Սասունէն ետքը. 2. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԺԲ.

Րիւթէրի գործակալութիւնը հետեւեալ հեռագիրները տեղացուց երկրագնտիս ամէն կարեւոր կեդրոնները.

 

30 Սեպտեմբեր 1895

Այսօր Հայերու ստուար բազմութիւն մը դէպի Բ. Դուռ առաջացաւ, նպատակ ունենալով պահանջագիր մը ներկայել Մեծ Եպարքոսին, իբրեւ բողոքագիր մը կառավարութեան դէմ։ Կառավարութիւնը կանխաւ իմացած էր անոնց դիտաւորութիւնը եւ ոստիկաններ կեցուցած էր դէպի Դուռը տանող բոլոր փողոցներուն մէջ։ Երբ բազմութիւնը հասաւ Ներքին Գործերու Մինիսդրին դուռը, զանազան արգիլուած փողոցներէ առաջխաղացումներ տեղի ունեցան։ Սակայն Հայերուն առաջացումը դիմադրութեան բաղխուեցաւ ոստիկանութեան կողմէն։ Հարուածներ փոխանակուեցան եւ վերջապէս զէնքեր արձակուեցան։ Ոստիկանութիւնը, իրեն օգնական ունենալով հեծելազօրքը, ցրուեց ամբոխը, միեւնոյն ժամանակ ընելով բազմաթիւ ձերբակալումներ։ Բաւական թիւով անձեր, թէ՛ հայ, թէ՛ թուրք, սպաննուեցան եւ շատերը վիրաւորուեցան։

Զրոյց կը շրջի թէ՝ խառնիճաղանճ բազմութիւն մը առաջացաւ ոստիկանութեան նախարարի բնակարանին վրայ, կոտրտեց պատուհաններուն ապակիները եւ տունէն ներս կրակ ըրաւ, եւ նախարարը թեթեւ մը վիրաւորուեցաւ կ’ըսուի։ Յուզումը մեծ է Ստամպոլի մէջ։

1 Հոկտեմբեր 1895

 

Երէկ հաղորդուած ընդհարումներէն զատ, կռիւներ տեղի ունեցան նաեւ Բ. Դրան շրջակայքը, եւ ուրիշ կէտերու վրայ։ Շուրջ հինգ հարիւր ձերբակալումներ եղած են։ Հայերը ձերբակալելով, գետին կը փռէին, զինաթափ կ’ընէին, կը ծեծէին, յետոյ կը կապէին։ Հայ մը ձերբակալելէ յետոյ, բիրերու հարուածներով գետին զարկին եւ յետոյ ժանտարմաներուն ձեռքով գնդակահար սպաննեցին։ Հայ մը, Բ. Դրան մօտ, երկու հեծեալ պաշտօնեաներու կողմէ ձերբակալուելու վրայ էր, երբ, երիտասարդ ուսանողներէ բաղկացած ամբոխի մը մէջէն քանի մը զէնքեր պարպուեցան, հետեւանքն այն եղաւ որ՝ յիշեալ երկու պաշտօնեաները մեռած ինկան եւ ուրիշ ժանտարմաներ վիրաւորուեցան։ Կ’ըսուի թէ՝ ութ Հայեր սպաննուեցան Ոստիկանութեան պաշտօնատան շրջակաները։ Խաղաղութիւնը չը վերահաստատուեցաւ մինչեւ դեռ իրիկուն։ Իրիկուան դէմ, սօֆթաներու ստուար ամբոխ մը, բիրերով զինուած, Աթ Մէյտանի հրապարակը հաւաքուեցան եւ ցոյց ըրին Հայերուն դէմ, սպառնալով ջարդել ասոնք։ Ոստիկանութիւնը բաւական դժուարութիւններէ ետքը ցրուեց զանոնք։

Եըլտըզն ու Բ. Դուռը սաստիկ վախեցան այս խառնակութիւններէն եւ Նախարարներու Խորհուրդը գումարուեցաւ, կացութեան վրայ խորհրդակցելու։ Քաղաքապահ զօրքը պատրաստութեան մէջ դրուեցաւ պատահականութեան դէմ։ Իրերու այս ծանրակշիռ կացութեան պատճառաւ, ի պատիւ Շլէզվիկ Հօլշտայնի բրէնս Ալպէրտի տրույլիք պալատական հացկերոյթը յետաձգուեցաւ եւ ֆրանսական թղթատար Բէդրէլ շոգենաւը, որ այսօր Թուլօն պիտի մեկնէր, հրաման ստացաւ յետաձգելու իր մեկնումը։

Բ. Դուռը հեռագիր­շրջաբերական մը հաղորդեց իր արտասահմանի ներկայացուցիչներուն հետեւեալ իմաստով. Մէկ քանի խռովարարներու գրգռումովը՝ Հայերու խումբեր հաւաքուեցան այսօր Պատրիարքարանին շուրջը, բայց ոստիկանութեան ձեռք առած միջոցներուն շնորհիւ ցրուեցան եւ կարգը վերահաստատուեցաւ։»

Այն առտու Հայոց Պատրիարքարանը զօրքերով շրջապատուեցաւ եւ Գումգաբուի մասը գրեթէ պաշարման վիճակի մէջ է։ Բազմաթիւ Հայեր գիշերը պատրիարքարանի մէջ անցուցին եւ շատերը դեռ հոն են։ Գալով Սէրվէթ պէյի մահուան խառնակութեան միջոցին սպաննուած պաշտօնեան տեղեկութիւնները հակասական են։ Զրոյցի մը նայելով, այդ պաշտօնեան, աղերսագիրը Մեծ Եպարքոսին տանող Հայուն հետ խօսքի բռնուած միջոցին՝ նախատական լեզու է գործածեր եւ կեավուր անուաներ է զայն. ասոր վրայ Հայը պատասխաներ է նախատական լեզուով եւ վերջը քանի մը զէնքեր պարպուեր են։

Խռովութեան միջոցին ոստիկանները շատ մը հայ տուներու դռները փակեցին եւ արգիլեցին Հայերը ցոյցին մասնակցելէ։ Պոլսոյ մաքսատունն ալ, ուր բաւական թիւով հայ բեռնակիրներ կան, փակուեցաւ։

Տարակոյս չը կայ թէ՝ այս ցոյցերը վաղուց կը պատրաստուէին Հայերուն կողմէն եւ ասիկա կ’ապացուցուի անով որ՝ օտար տէրութիւններու դեսպանները մօտերս անանուն նամակներ ստացած էին, ազդարարուելով թէ՝ հայ ժողովուրդը մտադրած է խաղաղ ցոյցով մը բողոքել Ապտիւլ Համիտի կառավարութեան դէմ։ Պաշտօնական բողոքագրին օրինակները, մեղմ ու ոչ­յարձակողական ոճով, ղրկուած էին դեսպաններուն ծանուցանելով թէ անոնց վաւերական պատճէնը Մեծ Եպարքոսին ալ ուղղուած էր։ Ոստիկանութիւնը տեղեակ էր Հայերուն այդ դիտաւորութեան եւ անմիջապէս միջոցներ ձեռք առաւ արգիլելու այդ ազդարարուած ցոյցը։

Հայերը սակայն, Գում Գաբուի Մայր եկեղեցիին շրջափակը հաւաքուեցան գրեթէ երեք չորս հազար թիւով, Խաչվերացի տօնին արարողութեանը ներկայ գտնուելու նպատակով։ Արարողութիւնը վերջանալէն յետոյ, որ կը կատարուէր պատրիարքի նախագահութեան տակ, շուրջ քսան Հայուհիներ, Վանեցի, Պիթլիզցի եւ Էրզրումցի, առաջացան դէպի պատրիարքը, եւ իրեն ներկայացուցին աղերսագիր մը, պարզելով կայսրութեան գաւառներուն մէջ հայ բնակչութեան անտանելի դրութիւնը եւ յայտարարելով որ կարելի չէր երկար ատեն հանդուրժել իրերու ներկայ վիճակին։ Գրուածքը կը վերջանար խնդրելով պատրիարքէն կոչում ընել անկեղծօրէն ու խմբովին երթալ Բ. Դուռը, պահանջագիրը մատուցանել, առաջարկուած Բարենորոգումները շուտով գործադրելու համար Հայաստանի մէջ։

Պատրիարքը, բողոքագիրը կարդալէ յետոյ, դարձաւ ժողովուրդին եւ յորդորեց որ ցոյցէ ետ կենան, որովհետեւ, կ’ըսէր, այսպէս ընելով, երկրին օրէնքին դէմ գործած կ’ըլլային։ Խնդրեց որ հանդարտ եւ լուռ կենան ու իրեն վստահին, ապահովելով թէ՝ իր ջանքերը միշտ հայ ազգին բարօրութեանը կը նկրտին։ Պատրիարքը սակայն, հազիւ խօսքը վերջացուցած էր, երբ յանկարծ, ամբոխը սկսաւ աղաղակել. «Հերի՜ք դիմացանք, մենք մտադրած ենք ընել եւ մենք կ’ուզենք ազատութի՜ւն կամ մահ…։»

Պատրիարքը հեռացաւ եւ Հայերը փորձեցին թափոր մը կազմել դէպի Բ. Դուռը դիմելու նպատակով։ Ոստիկանութեան արգելքին հանդիպելով, ցրուեցան անոնք զանազան փողոցներ, նորէն հաւաքուելու համար իրենց որոշած վայրը։ Հոն, ոստիկանութեան նախարարի թիկնապահը Սէրվէթ պէյ, որ ոստիկաններու խումբի մը գլուխը կեցեր էր, խօսեցաւ անոնց հետ եւ հրամայեց ցուցարարներուն ցրուիլ եւ իրենց աղերսագիրը յանձնել իրեն։

Այս բանը շարժառիթ եղաւ աւելի գրգռելու Հայերը, բողոքի ձայներ բարձրացան եւ շատ զէնքեր պարպուեցան ոստիկաններուն դէմ. թիկնապահը մեռած ինկաւ գետին եւ իր մարդիկներէն շատերը վիրաւորուեցան։ Զէնք պարպուելուն յաջորդեց խառնակութեան ու շփոթութեան տեսարան մը, ամբոխ ու ոստիկանութիւն իրարու խառնուեցան եւ սկսաւ ձեռք ձեռքի կռիւ մը։ Առաջինները կը ջանային բռնի առաջանալ ոստիկաններուն մէջէն, իսկ ասոնք ետ կը մղէին զանոնք եւ շատ մը ձերբակալումներ կ’ընէին։

Խռովութիւնը սաստիկ յուզում յառաջ բերաւ եւ ժողովուրդին մեծ մասը սկսաւ խմբովին փախչիլ խռովութեան վայրէն։ Բոլոր խանութները փակուած էին, ուրիշ նոր ոստիկաններ ղրկուեցան դէպքին վայրերը, եւ Հայերը սկսան ցրուիլ։ Վերջապէս բաժնուեցան պարսիկ դեսպանատան մօտերը։

 

Ուաշինկթըն, 2 Հոկտ. 95

Պ. Թըրէլ, Կ. Պոլսոյ ամերիկեան ներկայացուցիչը, Միացեալ Նահանգներու քարտուղարին հետեւեալը կը հաղորդէ հեռագրով. Երկուշաբթի օր, քանի մը հարիւր Հայեր Բ. Դուռը դիմեցին, հաստատ մտադրութեամբ պահանջելու ոչնչացնել իրենց ցաւերուն պատճառները։ Պատրիարքը կը ջանար այս բաներուն առջեւն առնել։ Տեղի ունեցաւ ընդհարում Հայերուն եւ ոստիկանութեան միջեւ, եւ հաւանական է թէ սպաննուեցան վաթսուն թուրք ու հայ, հաշուելով նաեւ սպայ մը, ոստիկանութեան նախարարի թիկնապահը։ Բազմաթիւ վիրաւորուածներ։ Հայերը րէվօլվէրներով զինուած էին։ Երէկ դարձեալ մէկ քանի հոգիներ սպաննուած են։ Վերջին գիշերը սպաննուած են ութսուն հոգի եւ քանի մը հարիւրներ ձերբակալուած են։ Դուռը կանխագուշակած էր ցոյցը որ, իր խօսքով, կազմակերպուած ու առաջնորդուած է Հնչակեան յեղափոխականներէն, որոնք ձերբակալուած են։ Ընդհանուր է սարսափը։ Կը կարծեմ թէ Դուռը պիտի յաջողի խեղդել Ֆանատիկութիւնը։

Կ. Պոլիս 2 Հոկտ. 95

 

Այսօր հայկական խռովութիւններու նոր դէպքեր երեւան եկան։ Երբ ոստիկանները կ’աշխատէին ձերբակալել մէկ քանի փողոցի բեռնակիրներ, ասոնց երկուքը դէմ դրին եւ սպաննուեցան։ Պոլսոյ կողմը Հայոց թաղի խանութները փակուած էին եւ զանազան կէտերու վրայ խռովութիւնները տարածուեցան. տակաւին մանրամասնութիւնները չենք ստացած։ Փողոցները զինւորական պահակներ կը շրջագային եւ Բ. Դրան պահապան զօրքը աւելցուեցաւ։ Երէկուան խռովութեան միջոցին՝ Ներքին գործերու, Արտաքին գործերու եւ Ոստիկանութեան նախարարները փոխադրող կառքերը բազմաթիւ գնտակներով ծակծկուեցան։

Նախարարները դարձեալ պալատ հրաւիրուեցան այսօր կէս օրէ ետքը, ուր ժողով մը տեղի ունեցաւ կացութեան վրայ խորհրդակցելու համար։

Վերջին հաշիւներու համեմատ, երէկուան սպաննուածներուն թիւը կը հասնի ութսունի։

Լուր կայ թէ՝ Հայերը բռնի Ստամպոլի դատարանը մտան այսօր եւ երկու դատաւորներ սպաննեցին։ Սպաննողները յաջողեցան դատարանէն դուրս ելլել, բայց յետոյ ձերբակալուեցան։

Մաքսատան մէջ աշխատող հայ արկղակալ մը սպաննուած է։ Կարծիք մը կայ թէ՝ այս սպաննութիւնը քաղաքական վրիժառութեան դրդումի մը արդիւնքն է։

Կ. Պոլիս, 3 Հոկտ. 95

Անցեալ իրիկուն խուզարկութիւններն ու արիւնահեղութիւնները նորէն կրկնուեցան Պոլսոյ զանազան մասերուն մէջ. խառնակութիւններու գլխաւոր տեսարանը կը պարզուէր Ստամպոլ, ուր սօֆթաները իսլամ աստուածաբանական ուսանողները եւ ժողովուրդը, հալածեցին ու բիրերով հարուածեցին բոլոր այն Հայերը որոնց կը հանդիպէին փողոցներուն մէջ։

Լուր կայ թէ՝ այդ կերպով յիսուն հոգի սպաննուած են։

Գիշերուան մէջ սօֆթաներու եւ հասարակ ժողովուրդի խուժան մը Գասըմ Բաշայի մէջ յարձակեցան Հայու մը տան վրայ, յետոյ սրճարանի մը վրայ, ուր քսանի չափ Հայեր հաւաքուած էին։ Լուր կայ թէ ամէնքն ալ սպաննուեր են բիրերու հարուածներուն տակ։ Ոստիկանութիւնը չերեւաց այդ վայրերուն մէջ։

Կ. Պոլսոյ հայ բնակիչներուն մէջ կը տիրէ սարսափը։ Ստուարաթիւ բազմութիւններ ապաստանած են եկեղեցիները, ուր կղերականները կը խօսին իրենց եւ կը յորդորեն որ հանդարտին եւ կ’աշխատին ապահովութիւններ ներշնչել անոնց։ Միեւնոյն ժամանակ, եկեղեցիները մօտէն ու խստիւ կը հսկուին ոստիկանութեան կողմէն։

  Հոս դիտելի մտահոգութիւն մը կը տիրէ նաեւ ուրիշ կրօնքներու պատկանող հասարակութիւններու մէջ, վախ կայ թէ՝ սօֆթաներուն մոլեռանդ բարկութիւնը կրնայ համաճարակի երեւոյթ ստանալ եւ տարածուիլ ուրիշ կողմեր ալ։

Հայերուն՝ զինեալ Ցոյց մը կազմակերպելու ընթացքը որ, իրենց նախապէս յայտարարութեան համեմատ, խաղաղական պիտի ըլլար կը դատապարտուի ամէնուն կողմէն։ Իրենց կողմնակիցները սակայն կը պատասխանեն թէ՝ ցուցարարները յայտարարած էին արդէն որ իրենց դիտաւորութիւնը կը կայանար ինքնապաշտպանութեան մէջ, եթէ յարձակում գործուէր իրենց դէմ։

Գալով խռովութեան հիմնական պատճառներուն, ընդհանուր կարծիք մը կայ, այն է թէ՝ Ցոյցը կազմակերպուած էր Հայ Յեղափոխական Ընկերութեան կողմէն։ Միեւնոյն կաղապարէ րէվոլվէրներ ու դանակներ բռնուեցան ոստիկանութեան կողմէն։ Թէ միւս կողմէն ալ լուռ պատրաստութիւններ կը տեսնուէին, սա ակներեւ է այն փաստերով որ՝ սօֆթաներն ու Իսլամները զինուած էին միաձեւ բիրերով։

Կը կարծուի թէ սօֆթաները, ինչպէս իրենց յարողները կանխաւ աղէկ բիրեր ստացած էին։ Իսլամ կրօնական տարրին միջամտութիւնը խնդիրի մը մէջ, որ մեծ մասը քաղաքական է, մասնաւորապէս կը ծանրացնէ ներկայ դրութիւնը։ Իսկ անուղղակի պատճառները, որոնց կը վերագրուի այս հայկական պայթումը, բանակցութիւններու ընթացքում որոշակի յայտնուած ձգձգումներն էին, բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան տէրութեանց ու Բ. Դրան միջեւ որոնք աւելցուցին գրգռումն ու յուսահատութիւնը։ Միւս կողմէ, կառավարութեան պաշտօնական շրջանակներուն մէջ այն կարծիքը կը տիրէ թէ՝ ներկայ խռովութիւնները՝ Եւրոպայի, մասնաւորապէս Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ի նպաստ քրիստոնեաներու եղած գրգռումներէն առաջ եկած են։

Ներկայ իրերու քննադատական վիճակը՝ դեսպաններուն ուշադրութիւնը գրաւեց, որոնք հաւաքուեցան Աւստր եւ հունգարական դեսպանատան մէջ, իրարու հետ խորհրդակցելու։

Գերմանական յածանաւակը Լօպէլի, որ կանոնաւորապէս հոս կը սպասէ, եւ որ պտոյտի պիտի երթար, հրաման ստացաւ դեսպանատան տրամադրութեան տակ մնալու։

Երկուշաբթի հինգ Հայեր, ձերբակալուելէ յետոյ, սպաննուեցան բանտի դրան առջեւ, բիրերու եւ սուիններու հարուածներով։ Այս բանը մեծ զայրոյթ առաջ բերած է։

Գալով թիկնապահ Սէրվէթ պէյի մահուան, ականատեսները կը պնդեն թէ՝ Հայերը չը գործածեցին իրենց րէվօլվէրները, մինչեւ որ այդ պաշտօնեան չհրամայեց ոստիկաններուն կրակ ընել իրենց վրայ։ Երբ ինկաւ Սէրվէթ աննկարագրելի էր աղմուկը։ Ոստիկանները յարձակում կը գործէին ամբոխին վրայ, մէկ ձեռքերնին րէվօլվէրը, եւ միւսին մէջ մերկ սուրը բռնած։

Ոստիկանութեան լուրերուն նայելով, երկուշաբթի օրը, երկու կողմերէն քսան մարդ սպաննուած եւ ութսուն վիրաւորուած են։

*** ***

Ահաւասիկ Սթանտարտի սեփական թղթակցին հեռագիրները,

 

Կ. ՊՈԼԻՍ, 2 Հոկտ. 1895

Նոր խռովութիւններ պայթեցան այսօր Պոլսոյ Հայերուն մէջ. սոսկալի ընդհարումներ՝ ոստիկաններու հետ, բազմաթիւ կեանքերու կորուստովը վերջացան։ Այդ խռովութիւններու հետեւանքով՝ խանութներուն մեծ մասը փակուեցաւ. փողոցները ոստիկանութեան հսկողութեան տակ առնուեցան, մէկ խօսքով, ամբողջ մայրաքաղաքը պաշարման վիճակի մէջ է։

Աւելի ծանրակշիռ դէպքեր տեղի ունեցան երէկ Ղալաթիա, որուն ամենաքիչ հաշիւն է մէկ Հայու սպաննութիւն, շատերու վիրաւորումով։ Ականատես մը կը պատմէ թէ ի՛նչպէս պատկառելի տեսքով Հայ մը, փողոցը քալելու միջոցին, յանկարծ ձերբակալուեցաւ երկու ոստիկաններէ եւ երբ դիտողութիւն ըրաւ ասոնց դէմ, իր մարմինը երկուքի ճեղքեցին անմիջապէս։

Իրիկունը, ուշ ատեն, Գասըմ Բաշա, խանի մը մէջ հաւաքուած բաւական թիւով Հայեր պաշարուեցան սօֆթաներէ, եւ զրոյցներուն նայելով, յաջորդեց մեծ կոտորած մը, մեռածներուն թիւը կը հաշուեն մինչեւ յիսուն։ Այս դէպքերու միջոցին կ’երեւար թէ՝ ոստիկանները թոյլ կուտային որ իսլամ ու քրիստոնեայ, իրենք իրենց մէջ վերջացնէին ծեծը։

Ասոնց վրայ աւելցնել պէտք է մասնաւոր դէպքեր, որոնցմէ մէկը կը յիշեմ, լսելով Առեւտրական Դատարանի անդամէ մը, որ քաղքէն իջնելու միջոցին կը տեսնէ Հայ մը, որուն ըղեղը դուրս թափեցին սօֆթաները։ Բոլորովին անկարելի է կորսուած կեանքերուն հաշիւը գիտնալ. յիսուն մեռած ու երկու հարիւր վիրաւորուած ըսելը՝ թերեւս իրականութեան մօտ ըլլայ։

Հայոց Պատրիարքը նամակ մը ստացաւ երէկ, որով զինքը կը հրաւիրէին Բ. Դուռը ներկայանալ, բայց կը յայտարարէին որ իր հետեւորդներէն ո՛չ ոք պիտի կրնար ներկայանալ իրեն։ Պատրիարքը որոշեց որ՝ այդ պայմաններու տակ ինք չի կրնար հնազանդիլ այդ հրաւէրին եւ հետեւապէս, մինչեւ ցարդ կը մնայ պատրիարքարանը, ուր փակուած է քանի մը հարիւր Հայերով։ Կառավարութիւնը հրաւիրեց ասոնք անձնատուր ըլլալու մինչեւ ժամը 3, որմէ ետքը, եկեղեցիին շէնքը, ուր Հայերը հաւաքուած են, պիտի բուռն յարձակման ենթարկուի։ Հիմա՝ ոստիկանութեան կողմէն պաշարուած է ան։

Խժդժանքներուն վատթարագոյն պատկերը կը նկատուի՝ ութ Հայերու մորթոտումը բանտի շրջափակին մէջ, ոստիկաններուն ձեռքով։

Այս բացառութենէն զատ, Հայերու վրայ ի գործ դրուած ամենամեծ բարբարոսութիւնները սօֆթաներուն ու տգէտ խուժանին կողմէն էին, որոնք սակայն ո՛չ կը ձերբակալուէին ոստիկանութեան կողմէն, եւ ո՛չ ալ միջամտութեան ենթակայ կ’ըլլային։

Բնականաբար սարսափը կը տիրէ պալատին մէջ, ուր երէկ Նախարարներու Խորհուրդը գումարուած էր, որ երէկ ուշ ատեն վերջացաւ։

Սուլթանը, երկու շաբաթ կայ որ անկողին չէ՛ մտած։

Այն համոզումը կայ թէ՝ հասած է ճգնաժամը եւ մեծ տագնապ մը կը տիրէ, որ չըլլայ թէ օտար յեղափոխական կազմակերպութիւններ միանան Հայերուն եւ գործակցին ասոնց յուսահատ եւ վտանգաւոր ձեռնարկներուն մէջ։

Յունական յեղափոխութենէն ի վեր երբէք այսպիսի սարսափի մը չէր ենթարկուած Կ. Պոլիս, ինչպէս է այս պահուս։

3 հոկտեմբեր, իրիկուն

 

Հայերը պատրիարքարանէն եւ իր շրջափակէն դուրս հանելու ձեռնարկը մինչեւ այս վայրկանը չը գործադրուեցաւ։

Ճիշդ հիմա վերադարձայ Գում Գաբու ըրած այցելութենէս, ուր խիստ շատ մեծ ամբոխ մը գտայ խռնուած՝ պատրիարքարանին մէջ։ Եկեղեցւոյ պաշտօնեաները յայտնեցին իրենց ապիկարութիւնը՝ ապաստանածները շրջափակէն դուրս հանելու գործին մէջ, իսկ ասոնք, բացարձակապէս կը մերժեն թողուլ այդպիսի ապաստանարան մը, որ իրենց տրուած է եկեղեցական իշխանութեան կողմէն։

Կը վախցուի որ, եթէ ոստիկանութիւնը չը դիմէ աւելի զօրաւոր միջոցներու, աւելի մեծ եւ սոսկալի կոտորած մը անխուսափելի է։ Հայերը խռնուած են մերկ սենեակներու մէջ եւ իրենց կերակուրը կը բաղկանայ լոկ հացի փշրանքներէ, որոնք իրենց կը բերուին։

Մինչեւ ցարդ եօթը դիակներ միայն յանձնուեցան պատրիարքարանին, թաղուելու համար, բայց յայտնի է թէ, անցած իրիկուն, միայն Չուգուր խանի մէջ, Գասըմ Բաշա, յիսուն հոգի սպաննուեցան եւ հարիւրի չափ վիրաւորուեցան. իսկ պատրիարքարանի հաշիւներուն նայելով՝ երկու հարիւր սպաննուածներ կան, չը հաշուելով վիրաւորուածները։

Սոսկալի վախ կը տիրէ թէ՝ ի՛նչ պիտի պատահի գիշերը. բայց փողոցները խիստ հսկողութեան տակ առնուած են թէ՛ ոստիկաններով, թէ՛ հեծելազօրքով եւ թէ՛ հետեւակներով, եւ իսկական կոտորածի մը վայրկեանը կը յուսացուի թէ անցած է։