Սասունէն ետքը. 2. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԺԱ.

Ցոյցին յաջորդող շաբթուան մէջ Եւրոպայէն տեղալ սկսան պոլսական թղթակցութիւնները, հրատարակուած՝ աշխարհի կարեւորագոյն թերթերուն մէջ, որոնք նկարագրեր էին արիւնոտ օրերուն քստմնելի մանրամասնութիւնները, ականատեսներու կողմէն պատմուած։

Հայկական մարտիրոսութեան պատմիչ մը չի՛ կրնար առանց յուզուելու գիրի առնել մորմոքիչ իրականութիւնը, որ ուրիշ երջանիկ ազգերու աչքին՝ պիտի թուէր առասպել մը, վէպ մը, դիւցաբանութենէն փոխ առնուած պատկեր մը։ Առասպե՞լ, վէ՞պ, պատկե՞ր…։ Անզգա՜յ սիրտեր, նիւթապաշտ դարու մը զաւակներուն, որոնք չեն վարժուած տրոփել, բայց միայն տռփոտ նայուածքի մը, հրաւիրող ժպիտի մը կամ վաւաշոտ շարժուձեւի մը դէմ՝ անծանօթ Եւայի մը. սիրտ՜եր, որոնք սառա՜ծ են, մեռա՜ծ են Ցեղին Ցաւին համար…։ Միթէ, իրական դժոխքի մը մէջ, որ էր Համիտի Թուրքիան, իր դարերու մարտնչող կեանքովը պատկառելի ու պաշտելի հայ ժողովուրդին հաշուին չէ՞ որ գործուեցան ներոնեան, ալարիկեան, գենսերիկեան, ատտիլասեան, լէնկթիմուրեան, ճենկիզխանեան, շահապպասեան եւ վերջապէս… համիտեան հրէշութիւննե՜րը…։ Միթէ Հայ Ժամանակակից Պատմութիւնը՝ անվերջանալի շղթայաւորումը չէ՞ հակամարդկային ոճիրներուն, Մարդուն Իրաւունքին, Ազատութեան, Պատիւին ու Կեանքին դէմ գործուած՝ ա՛յնքան շնականօրէն…։

Այս վերջին արիւնոտ շրջանի պատմագիր մը, հետեւաբար, պիտի ստիպուէր, յաճախ զեղելով պատմագրութեան հասարակ շաւիղներէն, թափառկոտիլ ոճիրներու տեսարաններէն տանջուող ու վրէժի լափլիզող բոցերովը սնանող երեւակայութեան մը ստեղծած սփիռներուն, մռայլ հորիզոններուն մէջ…

ԴԷՊԻ ԵԸԼՏԸ՜Զ, ԴԷՊԻ ԵԸԼՏԸ՜Զ… 18 Սեպտեմբերի, Խաչվերացի Մեռելոցին օրը լսուած այդ մոլեգին աղաղակը չէ՞ր որ կը փրթէր վէրքերու մէջ արիւնաթաթախ, մերկ, ուռած կուրծքերէն բոլոր կողոպտուածներուն, կեղեքուածներուն ու ջարդուածներուն…։ Յետոյ, Եըլտըզը Մեծ Մարդասպանին Որջը չէ՞ր, ուր կը դարբնուէին Մարդկութիւնը քստմնեցնող բոլոր ոճիրնե՜րը…։

Հայը, կայսրութեան մէջ բնակող այլազան եղերուն մէջ թերեւս ազնուագոյնը, Արեւելքի մէջ Արեւմուտքին ներկայացուցիչը, որ դարերով կռուած ու իր արեան գնովը կրցած էր պահել իր գոյութիւնը, համիտեան դժոխային շրջանին, երկրին զանազան կէտերուն վրայ, իր կրօնքն, իր պատիւին, իր ինչքին ու կեանքին դէմ գործուած պաշտօնական թէ ո՛չ­պաշտօնական հալածանքներուն, մասնաւորապէս Սասունի Արհաւիրքին դէմ ընդվզած, ուզած էր խաղաղ ցոյցի փորձով մը պահանջել իր բռնաբարուած, յափշտակուած, առաթուր կոխոտուած մարդկային տարրական իրաւունքներուն յարգանքը, ուրիշ ոչինչ…։ Եւ սակայն, Բ. Դուռը, Եըլտըզէն լարուած, ապստամբութեան գոյն մը տուած էր այդ Ցոյցին, պարզապէս հայ ցեղին դէմ գրգռելու համար ուրիշ ցեղի մը մոլեռանդութիւնը, թունաւորելով ըղեղներ, որոնք լճացած, անզգայացած էին բռնապետութեան ճախճախուտքին մէջ…։

Ցոյցին դատապարտութիւնը կամ արդարացումը՝ ներկուռ ու նուրբ քաղաքագէտներու ձեռնհասութեան վերաբերող բաւական փափուկ խնդիր մըն է…, հետեւաբար, այդ կէտը թողլով անոնց, ընթերցողներուն ուշադրութեանը պիտի յանձնենք միայն եւրոպական մամուլի զանազան կարեւոր օռկաններուն կարծիքներն ու դատաստանները Բ. Դրան Հայկական Ցոյցի մասին, ինչպէս նաեւ այն շրջանին կարեւոր հեռագիրներն ու թղթակցութիւնները, որոնք հրատարակուեցան ժամը ժամին եւ օրը օրին։