Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ե. ՔՆՆԱԴԱՏԸ

/294/ Եթէ վիպող, թատերագիր Օշականը չէ իջած ժողովուրդին, քննադատ Օշական մը գրական մեր հրապարակին վրայ իրական գայթակղութիւն մըն է, այս բառին տակ դնելով ինչ որ մեր մէջ առաջ կը բերէ բուռն հակազդեցութիւններ, ընկալեալ օրէնքներու զանցումէն, նոր, խնդրական, բոլորովին ինքնաբոյս սկզբունքներու սպասէն ծնունդ առնող։ Եթէ կան, թիւով քիչ մարդեր, որոնք հանդուրժելու համար այս գայթակղութիւնը երբեմն կը լրջանան, իրենք իրենց հարցնելու թէ ի՞նչ են շարժառիթները Օշականի մը քննադատական կեցուածքին ու կը մտածեն առնուազն պաղարիւն ու քիչիկ մըն ալ զիջող մտայնութեամբ, լեգէոն է թիւը անոնց, որոնք միակտուր կը մերժեն թէ՛ գործը, թէ՛ շարժառիթները ու կը ստեղծեն տրտում պատկերը ամբոխային ապրումներու։ 1942ին Օշական « Հայ գրականութիւն » անունին տակ քիչ մը խնամուած դասագիրք մը դրաւ հրապարակ։ Ինք, հայ գրականութեան ուսուցիչ, կրցեր էր առանց գիրքի, քառսունէ աւելի տարիներ, այդ գրականութեան սէրը արթնցնել հազարաւոր տղոց սրտին։ Հետեւաբար յիշուած հատորը նկատի ունէր իր պաշտօնակիցները, որոնք առնուազն քանի մը հաստատ ցուցմունքներու պաշտպանութիւնը պիտի վայելէին հայերէն դասի ատեն։ Ողբերգութիւն ողբերգութեանց էր այդ դասը մեր վարժարաններէն ներս։ Պատմեր եմ, թէ անիկա չունէր գոյութիւն մեր նախակրթարանին մէջ (Պրուսա)։ Մեր գեղը այդ դասը Գարագաշին « Նոր դպրութիւն »ն էր, զարհուրանքի եւ անիմաստ ժամավաճառութեան իր ստեղծած շատ ամուր խորհրդանշանով, մինչեւ այս տողերը գրուած պահուն հոգիիս վրայ սեւ դրօշի մը պէս սաւառնաթեւ, պահելով ծեծին ու ապուշ ընող անբանութեան քոմփլէքսները ամբողջութեամբ անաղարտ։ Դպրեվանքին մէջ Եղիշէ Դուրեան կերպը գտած էր այդ դասը կործանելու ջնջելով իբրեւ անգոյ բան մը։ Աւելի յետոյ, վարժարաններէ ներս իմ կեանքը զիս շփումի էր բերեր, տրտում փորձառութեանց ետեւէն, աւելի տառապագին կեցուածքնե/295/րու։ Հայերէնը տարապարհակ մըն էր, տանջալից ձանձրոյթի պահ մը ուսանողէն աւելի ուսուցանողին։ « Հայ գրականութիւն » հատորը օգնութիւն մըն էր, զայն հրապարակ ընողին մտքին մէջ, իր պաշտօնակիցներուն։ Օշական մեր գրականութիւնը դատելու համար դասագիրքի մը նեղ էջերուն պէտք չունէր ապաստանելու։ Անոր համար այդ գրականութեան հին ու նոր մշակները անուններ չէին, այլ՝ կենդանի խորհրդանշաններ, չափազանց պայծառ, ողջ կամ մեռած, պահելով անոր աչքերուն, իրենց ամբողջ խռովիչ իմաստը, դերը, տարողութիւնը։ Ամէն հեղինակ անիկա կը տարտղնէր զինքը կազմող տարրերուն ու գիտէր, թէ որ քան շատ ակունքներէ կը հաւաքուէին ջուրերը գիրք մը լեցնող հոգիին։ Օշական, այդ գիրքէն առաջ, արդէն ունէր պատրաստած « Համապատկեր »ը, մոռցած՝ հին գրականութենէն իր վերլուծումները, ուրացած՝ իր լրագիրներու եւ հանդէսներու մէջ ստորագրած հարիւրաւոր յօդուածները։ Եւ սակայն մեր հրապարակը, Միջին Արեւելքէն մինչեւ հեռու Ամերիկան, գիրքը Հայ գրականութիւն ») հեշտագին կործանեց։ Կը կրկնուէր « Նոր պսակը »ին ճակատագիրը։ Ինչո՞ւ։ Ով ինչ գիտնայ, թէ ինչո՞ւ այս մէկը կը հանդուրժէ ու ան միւսը կը հերքէ։

Եւ սակայն Օշական մեր գրականութեան մէջ մինակ գայթակղութիւն մը չէ, է՛ նոյն ատեն ծանր, խորունկ ձգտումներով աշխատաւոր մը, որ նպատակները, տեսակէտները, սկզբունքները պահեց պատանութեան անդրանիկ յուզումներէն սկսեալ։ Անոր գիտակցութիւնը, այսինքն՝ մեր գրականութեան ոգիին հետ հաղորդուիլը, Պ. Դուրեանի տաղարանով, պատմեր եմ տեղ մը, արցունքի, մահուան չափ տխուր ապրումի հանդէս մըն էր։ Ան ինչ իրա՜ւ էր այդ տղան, մահուան քաղաքէն (Պրուսան, ինչպէս բոլոր ջուրի քաղաքները անդիմադրելի կերպով մը հաղորդ կ՚ընեն մեզ այդ զգայութեան) տարօրէն հիւծախտաւոր դաշտանկարին մէջէն, երբ կը յառնէր իմ մտքին նոյնքան հիւծասպառ դաշտերուն վրայ ու կը նայէր ինծի, իր անհուն ցաւին, իր անհուն տաղանդին ու իր անհուն սիրտին համախորհուրդ փառքովը։ Աւելի վերջը կեանքը ինծի պիտի բերէր ուրիշ ցաւեր, տաղանդի ուրիշ տագնապանք ու փառքին տեղ ուրիշ դժբախտութիւն, պիտի ըսէի՝ փուշ պսակը, եթէ չվախնայի Եղիային ուրուականէն։ Բայց կը պահէի, տիրական ու շքեղ, իմ ներսը խորհուրդը իմ ժողովուրդին, որուն աւանդատունը ո՛չ պոլսեցի վարժապետներուն, ո՛չ քաղքցի մեծահարուստներուն սիրտն էր սակայն, այլ այն քանի մը ընտրեալներուն, որոնք, Դուրեանին նման, դարէ դար կ՚երեւէին ու կը նորոգէին շիջելափառ սրբութիւնը, ու այն պարզ /296/ մարդոց, որոնք դարէ դար, մոխիրը խառնելով ալիւրին, արցունքը՝ ջուրին, գիտցեր էին դիմանալ ու ինծի հասցնել իմ պապերուն սրբազան պարտքը, ապրելուն անփոխարինելի պարտքը։ Օշականի քննադատութիւնը իմաստէ զուրկ նանրաբանութիւն մը պիտի որակուէր, ամենէն առաջ Օշականին իսկ կողմէ, եթէ երբեք այս սրբազան տագնապը, իր ժողովուրդի հոգին գտնելու, յատակ չծառայէր այդ աշխատանքին։

Իրողութիւն է, որ Օշական կ՛ուրանայ քննադատութիւնը, գրեթէ իր բոլոր կերպարանքներուն մէջ։ Իրողութիւն է, որ քառսունէ աւելի տարիներ անիկա իր սպասը չսակարկեց այդ սեռին։ Գիտենք միւս կողմէն, որ Օշական չէ գրած էջ մը բան, ուր իր ամբողջութիւնը չըլլար engagé, ինչպէս կ՚ըսեն։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն՝ ինչպէ՞ս հաշտեցնել այս ակնբախ հակասութիւնը։

Հետագայ վերլուծումները կու տան առեղծուածին լուծումը։