Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԲԱՌԵՐ
       Բառերու վրայ գրել՝ ամէնէն ընդարձակ եւ դժուարին ճիւղն է գրելուն‚ բայց մեք‚ ըստ մեր սովորութեան եւ կարողութեան‚ խիստ սահմանաւոր պիտի գրենք։
       Պարզ եւ բնական է գիտնալ‚ թէ մարդիկ‚ որոց ի սկզբան մէկ գաւառ մէկ հայրենիք է եղած, միեւնոյն բառերով խօսած են։ Հարկ չկայ ապացուցանելու‚ թէ մարդկային նախնական այդ եդեմային հայրենիք Հայաստանն էր։ Գոնէ Ս. Գրոց անժխտելի վկայութեան հետ՝ հնախօսներն ալ Հայաստանի հին աւանդութեան կը համաձայնին‚ թէ Նոյի տապանն ի Մասիս‚ Նոյի իջեւանն ի Նախիջեւան, եւ Նոյի այգին յԱկոռին է եղած։ Ահա այս վայրը բնակեցաւ‚ աճեցաւ‚ խօսեցաւ միաբան, միաբարբառ մարդկութեան նորոգեալ գերդաստանն։ Ընթերցասիրաց յայտնի է Յոյն իմաստասիրին Ոլոմպիոդորոսայ յաւանդութենէ յառաջ բերած հին զրոյցք‚ զոր յիշէ մերս Խորենացին։
       Իսկ երբ միութիւնն բաժանուեցաւ մարդոց, բազմացան, ցրուեցան, թող որ Աստուած ի պատիժ մտաց ամբարտաւանութեան՝ խառնակեց լեզուները, այլ եւ բնական էր‚ որ գնալով ամէն ոք ըստ կամս սրտից իւրեանց ի զանազան վայրս եւ գաւառս, վիճակելով տարբեր կենցաղավարութեան, եւ, որովհետեւ, ընտանեկան եւ երկրագործական պարզ կեանքի սահմանը փոխեցին բռնաւորութեանց, իշխանութեանց, հարկ եղաւ պերճանքներ աւելնալ, պէտքերը շատնալ, գլխաւորաբար շինութեանց, վայելչութեանց եւ սպանութեանց պէտքեր, ուստի լեզուի սահմանն եւս փոխուեցաւ եւ‚ ըստ հանգամանաց մարդկանց‚ ընդարձակեցաւ։
       Իրաց այս կերպարանք մինչեւ ցայսօր կ՚երեւի եւ ի մեզ։ Նախրորդ մը կամ խաշնարած մը ո՛րքան գաղափարի ծանօթութիւն ունի, ի՛նչ տեսած կամ լսած է, անոնց վերաբերեալ բառերը միայն գիտէ։ Հովուին՝ ինչ ազգէ կը լինի թող լինի, ի՛նչ լեզուով կը խօսիս, խօսէ, պալատի մը շէնքին կամ կահաւորեալ սենեկի մը կամ բազմամթեր վաճառատան մը նկարագիրն ըրէ, անկարելի պիտի լինի քեզ բառեր գտնալու, որպէսզի ըսածդ հասկըցնես, մինչեւ անոր ծանօթ բառերով գոնէ նմանութիւնները չտաս, զորօրինակ՝ գարնան, արեւու, բոլորակ լուսնի, աստեղաց, ծաղկանց, ջինջ աղբիւրի մը, գառին եղջերին‚ եզան աչքերուն, ձիու բաշերուն, սառոյցքի, ձեան եւ այլն։ Ի՞նչ բառերով պիտի բացատրես Եւրոպական ձեւով հագուած կանանց զարդերը Հայաստանցի տանտիկնոջ մը։ Անշուշտ ագլօրի կատարին պիտի նմանցընես շափղան, մաքիի դմակին նմանցընես՝ ղըչլըղը եւ այլն։ Խեղճը այդ կեանքէն ծանօթութիւն չունի, որ բառերն ունենայ։
       Փարիզի խոհարարները գուցէ քանի մը հազար բառ ունին միայն իրենց արուեստին վերաբերեալ։ Բայց Հայաստանցին քանի մը տեսակ մսեղէն, բանջարով կերակուրներ եւ կաթն ու մածուն, սերն ու կարագ, թանն ու պանիրը գիտէ։ Դիր դու Աղէքսանդր Տիւմայի վիպասանութիւններն կամ Հիւկոյի Թշուառները՝ իմ աչքիս առջեւ։ Կը կարդամ ծայրն ի ծայր, բայց կը հասկնամ միայն այն մասերը‚ որոց վրայ գաղափար ունիմ։ Այո, Թշուառներու մէջ կը հասկնամ Ժան Վալժանի վիճակը, անոր անցքերը եւ արկածները, քանզի քաջադէպ է յաճախ մեր շուրջը տեսնուածին եւ կատարուածին։ Կը զմայլիմ, քանզի կը հասկնամ Պիէնվընու եպիսկոպոսին սրտով եւ արդեամբ ողորմածին, մարդասիրին վարքն ու արարքն. նորա պատկերն Աւետարանի մէջը կայ։ Եկեղեցին շարունակ ցոյց տուած է անոր նման առաքինիները. եւ ոչ միայն ի դասուց եկեղեցւոյ պաշտօնէից, այլ եւ թագակրաց։ Հայ էր Աշոտ Ողորմածն։ Իսկ Փարիզի բանտերու, պալատներու, ականներու նկարագիրէն բան մը չեմ հասկնար։
       Լեզուի մը բառերը ուրեմն տեղեաց եւ կենցաղավարութեանց համեմատ շատ կամ քիչ են։ Գեղացիներն ալ անթուելի բուսոց տեսակներ եւ անունները գիտեն, որոց վրայ երբէք գաղափար չունի պանքեռն կամ սեղանաւորն։ Բժիշկն իրեն բառերն ու բառարանն ունի, աստղագէտն՝ իրեն, դերձակն՝ իրեն‚ մեքենագործն՝ իրեն եւ այլն։
       Մանուկ տղաքները‚ երբ զգալ կ՚զգան, կը ժպտին կամ կը վշտանան, անյօդ ձայն մը կ՚արձակեն. հետզհետէ «մամա, բաբա, բու, բու, օխ, կըխ, ճէճէր, ճիճի, հօլօ հօլօ, բլէ բլէ» եւ այլ քանի մը այսպիսի միավանկ, երկվանկ բառերով իրենց բոլոր ըսելիքը եւ պէտքերը կը հասկըցնեն. լեզու մը, զոր ամէն ազգի մանուկը միապէս կ՚արտասանէ եւ միեւնոյն բան կը հասկցնէ։ Անմեղ մանկիկը՝ դեռ Սենաարին դաշտը տեսած չէ, դեռ գաղափարաց Բաբիլոնին մէջ մտած չէ։
       Եթէ միտ դնենք, ահաւասիկ ամէն ազգ միօրինակ բառեր կը գործածէ, զորօրինակ՝ երբ հաւ մը կը կանչէ՝ «ճու ճու ճու» կ՚ըսէ, վանելուն՝ «քշէ քշէ». շուն մը կանչելուն «կուճու կուճու» կ՚ըսէ, վանելուն՝ «օշտ օշտ». կատուն կանչելուն՝ «փշի փշի»‚ վանելուն՝ «փըշտ փըշտ», կով եւ եզն վարելուն՝ «օհօ օհօ», ձինը վարելուն՝ «դէհ դէհ», էշը՝ «չու չու» եւ այլն։ Սոյնպէս միօրինակ են գրեթէ սրտի եւ կրից արտայայտիչ բառերը, այսինքն՝ ձայնարկութիւնքն, ցաւոց նշանակութիւն կուտայ ամէն ազգի մէջ «Ա՜յ, վա՛յ, եամա՜ն, աւա՜ղ, ո՜վ օֆ, ա՛հ, վա՛հ, ո՛ւհ, բո՛ւհ» եւ այլն. զարմացման՝ «օ՜, է՜» եւ այլն, ուրախութեան՝ «օ՜խ, վա՛շ, օխա՜շ», եւ այլն։ Ուրեմն ընդհանրապէս կիրք յայտնող բառեր ազգային չեն կարող լինել, այլ մարդկային են։ Թէպէտ եւ բառից կարգ չեն դասեր քերթողք ձայնարկութիւնները, բայց քանի որ գաղափար մը կը յայտնեն, իսկապէս բառ են, միայն թէ՝ ի զանազան ազգս, մինչեւ իսկ ի զանազան անհատս, տարբեր ձեւով կ՚արտասանին։
       Գալով մեր հայրենական գաւառական բառերուն՝ անհնարին է‚ որ մէկը կարող լինի Հայաստանի ամէն գաւառաց բնակչաց բերանը գործածուած բառերը հաւաքել, որոց կարեւորութիւնը արդէն շատերը սկսեր են զգալ եւ հասկցած են‚ թէ մեր գրաբառ մատեաններու մէջ գործածուած ու բառարաններու մէջ զետեղուած բառերը հերիք չեն ազգի մը լեզուի ամբողջութեան եւ կատարելութեան պէտքը լեցնել։ Թէպէտ դիւրութիւն կայ մեր լեզուի կանոններու մէջ նոր բառեր յօրինելու, նոր բարդութիւն կազմելու‚ բայց ժողովրդեան ու հնութեան շինածն աւելի բնական է։ Օրինակի համար ըսենք, ժողովուրդ կ՚ըսէ «բանթող»‚ գրականութիւն կ՚ըսէ «գործադուլ»։ Ժողովուրդ ամէն օր նոր բան մը տեսած կամ լսած ժամանակ, նոր բառ մը կ՚ստեղծէ. շուկայի մէջ, ընկերութեան մէջ, գեղերու մէջ մտիր եւ փորձէ, մանաւանդ զուարճաբանութեանց մէջ։
       * ։
       Գիտնական Պ. Քերովբէ Պատկանեանին գրական գործքերէն երեք կտոր ընդունելու պատիւն ունեցայ Մեծ. հեղինակին կողմէ‚ որոց նիւթն է հայոց մի քանի գաւառաբնակ ժողովրդոց բերանացի զրոցքներ, խաղեր, խօսակցութիւններ եւ այլն, եւ նոցա մէջ գտնուած բառերու ձեւեր, կազմութիւններ եւ նշանակութիւններ, որոց վրայ ռուսերէն լեզուաւ իմաստասիրական տեսութիւններ եւ ծանօթութիւններ գրած է իբրեւ լեզուաբան եւ քննաբան արեւելեան հին եւ մայր լեզուաց։ ՚Ի կարգս վերոյգրելոց զետեղած է նաեւ մեր Գրոց ու Բրոցէն ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ կամ ՄՀԷՐԻ ԴՈՒՌՆ վէպը՝ մշեցւոց լեզուաւ։ Այսպիսի բարձր եւ փորձ միտքերու գործ է մեր ձեռնարկած կամ փափագածն ի գլուխ հանել, եւ մեք ուրիշ բան չենք կրնար ընել, այլ միայն գոնէ գիտնականաց ծանօթացնելու առարկայ կը ներկայացնենք մեր աշխատասիրութիւնը։ Ահա այս նպատակաւ է‚ որ Մանանայիս մէջ բազմատեսակ նիւթեր մթերեցինք, որք զանազան ճաշակ կ՚ընծայեն ընթերցողաց։
       Աւելորդ կը համարիմ դիտել տալ ընթերցողին բառերու կազմութեան եւ հոլովմանց տարբեր ձեւեր, որ ինքնին յայտնի են։ Նոյնպէս եւ շատ մը բառերէն‚ որոց իբր բացատրութիւն առընթեր գրած եմ Մանանայիս մէջ, չդրի բառարանիս կարգին։ Հարկ է նաեւ խոստովանել‚ թէ անհուն բառեր կը մնան տակաւին գաւառական, զորս հետազօտել եւ ձեռք բերել պէտք է։ Մեք մերովսան պիտի շարունակենք։