ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Առ
Մեծապատիւ
Աղայ
Յովսէփ
Իզմիրեանց.
Եօթանասնամեայ
ծերունւոյ
մը՝
որ
արմաւենի
կը
տնկէր,
կը
պատահի
Տաճկաց
Սուլթան
Մուրատն
յԱսորեստան։
-«Կը
յուսա՞ս,
ո՛վ
ծեր,
քառսուն
տարի
եւս
ապրիլ
եւ
տնկածիդ
պտուղը
վայելել»,
կը
հարցունէ
Սուլթանն։
-«Ապրիմ
չապրիմ՝
Աստուած
գիտէ.
բայց
որովհետեւ
ուրիշներու
տնկած
արմաւենիէն
վայելեցի
ես,
պէտք
է
այլոց
համար
ալ
ես
տնկեմ»,
կը
պատասխանէ
ծերն։
Սքանչացած
այս
զրուցուածքին,
եւ
աշխատութիւնը
քաջալերելու
նպատակաւ՝
ափով
լի
ոսկի
կը
պարգեւէ
ծերոյն
Սուլթանն,
որում
կը
փոխադարձէ
տնկողն
այս
ոսկեղէն
խօսքը։
-«Տէ՛ր,
ահա
տնկածիս
պտուղն
այժմէն
իսկ
վայելեցի
լիուլի»։
Ծերոյն
պատահումն
պատահեցաւ
ինձ։
Նայելով
իմ
փանաքի
երկոցս,
Ձեր
ըրած
քաջալերն
լիուլի
վարձատրեց
զիս.
եւ
արդարեւ
արքունական
բարձր
գաղափարով
մի
ընդհանուր
գրիչները
մրցանակել
կ’այցելէք
դուք
ահա
Ձեր
միւս
իմն
վսեմ
նամակաւ,
զոր
հրատարակեց
Մասիս
պատուական
լրագիրն
իւր
1661
թուահամարաւ։
Ես
կու
գամ
այժմ
շնորհակալել
ձեզ
ոչ
միայն
իմ
անձինս
կողմանէ,
այլ
յանուն
ազգային
գրական
կաճառոյն,
որոցմով
ի
ձեր
խրախոյս
մեր
հայրենեաց
քարերը
քնարի
պիտի
փոխուին,
եւ
բրիչները
գրչի։
Ո՜վ
իմաստուն
վաճառական,
որ
զՀայս
եւ
զՀայաստանեայս
գլխովին
կը
գնահատես։
Ներեցէք
ինձ,
որ
այս
առթիւ
իմ
շնորհակալիքս
յայտնեմ
նաեւ
այն
ամէն
պատուարժան
Ազգայնոց,
որ
զիս
քաջալերեցին
դրամով։
Շնորհակալի՜ք
Խմբագրաց,
Բանասիրաց,
որք
ի
գիր
եւ
ի
բան
խրախուսեցին
զիս,
քան
զոր
չէի
արժան.
եւ
ես
մեղայ,
զի
չէի
երբէք
յուսար։
Չէի
յուսար,
վասնզի
գրել
գիտցողը՝
մուրացող
է
մեր
մէջ.
եւ
ոչ
ոք
է՝
որ
օգտակար
գրուածք
մը
հրատարակեց
ու
պարտուց
մուրհակ
մը
չստորագրեց,
արհամարհանքներ
չկրեց։
Անփորձ
չէի
ես,
եւ
իմ
բաժինս
ալ
ստացած
եմ
բազմիցս։
Բայց
արդ
կ’առատանամ
յուսով.
կ’առատանամ,
վասնզի
այնպիսի
մութ
անդունդներէ
ձայներ
լսեցի
կենաց,
ուր
գերեզման
կը
կարծէի,
այնպիսի
սրտերէ
ուղերձներ
ընդունեցի,
զորս
օտարացած
կամ
դիակնացած
կը
կարծէի.
այնպիսի
անձերէ
համակրանք
եւ
բերկրանք
գգուեցի,
որոց
զգացմունքը
ցամաք
էին։
Գիտէի,
բայց
ինչպէս
շատերը
խօսեցան
ինձ
թէ՝
մենք
չէինք
կարծեր
որ
Հայաստանի
մէջ
Հայոց
կեանքը,
արարքը,
աւանդք,
բանք
եւ
այլն
գտնուին
մինչեւ
այսօր,
նոյնը
եւ
ես՝
չէի
կարծեր՝
որ
ի
հիւսիս
եւ
ի
հարաւ
գաղթեալ
Հայոց
մէջ,
արդի
քաղաքակրթութեան
գաղափարով
տապակուած
ազգայնոց
մէջ
գտնուէին
անձինք,
որ
զգածուէին
հայրենեաց
սիրով,
համակրուէին
հայրենեաց
ձայնին։
Թէպէտ
ճպուռի
մը
երգեր
էին
իմ
Գրոց
Բրոցն,
ու
Հնոց
Նորոցն,
բայց
գտած
ընդունելութիւնը
մեծ
եղաւ։
Մեծ
անոնք
էին՝
որ
զայն
մեծարեցին։
Իսկ
ի՞նչ
պէտք
է
ասել
ձեր
մեծ
գաղափարին
համար,
որ
ընդհանուր
գրասէրները
կը
վարձատրէք։
Ո՞վ
էք
դուք,
ի՞նչ
հոգի
կը
կրէք
ի
ձեզ։
Կը
յիշեմ
զՎաղարշակ,
որ
իմաստուն
օրինաց
եւ
փառաւոր
յաղթանակաց
հետ
գերազանցեց
մտածութեամբ
մը,
բարձրացոյց
եւ
վսեմացոյց
իւր
համբաւը,
սխրալի
եւ
անմահ
կացուցանելով
իւր
անձին
հետ՝
նաեւ
հայոց
արմատոյն
եւ
պտղոց
Հայկայ
եւ
Հայկազանց
յիշատակները
հանել
տալով
ի
լոյս,
որպէսզի
հասկնայ
թէ
«Ո՞յք
եւ
ո՞րպիսիք
իցեն
լեալ
յառաջ
քան
զինքն
Հայաստանեայք»։
Այո,
հա՛րկ
է
որ
մենք
զմեզ
քաջ
ճանաչենք,
մեր
հայրերը
ճանաչենք,
մեր
հայրենիքը
ճանաչենք։
Այս
վսեմ
մտածութիւնն
էր
Սահակայ
Բագրատունւոյն
առ
Խորենեան
ծերունին։
Այս
բարձր
միտքն
ունեցաւ
Վռամշապուհ,
օժանդակելով
Հացեկեցւոյն
բանին
եւ
նպատակին.
եւ
մէկէն
միտք,
միւսէն
ջանք,
մէկէն
գանձ,
միւսէն
վաստակ՝
միանալով
ծաղկեցուցին
Հայկազանց
դաշտերն
ու
հովիտները.
արձակեցին
սրտի
եւ
խորհրդոց
կապանքները.
լեզու,
պատմութիւն,
կրօնք,
երգեր
աւանդեցին
մեզ,
որոցմով
ապրեցանք
ու
կ’ապրինք
իբրեւ
ազգ
եւ
իբրեւ
ժողովուրդ։
Հա՞րկ
է
յիշել
Մեկենասն
եւ
Մեկենասներն
որ
յօտարս
եւ
ի
մերս,
ի
հինս
եւ
զարդիս.
հա՞րկ
է
ճառել
այս
անկշիռ
եւ
անկորուստ
շահուն
ու
անփշրելի
գահուն
նկատմամբ,
որոցմով
պանծալի
ու
անմահ
եղած
են
ազգերն
եւ
ազգ
մեր։
Այս
հոգին,
այս
ճանաչումը
մեր
օրովն
ալ
ահա
պայծառ
կը
փայլի
դարուս
եւ
լուսաւորեալ
աշխարհի
ազգաց
էութիւնը
հասկցող
եւ
անոր
հսկող
ու
մշակող
գաղափարաց
մէջ։
Կիյնան,
այո՛,
թագեր,
կը
փշրին
սուրն
ու
սուին.
բայց
այս
գաղափարը
կը
ծաւալի։
Թիւյլըրիի
կայսրն
անձնատուր
կը
լինի,
Ակադեմեան
կը
շարունակէ.
հողեր
կը
գրաւուին,
միտքերն
ազատ
կ’ընթանան։
Ո՞վ
եւ
ի
մեզ
մտածէր
քեզ
պէս,
թողուլ
թօթափել
մեր
գրական
հրապարակին
փուտ
եւ
փուչ
խնդիրները,
սին
վէճերը,
կեղտոտ
կեղտոտ
մէկ
մէկու
երեսին
թքնելը,
ազգն
եւ
ազգի
անհատները
յիշոցներով
նախատելը.
իսկ
աւելին
քան
զայս՝
ոչինչ։
Է՜հ,
այսպիսի
ազգի
մը
ոչ
վիրաց
դեղ
են
դոքա,
ոչ
պատուոյն
վայելուչ.
դժբաղդաբար
քիչեր
կան
ազնիւ՝
ծառայող
գրական
վեհ
թագաւորութեան
ի
մեզ։
Եւ
առ
այս
մեծ
եղաք
դուք,
որ
գրեթէ
զառաջին
հանդիսացաք,
իբրեւ
զօրագլուխ
առաքինի,
դրօշակ
պարզել,
մարզել
եւ
պսակ
բաշխել
կամակար
եւ
մտադիւր
զինուորողաց,
հայրենի
յիշատակներն
եւ
աւանդները
սրբելու
եւ
փրկելու
ծառայողաց,
գրազէն
կամաւորաց։
Ինչպէս
ընտիրն
եւ
լաւն
վարձուց
ու
մրցանաց
արժանի
կը
սեպուին
գրուածքները,
երանի՜
թէ
լինէին
այնպիսիք,
որք
սահման
դնէին
պատիժ
տալ
յոռի
եւ
մոլի
գրիչներուն։
Քաբիրացի
ծեր
Դիւցազնոյն
կը
հայէի
եւ
կը
հիանայի,
որ
ողջոյն
Իտալիոյ
եւ
իւր
ազատելոյն
Հռովմայ
դափնիները,
պսակները,
դրուագները,
ոսկիները,
պատիւները՝
անձին
նուիրեալ,
որոց
արժանի
էր,
կը
վերադարձընէր
ժողովրդեան.
եւ
ինքն
Տիբերեայ
ջրոյն
կը
նուիրէր
իր
ուշն
ու
իղձը,
կրկտելու
եւ
յարեւ
հանելու
դարաւոր
ալուց
խորերը
ծածկուած
Հռոմուլոսին
եւ
յաջորդաց
յիշատակները,
ժողովրդեան
եւ
ազգին
անեղծ
փառքերը։
Կա՞յ
արդեօք
աստեղաց
ներքեւ
գործ
մը,
որ
ի
կշիռ
գայ
այսպիսի
մեծագործութեան
մը։
-Ի՛նչ
նպատակ
ունին
այսպիսի
հոգիք։
-Կենդանութեան
եւ
անմահութեան
գաղափար
ընծայել
ազգաց,
թէ՝
Ազգ
մը
չմեռնիր-։
Հողերու
խաւերը,
ջրերու
խորերը,
շինից
փլատակներն
ու
աւերակները
փորփորել
եւ
խառնել
պէտք
է
բրչով
ու
գրչով,
եւ
ազգ
իւրաքանչիւր՝
իւր
նախնեաց
անձանց
եւ
արարոց
ծանօթ
առնել.
Հայ
ազգն
մանաւանդ,
որոյ
հայրենիքը
Դրախտին
եւ
Ջրհեղեղի
մարդոյն
բնակագաւառն
է
եղած,
եւ
նշանաւոր
դարերով
ու
արարքներով
ապրած։
Հարկ
է
որ
մենք
զմեզ
քաջ
ճանաչենք.
պէտք
է
որ
ուշադրութիւն
եւ
փոյթ
նուիրենք
մեր
անցեալ
եւ
ներկայ
կեանքին.
բեղմնաւորենք
գաղափարը։
Առանձին
ճանչցուած
հասարակութիւն
մ’ենք.
ազգ
մը
ու
ժողովուրդ
ենք.
կայ
մեզ
լեզու,
հայրենական
երկիր
եւ
անուն,
նախնիք,
լիճեր,
լեռներ,
տաճարներ,
բայց
ո՞ւր
են
մեր
մտաց
եւ
հայրենեաց
պատմական
ու
գրական
բերքերը։
Շատ
քիչ,
շատ
քիչ։
Կը
զարհուրիմ
ասել,
գրող
եւ
ընթերցողներ
ունինք
բաւական
շատ,
սակայն
անոնցմէ
շատերն
անգէտ
են
ազգային
հին
պատմութեան
եւ
ներկայ
կենցաղավարութեան.
ներուի
ինձ
ասել
թէ՝
անգէտ
են
նաեւ
անոնցմէ
շատերն,
որ
այսօր
ազգին
օրէնսդրի
կամ
կառավարողի
պաշտօնն
ունին։
Ուժգին
զարկ
մը
պէտք
է
սթափեցնելու
համար
զմեզ
մեր
խորին
թմրութենէն
եւ
ափշութենէն։
Հայք
հարստահարութենէ
փրկելու
համար,
իրենց
ճանչցնել
տալ
պէտք
է
զիրենք.
Հայք
անտարբերութեան
գերեզմանի
ափէն
ետ
դարձնելու
համար՝
իրենց
հայրենական
բարբառով
կանչելու
է
զիրենք։
Մասեաց
սրինգները
հնչեցնելու
է
իրենց
ականջին.
ժամ
է
սրբել
մեր
քնարից
փոշիները.
կքել
լարել
անոնց
թոյլ
եւ
կտրտած
լարն
ու
թելը.
ի
գործ
դնել
տպագիր
մամուլը,
եւ
անոր
միջոցաւ
հանդերձի
եւ
հացի
պէս
տարածել
ազգային
տաղերը,
վէպերը,
գրաքննական
եւ
հնախօսական
գրուածներն
ու
ասացուածները,
անհատական
եւ
ժողովրդական
կենսագրութիւնները
եւ
տեղական
նկարագիրները.
կրօնական
պարզութեան
եւ
սրբութեան
վրայ,
ընտանեկան
եւ
ընկերական
բարոյականին
վրայ
գաղափար
եւ
ճառագայթ
սփռել,
որոց
պէտքը
կարի
զգալի
է
այս
դարուս
մէջ.
բանալ
եւ
զգուշացնել
Բիւզանդական
եւ
Միարարական
խաբող
եւ
կործանիչ
խորերն
ու
խմորները,
զորս
Յունաց
եւ
Լատինաց
քաղաքականութիւնը՝
կրօնի,
խաչի,
սիրոյ
դրօշակով
կը
բերէր
եւ
կը
բերէ
ի
մեզ,
ապականելու
կամ
կլանելու
զմեզ։
Միտքեր
կան
մեր
մէջ,
միտքեր
եռանդուն
եւ
զեղուն.
բայց
գրագէտ
լինելն՝
աղքատ
եւ
աննշան
լինել
էր
մեր
մէջ.
եւ
ասոր
հետեւանք՝
լքումն
մտաց,
փտումն
գրեանց։
Գնահատել
գրականութիւնը,
դաստիարակութիւնը
մշակել
եւ
պտղաբերել
կը
նշանակէ։
Դուք,
ազնի՛ւ
Իզմիրեանց,
Ձեր
անհատականութեամբ
անդրանիկն
եղաք
դարուս
Հայկական
մուսայից
պսակադիր
բազմիլ
յաթոռ։
Օ՜հ,
անհատները
շատ
կը
գործեն,
եթէ
գործեն.
ժողովքները
միայն
կը
վիճին
եւ
իրենց
խորհուրդները
կը
գահավիժին։
Եկած
հասած
է
Հայոց
համար
պայծառ
ապագայն,
եթէ
Իզմիրեանցները
յառնեն,
որք
ազգիս
մէջ
գիր
եւ
բան
տարածելու
պանծալի
վաճառականութեան
ձեռնարկեն։
Այո՛,
ազգ
մը՝
գրողներէ
եւ
խօսողներէ
կը
զարթնու
եւ
կ’ուղղուի,
գործողներով
կը
շինուի,
եւ
խորհողներով
կը
փրկուի։
1875
ապրիլ
16
Կ.
Պօլիս.
Սրունձտեանց
Գարեգին
վարդապետ.