-։
«…Քրիստոսի
Ս.
Ծննդեան
եւ
Մկրտութեան
առաւօտը
ամէն
կողմէն
քիւրդեր
կուգան
հայոց
քահանաներէն
կը
հարցնեն.
«Աստուած
սիրէք,
խաչն
ի՞նչ
ըսաւ,
այս
տարի
ձմեռը
խի՞ստ
պիտի
լինի,
թէ
մեղմ.
ամառը
լի՞
է,
թէ
նեղ»։
-Եթէ
Ս.
Մեռոնը
ջրի
երեսին
ծաւալեր
է,
տարին
բարելի
է-։
«…Այս
կողմերը
զանազան
օճախներ
կան
շեխերու
անուամբ,
առ
որս
կը
դիմեն
զոհերով
եւ
ընծաներով
արք
եւ
կանայք»։
-Պաշարուելու
չենք,
թէ
շեխեր
քիւրդ
կամ
տաճիկ
են
այսօր.
անոնք
երկրի
հայրերն
են,
եւ
անխտիր
խնամք
ու
պաշտպանութիւն
կը
վայելեն
ասոնցմէ
քրիստոնեայն
եւ
ոչ-քրիստոնեայն,
զորս
մարդասիրաբար
կ՚ընդունին
եւ
խիստ
յանդիմանիչ
են
բռնաւորաց,
անօրինաց։
Հարկ
չկայ
ըսել,
թէ
մաս
մ՚ալ
կայ
ասոնց,
որ
ընդհակառակն
շատ
վնասակար
են
երկրին
ժողովրդոց
ու
նոյնիսկ
կառավարութեան։
Բարեսէր
շեխերու
եւ
անոնց
օճախին
վրայ
այնպիսի
համարում
ունին
տեղացիք
եւ
այնպիսի
գերբնական
գաղափար,
որ
շատ
կը
համեմատի
հնդկաց
բրահմաններուն։
Ի՞նչ
է
շեխ
անուն,
որ
ամէն
հին
ազգաց
մէջ
նուիրական
է-։
«…Ահարօնք
գեղէն
տղայ
մը
Հեղին
գեղ
երթալուն՝
անյայտ
եղած
էր։
Ծնողք
եւ
ազգականք,
ամէնուրեք
խնդրելէն
զկնի,
կախարդաց
դիմեցին.
կախարդք
յայտնեցին,
թէ
տղան՝
ջիներ
(ոգիք)
յափշտակեր
տարեր,
ըրեր
են
վայրի
էրէոց
հովիւ։
Որսորդ
մ՚ալ
կը
վկայէ,
թէ.
«Էրէ
մը
տեսայ
լեռը,
պիտի
զարնէի
հրացանովս,
մարդու
պէս
կ՚երեւնար
աչքիս։
Հրացանս
վար
դրի,
էրէ
եղաւ,
նորէն
առի
զարնելու,
մարդ
դարձաւ։
Հարցուցի՝
դու
ո՞վ
ես,
ասաց՝
ես
Խաչօն
եմ.
ու
աներեւոյթ
եղաւ»։
-Արդարեւ,
մինակ
Արտաւազդ
մանուկ
չէ
ի
դիւաց
յափշտակեալ,
այլ
մինչեւ
ցայսօր
կը
հսկեն
մանկանց,
որ
ջիները
չյափշտակեն
տանին-։
Նոր
պսակուածները
դիւթութեամբ
կը
կապեն,
որ
տարիներով
չկրնան
հարսն
ու
փեսայն
մերձաւորուին,
զոր
«Կապս»
կ՚ըսեն.
եւ
ասոր
համար
փակուած
կողպէք
մը
կամ
գոցուած
չախու
մը,
կամ
հանգոյց
եղած
բան
մը
կը
կրեն
իրենց
վրայ
նշանածները,
որպէսզի
կախարդութիւնը
չբանի
իրենց
վրայ
եւ
որպէսզի
պսակի
հալաւ
հագած
ժամանակ՝
«Մի՛
իշխեսցէ
ի
սոսա
չար
աղանդ
դիւաց
կամ
կախարդաց».
վասնզի
դէւեր
մարդկային
ազգի
որդէծնութեան
թշնամի
են
եւ
կ՚ուզեն
մեր
ճետն
սպառի։
Այս
կապս
քակելու
իշխանութիւն
ունին
քահանաները,
ուխտատեղիք
եւ
շեխերու
օճախները։
Այսպիսի
բաները,
ինչպէս
ըսի,
մէկ
գաւառի
չեն
վերաբերիր,
այլ
գրեթէ
ընդհանուրին,
բայց
իւրաքանչիւր
գաւառն
իրեն
յատուկ
ու
համբաւաւոր
վանք
մը,
անձ
մը,
վայր
մը
եւ
օճախ
մը
ունի։
Մեզ
համար
վանքերը,
ուխտատեղիք,
սուրբերը
դիւթականաց
կարգին
չեն
անտարակոյս,
այլ
ճշմարիտ
քրիստոնէութեամբ
եւ
աստուածպաշտութեամբ
կը
հաւատանք
այն
հրաշից,
որ
կը
գործուին
ցայսօր
յանուն
Աստուծոյ
եւ
սրբոց
եւ
սրբեղինաց։
Բայց
խնդիրը
հնախուզական
լինելով,
եւ
մեր
վանքերն
ալ
ի
հնումն
մեհենից
տեղեր
էին
ըստ
պատմութեան,
ուստի
այսպիսի
ակնարկներ
ընել
հարկ
կը
լինի
երբեմն։
Իբրեւ
օրինակ
խօսինք
Խաթուն
Տիրամօր
վրայօք։
Վանէն
դէպ
ի
հիւսիս`
իբր
ութն
ժամու
չափ
հեռաւորութեամբ,
Բզնունեաց
ծովուն
ափը,
բարձրադիտակ
դիրք
մը
ունի
այս
վանքը,
եւ
քանի
մը
տուն
հայ
գեղացիք
կը
բնակին
անոր
շուրջը։
Ծովն
իր
երկայնութեամբ
կը
տարածի
ասոր
առջեւը,
եւ
իր
եղջերաձեւ
սպառուածքը
սոյն
դարեւանդին
ոտներուն
ներքեւն
է,
ուստի
կ՚ընդունի
իր
մէջ
Բանդիմահուի
գետը,
որ
է
ձկանց
առուն։
Իր
առջեւը
կ՚երեւի
Արճէշ
քաղաքը`
տակաւին
շէն
իր
պարիսպներով,
դռներով,
շուկաներով,
եկեղեցիով
եւ
մինարայով
մը,
զոր
շրջապատած
է
ծովուն
ջուրը
եւ
դարձուցած
է
կղզի
մը,
բայց
անբնակ։
Արճիշոյ,
որ
նոյն
է
Քաջբերունեաց
գաւառը
իր
գեղանի
գեղերով,
լեռներով,
հովիտներով,
ասոնց
քով
դիր
նաեւ
Սիփան
լեռը,
աչքիդ
առջեւն
են,
որք
իրենց
շնորհալի
եւ
շքեղ
շուքը
կը
ձգեն
ծովուն
երեսը։
Այս
վանքը
գերեզման
մը
ունի
իր
տաճարին
մէջը,
եւ
կ՚ըսեն,
թէ
Աստուածածնի
հագուստներէն
մաս
մը
զետեղուած
է
հոն։
Այս
գերեզմանն
է`
կ՚երդնուն
Խաթուն
Տիրամօր
անունով,
այս
անունով
օրհնութիւն
եւ
անէծք
կուտան,
եւ
շատ
հրաշալի
է։
Հոս
կուգան
ո՛չ
միայն
Վանայ
բոլոր
գաւառաց
կողմերէն,
այլ
եւ
Պարսկաստանի
եւ
Երեւանի
ու
Նախիջեւանայ
գաւառներէն
ամէն
տարի
բազմաթիւ
ուխտաւորները։
Ուրուկներու
ժողով
մը
կայ
անպակաս
այս
տեղ,
որ
զանազան
աշխարհներէ
կուգան
եւ
քանի
մը
տարի
կը
ծառայեն,
կ՚աղօթեն
ու
գեղացիներէն
կը
ղրկուին
այս
եւ
այն
գաւառները
ժողովք
ընելու,
բերելու
զիրենք
ղրկողին,
վասնզի
գեղացիք
բաժին
ըրած
են
իրենց
վրայ,
մէկը՝
Վան
քաղաք
եւ
անոր
շրջապատի
գիւղորայք,
մէկը՝
Բաշգալան,
մէկը՝
Պարսկաստան,
մէկը՝
Մուշ,
մէկը՝
Տիգրանակերտ,
մէկը՝
Պայազիտ,
միւսը՝
Երեւան,
մինչեւ
Կարնոյ
եւ
Ախլցխայի
կողմերը
եւ
այլն։
Ամէն
տարի
իրենց
մարդ
կ՚երթայ
շրջելու,
եւ
յանուն
Տիրամօր
եղած
խոստումները՝
թէ՛
մոմ,
թէ՛
խունկ,
շուշփայ,
խաչ,
դրամ,
կանանց
խոստ
ըրած
արծաթի
զարդերը,
մատաղցու
կենդանիք,
մանաւանդ
«Տիրամօր
նշան»
ունեցող
կով
եւ
եզ,
որոց
ճակատին
վրայ
ճերմակ
նշան
մը
կը
լինի,
կը
բերեն,
եւ
այդ
գեղացիք
կը
տիրեն։
Ուրուկներ
հետզհետէ
կ՚առողջանան
ու
կ՚երթան,
ոմանք
ալ
նոյն
կը
մնան
եւ
հոն
կը
մնան։
Այսպիսիք
կ՚անուանին
«Տիրամօր
խեղճ»,
եւ
իրենց
ախտի
անունն
է
«Տիրամօր
եարա»։
Ամէն
տարի
Ս.
Աստուածածնի
Վերափոխման
տօնին
անթիւ
բազմութիւն
կը
հաւաքուին
հոս
ի
հեռաւորաց
եւ
մերձաւորաց։
Ուխտ
ու
մատաղ
ընելու
հետ
առատ
կեր
ու
խում
կ՚ընեն,
ինչպէս
ամէն
վանքերը
ուխտ
գնացողներ
կ՚ընեն։
Մերձակայ
քիւրդերը
եւ
եզդիները
կը
զարդարուին
եւ,
իրենց
ձիերը
հեծած,
սպառազինած,
հոն
կուգան,
ձի
եւ
ջիրինդ
կը
խաղան,
որոց
հետ
կը
մրցին
թէ՛
Ռուսաստանէն
ու
Պարսկաստանէն
եկած
եւ
թէ՛
տեղացի
կտրիճ
ձիաւոր
հայեր։
Ասոնց
մէջ
մշտայաղթ
դիւցազն
է
այս
դարուս՝
վանքին
մօտ
եղած
Գործոթ
գեղի
հայ
Մէլիքն.
դեռ
անոր
դէմքն
դարձնող
եւ
թեւն
ոլորող
մը
չգտնուեցաւ։
Երբ
այս
անձն
կ՚ելլէ
ասպարէզ,
ամէնքն
ալ
ռայայ
կուգան
իրեն։
Իրօք
ալ
իր
հասակը,
իր
դէմքն
ու
իր
հագուստը
տեսնողը
կ՚զմայլի։
Այս
հանդէսը
կառավարելու
համար
Վանայ
փաշայէն
եւ
առաջնորդէն
հսկողներ
կը
ղրկուին,
երբեմն
ալ
իրենք
անձամբ
կուգային։
Այս
տօնը
կ՚անուանեն
Ասպարածնի
տօն
եւ
գեղն
ու
վանքը
մէկ
անունով
Ասպարածին
կ՚անուանեն,
այն
ինչ
զԱստուած՝
Ասպած,
եւ
Աստուածածինն՝
Ասպածածին
կ՚արտասանեն
վանցիք,
միայն
այս
տեղին
Ասպարածին
անունը
կուտան,
կամ՝
Խաթուն
Տիրամէր։
Արդ
այդ
դիրքը,
այդ
արարողութիւնք,
այդ
անունը
արդեօք
հնախուզաց
համար
նոր
լոյս
մը
չընծայե՞ր,
թէ
քրիստոնէութենէն
առաջ
ի՛նչ
վայր
է
եղեր
դա։
Եւ
միթէ
Մշոյ
Ս.
Կարապետի
վանքը
իր
Վարդավառի
տօնովը
Զենովբի
գրածին
համեմատ
նախնի
Գիսանեաց
եւ
Վահունեանց
տօնը
չե՞ն
յիշեցներ,
ինչպէս
նաեւ
հոն
մինչեւ
ցայսօր
Աշտիշատ
ուխտի
երթալը
նոյն
օրը,
ուր
զոյգ
մը
սրբազան
ոսկերաց
գանձ
ունինք,
Պարթեւին
Իսահակայ
եւ
Շուշանայ՝
իւր
թոռին
գերեզմանք։
Սոյնպէս
եւ
Անձեւացեաց
գաւառի
մէջ
Հոգւոց
վանից
Դարբնաքարերուն
ականջ
դնել,
կռանի
ձայնը
լսելու,
եւ
անկէ
փոշիներ
առնուլ
ի
պահպանութիւն
անձանց
եւ
այլն։
Բաւական
երկարեցաւ
մեր
ճաշը.
հիմա
մայրս
կ՚ըսէ.
«Հացի
վրայ
այդքան
չեն
խօսիր,
հացի
հրեշտակ
կայնած
է,
մեղք
է»։
Մարէ,
գեղացի
մը
ինձի
պատմեց,
թէ.
«Հացի
հրեշտակ
կայնել»
խօսքը
քաղքցիքն
են
ստեղծեր,
որ
ծառայողներ
շատ
չյոգնին
կամ
հիւրերը
քիչ
հաց
ուտեն։
Օր
մը,
կ՚ասէր,
քաւորանց
տունն
էի,
հացի
վրան
ըսին.
«Մեռնեմ
քե
սանախէր,
շոտ
արա,
հացի
հրեշտակ
կայներ,
մեղք
է»։
Ես
էլ
գլօխս
բացի,
ասի.
«Մեռնեմ
հրեշտակին,
ինչի՞
կայներ,
թող
նստի
վէր
իմ
գլխու
գօլօզին,
չում
ես
կշտանամ»։
-Ո՞ւր
կը
նայիս
այն
կողմը,
բարեկամ։
-Ի՞նչ
կ՚ընեն
կանայք,
ժողվեր
են
այնտեղը։
-Հողը
կը
մաղեն
չորցունեն,
որովհետեւ
Հայաստանը
նոր
ծնած
տղայի
վրայ
աղ
ցանելէն
զկնի,
տղայն
խանձարրին,
օրօրոցին
եւ
ծանրմակին
(չուանէ
օրօրան)
մէջ
կապած
ժամանակ,
անոր
տակ
միշտ
հող
կը
դնեն,
կը
պառկեցնեն`
տղու
անկողինը
մաքուր,
տաքուկ
պահելու,
եւ
տղան
առոյգ
մեծնալու
համար։
Նաեւ
ամէն
օր
տղան
լողացուցած
ժամանակ,
ճիտէն
վերցնելով
պզտիկ
մը
կը
ցնցեն
«ջղլավզիկ»
կ՚ընեն`
ջիղերը
կազդուրելու
համար։
Օրօրոցէն
հանած
ժամանակն
ալ,
թեւերը
խաչփակ
բռնելով,
փակուկ
մը
կը
ձգձգեն`
երակներն
ու
բազուկները
արձակուելու
համար։
Կարգ
մը
այսպիսի
խնամքներ
ունին
մանկանց
սնուցանելուն։
-Մարէ,
սա
Կորէծի
(հայ
կախարդի
մը
անուն
է
եղեր)
պատմութիւնը
ըրէ.
ես
պիտի
գրեմ,
բարեկամս
ալ
մտիկ
կ՚ընէ։
-Կորէծ
մեր
դրկցենց
տընէն
էր։
Գօսկօ
(ահաւասիկ)
ինոնց
տուն։
Ինոր
բայնսեր
(վէպեր)
շատ
են,
վի՞ր
միտ
կուգայ։
Կ՚ասեն
«վեց
խազարեկ»
(վեց
հազարեակ)
ունէր,
ռամ
կը
թալէր,
աստղունք
կ՚իրիշկէր,
մարդու
սրտէն
ինչ
որ
ընցնէր՝
գիտէր,
երկնուց
իրես,
գետնի
տակ
ինչ
որ
ըլնէր,
գիտէր։
Արեգական
խաւարումն,
ժաժկ,
սով,
մահ,
ո՞վ
պիտի
մեռնէր,
ով
պիտի
ապրէր,
ըմէնու
ախտն
ու
բաղդն,
կ՚իմնէր։
Փաշէք,
աղէք,
առանց
ինոր
չ՚ին
մնե։
Գողութեն
ըլնէր,
մարդասպանութիւն
ըլնէր,
մէկէցմէկ
կը
հանէր։
Փակած
դռներ
կը
բանէր,
երդսից
կը
մտնէր
տուներ,
կ՚ելնէր։
Աստուած
փրկի
ազատի,
մարդու
խելք
գլխուց
կ՚առնէր,
թուղթ
կ՚անէր՝
հարսներ,
կնիկներ
մօրէ
մերկ
կ՚ելնէին,
կը
պտտէին։
Ով
ուզէր՝
վիր
տուն
կը
մտուցէր
կը
հանէր։
Ինք
զըմէնք
կը
տիսնէր,
մարդ
զինք
չէր
տիսնե։
Ցորեններ,
պտուղներ
քար
ու
հող
կը
դարձուցէր։
Ո՛ր
երկիր
ինչ
բան
կ՚ըլնէր,
էն
սհաթին
էստեղ
կը
տիսնէր
կը
պատմէր։
Խազնայ
կը
հանէր,
գէլի
գազանի
բերան
կը
կապէր,
մարդը
կալ
կապս
կ՚անէր։
Մէյ
դիր
Աճմու
աչքակապներ
(ձեռնածուներ)
էկած
էին։
Ինչ
որ
արեր
էին,
Կորէծն
արեր
էր։
Դառձեր
Կորէծն
էլ
բան
մ՚էր
ասե,
թէ
երկնուց
արեգակն
ու
լուսնակ,
Լուսոյ
աստղն
ու
Քարվանկորուս
աստղ
(այն
մեծ
աստղն
է,
որ
իրիկուընէ
կը
ծագի
եւ
կը
յառաջանայ
յարեւելս,
որուն
նայելով
ընդ
այգս`
կարաւան
կամ
ուղեւորք
կը
խաբուին`
կարծելով,
թէ
արուսեակն
է)
ցածր
պիտի
իջուցի,
չեն
աւատացե։
Աշխար
երկիր
ժողվեր
են
Աւանուց
չայիր
(ծովափնեայ
ընդարձակ
մարգագետին),
մէկէլ
տիսեր
են,
որ
արեգակ
բուլորակ
քանձ
սէլի
ակն
(անիւ)
կրակոտ
իջեր,
լուսնակ
սեղանի
պէս
կլորիկ,
աստղերն
ալ
մէկ-մէկ
ջաղցի
քարի
օրինակ
խոնարհեր
են։
Ի՞նչ
արե,
որ
պզտիկցուցե
իդոնք,
թէ
չէ՝
Վանն,
ուր
աստւոր
կը
վառին,
կը
կործանին։
Խաղք
արե,
աճամները
ետ
ի
դարձուցե։
-Տեսա՞ր
բարեկամ,
մեր
աստղագէտ,
բնագէտ,
հնագէտ
եւ
ճարտար
ձեռնածուն,
աչքակապող
Կորէծ
ի՞նչ
հիանալի
գերբնական
մարդ
է
դարձեր
ժողովրդեան
մէջ`
մոգ,
որ
ապշեցուցած
է
զամենքը։
Ինկաւորներն
ալ
մեր
աշխարհի
մէջ
նշանաւոր
են։
Բաց
ի
ճշմարիտ
լուսնոտներէն`
կամաւոր
դաս
մը
կայ
կանանց`
«ինկաւոր»
ըսուած,
որոց
թեւերն
ու
թիկունքը,
նաեւ
երեսներ
ու
ճակատները
զանազան
նկարներ
ունին`
ասեղներով
ծակած
եւ
կապոյտ
գունաւորած,
որոց
իւրաքանչիւրը
մէկ-մէկ
սուրբի
կամ
վանքի,
կամ
անուանի
հրաշագործ
Աւետարանի
մը
ինկաւորներն
են։
Տունէ
տուն
կը
շրջին
եւ
կանանց
համար
թիզ
կը
չափեն,
աղօթք
կ՚ընեն
եւ
կը
յորդորեն
անոնց
ախտերուն
կամ
ուխտերուն
համար
իրենց
սուրբին
դիմել։
Երբ
ուխտաւոր
կանայք
լցուեր
են
Թագաւոր
Աւետարանին
առջեւ,
կամ
որեւիցէ
ուխտատեղ
մը,
ինկաւորը,
առաջուց
գիտակ
եղած
է
անոնց
իւրաքանչիւրի
սրտի
խորհուրդին
եւ
անոնց
ունեցած
իրին,
կամ
վրաները
կրած
զարդին.
ուստի
յանկարծ
կը
փրփրի
ու
գետինը
կ՚իյնայ`
ի
մեծ
զարհուրանս
ներկայից,
կ՚անշնչանայ
պահ
մը,
եւ
խաչը
կը
դնեն
բերան,
կը
հանդարտի։
Ապա
յափշտակեալ
իմն՝
գուշակութիւններ
կ՚սկսի
ընել.
«Կատիկ
խաթուն,
քո
սրտի
խորհուրդն
այս
ինչ
է,
բարի
է,
իմ
աղէն
(նոյն
սուրբը)
քեզնից
(ի
քէն)
կ՚ուզէ
ճակտիդ
մաղչան
(արծաթէ
զարդ
է),
կամ
վզիդ
ճտնոց
ոսկին,
կամ
գինդերդ
եւ
այլն,
որ
քո
սրտի
մուրատը
տայ»։
Երանելի
կը
դառնայ
այն
տիկինը
եւ
մեծաւ
զուարթամտութեամբ
կը
հանէ
կը
ձգէ
հոն
ուզած
բանը։
Այսպէս
իւրաքանչիւրէն
ուզած
կողոպուտը
կամաւորապէս
կ՚աւարէ
թշուառականը,
վերջը
Աւետարանի
կամ
խաչին
տիրոջ
հետը
մէջերնին
կը
բաժնեն։
Այսպիսիք
են,
որ
բազում
շահս
տան
տերանց
իւրեանց
մոլելովն։
Իսկ
իրենց
մարմնոյ
վրայ
եղած
նկարն
եւ
միւս
ձեւերն
ու
հնարքները
աւելի
հին
եւ
հնդկական
կը
թուին։
Երաշտ
ժամանակ
կամ
երկնային
պատուհասի
մը
պատահած
ատենը,
սովորութիւն
ունին
բարեպաշտաբար
մատաղներ
ընել։
Աւելի
մեծ
եւ
հանդիսաւոր
ընելու
համար
իրենց
մատաղը`
գեղի
կամ
թաղի
ամբողջ
հասարակութիւնը
հաղորդ
կը
լինի
հանգանակութեան
եւ
մատաղներ՝
կով
կամ
ցուլ,
միջոց
մը
աղէկ
կը
պարարեն։
Սահմանեալ
օրն
որ
կը
կատարուի
ընդարձակ
սրահի
մը
կամ
այգիի
մը
մէջ,
կամ
մարգագետնի
մը
վրայ,
մեծ
բազմութեամբ
իրենց
հանդէսը
կը
կազմեն,
եւ
ի
ժամ
զենման,
երբ
քահանան
աղ
կ՚օրհնէ,
մատաղցուի
եղջիւրները
կը
զարդարեն
մոմեղինօք
եւ
կը
լուցանեն։
Շատ
տեղ
ալ
շուրջառ
մը
կը
ձգեն
կովին
կամ
ցուլին
վրայ,
իրենք
ալ
առհասարակ
մոմ
ի
ձեռին
թափօր
մը
կը
կատարեն։
Մատաղի
կաշիներն
անգամ
նուիրական
են,
զորս
կը
նուիրեն
եկեղեցւոյն
կամ
վանքի
մը։
Սովորաբար
իւրաքանչիւր
գեղն,
թաղն,
քաղաքն
իրենց
յատուկ
սուրբ
մը
եւ
պաշտպան
մը
ունին,
ինչպէս
արհեստաւորքն
ալ՝
իրենց
փիր
մը,
որոց
ամէն
տարի
օր
մը
յատկացուցած
են
մատաղ
մատուցանելու,
եւ
տաճիկներն
ալ
կը
հաղորդուին
հայոց
հաւասար։
Անհատնում
են
այս
օրինակ
բաները,
եւ
ես
կը
տեսնամ
ահա,
թէ
խիստ
երկար
եղաւ
մեր
խօսակցութիւնը։
Ես
միտք
ունէի
զքեզ
տանիլ
պտտցունել
մեր
տանտունն,
մառանը,
օդաներ,
երեսբացները
եւ
մուծանել
ի
տուն
գինւոյն,
որով
ծանօթութիւն
մը
կ՚ունենայիր
տնական
շէնքերու
ձեւոց
եւ
բաժանմանց
վրայ։
Ես
միտք
ունէի
քեզի
առաջնորդել
Այգեստանեայց
նշանաւոր
տեղերը
եւ
քանի
մը
գեղեր,
քեզի
ցուցնէի
շատ
մը
հին
բերդեր,
որոց
համար
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
աւանդութեամբ
է,
որ
կ՚ըսեն.
«Ճընըվըզի
ժամանակէ
մնացած
են»։
Ես
կը
կարծեմ,
որ
Ճընըվըզ՝
Ճենովացւոց
համար
չեն
ըսեր,
վասնզի
հայաստանցւոց
երբէք
ծանօթ
չէր
այդ
ազգը,
եւ
ոչ
միայն
այդ,
այլ
ընդհանուր
արեւմտեան
ազգեր։
Դեռ
մինչեւ
ցայսօր
երկու
ազգի
անուն
միայն
վերջին
Արեւելեան
պատերազմին
ծանօթացաւ
իրենց,
այն
է`
ինգլիզ,
ֆռանսըզ
եւ
սովորաբար
հայաստանցիք
հայէն
զատ
քրիստոնեայ
ազգ
չեն
ճանչնար`
իրենց
խօսքերուն
նայելով,
վասնզի
քրիստոնեայ
բառին
հետ
միշտ
հայ
բառը
կը
կցեն,
զորօրինակ
Սպանիացւոյն
կամ
աւստրիացւոյն
վրայօք
բան
մը
պատմես,
քեզ
կը
հարցունէ.
«Հայ
քրիստոնեա՞յ
են
ադոնք»։
Այլ
ինձ
կը
թուի,
թէ
«Ճընըվըզի
բերդ,
Ճընըվըզի
շէնք»
անուանելով
ամէն
հնութիւնները,
ինչպէս
բեւեռագիրներն
ալ
անոնց
դարուն
կուտան
եւ
«կռապաշտ
ժամանակ»
կը
կոչեն։
Այդ
կը
նշանակէ
կա՛մ
Ճենազն
ազգ,
կա՛մ,
որ
աւելի
կը
հաւանիմ
ընդունել,
ջիներու
(դէւերու),
ջինուազն,
հսկայից,
տիտանեանց
դար
կ՚ակնարկեն։
Քեզի
պիտի
հանէի
Վանայ
բերդին
գլուխը
եւ
անկէ
չորս
կողմի
տեսարանները
ցուցնէի,
սակայն
թող
մնան
անոնք
ուրիշ
տարի
մը,
երբ
կրկին
քեզի
հետ,
Աստուած
արժանի
կ՚ընէ,
կուգանք
այցելութեան
մեր
հայրենեաց։
Վանցւոց
կամ
հայաստանցւոց
կեանքն
այսքան
չէ.
անոնք
ինչպէս
գարուն
եւ
ամառն,
նոյնպէս
աշուն
եւ
ձմեռն
ունին,
ամէն
եղանակի
մէջ
առանձին
եղանակ
է
կենաց։
Ձմեռն
ալ
իրեն
զուարճութիւններն
ունի,
մանաւանդ
հարսնիք,
հարիսայ,
խաչօրհնէնք,
տօները
ընդհանրապէս
ձմեռուան
վերապահեալ
են։
Ձմեռնային
զբաղումն
է
հայաստանցւոց
շարունակ
ձիւն
սրբել
տանիքներէն,
բակերէն,
ժամ
երթալ-գալ,
ուտել,
խմել
եւ
ուրախանալ։
Իրիկունները,
տաքուկ
թոնիրին
չորս
կողմը
շարուելով,
խաղեր
կ՚ըսեն
եւ
խաղեր
կ՚ընեն,
մամիկը
հէքեաթ
կ՚ըսէ,
զոր
մի
անգամ
լսելով`
կը
սորվին
պզտիկները։
Վանայ
ժողովրդական
կենցաղը
եւ
իրենց
շուրջ
եղած
բնութեան
տեսարանը
ազդած
է
իրենց
լինել
ճարտարամիտ
եւ
բանաստեղծ։
Տեղ
մը,
որ
ջրէն
առաւել
գինի
կայ,
խոտէն
առաւել՝
ծառ
եւ
միրգ,
ամբերն
անգամ
վարդ
ու
ծաղիկ
են,
յօդն
անդադար
թռչունք
գոյնզգոյն
եւ
ձայն
ի
ձայն
կը
ճխան,
կը
ճախրեն,
ծով
եւ
ձուկն
ունին,
բարձր
բերդ
եւ
շէն
քաղաք,
ծաղկաւէտ
լերինք,
շուշանաւէտ
հովիտք,
որսականով
եւ
որսով
լիք.
ջրհեղեղի
դարէն
յիշատակներ
եւ
զրոյցներ
ունին
իրենց
մէջ,
աշխարհի
փորձեր
եւ
մարդկային
զանազան
հնարքներ
տեսած
անցուցած,
ինչե՞ր
չեն
կրնար
ստեղծել
երեւակայութեամբ
կամ
պատմել
աւանդութեամբ
ու
աւելորդութեամբ,
որոց
մէջ
արդէն
միշտ
նոր
եւ
սովորական
է
սնոտիապաշտութիւն
եւ
ոգիներու
երեւոյթն
ու
գործողութիւնք
մարդոց
հետ։
Հրեղէն
մարդոց,
ձիոց
եւ
ամէն
էակաց
ու
անմահական
վայելչութեանց
գաղափարն
այնքան
հասարակ
է
իրենց
խօսակցութեանց
մէջ,
ինչպէս
հացի
եւ
ջրի
գաղափարն։
Ամէն
շարժումն,
ամէն
շուք,
ամէն
երեւոյթ,
ամէն
դիպուած
իրեն
հետեւանք
մը
ունի
այս
ժողովրդեան
մէջ
եւ
իր
ազդեցութիւնն
ասոնց
սրտին
վրայ։
Աստի
յառաջ
եկած
են
կախարդական
գրքեր,
ախդարքներ,
աստղագուշականք
կամ
ռամ
գիրք,
հաւախօսութիւն,
երազահան,
վիճակահան,
թէեւ
լինին
այս
բաները
շատ
եւ
շատ
հին՝
մինչեւ
«ցՅուռութս
յուլունսն
Շամիրամայ»։
Եթէ
կարգ
գայ,
Մանանայիս
մէջ
բժշկարանէն
եւ
հաւախօսութենէն,
այն
է
տեսակ
մը
հմայութիւն,
իբրեւ
ի
զբօսանս
հետաքրքիրներու
պիտի
դնեմ
մաս
մը,
նաեւ
մաս
մը
խաղերու,
ընտիր
տաղերու
եւ
կարճ-կարճ
զրոյցներու։
Բայց
յառաջ
քան
զամենայն՝
քանի
մը
հատ
տեղական
բարբառով
հէքեաթներ,
վէպեր
կ՚ընծայեմ
ընթերցողաց`
յատուկ
ուշադրութիւն
հրաւիրելով
բանասէր
մտաց՝
անոնց
մէջ
պարունակուած
գիւտոց,
շարադասութեանց,
ասացուածոց
ոճոյն
եւ
դարձուածքներուն,
ուր
պիտի
հանդիպին
նաեւ
նոր-նոր
բառերու,
նորաձեւ
բարդութեանց
եւ
կրճատութեանց։
Բաւական
խնամ
տարած
եմ,
որ,
բառն
եւ
բանն
նոյն
մնալով,
կարելի
լինի
նաեւ
հասկնալի
լինել
ընթերցողին։