ԵՐԳՔ
ԵՒ
ՆՈՒԱԳՔ
ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ
Կարծենք
հարկ
չկայ
այս
մասին
երկար
գրելու,
ծանուցեալ
է
ամէնուն
թէ,
ուր
որ
ծաղկունք,
ծառք,
ջուրք,
թռչունք,
մարգ,
արտորայք,
լերինք,
անտառք,
բուրաստանք,
հովաստանք
իրենց
հայրենիք
կը
ճանչնան
եւ
Աստուածատունկ
եդեմայ
վայր,
այն
աշխարհի
մարդիկ
ի
հրեշտակաց
աշակերտեալ,
ի
բնութենէ
զգացեալ
ամէն
հոգի
երգող
կը
լինի
եւ
նուագող։
Մեր
աշխարհի
մէջ
կը
տեսնաս
ուղեւոր
մը։
Իր
երկայն
ուղեւորութեանը
մէջ
կ՚ընթանայ՝
խաղ
ասելով։
Յերիվար
հեծանող
իր
ձինը
լաւ
քալեցնելու
համար
խաղ
մը
կ՚ըսէ։
Գրաստավարն,
եզնավարն,
մանաւանդ
սայլավարն
եւ
հերկարարն
պատշաճ
իմաստով,
պատշաճ
եղանակաւ
քաղցրաձայն
կը
կանչեն
խաղեր,
եւ
այնքան
սովորած
են
անասունք,
երբ
վարիչն
լռէ,
անասունն
կը
կենայ։
Ձմեռն
ձիւն
կը
սրբէ՝
խաղ
կ՚ըսէ,
փայտ
կը
կտրէ՝
խաղ
կ՚ըսէ,
բուրդ
ու
բամպակ
կը
գզէ,
կը
մանէ
կամ
շալ
ու
կտաւ
կը
գործէ՝
խաղ
կ՚ըսէ։
Տիկինը
նստած
կով
կամ
այծ
կը
կթէ՝
երգ
մը
կը
մրմնջէ,
ճախրակ
կը
մանէ,
մանուկը
կ՚օրօրէ,
խմոր
կը
շաղախէ,
աւել
կ՚ընէ,
քաղհանք
կ՚ընէ,
ծաղիկ
կը
փնջէ,
միրգ
կը
հաւաքէ,
բանջար
կը
ժողովէ,
կար
կը
կարէ,
վերջապէս
ինչ
որ
կ՚ընէ՝
աղուական
ձայնիւ
եղանակ
մը
կը
մրմնջէ։
Հիւսն
իր
ուրագ
զարնելուն,
դարբինն
երկաթ
ծեծելուն,
որմնաշարն
աղիւս
շարելուն,
սարակն
այգին
փորելուն,
քանքանն
ջրհոր
փորելուն
կամ
հորդելուն,
անպատճառ
բան
մը
կը
մրմնջայ։
Մանաւանդ
շատ
հանդիսաւոր
է
խաղողի
կութն
այգեստանցւոց
համար‚
եւս
առաւել՝
խոտի
եւ
ցորենի
հունձն
գեղացւոց
համար։
Երբ
գեղացւոց
բազմութեամբ՝
ռէսին,
երիցուն,
եկեղեցւոյն,
վանքին,
աղային
արտը
կը
հնձեն,
զուռնան
նաղարան
կը
դղրդեցնէ
լեռները,
քաղւորներ
մանգաղ
ի
ձեռին
կ՚երգեն,
կը
կայտռեն,
կը
կաքաւեն
եւ
հունածին
ետեւէն‚
ջրի
պէս
արագ
վազելով‚
կը
կտրեն,
կը
լափեն
արտը։
Իսկ
երբ
լմննան,
իրիկունները‚
խաղ
ասելով,
պար
բոլորելով‚
մինչեւ
գիշերուան
քանի
մը
ժամեր
կ՚անցունեն,
բացօթեայք
տարածուելով
քնքոյշ
որայից
վրայ
կամ
ցամաք
գետին՝
երջանիկ
քուն
մը
կը
քնանան։
Իսկ
տօնի,
հարսանեաց,
խնջոյից
եւ
այլ
հանդիսաւոր
աւուրց
համար
յատուկ
յատուկ,
հարուստ
հարուստ
խաղեր
ու
տաղեր
կան՝
թէ
հոգեւոր‚
թէ
մարմնաւոր,
թէ
հայերէն‚
թէ
տաճկերէն
կամ
քրդերէն՝
ի
ձեռին
ունելով
ջութակ
մը
կամ
տաւիղ
մը։
Կը
խառնեն
նաեւ
այս
խաղուց
հետ
գովասանք
ի
վերայ
Նարեկացւոյն‚
Ս.
Կարապետին,
Ս.
Երուսաղէմին‚
երբեմն
եւս
ապաշխարութեան
յորդորներ,
մեր
անգիր
աշուղներ։
Երգոց
եւ
նուագաց
վրայ
խօսածս
ժամանակ,
չեմ
ուզեր
հեռանալ
մինչեւ
Գողթնեաց
երգերը,
չեմ
ուզեր
ուշադրութեան
առնուլ
բամբիռն,
ցուցն,
պարն,
լարն,
քնարն,
կիթառն,
կայթիռն
եւ
կաքաւիլն։
Ոչ
ալ
մեր
Մեղեդեաց
եւ
Շարականաց
նկատմամբ
պիտի
խօսիմ,
որք
յատուկ
հայկական
մտաց
սեպհական
հանք
են
Աստուածային
զարդուց
անզուգական
եւ
անգին
ականց
գոհարեղինաց՝
իրենց
բարձրութեամբ
եւ
վսեմութեամբ։
Այլ
սակայն
ս.
Գրիգոր
Նարեկացւոյն
մէկ
երկու
տաղերը
ի
մէջ
կը
բերեմ,
որոյ
տիպն
եւ
ոճն
եւեթ
Նորին
Սրբութեան
իբրեւ
յատուկ
համարուած
են։
Բայց
ուշադիր
մը
մինչեւ
ցայսօր
իսկ
Նարեկեան
կընարին
(սահմանին)
հայոց
ժողովրդական
բերան
գտնուած
երգերէն
կրնայ
համոզուիլ
թէ
նոյն
ինքն
Ս.
Գ.
Նարեկացւոյն
ոճն
ոչ
թէ
իր
յատկական
անձնական,
այլ
հայրենի
գաւառի
տեղական
ժողովրդեան
ընդհանուր
ոճն
է։
Ահա
Սրբոյն
երգերէն
մաս
մը։